Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Նուպար Աֆէեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուաւոր Դոկտոր
Հայ անուանի գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանին շնորհուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչում:
Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 7 յուլիսին, համալսարանի ISTC կեդրոնին մէջ:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան շեշտեց, որ Աֆէեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը հայրենասիրութեան, պատասխանատուութեան, արհեստավարժութեան, փորձի նկատմամբ ունեցած մեծ նուիրումի, սիրոյ, ազնիւ ձգտումներու եւ մարդկային բարձր որակներու վառ օրինակ է:
«Վերջին շրջանին մենք ականատես կ՛ըլլանք մեծ տեղաշարժերու գիտութեան բնագաւառին մէջ, եւ այս առումով բաւականին մեծ էին նախորդ տարի կառավարութեան ջանքերը, որուն շնորհիւ 83 տոկոսով աւելցուեցաւ գիտութեան ֆինանսաւորումը: Կը կարծենք, որ այս քայլը դրական կ՛անդրադառնայ երիտասարդներուն գիտութեան մէջ ներգրաւելու գործին վրայ: Ն. Աֆէեանի ջանքերը` ուղղուած երիտասարդներուն գիտութեան մէջ պահելու, անգնահատելի եւ ողջունելի են: Մեծ ուրախութեամբ պատրաստ ենք տարբեր հարցերու մէջ համագործակցութեան` ի շահ Երեւանի պետական համալսարանի, ի շահ ուսանողութեան, ի շահ փրոֆեսորա-դասախօսական կազմին», նշեց Յովհաննիսեան:
Աֆէեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ուրախ եւ հպարտ է Երեւանի ամենահզօր համալսարանի` Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչման արժանանալուն համար:
«Ինծի համար պարտաւորեցնող է այս կոչումը: Հայաստանի մէջ կապերս քիչ են, ուրախ եմ, որ ներկայ եղայ եւ յոյս ունիմ, որ ապագային կարելի կ՛ըլլայ կապեր ստեղծել համալսարանին հետ», ըսաւ ան:
Արցախը Այս Շաբաթ
Արտաքին քաղաքականութեան մէջ շատ կարեւոր են կարմիր գիծերը, որոնց հատումը անխուսափելիօրէն կրնայ աղէտի յանգեցնել, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:
«…Արդիւնաւէտ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ պետական կառավարման ոլորտին մէջ կարմիր գիծերու խիստ պահպանումը … Այս յատկապէս կարեւոր է այն երկիրներուն համար, որոնք կը գտնուին իրենց պատմութեան վճռորոշ հանգրուաններու մէջ», նշած է ան:
7 յուլիսին Երեւանի մէջ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան համաժողովի ժամանակ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան համոզում յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն նախաձեռնութեան հետ միասին բազմաթիւ հարցեր պիտի լուծուին:
Ան կարեւոր նկատեց, որ նախաձեռնութեան առաջին ժողովը անցեալ տարի տեղի ունեցած է Արցախի մէջ, եւ շեշտը դրուեցաւ ժողովրդագրութեան վրայ: Արցախի մէջ, անվտանգութենէն ետք ամէնէն կարեւոր հարցը ժողովրդագրութեան հարցն է:
Հարցումին, թէ ի՞նչ խնդիրներ կան եւ ի՞նչ լուծումներ կը ցանկայ տեսնել Արցախի հասարակութիւնը, Բեգլարեան պատասխանեց, որ գլխաւոր հարցը անվտանգութիւնն է: «Արցախցիներուն յուզող հարցը երկարաժամկէտ անորոշութիւնն է, թէ ինչպէ՞ս կրնանք յաղթահարել անորոշութիւնը: Եւ իմ կարծիքովս, վստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ճամբով հասարակութեան պէտք է բացատրուի, որ ամէն ինչ այս պահուն կանխատեսելի չէ, բայց շատ բան մեր այսօրուան ու վաղուան գործողութիւններէն կախուած է: Այստեղ ես շատ կարեւոր կը համարեմ գաղափարական աշխատանքը ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան մէջ, եւ ատիկա համազգային ջանքեր կ՛ենթադրէ»:
Արցախի Պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Շուշիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ հայկական եկեղեցին լրիւ աւերուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ, այժմ անիկա վերանորոգման պատրուակով կը վերածուի ուղղափառ եկեղեցիի:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերջերս ընկերային ցանցերու մէջ ազերիներու կողմէ կը տարածուին անհիմն լուրեր, որ Կանաչ ժամ եկեղեցին ռուս ուղղափառ եկեղեցի է եւ այն վերանորոգուելով` վերածուած է պատկերասրահի:
Այս տարուան առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ ծնած է 864 երեխայ, որ 2021-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աւելի է 204-ով, կամ` 31 տոկոսով:
«Ծնած երեխաներուն մէջ տղաները աւելի շատ են` կազմելով 53,6 տոկոս: Ըստ անուանակոչութեան, տղաներուն ամէնէն տարածուած անուններն են` Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ, իսկ աղջիկներունը` Մանէ, Մարիա, Եւա:
Նոյն ժամանակահատուածին, նախորդ տարուան համեմատ, 22,5 տոկոսով նուազած է մահերուն թիւը, որուն պատճառով բնակչութեան բնական աճը կազմած է 372 մարդ:
2 յուլիսին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գտնուելու» տօն նշուեցաւ Ամարասի վանական համալիրին մէջ` Ճարտարի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ քահանայ Մխիթար Հարոյեանի ձեռամբ: Պատարագին ներկայ եղան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք աղօթք յղեցին առ Աստուած եւ ս. հաղորդութիւն ստացան:
Ռուս խաղաղապահները «Մերսի» բարեգործական կազմակերպութեան հետ միասին Շուշիի շրջանի շարք մը գիւղերու երեխաներուն դպրոցական պարագաներ տրամադրած են:
Այսպիսի ձեռնարկներ ռուս խաղաղապահներու եւ «Մերսի» կազմակերպութեան կողմէ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան:
Արցախի նախագահի` սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանի միջնորդութեամբ եւ Լոս Անճելըսի «Գէորգեանց» հիմնադրամի բարեգործական ծրագիրով Մարտակերտի շրջանի Ներքին Հոռաթաղ, Զագլիկ եւ Չլդրան գիւղերու դպրոցներուն տրամադրուած են նոր գոյք եւ սարքեր:
Մարտակերտի կրթութեան բաժինի վարիչ Դաւիթ Լալայեան ըսած է, որ նշեալ գիւղերու դպրոցները ստացած են` համակարգիչներ, գրատախտակներ, աշակերտական եւ ուսուցչական նստարաններ, աթոռներ եւ այլն:
Ըստ անոր, շրջանին մէջ կան գիւղեր, որոնք նոյնպէս պակաս ունին գոյքի, որուն ցանկը փոխանցած են նախարարութեան:
Սիմոնեանի խօսքով, «Գէորգեանց» հիմնադրամին հետ համագործակցութիւնը սկսած է անցեալ տարի. «Ծրագրի առաջին փուլով անցեալ տարի գոյքով ապահովուած են Մարտակերտի երկու դպրոց եւ մէկ մանկապարտէզ: Ծրագրին մէջ ընդգրկած է նաեւ Մարտունիի Թաղավարդի դպրոցը` իբրեւ խիստ սահմանային բնակավայրի դպրոց, ուր պարտադիր է երեխաներուն եւ դասերուն համար բարեկեցիկ պայմաններ ապահովելը»:
Արցախի նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեան նշած է. «Այս աջակցութիւնը կ՛իրականանայ այն մարդոց շնորհիւ, որոնք կ՛ուզեն տեսնել Արցախը հզօր: Հայրենիքի հզօրութեան սահմանը դպրոցն է: Ես համոզուած եմ, որ բարեգործական հիմնադրամներու շնորհիւ բոլոր դպրոցներուն պակաս գոյքը պիտի համալրուի, ու աշակերտներուն համար յարմար պայմաններ պիտի ստեղծուին»:
Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղին մէջ, Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին մօտ ներկայիս կը կառուցուի երեք թաղամաս: Կառուցուող բազմաբնակարան շէնքերէն եւ առանձնատուներէն բաղկացած երկու թաղամասերէն բացի, սկսած են բնակելի տուներէ բաղկացած եւս մէկ` նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքները:
Ըստ նախագիծին, թաղամասը պիտի ունենայ 53 առանձնատուն, որոնց 25-ը կը կառուցէ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը: Տուները պիտի յատկացուին պատերազմին պատճառով տեղահանուած արցախցիներու:
6 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Համլեթ Պետրոսեանի եւ Նժդեհ Երանեանի հեղինակած «Արցախի կոթողային մշակոյթը», Համլեթ Պետրոսեանի եւ Հայկուհի Մուրատեանի «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը յարձակումներու թիրախին մէջ» գիրքերուն, ինչպէս նաեւ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» նախաձեռնութեան կայքին շնորհահանդէսը:
Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլեթ Պետրոսեան ըսած է. «Մենք` իբրեւ գիտնականներ, ընտրած ենք ակադեմական հետազօտութիւններ կատարելու եւ զանոնք աշխարհին ներկայացնելու ճանապարհը»: Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեանի խօսքով, «Գիրքին մէջ ներկայացուած են Արցախի տարածքի ամենավաղ շրջանի` ՔԱ 3-րդ հազարամեակէն սկսեալ, հին յուշարձաններ, քրիստոնէական կոթողներ, փորագիր խաչքարեր»:
Հայկուհի Մուրատեան իր հերթին նշած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք սկսան նախաձեռնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կայքի մը ստեղծման, որուն նպատակն է 44-օրեայ պատերազմի պատճառով Արցախի` Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած տարածքներու եւ սահմանային գօտիի մշակութային ժառանգութեան, թանգարաններու քարտէսագրումը եւ գոյքագրումը, մինչեւ պատերազմ եւ անկէ ետք եղած փոփոխութիւններու վաւերացումը (աւերում, ձեւափոխում, վերաօգտագործում եւ այլն):
8 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտի» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Մարտիրոսեան ըսաւ, որ ժապաւէնը ստեղծելու գաղափարը ծնաւ 2009-ին, երբ առաջին անգամ այցելեց եւ սկսաւ բացայայտել Արցախը: Գլխաւոր հերոսը Արցախն է: Ժապաւէնը նկարահանուեցաւ 2018-ին: Յաջորդ տարուան մարտին ցուցադրուեցաւ հայ հանդիսատեսին:
Նշենք, որ ժապաւէնը Հնդկաստանի 19-րդ Պունայի միջազգային փառատօնին (PIFF) մրցանակ շահած է` իբրեւ լաւագոյն միջազգային ժապաւէն:
Ջիւան Գասպարեանի Կիսանդրին` Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին Մէջ
Ջիւան Գասպարեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, ուր ամփոփուած է երաժիշտին մարմինը, բացումը կատարուեցաւ անոր կիսանդրիին, որուն հեղինակը քանդակագործ Ալեքսան Բաբայեանն է:
Ջիւան Գասպարեանի թոռը` տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան կրտսերը, նուագեց կիսանդրիի բացման առիթով` այդպիսով փորձելով շնորհակալութիւն յայտնել իր մեծ հօր, որ նաեւ ի՛ր վարպետն էր:
Ջիւան Գասպարեան կրտսերը ըսաւ, որ տուտուկահար, յօրինող Ջիւան Գասպարեան տարիներ շարունակ ծիրանափողի մեղեդիները տարածեց աշխարհի չորս կողմը` հանրահռչակ դարձնելով տուտուկը եւ հայկական երաժշտութիւնը:
«Պապս կ՛ըսէր` պէտք է կա՛մ լաւը ըլլալ, կա՛մ չնուագել առհասարակ: Այդ ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն էր: Անոր վստահութիւնը զիս կ՛ոգեւորէր, թեւեր կու տար: Ան կ՛ըսէր, որ կարեւոր է, թէ ինչպէս մարդ կը հեռանայ կեանքէն: Ուրախ եմ, որ ան վերջին հանգրուան գտաւ պանթէոնին մէջ: Պապս կ՛ըսէր, որ պանթէոնին մէջ թաղուած շատ մեծերուն հետ հաղորդակցեր, ընկերութիւն ըրեր է: Այդտեղ հանգրուաներ են մեծեր, որոնց հետ նաեւ ես շփուելու պատիւը ունեցած եմ», յայտնեց կրտսեր Գասպարեան:
Քանդակին հեղինակը ընդգծեց, որ վարպետի քանդակին միւս տարբերակը Գանձասարի Վանք գիւղին մէջ տեղադրուած է: «Ջիւանի հետ շփուելու ընթացքին, աւելի խոր ճանչնալով վարպետը, կրցած եմ ամէն ինչ ընել, որ իր կերպարին հարազատ մնայ: Աշխատած եմ կատարել ամէն բան, որ կարենամ իսկական Ջիւանին մօտ արդիւնք ստանալ», յայտնեց Բաբայեան:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան ընդգծեց, որ վարպետը տուտուկին ձայնը բարձրացուցած է այն մակարդակի, որ այսօր մենք բոլորս աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հպարտութեամբ կը նշենք, որ ասիկա մեր ազգային գործիքն է:
«Արցախեան Հիմնախնդիրը Եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Արցախի Մէջ
Յուլիս 6-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրատարակուած «Արցախեան հիմնախնդիրը եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքի արցախեան շնորհահանդէսին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, քաղաքական, հասարակական գործիչներ:
Գիրքին գլխաւոր խմբագիրը` Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքին վրայ Արցախի արտաքին գործոց նախարարի աշխատակազմը աշխատած է մօտաւորապէս մէկ տարի: «Աշխատութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ հասարակական, քաղաքական, գիտական, կրթական, տեղեկատուական դաշտին մէջ: Հակառակորդին կողմէ տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի, աւելի պիտի զօրանայ մօտակայ տարիներու ընթացքին, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ըստ ամենայնի պահպանել եւ պաշտպանել մեր դիրքերը», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:
Գիրքը բաղկացած է երեք հիմնական մասէ` առաջինը պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ են, երկրորդ մասը կը վերաբերի ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան, անոր կարգաւորման գործընթացին, երրորդ մասին մէջ ներկայացուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային հասկացողութիւնները:
Աշխատութեան մասին կարծիք յայտնած են` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, փրոֆեսէօր Վալերի Աւանեսեանը, Արցախի նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեանը, Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան վարչութեան նախագահ Վահրամ Պօղոսեանը:
Արտակ Բեգլարեան գիրքին հրատարակումը կարեւոր նկատած է արցախեան հիմնահարցի առանձնայատկութիւններուն, դէպքերուն, պետական դիրքորոշումներուն տեղեակ ըլլալու եւ համակարգուած գործողութիւններ կատարելու, համակարգուած դիրքորոշումներ յայտնելու, ամբողջութեամբ նոյն լեզուով խօսելու, նոյն եզրութաբանութիւնը օգտագործելու առումներով:
Աւելցնենք, որ աշխատութեան լոյս ընծայումը նիւթապէս ապահովուած է բարեգործական միջոցներով. շուտով լոյս պիտի տեսնէ ռուսերէն տարբերակը, եւ կը նախատեսուի անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն եւս հրատարակել:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Առկախուած Այգի. Դադիվանք Եւ Անդին» Ցուցադրութիւնը
Գաֆէսճէան արուեստի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ «Առկախուած այգի. Դադիվանք եւ անդին» ցուցադրութիւնը:
«Առկախուած այգի. Դադիվանք եւ անդին» ցուցադրութիւնը AHA collective-ի նախագիծն է, որ ուրուագծուած է 2020 թուականի նոյեմբեր 13-ին, Արցախի Դադիվանքին մէջ դրոշմներ ստեղծելու համար, երբ արուեստագէտներու արշաւախումբ մը Երեւանէն արտակարգ իրավիճակի թելադրանքով մեկներ էր Քարվաճառ:
Ցուցադրութեան համադրող Նայիրի Խաչատուրեան ընդգծեց, որ այս դրոշմներու շուրջ երկխօսութիւն կը կատարեն տարբեր արհեստագիտութիւններով ներկայացուած արուեստի գործեր:
Ցուցահանդէսին հեղինակը նշեց, որ Դադիվանք այցելութեան ժամանակ իրենց հետ տարած են թուղթ եւ կաւ, որպէսզի կարենային վայրը քարտէսագրել: «Մենք կը փափաքէինք Դադիվանքի եկեղեցւոյ պատերէն դրոշմներ ստեղծել: «Գաֆէսճէան» արուեստի կեդրոնի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ կը գտնուին այդ դրոշմներուն օրինակները` իբրեւ Դադիվանքի ուխտագնացութեան վկայութիւն-մասունք: «Արծիւ» սրահին մէջ ալ ցուցադրութիւնը կը շարունակուի, ուր տարբեր արհեստագիտութիւններով աշխատանքներ կը ներկայացնեն պատերազմի վէրքերը, փլուզումները», նշեց Խաչատուրեան:
«Պատկերասրահ մէկ»-ի մէջ ալ կը ցուցադրուի կարճատեւ ժապաւէն մը, ուր կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը կ՛ապրեցնէ այդ վայրն ու ժառանգութիւնը:
«Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի ցուցադրութիւններու մասին տնօրէն Արմէն Եսայեանց նշեց, որ այս նախագիծը շատ կարեւոր, բայց միեւնոյն ժամանակ բարդ նախագիծ է:
«Երբ առաջին անգամ ստացանք առաջարկը AHA collective-էն` ի դէմս համադրող հիմնադիր Նայիրի Խաչատուրեանի, իրականութեան մէջ քիչ մը տարակուսանքի մէջ էինք` կ՛արժէ՞ արդեօք այս նիւթով ցուցադրութիւն իրականացնել, թէ՞ ոչ: Կարելի է ըսել, որ այս ողբերգական իրադարձութիւնը (արցախեան 44-օրեայ պատերազմը) բաւականին թարմ է, եւ նոյնիսկ այդ վէրքը, որ բոլորս որոշ առումով կը միաւորէ, դեռ չէ սպիացած, բայց կը կարծենք, որ աշխուժ նիւթերէն պէտք է միշտ խօսիլ, երբ ըսելիք կայ եւ անդրադառնալ յատկապէս արուեստի լեզուով», ըսաւ ան:
Արմէն Եսայեանց յայտնեց, որ ցուցադրութիւնը եռամաս է` երեք տարբեր նիւթերու անդրադարձով, որոնք անցեալէն դէպի ներկայ եւ ապագայ կը տանին:
Հաղորդենք, որ այցելուներու համար ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ յուլիս 8-էն մինչեւ սեպտեմբեր 4: