(110)
Տիկին Արշալոյս Պոլսէն Մոնրէալ հաստատուած ութսունամեայ Նուրիձա մայրիկին տունը սուրճ խմելու կ՛երթայ: Երկու դրացուհիներ հազիւ կը սկսին խօսակցիլ եւ սուրճը վայելել, երբ դուռը կը զարնուի, եւ հեռաձայնը նորոգող պաշտօնեան կը մտնէ:
Նուրիձա մայրիկ Արշալոյսին կ՛ըսէ. «Ոտքդ ուղուրլու եկաւ, քա: Երկու օր է այս մարդը կը սպասէի կոր: Գիտե՞ս, մէկու մը տունը չեմ կրնար կոր երթալ. այսօր պիտի գայ, վաղը պիտի գայ, իշտէ հիմա եկաւ: Աս թելեֆոնն ալ չըլլայ նէ, պիտի խենթանամ»:
Ու կը շարունակեն շաղակրատել:
Երկու ժամ ետք հեռաձայնը նորոգող պաշտօնեան կը յայտնէ, որ գործը վերջացուցած է եւ պիտի մեկնի: «Բայց կ՛ուզեմ ձեզի բան մը ըսել: Ինչ որ կը խօսէիք իրարու հետ, գրեթէ քառորդը հասկցայ», կ՛աւելցնէ ան:
Նուրիձա մայրիկ Արշալոյսին դառնալով` զարմացած կը յարէ. «Քու ֆրանսերէնդ զօրաւոր է. սըւոր հարցուր նայինք, չէ նէ հա՞յ է մը»:
Պաշտօնեան կէս ֆրանսերէն կէս հայերէն ինք կը պատասխանէ. «Ես քառորդ հայ եմ: Մամայիս պապան հայ է: Ես իրմէ քիչ մը հայերէն սորված եմ»:
Նուրիձա մայրիկ խըրսով մը` «Ի՞նչ ըսել է քառորդ հայ. դուն հայ օղլու հայ ես. գնա՛, աղուոր հայերէն սորվէ» ըսելով` հարցը կը փակէ:
(111)
Հայ գիրքը երկու առիթով հայ ըլլալս կը յայտնէ:
Փարիզէն Մոնրէալ կը ճամբորդեմ եւ ճաշի սպասարկութեան ընթացքին հայերէն գիրք մը կը կարդամ, երբ սպասեակը ճաշի ափսէն սեղանիկիս վրայ դնելէն ետք անգլերէնով կը հարցնէ. «Դուք հայ էք, այնպէս չէ՞»: «Այո՛,- կը պատասխանեմ,- ինչէ՞ն գիտցաք»: «Ձեր կարդացած գիրքէն», կ՛ըսէ:
Քանի մը օր ետք ալ համակարգիչի Էփըլ վաճառատունը կ՛երթամ եւ պայուսակիս մէջ հայերէն գիրք մը ունիմ: Երբ նորոգութեան կարօտ համակարգիչս պայուսակէս դուրս կը հանեմ, գիրքը պաշտօնեային սեղանին վրայ կը դնեմ, որպէսզի եթէ երկար սպասելու կարիք ըլլայ, գոնէ կարդալով ժամանակս լեցնեմ: Յանկարծ պաշտօնեան ինծի կը դառնայ եւ հայերէնով կ՛ըսէ. «Դուք հայ էք, չէ՞»: «Այո՛,- կը պատասխանեմ,- մինչեւ հիմա անգլերէն խօսեցանք. ինչպէ՞ս գիտցաք, որ հայ եմ»: «Հայերէն գիրքէն», կ՛եզրափակէ ան:
(112)
«Քորոնա» ժահրի օրերուն Կարպիս կը հեռախօսէ ընկերոջ` Արսէնին. «Ամա՜ն, աս անիծեալ «Քորոնա»-ն ալ ուրկէ ելաւ. չենք կրնար կոր աղուոր մը տեսնուիլ: Եկուր` այսօր ժամը 11:00-ին մեր կարաժը հանդիպինք, սուրճ մը խմենք»: «Համաձայն», կ՛ըլլայ պատասխանը: Արսէն կը մտածէ, որ Կարպիս չպատուաստուած երկու փոքրիկ զաւակ ունի եւ կը վախնայ, որ անոնք կրնան վարակուիլ. ուրեմն աւելի ապահով է տունին կարաժը հանդիպիլ եւ սուրճը խմել: Ան ժամը 11:00-ին Կարպիսենց տունին կարաժը կ՛երթայ: Մինչ այդ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն Կարպիս իր գործի կարաժն է եւ ժամը 11:00-ին Արսէնը հոն կը սպասէ, որ միասին սուրճը խմեն: Արսէն կը նայի, որ ո՛չ Կարպիսին եւ ո՛չ ալ անոր կնոջ ինքնաշարժը կայ, կը հեռախօսէ ընկերոջ եւ «Ո՞ւր ես, ընկե՛ր», կը հարցնէ: «Ես կարաժն եմ», կը պատասխանէ Կարպիս: «Է՜, ես ալ կարաժն եմ», կը պատասխանէ Արսէն: Փաստօրէն երկուքն ալ կարաժն էին, բայց` երկու տարբեր կարաժներ …
(113)
Մայրս եւ հայրս մէկ տարի քովս կը մնան` Վանքուվըր, եւ ապա հետս Նիւ Ճըրզի կը փոխադրուին 1991-ին: Վանքուվըրի հայ համայնքը շատ փոքրաթիւ ըլլալուն` վերջին մէկ տարուան ընթացքին մկրտութիւն, պսակ եւ թաղում չէր եղած. իսկ Նիւ Ճըրզի քանի մը ամիսէն, երբ ծնողքս ծանօթներու լայն շրջանակ կ՛ունենայ, ուրախ եւ տխուր առիթներու յաճախակի հրաւէրներ կը ստանայ: Երբ առաջին ամերիկահայ յուղարկաւորութենէն տուն կը վերադառնանք, մայրս իր զարմանքը կը յայտնէ` ըսելով. «Ես ամչցայ սեւ հագուստ հագած ըլլալուս համար: Այդ ի՞նչ էր, կարծես պարահանդէսի եկեր էին. ամէնքն ալ գունաւոր հագուստներ հագեր են. կեանքիս մէջ առաջին անգամ ասանկ ճիճիլի-պիճիլի հագուստներով մեռելի եկողներ կը տեսնեմ. մեղք ունի, ճանը՛մ. նոյնիսկ Աստուած չ՛ընդունիր: Ասի չի բաւեր, մէյ մըն ալ հոգեճաշի համար ճաշարան երթալ, գինի եւ ուիսքի խմել, ուզած ճաշդ ապսպրել, խօսիլ, խնդալ: Մեր գիտցածը` մեռելին տունը կ՛երթան, տէր հայրը աղօթք մը կ՛ընէ, սուս ու փուս լեհմեճիւն մը կ՛ուտեն, թան մը կը խմեն, սուրճ մը կը խմեն մեռնողին հոգիին համար. ան ալ դժուար կ՛իջնէ կոկորդէդ: «Աստուած հոգին լուսաւորէ, կեանքը ձեզի» կ՛ըսեն, կ՛ելլեն ու տուներնին կ՛երթան. ոչ թէ հոստեղի պէս` քահ-քահ, քիհ-քիհ: Ասանկ մեռե՞լ մը կ՛ըլլայ: Ես անգամ մըն ալ մեռելի գացողը չեմ…»: Վեց տարի մնացինք Նիւ Ճըրզի. մայրս ամէն բանին յարմարեցաւ. մեռելներուն եւ հոգեճաշերուն ալ եկաւ, բայց միշտ` սեփ-սեւ հագուստով:
(114)
Իրիկուն մը Մեսրոպ արք. Աշճեանին հետ ընթրիքի հրաւիրուած ենք տուն մը, ուր քանի մը տարի առաջ սրբազան հայրը, փոխան տիկին Նուէրի, սխալմամբ տիկին Փերուզ կոչած է գերզգայուն մեծ մայրիկը, որ ամէն անգամ ու ամէն տեղ այս դէպքը պատմած է: Մեսրոպ սրբազան շատ զգուշ է, որ նման սխալ մը չգործէ: Ճամբան ինքնաշարժին մէջ ինծի հարց կու տայ. «Դուն ինչպէ՞ս միտքդ կը պահես անուն-մականունները»: «Ես անուններուն վրայէն կը ցատկիմ եւ միայն մականունները կը գործածեմ. օրինակ` պարոն Մանուկեան, տիկին Կարապետեան, օրիորդ Անթառամեան», կը պատասխանեմ: «Լաւ ըսիր այս մէկը. այսօրուընէ սկսեալ ես ալ այսպէս պիտի ընեմ», կ՛ըսէ ուրախութեամբ: Կը հասնինք մեր հիւրընկալներուն տունը եւ մտերմիկ իրիկուն մը կ՛անցընենք: Սրբազանը տիկին Նուէրին կը պատմէ ինքնաշարժին մէջ մեր ունեցած խօսակցութիւնը, որուն, ինծի ակնարկելով, կեսարացի մեծ մայրիկը թրքերէն առածով մը կը պատասխանէ. «Խելքը տարիքին մէջ չէ, գլուխին մէջ է»: Մեսրոպ սրբազան կը յարէ. «Այսօր ալ ուրիշ կաֆ մը գործեցի: Տիկին Նուէրին ձեռքէն նորէն պիտի չազատիմ: Հիմա ալ ամէն տեղ աս պիտի պատմէ…»:
(115)
Լիբանանի դասընկերներէս մին Նիւ Ճըրզի մեր տունը կը մնայ եւ տիւ ու գիշեր իր բժշկական վկայականը ստանալու հիւանդանոցային պայմանները լրացնելուն կը հետեւի: Այդ օրերուն բջիջային հեռախօս չկայ տակաւին: Օր մը տունէն ճամբայ կ՛ելլէ հիւանդանոց երթալու, մինչ այդ հիւանդանոցէն քարտուղարուհի մը տունը կը հեռախօսէ եւ զինք կը փնտռէ: Մայրս կը պատասխանէ եւ հազիւ կրնայ հասկցնել, որ անգլերէն չի գիտեր ու կ՛առաջարկէ ֆրանսերէն խօսիլ: Դիմացինը կը պատասխանէ, որ ֆրանսերէն չի գիտեր. արաբերէն չի գիտեր. յունարէն չի գիտեր. հայերէն չի գիտեր. թրքերէն չի գիտեր: Վերջապէս անգլերէնով մօրս շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ հեռախօսը կը գոցէ: Երբ դասընկերս հիւանդանոց կը հասնի, ան կը հարցնէ, թէ ո՞վ էր այս հինգ լեզու խօսող կինը: Տոքթորը կը պատասխանէ, որ իր ընկերոջ ու Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին մայրն էր, եւ ինք անոնց տունը կը մնայ: Երբ դասընկերս այս դէպքը կը պատմէ մօրս, ան կ՛ըսէ. «Եթէ միայն անգլերէն գիտնալով մէկը հիւանդանոցի մը սեքրեթերը կ՛ըլլայ կոր, ես ալ հինգ լեզու գիտնալով Ամերիկայի նախագահը կրնամ ըլլալ: Մե՜ղք, որ ես աս երկիրը կանուխ չեկայ…»:
(116)
Նիւ Ճըրզի հայ մայրիկ մը ամերիկեան քաղաքացիութիւն պիտի առնէ, եւ զաւակներն ու թոռները իրեն կ՛օգնեն, որ հիմնական հարցումներուն պատասխանները սորվի: Օրինակ` իր անուն-մականունը, ծննդեան թուականը, Ամերիկա մուտքի թուականը եւ այլն: Նաեւ կ՛ըսեն, որ պէտք է գիտնայ Ամերիկայի առաջին նախագահին անունը, որովհետեւ դատաւորը անպայման այս մէկը կը հարցնէ: Մեծ մայրիկին կ՛ըսեն, որ շատ դիւրին է Ամերիկայի առաջին նախագահին անունը` Ճորճ Ուաշինկթըն, եթէ յիշէ Նիւ Ճըրզիի կամուրջը, որուն վրայէն յաճախ կ՛անցնինք Նիւ Եորք երթալու համար` Ճորճ Ուաշինկթըն պրիճ: «Ամա՜ն, շատ դիւրին է եղեր,- կ՛ըսէ մեծ մայրիկը,- մեր Ազնիւին տունին քովի կամուրջն է. Ճորճ Ուաշինկթըն պրիճ: Եղաւ. տեմեկ մարդուն անունն է. աս ալ սորվեցանք: Պարապի չեն ըսած` կեանքը դպրոց է»: Քանի մը շաբաթ ետք մեծ մայրիկը ներգաղթի գրասենեակը կ՛երթայ եւ բոլոր հարցումներուն ճիշդ կը պատասխանէ, իսկ Ամերիկայի առաջին նախագահին փոխան «Ճորճ Ուաշինկթըն» պատասխանելու` միայն «պրիճ» կ՛ըսէ…
(117)
Նիւ Ճըրզի հովւութեանս տարիներուն ամերիկահայ բարեկամներու խումբի մը հետ շաբաթը երկու անգամ, առաւօտեան ժամը 10:30-էն կէսօրուան ժամը 12:00, ակումբի մը մէջ թենիս կը խաղամ: Ապա խումբէն մէկը, հերթաբար, բաներ մը կը բերէ, եւ միասին թեթեւ ճաշ մը կ՛ընենք ու սուրճ կը խմենք: Ինծի կը պատուիրեն, որ ես փոխան հերթին մաս կազմելու` մօրս ըսեմ, որ տարին երկու անգամ նախընտրաբար պահքի հայկական ճաշեր պատրաստէ եւ խումբը մեր տունը գայ, ու միասին ճաշենք: Երբ այս խումբը առաջին անգամ մեր տունը կը հրաւիրեմ, մայրս ոսպով քէօֆթէ, պահքի սարմա-տոլմա եւ թահինով հաց կը պատրաստէ: Անշուշտ ոգելից ըմպելի կը հրամցնենք եւ ճաշի սեղաններուն վրայ չիփս ու կուտ-ֆըստըխ ալ կը դնենք: Մինչեւ մայրս ոսպով քէօֆթէն շաղէ, հիւրերը կը սկսին չիփսն ու կուտ-ֆըստըխը ուտել, խմիչքը կոնծել եւ անշուշտ անգլերէնով զրուցել: Մայրս զիս խոհանոց կը կանչէ եւ կ՛ըսէ. «Ես անգլերէն չեմ գիտեր, որ ըսեմ. դուն ըսէ ասոնց, որ չկշտանան. ահագին ճաշ կայ: Ի՞նչ կայ մոթորի պէս կուտ-ֆըստըխը կ՛ուտեն կոր. պիտի կշտանան, յետոյ ալ ճաշերս պիտի չհաւնին»: Ես «Լա՛ւ, լա՛ւ», կ՛ըսեմ եւ բան չեմ ըսեր մեր հիւրերուն: Մայրս կը հետեւի եւ քիչ յետոյ հիւրերուն քով կու գայ եւ իր կոտրած անգլերէնով ու հեղինակաւոր շեշտերով կ՛ըսէ. «Նօ՛, նօ՛: Թիս իս Աթլանթիք սիթի» (Ո՛չ, ո՛չ: Աս Աթլանթիք սիթի է:) (Յայտնեմ, որ Աթլանթիք սիթին Նիւ Ճըրզի նահանգի բախտախաղի քաղաքն է): Մայրս անգլերէն բախտախաղ ուրկէ՞ պիտի գիտնար, Աթլանթիք սիթի-ն միտքը կու գայ եւ անով կը փորձէ հասկցնել, որ եթէ մէկը սկսի կուտ-ֆըստըխը ուտել, դիւրին-դիւրին չի կրնար զայն թողուլ, ինչպէս է պարագան բախտախաղին…
(118)
1988-ին առաջին անգամ ըլլալով Վանքուվըրէն Նիւ Եորք կ՛այցելեմ, որպէսզի Ազգային առաջնորդարանին եւ շրջանի հոգեւորականներուն ծանօթանամ: Յաջորդ օր կէսօրին Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեան զիս կը տանի ամերիկեան եկեղեցի մը, որ ժամանակաւորապէս կը գործածուի մեր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ, որովհետեւ Ս. Սարգիս եկեղեցին վերջերս արկածի մը պատճառով հրոյ ճարակ դարձած է: Ծուխին հոգեւոր հովիւն է պոլսահայ Ասողիկ Ա. քհն. Գըլընճեանը, որ մեծ ուրախութեամբ կ՛ընդունի մեզ, ինքզինք կը ծանօթացնէ «որպէս հրկիզեալ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանան» եւ եկեղեցւոյ քարտուղարը կը ղրկէ տէօնէր (շաուըրմա) սանտուիչ եւ թան բերելու: Անմիջապէս կ՛անդրադառնամ, որ տէր հայրը կատակասէր է, եւ իմ հերթիս կ՛ըսեմ, որ ինք «հրկիզեալ եկեղեցւոյ ոչ հրկիզեալ քահանան է»: Այս ակնարկութիւնը շատ հաճելի կը հնչէ իր ականջներուն եւ տէր Մուշեղին դառնալով` կ՛ըսէ. «Շա՜տ աղուոր ըսաւ հա՛յր սուրբը. մինչեւ հիմա ասի չէի լսած»: Մէկ ամիս ետք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թերթիկը կը ստանամ, ուր մեր այցը նկարագրուած է հետեւեալ ուռուցիկ վերնագիրով. «Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը սիրոյ սեղանով պատուեց Նարեկ վրդ. Ալեէմէզեանն ու Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեանը»: Ինչպէս կը յիշէք` եղած-չեղածը տէօնէր սանտուիչ եւ թան էր…
1991-ին, երբ արդէն Նիւ Ճըրզիի հոգեւոր հովիւ եմ, աւելի կը մտերմանամ տէր Ասողիկին հետ, որ ամրան արձակուրդիս կիրակի մը, արդէն հանգստեան կոչուած, կու գայ եւ իմ եկեղեցիս ինք կը պատարագէ ու կը քարոզէ: Արձակուրդէս վերադարձին հոգաբարձուները (թաղականները) կ՛ըսեն, թէ նախընտրելի է, որ այլեւս ինք չփոխարինէ զիս, որովհետեւ այնքան շատ հոգեհանգիստ կար, որ հոգեհանգիստի անուն-մականունները կարդացած պահուն տէր հայրը ողջերն ու մեռելները իրար կ՛անցընէ եւ հոգեհանգիստի աւարտին ալ կէս կատակ-կէս լուրջ հաւատացեալներուն կ՛ըսէ. «Այս բոլոր հոգեհանգիստներուն համար ինծի՞ սպասեցիք. գալ կիրակի ընէիք` հայր Նարեկը հոս կ՛ըլլար…»:
(Շար. 12)



