– Բժշկութեան Մէջ Ի՞նչ Է Գործելու Մեքանիզմը
– Ճինքկօ
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Բժշկութեան Մէջ Ի՞նչ Է
Գործելու Մեքանիզմը
«Գործելու մեքանիզմ» (mechanism of action) հասկացութիւնը դեղաբանական է, որ սովորաբար կ՛օգտագործուի դեղերու մասին խօսուած ժամանակ: Այս հասկացութիւնը կը վերաբերի դեղերու գործելաձեւին` մարմնի մոլեքիւլային (molecule) մակարդակի վրայ: Նաեւ` «գործելու մեքանիզմ» հասկացութիւնը երբեմն կ՛օգտագործուի դեղի ընդհանուր արձագանգը կամ ազդեցութիւնը նկարագրելու, օրինակ` մարդը ի՛նչ կը զգայ այդ դեղը առնելէ ետք:
Ահա, թէ ի՛նչ կը նշանակէ, երբ ձեր բուժաշխատողը կ՛օգտագործէ «գործելու մեքանիզմ» հասկացութիւնը` ձեր բուժման ծրագիրը քննարկած ժամանակ, ինչպէս նաեւ ստորեւ կը ներկայացնենք օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս կրնան այդ հասկացութիւնները կիրարկուիլ բժշկական եւ հոգեկան առողջութեան կարգ մը պարագաներու համար:
Սահմանում
Բուժաշխատողները, ինչպիսիք են` բժիշկները, դեղագործները եւ հոգեբուժները, յաճախ կ՛օգտագործեն «գործելու մեքանիզմ» հասկացութիւնը, երբ անոնք խօսելու ըլլան դեղորայքի մասին: Եթէ խօսելու ըլլաք ձեր բուժաշխատողին հետ ձեզի համար նշանակուած դեղատեսակին մասին, անոնք հաւանաբար կը սկսին բացատրել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ այդ դեղատեսակը:
«Գործելու մեքանիզմ»-ը կը վերաբերի կենսաքիմիական այն գործընթացին, որուն միջոցով դեղատեսակը կը դրսեւորէ իր ազդեցութիւնը:
Օրինակ, եթէ դուք ունիք պաքթերիական վարակ, ձեր բժիշկը կրնայ անհրաժեշտ նկատել հակապիոթիք դեղագրելը: Անոնք կրնան բացատրել, որ ձեզի համար յատուկ հակապիոթիքներ կան, որովհետեւ այն յատուկ տեսակն է, որ շատ լաւ կը թիրախաւորէ որոշ պաքթերիաներ, որոնք ձեզ հիւանդացուցած են:
Ինչպէ՞ս կ՛որոշուի «գործելու մեքանիզմ»-ը
Օգտագործելով հակապիոթիքներու օրինակը, երբ գիտնականները տարրալուծարաններու մէջ կը հետազօտեն հակապիոթիքներու բուժման յատկութիւնները, անոնք կրնան տեսնել, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ են տարբեր դեղատեսակները` որոշ պաքթերիաներու դէմ պայքարելու: Անոնք ուշադրութեամբ կ՛ուսումնասիրեն բջիջները եւ կը հետեւին, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը փոխազդեն: Անոնց դիտարկումները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս դեղատեսակը կ՛ազդէ պաքթերիաներու վրայ եւ կը սպաննէ զանոնք:
Երբ անոնք կը խօսին այն ճշգրիտ ձեւին մասին, որով դեղը կը գործէ թիրախի վրայ, անոնք այդ մէկը կ՛անուանեն դեղատեսակի «գործելու մեքանիզմ»:
Դեղերը կը կապուին ընկալիչներու հետ, որոնք կը գտնուին բջիջներու մակերեսին կամ սայթոփլազմէն ներս (բջիջէն ներս գտնուող թանձր նիւթ մը): Երբ ընկալիչները կը միանան բջիջին, դեղը կ՛ունենայ երկու դերերէն մէկը` խթանող (agonist) կամ հակառակորդ (antagonist):
Խթանողները` ընդդէմ հակառակորդներու
Դեղատեսակները, որոնք խթանող են, գործուն կը դարձնեն այն ընկալիչները, որոնց հետ կը կապուին: Այս կապը կա՛մ կ՛աւելցնէ, կա՛մ կը նուազեցնէ բջիջին գործունէութիւնը: Հակառակ դեղամիջոցները հակառակը կ՛ընեն. անոնք կը շրջափակեն ընկալիչները եւ կը կանխեն մարմնէն ներս գտնուող ԲՆԱԿԱՆ խթանողներու կապը:
Դեղերուն մեծ մասը կը կապուի ընկալիչներու յատուկ տեսակի մը հետ (որ յայտնի է որպէս ընկալիչներու ընտրողականութիւն (selectivity)): Դեղատեսակին որոշակի ընկալիչի հետ կապուելու ունակութիւնը կ՛որոշուի անոր իւրայատուկ քիմիական կառուցուածքով:
Օրինակներ
Երբ մարդը դեղ կ՛առնէ հիւանդութենէ մը բուժուելու համար, անոր «գործելու մեքանիզմ»-ը յատուկ կենսաբանական այն գործընթացն է, որուն միջոցով դեղը կը բուժէ հիմնական խնդիրը եւ/կամ կը նուազեցնէ անոր ախտանիշները: Երբեմն դեղերու «գործելու մեքանիզմ»-ը յստակ է, այլ պարագաներու այդ մէկը լիովին անյայտ է:
Օրինակ, յայտնի է սերոթոնինի վերառումը կանխողներու (SSRIs- Selective Serotonin Reuptake Inhibitors) «գործելու մեքանիզմ»-ը: SSRI-ները կ՛արգելակեն ուղեղի սերոթոնինի վերառումը, եւ այդ մէկը թոյլ կու տայ բարձրացնելու ջղային այս հաղորդիչին (սերոթոնինին) մակարդակը: Աւելի շատ սերոթոնին ունենալը կրնայ օգնել մեղմելու ընկճուածութեան ախտանիշները եւ բարելաւել մարդու տրամադրութիւնը:

Երբեմն դեղատեսակի «գործելու մեքանիզմ»-ը անյայտ է: Գիտնականները կրնան տեսնել, որ դեղամիջոցը կ՛աշխատի եւ չափել անոր ազդեցութիւնը, բայց անոնք տակաւին չեն գիտեր, թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս իր ազդեցութիւնը կը դրսեւորէ: Օրինակ, լիթիումը (տրամադրութիւն կայունացնող մը, որ կ՛օգտագործուի երկբեւեռ խանգարման բուժման համար) ակնյայտ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ախտանիշներու վրայ, սակայն կենսաբանական գործընթացը, որով ան կը գործադրէ այդ ազդեցութիւնը, լիովին յստակ չէ:
Որոշ դեղատեսակներ ունին մէկէ աւելի յայտնի «գործողելու մեքանիզմ»: Յայտնուած է, որ քաֆէինը կ՛ազդէ ուղեղի մէկէ աւելի ընկալիչներու վրայ, որոնք ազդեցութիւն կ՛ունենան մարմնի բազմաթիւ համակարգերու մէջ: Օրինակ` մէկ բաժակ սուրճ խմելը կրնայ մեծցնել ձեր սրտի բաբախման յաճախականութիւնը եւ նաեւ խթանել աղիքներու կծկումները:
Այլ օգտագործումներ
«Գործելու մեքանիզմ» հասկացութիւնը երբեմն կ՛օգտագործուի նաեւ ոչ դեղորայքային բուժումները նկարագրելու համար, մասնաւորապէս երբ կը քննարկուին հոգեկան առողջութեան խանգարումներ:
Օրինակ, երբ կը նկարագրուի հոգեընկերային միջամտութիւնը, ինչպէս հոգեբուժումը, «գործելու մեքանիզմ»-ը կ՛ըլլայ ճշգրիտ այն միջամտութիւնը, որ կը յառաջացնէ անձին ախտանիշներու փոփոխութիւն: Այնուամենայնիւ, այս միջամտութիւնները բարդ են եւ սովորաբար կը հիմնուին բազմաթիւ մեքանիզմներու վրայ, ինչպէս հիւանդին, այնպէս ալ բժիշկին կողմէ:
Եզրափակում
Երբ ձեր բուժաշխատողին հետ ձեր բժշկական կամ հոգեկան առողջութեան բուժման մասին կը խօսիք, «գործելու մեքանիզմ»-ը հասկնալը կրնայ օգնել ձեզի` պատկերացնելու, թէ ինչպէ՛ս դեղը կամ բուժումը կրնայ աջակցիլ ձեր վերականգնման եւ աւելի լաւ զգացնել ձեզի:
Եթէ ձեր բժիշկին առաջարկած դեղատեսակին կամ բուժման մեքանիզմի վերաբերեալ հարցեր ունիք, պարզաբանում խնդրեցէք: Հայեցակարգը կրնայ քիչ մը դժուար ըլլալ բացատրելու համար, բայց կարեւոր է, որ դուք յստակօրէն պատկերացնէք, թէ ինչպէ՛ս նախատեսուած է ձեզի տրուած բուժումը, ինչպէս նաեւ` այն նշանները, զորս պէտք է փնտռել, երբ կը զգաք, որ այս տրուած բուժումը ամենաարդիւնաւէտը չէ…
Աղբիւր` «Վերի Ուէլ Մայնտ»
Ճինքկօ
Ներածական

Ճինքկոն` աշխարհի ամէնէն հին կենդանի ծառատեսակներէն մէկը, աւանդական չինական բժշկութեան մէջ երկար պատմութիւն ունի: Արքայական պալատի անդամներուն ծերութեան ժամանակ Ճինքկոյի կաղիններ կու տային: Ճինքկոյի այլ պատմական կիրարկումներ եղած են ազմայի, թոքատապի, երիկամներու եւ միզապարկի խանգարումներու պարագային:
Այսօր ճինքկոյի տերեւներէն արտահանուած քաղուածքը տարածուած է որպէս սննդային յաւելում բազմաթիւ պարագաներու համար, որոնց կարգին` մտահոգութիւնը, գերզգայնութիւնը, չորացումը (ուղեղի), աչքի հետ կապուած խնդիրները, ծայրամասային (peripheral) զարկերակներու հիւանդութիւնը (երբ լերդացումներու կուտակումը կը նեղացնէ արիւնատար անօթները, որոնք արիւնը կը տանին դէպի գլուխ, օրկաններ եւ վերջոյթներ (limbs), ականջներու զրնգոցը եւ այլ առողջական խնդիրներ:
Ի՞նչ գիտենք մենք
Ճինքկօ օգտագործող մարդոց առողջութեան վրայ հնարաւոր ազդեցութիւններու եւ վտանգներու վերաբերեալ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կատարուած են:
Ի՞նչ սորված ենք
Կայ ոչ մէկ վերջնական ապացոյց, որ ճինքկոն օգտակար է որեւէ առողջական վիճակի համար: Թէեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ճինքկոն կրնայ օգնել թեթեւակիօրէն բարելաւելու չորացումի որոշ ախտանիշներ, սակայն բացայայտումները այդ մէկը բնորոշած են որպէս «անվստահելի»: Նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններ հակասական բացայայտումներ ունեցած են: Ճինքկոն ո՛չ կ՛օգնէ չորացումը կամ ճանաչողական անկումը կանխելու, ո՛չ ալ կը կանխէ Ալցհայմըրի հետ կապուած չորացումի վատթարացումը. Այս մէկը, ըստ այն հետազօտութիւններուն, որոնք ներառած են Ճինքկոյի յիշողութեան վրայ երկարաժամկէտ գնահատման ուսումնասիրութիւնը, որ ընդգրկած է աւելի քան 3000 տարեց մեծահասակներ:
Առողջական տարբեր պարագաներու, փոքր քանակութեամբ ապացոյցներ ցոյց տուած են ճինքկօ սպառելու օգուտը, բայց ընդհանուր ապացոյցները վերջնական չեն: Այս պարագաներէն են` մտահոգութիւնը, շաքարախտային ցանցաթաղանթի վնասուածքը (Diabetic retinopathy), խաժախտը (galucoma), նախադաշտանային համախտանիշը (PMS), հոգեհերձուածութիւնը (շիզոֆրենիա) եւ գլխապտոյտը:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ճինքկոն չ՛օգներ առողջ մարդոց յիշողութիւնը, արեան գերճշումը, ականջներու զրնգոցը, եղանակային յուզման խանգարումները կամ սրտի կաթուածի ախտանիշները բարելաւելու:
Ի՞նչ գիտենք անոր ապահովութեան մասին
Մարդոց մեծամասնութեան համար ճինքկոյի տերեւի քաղածոն անվտանգ կը թուի, երբ ան կ՛ընդունուի բերնի միջոցով` չափաւոր քանակութեամբ:
Ճինքկոյի կողմնակի ազդեցութիւնները կրնան ներառել` գլխացաւ, ստամոքսի խանգարում, գլխապտոյտ, սիրտխառնուք, պնդութիւն եւ մորթի գերզգայնութեան հակազդեցութիւններ: Եթէ ունիք արիւնահոսութեան զգալի վտանգ, պէտք է զգուշ ըլլալ ճինքկոյէն, որ հաւանաբար կրնայ մեծցնել արիւնահոսութեան վտանգը:
2013-ի հետազօտական ուսումնասիրութեան ընթացքին մուկերու եւ առնետներու տրուած է ճինքկոյի տերեւներու քաղածոյ եւ 2-ամեայ քննութիւններու աւարտին լեարդի եւ վահանաձեւ գեղձի քաղցկեղի զարգացման մեծ վտանգ յայտնուած է անոնց մօտ: Արդեօք այս արդիւնքները կը վերաբերին նաեւ մարդո՞ց, յստակ չէ:
Ճինքկոն կրնայ փոխազդել որոշ սովորական դեղերու հետ միասին, որոնցմէ են արեան լերդացումը թեթեւցնող դեղերը (anticoagulants):
Ճինքկոն բերնի ճամբով սպառելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ յղութեան ընթացքին: Ան կրնայ յառաջացնել կանուխ ծննդաբերութիւն կամ աւելորդ արիւնահոսութիւն ծննդաբերութեան ժամանակ, եթէ ան օգտագործուի երկունքի ժամանակին մօտ: Քիչ բան գիտենք կուրծքով կերակրած ժամանակ, երեխաներու համար ճինքկոյի անվտանգութեան մասին:
Ճինքկոյի թարմ (հում) կաղինները եւ ճինքկոյի չմշակուած տերեւները կրնան վտանգաւոր քանակութեամբ թունաւոր նիւթ պարունակել:
Յիշեցէք
Վերահսկեցէք ձեր առողջութիւնը` խօսեցէք ձեր բուժաշխատողներու հետ ձեր կողմէ առնուած որեւէ յաւելեալ առողջապահական քայլերու մասին: Միասին կրնաք լաւ տեղեկացուած որոշումներ տալ:
Աղբիւր` NCCIH