Յօդուածներ

Ակնարկ.  Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Ակնարկ. Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ գործընթացը արագ է` արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բեմադրուած է: Դժուար է պատկերացնելը, որ Ատհայի տօնի շնորհաւորանքին դիմաց Թուրքիոյ նախագահը արագօրէն պիտի մտաբերէր հայոց Վարդավառը եւ փոխադարձէր շնորհաւորանքը: Բեմադրութիւնը, ուրեմն, կը միտէր երկխօսութեան գործընթացի ընդգծումը կատարելու եւ շեշտելու խաբուսիկ հեռանկարայնութիւնը, մանաւանդ,...

Համազգայինի 26-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Իւրայատուկ Փորձառութիւն Կ՛ապրին Հայրենիքի Մէջ

Համազգայինի 26-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Իւրայատուկ Փորձառութիւն Կ՛ապրին Հայրենիքի Մէջ

«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով աշխարհին մէջ ստեղծուած սահմանափակումներուն եւ անբնական կացութեան պատճառով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աւանդութեան վերածուած նախաձեռնութիւններէն` Համազգայինի ուսանողական հաւաքը տարի մը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ, բայց այս տարի անիկա վերադարձաւ իր աւանդական ձեւին: Արդարեւ, 8 յուլիս 2022-ին ընթացք առաւ եւ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը շարունակուի ուսանողական 26-րդ հաւաքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներ: Այս հաւաքներուն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Երաժշտական-Գեղարուեստական Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբին, 2 յուլիսին «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական-գեղարուեստական երեկոյ` կատարողութեամբ Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն: Վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Ժանեթա Պրունսուզեան, որ յայտնեց, թէ երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ տարբեր ժողովուրդներու միացման օղակ կը կազմէ: Ան նկատել տուաւ, որ դարերու տառապանքէն յաղթական...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Ապագայատեսիլ Սփիւռքը` Գործնական Ծրագիրներով

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Սոյն տարուան յունիսի երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն  անկախ, հոյլ մը աշխարհով մէկ ցիրուցան, բայց անխտիր բոլորը նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հարուստ ազգային թէ համայնքային կենսափորձով, մասնագիտական հմտութեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ, գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող քսան  մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը` «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ընկալուածէն...

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աշխատանքային Նոր Հորիզոններ Բացաւ

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աշխատանքային Նոր Հորիզոններ Բացաւ

Արցախեան պատերազմը, հայրենի տարածքներու կորուստը, հազարաւոր մեր հերոս հայրենի պաշտպաններու նահատակութիւնը, տնտեսական ճգնաժամը եւ այս բոլորին առընթեր ահաւոր թագավարակը հսկայական աւերներ գործեցին մեր հայրենիքէն ներս` տեղահան ընելով մեր սիրելի Արցախի ու հայրենի սահմանագծի մէջ ապրող ժողովուրդի հսկայական զանգուածը: Այսուհանդերձ, համայն հայութիւնը հաստատակամ մնաց եւ օգնութեան ձեռք երկարեց հայրենի իր ժողովուրդին: Բնական է` մարդասիրական իր գործունէութեամբ իր ժողովուրդին կողքին մնաց նաեւ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նուպար Աֆէեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուաւոր Դոկտոր Հայ անուանի գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանին շնորհուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչում: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 7 յուլիսին, համալսարանի ISTC կեդրոնին մէջ: Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան շեշտեց, որ Աֆէեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը հայրենասիրութեան, պատասխանատուութեան, արհեստավարժութեան, փորձի նկատմամբ ունեցած մեծ նուիրումի, սիրոյ, ազնիւ ձգտումներու եւ մարդկային բարձր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Բանակցութիւնները Պետերբուրգի Մէջ` Հայոց Եւ Վրաստանի Ի Նպաստ Ռուսական Միջամտութեան Ու Հովանաւորութեան Առաջադրանքներով

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Բանակցութիւնները Պետերբուրգի Մէջ` Հայոց Եւ Վրաստանի Ի Նպաստ Ռուսական Միջամտութեան Ու Հովանաւորութեան Առաջադրանքներով

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Թիֆլիս այցելութենէ ետք Վարանդայի մելիք Ջումշուդն ու Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդունը իբրեւ դեսպաններ հետը առնելով ճամբայ ելած էր Աստրախան: Մելիքները Աստրախան մնացին, իսկ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Պետերբուրգ մեկնեցաւ եւ հայութեան ազատագրութեան հարցերով բանակցութեան մէջ մտաւ պետական շրջանակներու հետ: Կատարոյ վանքը Հադրութի շրջանին մէջ, Դիզափայտ լերան գագաթին, 2478 մեթր բարձրութեան վրայ (վերանորոգուած 2018-ին): Աւանդութեան համաձայն մազքութներու...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Ժողովուրդին Մանտաթ»-ը Չփրկեց Ճոնսընը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հինգշաբթի օր ի վերջոյ տապալեցաւ: Կուսակցութեան մէջ ծագած ըմբոստութենէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք, ան ստիպուեցաւ հրաժարական յայտարարել, որովհետեւ առաջին ալիքէն զինք փրկած լաստը անկարող եղաւ դիմանալու երկրորդին ու խորտակուեցաւ անդարմանելիօրէն: Անոնք, որոնք մոռցած են Ճոնսընի դէմ բարձրացած դժգոհութեան ալիքին պատճառները, արագ յիշեցում մը կատարենք. վարչապետը իր իսկ կառավարութեան կողմէ հաստատուած օրէնքը խախտած էր համաճարակի...

Գիտութիւնը` Դաշնակ Նուագելուն Մասին

Գիտութիւնը` Դաշնակ Նուագելուն Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Դաշնակի ուսուցիչ ըլլալով, յաճախ մտածած եմ ու հետաքրքրուած` դաշնակահարութեան եւ ուղեղի աշխատանքի կապով: Յաճախ խօսուած եւ գրուած է երաժշտութեան դրական, մինչեւ իսկ բժշկելու յատկութիւններուն մասին: Նոյնքան եւ թերեւս աւելի հետաքրքրական է երաժշտական գործիք մը նուագելու ընթացքին ուղեղի աշխատանքն ու այդ երկուքին մարդու հոգեկանին եւ մինչեւ իսկ ֆիզիքականին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը: Այս բոլորը աւելի շեշտակի կերպով կ՛արտացոլան դաշնակահարի մը...

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ ԼՕԽ-ականը  (Տիրամայր Քնար Գուճանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ ԼՕԽ-ականը (Տիրամայր Քնար Գուճանեանի Քաղցր Յիշատակին)

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Մի տուն հաստատ կը լինի, եթէ հոն մայրենի կրթութիւն կայ: Ուրեմն կին արմատն էլ պէտք է գիտնայ, հասկնայ աստուածային պատուէրներ, որոնք բովանդակուած են հին ու նոր կտակարաններու մէջ» ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ Քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ առաքինութիւնը, որ աստուածատուր շնորհք է: Անոր ճամբով մարդ անհատը մտքով, խօսքով ու գործով կ՛ապրի Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն աստուածահաճոյ կեանք մը: Աստուածաշունչին մէջ առաքինութիւնը...

Անշահախնդիր Ու Վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Անշահախնդիր Ու Վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ անակնկալօրէն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ներսէս Ճուպանեան: Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ ու քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ: Սակայն ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ մայիս 28-ի առիթով, 29 մայիսին, Պուրճ Համուտի մարզադաշտի պատուոյ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Աւելի Քան 35 Տարիներու Վաստակ Ունեցող ՀՄԸՄ-ական Ներսէս Ճուպանեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ անակնկալ ու անսպասելի կերպով մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի վաստակաւոր եղբայրներէն, բոլորին սիրելի եղբայր Ներսէս Ճուպանեանը: Հանգուցեալը աւելի քան 35 տարուան վաստակ ունեցաւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին մէջ` իբրեւ ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին մարզիչ, եւ թէ ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ, իսկ մասնաճիւղին մէջ ալ` իբրեւ վարչական, ապա ատենապետ, տարիներ շարունակ: Ան միշտ եղաւ կամաւոր ծառայող, որ բարձր...

Մեր Երախտաւորներուն Յիշատակը Յարգելու Հրամայականը

Մեր Երախտաւորներուն Յիշատակը Յարգելու Հրամայականը

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ Աւելի քան քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ հանրածանօթ, բազմատաղանդ եւ անխոնջ նուիրեալ մը` Մարօ Մարգարեան-Մինասեանը, իր ետին ձգելով բեղուն եւ օրինակելի կեանք մը, բայց նաեւ խոր ցաւի մատնելով իր զաւակը` Հրայրը եւ ընտանիքը, Ցոլակ Թիւթէլեանի զաւակները, որոնք զինք ընդունած էին իբրեւ հարազատ քոյր, Մինասեանները, Այնճարի ժողովուրդը, ուր իր ընտանեկան բոյնը կազմած էր`...

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի  Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

ՄԱԿԱՐ ի ծովափ Ատլանտեանի Մարդիկ փառասիրութիւններ միշտ ունեցած են: Հայը` ուրիշներէ աւելի, բայց մեր երեւելիութեան դաշտը նեղ է: Օր մը կապկումով դիրք փնտռող մը ըսած էր, որ դասարան պէտք է փոխէ, բարձրանայ: Արմենակ պատմեց իր թաղի կրպակավաճառ Կարիի մասին, (անցեալին Գառնիկ), անոր չբաւարարուած փառասիրութիւններու դառնութեան մասին: - Գառնիկ իր փերեզակի դրամարկղին դէմ նստած, իր առանձնութեան մէջ, երբ օճառ, ձէթ եւ...

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ 1915-ին երեսուն հազար այնթապահայեր պարտադրաբար կը տեղահանուին իրենց հայրենի բնակարաններէն եւ թրքական պետութեան հրահանգով կ՛ուղղուին դէպի Սուրիա: 1918-1920 թուականներուն կը վերականգնի Այնթապի հայութեան կեանքը, քանի որ Այնթապ ֆրանսական բանակը մուտք կը գործէ: Կը վերաբացուին հայկական քոլեճները: Այս տարիներուն, այնթապցիները կը զինուին` դիմակայելու համար թրքական հաւանական նոր յարձակումը: Երբ ֆրանսացիք կը տեսնեն հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը, Այնթապի հայոց...

Մարդիկ, Որոնք Կրցած Են Ներել

Մարդիկ, Որոնք Կրցած Են Ներել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար վաւերական, մեծ մարդոց յատկանիշներէն է ներողամիտ ըլլալը, ներելը: Քանդիչ ողբերգութիւններ կրելէ ետք, կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը կարողանան մէկ կողմ դնել իրենց զայրոյթն ու իրենց դէմ գործուած մեղքը եւ ողորմութիւն գտնել իրենց սիրտերուն մէջ: Անշուշտ անհատական գետնի վրայ հասկնալի եւ արդարանալի այս ներողամտութիւնը այնքան ալ ընդունելի պիտի չըլլայ հաւաքական ողբերգութիւններու եւ ջարդերու պարագային, որոնք, հաստատուած է, երբ...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (110) Տիկին Արշալոյս Պոլսէն Մոնրէալ հաստատուած ութսունամեայ Նուրիձա մայրիկին տունը սուրճ խմելու կ՛երթայ: Երկու դրացուհիներ հազիւ կը սկսին խօսակցիլ եւ սուրճը վայելել, երբ դուռը կը զարնուի, եւ հեռաձայնը նորոգող պաշտօնեան կը մտնէ: Նուրիձա մայրիկ Արշալոյսին կ՛ըսէ. «Ոտքդ ուղուրլու եկաւ, քա: Երկու օր է այս մարդը կը սպասէի կոր: Գիտե՞ս, մէկու մը տունը չեմ կրնար կոր երթալ. այսօր...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Ո՞ւր Սկսանք, Ո՛ւր Հասանք

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ 1968 յուլիս 14-ին «Սփիւռք»-ի այն էջին մէջ, ուր տպուած էր անյաջող բանաստեղծութիւն մը ինձմէ, էջին լայնքին-երկայնքին խոփ-խոշոր գիրերով Պարոյր Մասիկեան գրած էր. «Չեղա՜ւ, չեղա՜ւ, չեղա՜ւ, Վեհանուշ, ինծի ասանկ «ռեզի՞լ» պիտի ընէիր, ես, որ առտու-գիշեր, հոս-հոն, եկողին-չեկողին, Գահիրէ-Պէյրութ, ամէն տեղ, ամէնուն Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ կ՛աղաղակէի զերթ Պեթհովենի 9-րդ սենֆոնիի Recitatif-ը, եւ Recitatif-ը դարձաւ` Չայքովսքիի Chanson triste-ը: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ինծի...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Չաւուշօղլուն Հայաստանի Վարչապետի Պաշտպա՞ն…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած, անպատիժ մնացած ու Մեծ եղեռնը ժխտող թուրք բորենիների ժառանգութիւնն ամենայն «սրբութեամբ» պահող ու փառաբանող մերօրեայ Թուրքիայի դիւանագիտութեան թիւ մէկ լարախաղաց Չաւուշօղլուն կրկին դատապարտում է սփիւռքահային ու Հայաստանի ընդդիմադիրներին: Միաժամանակ զառանցում է, թէ իբր հայ-թուրքական հաշտութեան ու յարաբերութիւնների կարգաւորմանն են խանգարում հայկական այդ երկու հատուածները: Նա բացէ ի բաց յայտարարում է, որ...

Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի Մահուան Յիշատակին

Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի Մահուան Յիշատակին

6 յուլիսին լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր համեստ արուեստագէտներէն տիկին Կիւլէնը: Տիկին Կիւլէն փոքր տարիքէն յաճախած է Հռիփսիմեանց վարժարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է լիբանանեան Գեղարուեստից համալսարանը: Ան կու գայ արուեստագէտներու ընտանիքէ մը: Անոր եղբայրը` Յարութիւն Թորոսեանը, որ դարձեալ վերջերս մահացաւ Փարիզի մէջ, շատ քաջալերած էր իր քոյրը` Կիւլէնը, որ իր կարողութիւնները զարգացնէ արուեստի բնագաւառին մէջ եւ Կիւլէն շատ բարձր նիշերով...

Page 329 of 1112 1 … 328 329 330 … 1,112

Արխիւներ