Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

July 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի ծովափ Ատլանտեանի

Մարդիկ փառասիրութիւններ միշտ ունեցած են: Հայը` ուրիշներէ աւելի, բայց մեր երեւելիութեան դաշտը նեղ է: Օր մը կապկումով դիրք փնտռող մը ըսած էր, որ դասարան պէտք է փոխէ, բարձրանայ:

Արմենակ պատմեց իր թաղի կրպակավաճառ Կարիի մասին, (անցեալին Գառնիկ), անոր չբաւարարուած փառասիրութիւններու դառնութեան մասին:

– Գառնիկ իր փերեզակի դրամարկղին դէմ նստած, իր առանձնութեան մէջ, երբ օճառ, ձէթ եւ ձաւար գնողներ չըլլային, թերթ կը կարդար ծանուցումներէն մինչեւ մահազդներ, կը դժգոհէր, որ հոն անուններ եւ պատկերներ կային, որոնց մէջ զինք չէին յիշեր: Չարախօսութեամբ կը խծբծէր բոլոր կարդացածները: Կ՛ըսէր, որ ինք այդպէս պիտի չըսէր: Չէր ըսեր, թէ ի՛նչ պիտի ըսեր: Կը չարանար, երբ իր դասընկերոջ անունը կը տեսնէր թերթին մէջ: Ո՛չ հանդէսներու եւ ո՛չ այլ ցոյցերու կ՛երթար, քանի որ ինք տարբեր կարծիք ունէր: Աւելի ճիշդ` համաձայն չէր կարդացածին, լսածին, եղածին: Աւելի ճիշդ` չէր ուզեր անհանգիստ ըլլալ:

– Մի՛ զարմանար: Այսպէս են իրենց դրամները արդուկող եւ պահող քաղքենի չէզոքները, որոնք յոգնութիւն չպահանջող հայրենասիրութիւն կը խաղան:

– Մակա՛րս, աւազանի անունով Գառնիկը, հիմա` Կերի, ամէն բանի մասին կարծիք ունի, ամէն ըսուածի եւ գրուածի մասին` քննադատութիւն, ամէն անձի դէմ` խծբծանք: Կը խօսի հայրենասիրութեան մասին, բայց հայրենիքի վերաշինութեան օժանդակող ոչ մէկ կազմակերպութեան դրամ կու տայ, քանի որ վստահ չէ, որ դրամը տեղ կը հասնի, նպատակին կը ծառայէ:

– Արմենա՛կ, եթէ չըլլային այս եսապաշտ բանգէտները, մեր ժողովուրդի հանրային կարծիքը աւելի ողջախոհ կ՛ըլլար, բամբասանքը եւ զրպարտութիւնը ազգային ծառայութիւն չէին համարուեր:

– Մեր երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանը այս առանձնութեան մէջ մտածող, զոհողութեան կողքով չանցնող եւ փառք փնտռող կերիներու համար առած մը մեկնաբանած էր. «Քսակին մէջ կարիճ ունենալ. ագահ ըլլալ, ձեռքը գրպանը տանելու վախնալ, իբր թէ զայն խայթող կարիճ մը գտնուէր հոն»: Սկզբունք. խայթել, բայց չխայթուիլ:

– Արմենա՛կ, եթէ նմաններ չըլլային, ասէկոսէները ասպարէզ դարձուցած չըլլային…

– Եթէներուդ պատասխանը պարզ է. իրատես կ՛ըլլայինք, կը գիտնայինք, կեղծ իմաստուն ըլլալու համար միտք եւ հոգի չէինք պղտորեր: Բայց առանց անոնց` դատարկաբան թաղային իմաստուններ կը կորսնցեն իրենց մնացած միակ ազգային զբաղումները, ասէկոսէները, սովետէն մնացած «սեւացրէք»-ի բանգիտութիւնը,- ըսաւ Կոմփիւկիոսի հոգեզաւակ Կեդրոնականցին եւ եզրակացուց, կրկնելով Կոմփիւկիոսիը խօսքը. «Երբ գլուխդ կուժի մը կը զարնուի, եւ ան դատարկ կը հնչէ, միշտ չէ որ կուժը այդպէս է»:

Գառնիկ-կերիները ամէն տեղ են, լսող կը փնտռեն, բայց կը լսեն միայն իրենք զիրենք:

Այսպէս պիտի ընթանայ մեր կեանքը, մինչեւ որ հրաշքը պատահի: Ո՞ր հրաշքը, որո՞ւ համար…

25 յունիս 2022

 

Նախորդը

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.