Իսամ Նաժի. «Ֆիլմիս Գլխաւոր Պատգամը Հայութիւնը Միացած Տեսնելն Է»
Հարցազրոյցը՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻ «Յուսաբեր» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ եգիպտացի տաղանդաւոր բեմադրիչ Իսամ Նաժիի հետ, որուն «Մոռցուած հայրենիք» ժապաւէնը նախորդող օրերուն ներկայացուեցաւ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ եւ արժանացաւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու ուշադրութեան ու բարձր գնահատանքին: «ՅՈՒՍԱԲԵՐ».- Ի՞նչ էին զգացումներդ, երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց «Զուարթնոց» օդակայան: Մանաւանդ որ այս անգամ ճամպրուկիդ մէջ ունէիր քու հեղինակութեանդ պատկանող «Մոռցուած հայրենիք» ժապաւէնը, որուն թեման անշուշտ...




















