Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի Մահուան Յիշատակին

July 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 յուլիսին լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր համեստ արուեստագէտներէն տիկին Կիւլէնը:

Տիկին Կիւլէն փոքր տարիքէն յաճախած է Հռիփսիմեանց վարժարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է լիբանանեան Գեղարուեստից համալսարանը: Ան կու գայ արուեստագէտներու ընտանիքէ մը: Անոր եղբայրը` Յարութիւն Թորոսեանը, որ դարձեալ վերջերս մահացաւ Փարիզի մէջ, շատ քաջալերած էր իր քոյրը` Կիւլէնը, որ իր կարողութիւնները զարգացնէ արուեստի բնագաւառին մէջ եւ Կիւլէն շատ բարձր նիշերով աւարտած էր Գեղարուեստից համալսարանը, ապա մասնագիտացած էր Փարիզի մէջ: Ֆրանսայէն վերադառնալէ ետք ան սկսած էր աշխատիլ զանազան դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ, անոնցմէ կարելի է թուել ԱԼՊԱ¬ն, Լիբանանեան համալսարանը, Ֆրանսական համալսարանը եւ անշուշտ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան: Այստեղ պիտի չմոռնանք յիշելու, որ տիկին Կիւլէն իր եղբօր հետ միասին եղած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային հիմնադիրներէն: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ անոր պարտաճանաչութիւնը ակներեւ էր: Տիկին Կիւլէն այն փնտռուած արուեստագէտներէն էր որ չէր սիրեր յոխորտալ: Շատ համեստ էր, «ոչ» բառը իրեն համար գոյութիւն չունէր: Երբ առիթներով իրեն դիմէինք` դատական կազմի մասնակցութեան համար, սիրայօժար կ՛ընդունէր: Ակադեմիային մէջ զինք կը սիրէին եւ կը յարգէին բոլորը: Մօր մը պէս կը գուրգուրար իր աշակերտներուն վրայ եւ մեծ համբերութեամբ կը տանէր ամէն աշխատանք: Երկու ամիս առաջ, զինք հրաւիրած էի վարժարանի մը մէջ դասախօսելու քանդակագործութեան մասին, մեծ սիրով ընդառաջեց: Ան իրեն հետ բերած էր իր աշխատանքներէն մաս մը` ցոյց տալու աշակերտներուն, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ կ՛առնէ քանդակը: Շատ հաճելի էր զինք մտիկ ընելը: Ձեռնարկէն ետք մօտեցաւ եւ խնդրեց, որ շատ շուտով իր լուսանկարները ուղարկեմ իրեն, ըսաւ` «ասոնք իմ գանձերս են»: Ան մեծ ժպիտով կ՛ընդառաջէր ամէն առաջարկ: Տիկին Կիւլէնը մեր հայկական գաղութին մէջ բաւական մեծ թիւով աշակերտներ պատրաստած է քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի գործերուն, անոնց մէջ միշտ ներկայ էր հայկական ոգին, մանաւանդ իր «Մշոյ Ճառընտիր» գործը, որ բաւական տպաւորիչ քանդակ մըն է: Ան ամէն տեսակ նիւթերով կ՛աշխատէր: Իրեն համար անկարելի բան չկար, բայց այսօր ան չկայ, անգութ մահը խլեց զինք: Երբ այս տողերը կը գրեմ, չ՛ուզեցի իր մահուան մասին խօսիլ, այլ ուզեցի ի՛ր մասին խօսիլ, ծանօթացնել զինք, որովհետեւ ինծի համար ան տակաւին կ՛ապրի, իր գործերը այդ կը փաստեն:

Տիկի՛ն Կիւլէն, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ:

«Թորոս Ռոսլին» Ակադեմիայի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ննջեցեալին ամուսնոյն եւ դուստրերուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Յուլիս 2022)

Յաջորդը

Չաւուշօղլուն Հայաստանի Վարչապետի Պաշտպա՞ն…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.