Յօդուածներ

Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Վերջերս Իրաքի հայոց թեմի աոաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանը: Արդարեւ, 13 մայիս 2022-ին Իրաքի հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ, Պաղտատ, թեմի նախկին առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուեցաւ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն: Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած թեկնածուներէն,...

Մեր Կորուստները. Լեւոն Գաթրճեան. Հայ Երգի Ասպետը

Մեր Կորուստները. Լեւոն Գաթրճեան. Հայ Երգի Ասպետը

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ 1 յուլիսին իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքի հայ երգարուեստի հռչակաւոր անձնաւորութիւններէն Լեւոն Գաթրճեան: Ան ծնած էր 10 յուլիս 1940-ին, Հալէպ: 1963-1966-ին իր ուսումը ստացած է Պէյրութի պետական երաժշտանոցին մէջ: Ան ճանչցուած է ժողովրդական եւ աշուղական, յատկապէս Սայաթ Նովայի երգերու կատարումներով: Ան հանդէս եկած է համերգներով Պէյրութի, Հալէպի, Եգիպտոսի, Քուէյթի, Իրանի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Հայկական երգացանկով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 20 յունիս 2022-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին նուիրուած ժողովրդային հաւաք: Յատուկ առաքելութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան ներկաներուն եւ դպրեվանքին մէջ ուսանելու հակում ունեցող...

«Լիբանանցի Քաղաքացին Ծունկի Բերած Են, Իսկ Անոր Օրուան Հացը Ամէն Ինչէ Կարեւոր Է Եւ Առաջնահերթութիւն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանցի Քաղաքացին Ծունկի Բերած Են, Իսկ Անոր Օրուան Հացը Ամէն Ինչէ Կարեւոր Է Եւ Առաջնահերթութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք առաջին հարցազրոյցը ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ ընտրական օրէնքը բացթողումներով լեցուն է: Ան հաստատեց, որ ընտրական ներկայ օրէնքը լաւագոյն օրէնքը չէ` յայտնելով, որ անիկա կը մղէ, որ նոյնիսկ նոյն ընտրացանկին վրայ գտնուող թեկնածուները իրարու դէմ...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Վերականգնման Հարցին Մէջ` Յոյս Եւ Մտավախութիւն

Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Վերականգնման Հարցին Մէջ` Յոյս Եւ Մտավախութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ 18 յունիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգներ խզած են Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ պատրաստ են շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ համագործակցութիւնը` յանուն խնդիրի խաղաղ եւ տեւական լուծման:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ` Արցախի «Ապրելու Ձայնը« Մի՛շտ Պիտի Ղօղանջէ... Յունիս 27-էն մինչեւ յուլիս 1 Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի կազմակերպութեամբ «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծրագրի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ կազմակերպուեցան` գրական մրցոյթներ, գրական երեկոներ, ասմունքի մրցոյթ, ցուցահանդէսներ ու համերգներ, Արցախի արդի գրականութեան վերաբերեալ զրոյցներ, հանդիպումներ, դասախօսութիւններ: Մշակութային փառատօնի բացումը կայացաւ յունիս 27-ին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Մելիք Բախտամի Վերադարձը Արցախ Եւ Սպանութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մէջ 1797-ին սկսած սովը, երաշտը եւ ժանտախտը աւեր կը գործէին, եւ արցախցիք զանգուածաբար կը հեռանային իրենց հայրենի բնօրրանէն, ապաստան գտնելով տարբեր երկիրներու եւ յատկապէս Վրաստանի մէջ: Ժողովուրդին հետ Վրաստան տեղափոխուած էին նաեւ մելիքները: Նոյն ժամանակ Գանձակի մէջ կեդրոնացած Աղուանից Սարգիս կաթողիկոս Հասան Ջալալեան իր Դանիէլ բէկ եղբօր որդի Բաղդասար վարդապետին եւ...

Միջնադարի Արաբ Պատմիչները Փաստել Են Բերձորը Հայկական Է

Միջնադարի Արաբ Պատմիչները Փաստել Են Բերձորը Հայկական Է

Իրանի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր, Թեհրանի «Ազատ» համալսարանի դասախօս Կարէն Խանլարեանը գրում է. Բերձորը հայկական է, չկասկածէ՛ք. կան հայ մարդիկ, որոնք հարցականի տակ են տարել ու դեռ տանում են` Կուր գետի աջափնեայ տարածքների` Գանձակից մինչեւ Պարթաւ (Բարդա) եւ մինչեւ Փայտակարան (Բէյլական) շրջանների հայապատկանութիւնը: Խօսքս ուղղուած չէ նրանց: Նրանք թող զբաղուեն իրենց պատուիրատուներով: Խօսքս ուղղում եմ հայ երիտասարդութեանը....

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Կը Գիտակցի՞նք, Որ «Գործնապաշտութեան» Պատճառով Հայերէնը Հիմնական խնդիր Ըլլալէ Դադրած Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ժողովուրդի հանճարին առաջին գործիքը իր լեզուն է: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ համրի մը շատ գաղափարներ ունենալ»: Սթանտալ, ֆրանսացի գրող, ԺԹ. դար Ո՞ւր է հայերէնի պաշտպանութիւնը, հայերէնը` որպէս ազգային հիմնական արժէք եւ ըմբռնում, կը պաշտպանուի՞ մեր ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութիւններուն կողմէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէս գրական լեզու, հաւաքականութիւններու կողմէ խօսուած եւ գրուած հարազատ եւ անաղճատ լեզու, որ չըլլայ ոջիլի...

Ամէն Մի Հայ Հայաստան Է… (Խորը Մտածում Այս Օրերի Համար)

Մեծ Եղեռնի 60-ամեակը Եւ «Զարթի՛ր, Լաօ»-ն (Ժողովրդական Երգի Ձայնագրման Պատմութիւնից)

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ Էմին Արիստակէսեան. վստահ եմ` քչերին է ծանօթ այս յօրինողի անունը: Հիմնականում Արիստակէսեանը ճանաչուեց  «պրոմեթեւս» պալեթով եւ ձայնի, դաշնամուրի համար մշակուած «Սահակ Պարթեւի հինգ շարականները» ստեղծագործութեամբ: Ես եւ Էմին Արիստակէսեանը համատեղ աշխատել ենք Հայաստանի ռատիոյի  երաժշտական խմբագրութիւնում: Էմինը եկաւ ռատիոկոմիտէ` փոխարինելու «անփոխարինելի» Արմէն Յովհաննիսեանին: Տարիներ շարունակ տարաբնոյթ խօսակցութիւններ էին շրջում երաժշտահանների եւ յայտնի երաժիշտների շրջանում, թէ ինչո՞ւ Ազգային ռատիոյի...

Նամականի

«Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը, Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը Բ. Պէտք Է Յիշենք 1998-ի Մեր Առաջին Յեղափոխութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդ` Ա. մասով, արագ ակնարկով անդրադարձանք այսպէս կոչուած Հայաստանի «թաւշեայ» եւ Լիբանանի «մայրի» «յեղափոխութիւն»-ներուն: Ինչո՞ւ չակերտուած է յեղափոխութիւն եզրը: Քանի որ պէտք է զանազանել ժողովրդային հարազատ յեղափոխութիւնը` դուրսէն, օտարէն դրդուածէն ու ղեկավարուածէն: Կասկած չկայ, որ աշխարհի տարածքին բոլոր երկիրներուն մէջ իրենց իշխանութիւններէն դժգոհներ կան, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Թերեւս մատի վրայ կը համրուին այն երկիրները, ուր իրենց...

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն.  Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Մահը բան մըն է, որուն բոլորս, ուշ կամ կանուխ, ստիպուած ենք դէմ յանդիման գտնուելու: Բայց ինչպէ՞ս մենք կ՛արձագանգենք անոր: Ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք աւելի շատ կը վախնան, քան միւսները: Եւ ճշգրտօրէն ի՞նչն է, որ մեզ կը վախցնէ մահէն: Ձեզի կը ներկայացնենք մահուան մտահոգութեան հետ կապուած տեսութիւններու ակնարկ մը, եւ թէ` ի՛նչ կրնաք ընել զայն թեթեւցնելու կամ ուղղելու համար: Քիչ...

Ակնարկ.    Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

Ակնարկ. Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

Ազգային ժողովի փոխնախագահներէն մէկուն ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ: Այսպէ՛ս: Յօդուած 104. Ազգային ժողովի նախագահը, անոր տեղակալները եւ Ազգային ժողովի խորհուրդը Ազգային ժողովը իր կազմէն կ՛ընտրէ Ազգային ժողովի նախագահն ու անոր երեք տեղակալները: Տեղակալներէն մէկը կ՛ընտրուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներու թիւէն: Ազգային ժողովի նախագահը եւ անոր տեղակալները կ՛ընտրուին եւ ետ կը կանչուին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:...

Ապրելու Ձայնը

Ապրելու Ձայնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 27 յունիսէն շաբաթ, 2 յուլիս շաբթուան ընթացքին, Համազգայինի Ստեփանակերտի գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մշակութային աննախընթաց փառատօն մը: Ստեփանակերտի ու Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ, մասնաւորաբար վտանգուած սահմանամերձ գիւղերու մէջ, տեղի ունեցան գրական-գեղարուեստական հանդիպումներ, քննարկումներ, որոնց մասնակցեցան Արցախի մէջ ստեղծագործող գրողներ ու մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու արտասահմանէն հրաւիրուած գրողներ ու արուեստագէտներ: Փառատօնը կը կրէր «Ապրելու ձայն» անունը եւ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Երուանդ Փամպուքեանի Նորագոյն Հրատարակութիւններուն Առիթով

ՄԻՀՐԱՆ  ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հայկական իրականութեան մէջ ընդհանրապէս անտեսուած, նոյնիսկ շատ աղքատ մարզ մը եղած է արխիւագիտութիւնը, մասնագիտական հմտութեամբ արխիւային հետազօտութիւնը, որուն հիմունքով կառուցուած պատմութիւնն է ամէնէն հաւաստին, ամէնէն վաւերականը, թերեւս նաեւ` անաչառը: Հին դարերուն` պատմական իրադարձութիւնները արձանագրող մատենագիրը, այսինքն` պատմագիրը անպայման որ դերակատար դէմքերն ու դէպքերը դիտած,  զանոնք գնահատած ու ներկայացուցած է ըստ իր սեփական դատումին,   ըստ իր համակրանքին կամ հակակրանքին:...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Կապիկի Ծաղկախտ – Monkeypox

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Ան առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ: Ուրեմն հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այդմ: Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Դար Մը Ետք Սնանկացած Թուրքիա Հսկայական Գումարներ Կը Վատնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնքան ապարդիւն է, որքան մարդու մը գլուխը անընդհատ պատին զարնելը` յուսալով, որ պատը պիտի փլի: Աւելի քան մէկ դար շարունակ թրքական իշխանութիւնները ամէն կարելիութիւն գործի դրած են իրենց նախորդներուն իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի ոճրագործութիւնը կոծկելու համար: Մինչեւ այսօր ոչ մէկ թուրք ղեկավար քաջութիւնը եւ  պարկեշտութիւնը ունեցած է ընդունելու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կոչի Կարգով

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կոչի Կարգով

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար` նիւթ ունենալով «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութեան յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ», բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ըլլալով համահայկական մշակութային բուխ աւանդը յատկանշող հոսքը` սեմինարը պարզեց ներկայ երիտասարդական տուեալներ, որոնց անդրադարձը անցնող դարերու եւ ի մասնաւորի ազգասպանութեան ժամանակներէն ասդին ընդհանուր առմամբ ունեցած է շատ դանդաղ...

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ - Վազգէն Շուշանեանի անտիպ գործերու նոր հատոր մը լոյս տեսած է Մոնրէալի մէջ,- ըսաւ Վահէն,- անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ: - Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ Շուշանեանի ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը` Պօղոս Սնապեանը, մահացաւ անցեալ շաբաթ,- ըսաւ Յասմիկը: - Այո՛, վերջին անգամ, երբ Սնապեան Թորոնթօ եկած էր, դասախօսութիւն մը տուաւ «Մարդ մը, որ...

«Դիմադրութիւն» Շարժման Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը Գրաւական` Աւելի Արդիւնաւէտ Ընթացքի Եւ Յաղթական Ելքի

«Դիմադրութիւն» Շարժման Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը Գրաւական` Աւելի Արդիւնաւէտ Ընթացքի Եւ Յաղթական Ելքի

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Որեւէ քաղաքական զանգուածային շարժման պարագային, ժամանակի թաւալքին հետ շատ յաճախ անհրաժեշտութիւն կը ծագի, որ մօտեցումներու եւ մարտավարական ընտրանքներու մէջ փոփոխութիւններ կատարուին տուեալ շարժումը աւելի կենսունակ եւ աւելի աշխուժ դարձնելու համար: Քաղաքական յարափոփոխ կեանքը դէմ է քարացածութեան,  մասնաւորաբար` մարտավարական ընտրանքներու պարագային, եւ քաղաքական շարժում մը, իր ծաւալած պայքարին ընթացքին, առանց երբեք հրաժարելու իր գլխաւոր նպատակներէն եւ սկզբունքներէն, պարտի պատշաճեցումներ...

Page 330 of 1112 1 … 329 330 331 … 1,112

Արխիւներ