Երեք զարգացումներ զիրար խաչաձեւելով` հայաստանեան եւ սփիւռքեան քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութեան առարկան դարձած են: Առաջինը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անթալիոյ մէջ կատարած յայտարարութիւններն են, երկրորդը` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ հրապարակուած եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկներու փաթեթը, իսկ երրորդը` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսման պատկերացումով, Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիմելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութիւնը:
Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական գիտաժողովին Միրզոյեանի մասնակցութիւնը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ համարուեցաւ ողջունելի եւ դրական քայլ մը: Այս կեցուածքը յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ նաեւ Միրզոյեանի հետ իր տեսակցութիւնը նկարագրեց իբրեւ չափազանց շինիչ եւ օգտակար հանդիպում մը: Իսկ Միրզոյեան դարձեալ խօսեցաւ առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութեան եւ Երեւանի իշխանութիւններուն պատրաստակամութեան մասին:
Մինչ Անթալիոյ մէջ Միրզոյեան եւ Չաւուշօղլու կը վերահաստատէին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման Երեւանի եւ Անգարայի պատրաստակամութիւնը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկներու փաթեթ մը, որ արդէն իսկ փոխանցուած է Երեւանի իշխանութիւններուն: Ըստ Պայրամովի, առաջարկին մէջ տեղ գտած են միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքները եւ արտասովոր ոչինչ կայ: Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետին այս բացայայտումէն քանի մը օր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անակնկալօրէն կը յայտարարէր, որ Երեւան թերեւս դիմէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան, որպէսզի Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու ձեռնարկէ:
Բոլոր այս յայտարարութիւնները եւ կեցուածքները կը հրապարակուէին արցախեան չափազանց մտահոգիչ իրավիճակի մը ենթահողին վրայ: Նախ` Հայաստանէն Արցախ բնական կազ փոխադրող կազատարին Շուշի-Լիսագոր հատուածը կը վնասուէր: Հետեւաբար արցախցիները կը զրկուէին բնական կազէ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը մերժէին արտօնել «Արցախկազ» ընկերութեան մասնագէտներուն, որպէսզի կազատարին վնասուած բաժինը նորոգեն: Անոնք նոյնիսկ արցախցի սակրաւորներուն չէին արտօներ, որպէսզի կազատարին վնասուած հատուածին շրջակայքը ականազերծեն: Յստակ էր, որ ազրպէյճանցիները ականապատուած տարածքներուն քարտէսը պիտի չյանձնէին հայկական կողմին: Ինը օր տեւած անորոշութենէ ետք յայտարարուեցաւ, որ ընթացք առած են կազատարին վնասուած բաժնին նորոգութեան աշխատանքները` ազրպէյճանցիներուն կողմէ:
Արցախի ազատ շրջաններուն բնակչութիւնը կը գտնուի իր գոյութեան դէմ ցցուած ազրպէյճանական վտանգին դէմ յանդիման: Երեւանի իշխանութիւնները գոհ եւ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու շարունակելու: Ազրպէյճան Հայաստանի ներկայացուցած է խաղաղութեան նոր առաջարկներու փաթեթը:
Ահա զարգացումներու շղթայ մը, որուն օղակներուն ամէնէն խոցելին եւ թոյլը Արցախի ազատ շրջաններն են, որովհետեւ դիւանագիտական եռուզեռին մէջ գրեթէ մոռացութեան տրուած են արցախցիներուն գոյութեան սպառնացող վտանգները, թէկուզ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը «Արմէնփրես»-ի հետ իր հարցազրոյցին մէջ կը նշէր, որ Երեւանի համար սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ յստակօրէն երաշխաւորուին արցախահայութեան իրաւունքներն ու ազատութիւնները, վերջնականապէս յստակացուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ոչ թէ տարածքային, այլ իրաւունքներու հարց է: Թէ ի՛նչ են այդ իրաւունքները, շատ յստակ է: Նախապէս ինքնիշխան եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու եւ իր հայրենի հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու արցախցիներուն իրաւունքն էր: Ներկայիս` արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, այդ իրաւունքը վերածուած է «արցախահայութեան իրաւունքներու եւ ազատութիւններու» երաշխաւորման: Ալ ոչ ոք կը խօսի Արցախի պետութեան մասին: Եթէ այս հոլովոյթին զարգացման ընթացքը կրկնուի հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու կայացման բանակցութիւններուն մէջ, ապա, ինչպէս Արցախի պետութեան գաղափարը, հայկական պահանջատիրութիւնն ալ անցեալի խնդրի մը կրնայ վերածուիլ Երեւանի իշխանութիւններուն համար: