Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աշխատանքային Նոր Հորիզոններ Բացաւ

Յուլիս 13, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան պատերազմը, հայրենի տարածքներու կորուստը, հազարաւոր մեր հերոս հայրենի պաշտպաններու նահատակութիւնը, տնտեսական ճգնաժամը եւ այս բոլորին առընթեր ահաւոր թագավարակը հսկայական աւերներ գործեցին մեր հայրենիքէն ներս` տեղահան ընելով մեր սիրելի Արցախի ու հայրենի սահմանագծի մէջ ապրող ժողովուրդի հսկայական զանգուածը: Այսուհանդերձ, համայն հայութիւնը հաստատակամ մնաց եւ օգնութեան ձեռք երկարեց հայրենի իր ժողովուրդին:

Բնական է` մարդասիրական իր գործունէութեամբ իր ժողովուրդին կողքին մնաց նաեւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս Հայաստանի իր միաւորը, որուն այս եւ այլ կարեւոր աշխատանքներու արժեւորումը կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 25-26 յունիս 2022-ի շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ 45 պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու, որոնց կարգին էին` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Համեստ Սասունեանը, ՀՕՄ-ի Արցախի վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ու ժողովի կողմէ հրաւիրեալներ:

Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու խմբերգումէն ետք ժողովի բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեան, որ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանի 30-ամեայ անցած ուղիին վրայ` վստահեցուց, որ 1991-ի ազատամարտի օրերուն հիմնուած ՀՕՄ-ը մայրական իրաւունքով 30 տարի գործած եւ մեծ ընտանիք դարձած է: Աւելի՛ն. ՀՕՄ-ը վերջին տարիներու պատերազմական եւ մանաւանդ համաճարակի օրերուն չէ ընկճուած, ընդհակառակը, հայրենասիրութեամբ յառաջ գացած է, եւ յոյս յայտնեց, որ 27-րդ ժողովէն ետք եւս կը շարունակուի ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով ժողովը ողջունեց Համեստ Սասունեանը եւ ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ը պարտաւոր է դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները, եւ այս իմաստով ան վստահեցուց, որ միշտ մնացած է պատնէշի վրայ եւ կատարած է իր առաքելութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ` օգնութեան ձեռք երկարելով մարտի դաշտէն մինչեւ հիւանդին ու կարօտեալին: Սասունեանի համոզմամբ, ՀՕՄ-ը կրնայ աւելին կատարել, այնքան ատեն որ աշխարհի ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները ըլլան հայրենիքի հետ:

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ ՀՕՄ-ի Արցախի վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանը, որ ողջունելէ ետք ժողովականները, երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` Արցախին աջակցելուն եւ մասնաւորաբար 2020-ի պատերազմի օրերուն նիւթապէս եւ բարոյապէս Արցախին թիկունք կանգնելուն համար: Ընկերուհին նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան, որ պատերազմի եւ յաջորդող օրերուն օգնեց Արցախին:

Գնահատանքի ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գերագոյն մարմինի անդամ Իգոր Սարգսեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի 110-ամեայ եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի 30-ամեայ գործունէութեանց` հաստատեց, որ ՀՕՄ-ը գործած է անշահախնդիր նուիրուածութեամբ, ամբողջ հոգիով մեծ գործ կատարած է հայապահպանման, ազգի, հայրենիքի, պետականութեան հզօրացման ու հայրենիքի զաւակներուն օգնելու սրբազան գործին: Եզրակացնելով` ընկերը յաջողութիւն եւ լաւ ծրագիրներու մշակում մաղթեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Ապա ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը յատուկ մետալով պարգեւատրեց ընկերուհիներ Շուշան Շուշանեանն ու Վեհանուշ Մարգարեանը, որոնք ՀՕՄ-ի հիմնադրութենէն` 1 յունուար 1991-էն մինչեւ օրս եղած են ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանի գործունեայ անդամները: Ժողովականները յոտնկայս եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին զոյգ ընկերուհիներու պարգեւատրումը:

Պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, ժողովը գործնական աշխատանքի անցնելով, ընտրեց իր առժամեայ դիւանն ու իրաւասութիւնները ճշդող յանձնախումբը: Ժողովի օրինականութիւնը հաստատուելէ ետք, ժողովը անցաւ բնականոն աշխատանքի:

Համեստ Սասունեան կարդաց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, որուն յաջորդեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան քառամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ընթերցումները: Այնուհետեւ ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց լուսաբանական հարցումները, նախ քառամեայ գործունէութեան բարոյական եւ ապա նիւթական տեղեկագիրներու մասին, որոնց Շրջանային վարչութեան անդամները հերթաբար պատասխանեցին: Զոյգ տեղեկագիրներու մասին բաւարարող պատասխաններ ստանալէ ետք, տեղի ունեցաւ ակնարկուած գործունէութեանց ըստ էութեան քննարկումը: Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ բարձր գնահատեցին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը, յատկապէս` հայոց բանակի, վիրաւոր եւ նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն, կարօտեալ անհատներու եւ ընտանիքներու յատկացուած նիւթական եւ բարոյական օգնութիւնները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որբախնամ, ուսանող եւ այլ մարդասիրական ծրագիրներու մասնակցութիւնն ու նախաձեռնած օգտակար աշխատանքները:

Կիրակի, 26 յունիս 2022-ի առաւօտեան նիստին ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց առաջարկները, որոնք բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ խմբագրուելէ ետք, մէկ առ մէկ ներկայացուեցան ժողովականներուն, լուսաբանուեցան եւ թեր ու դէմ կարծիքներու արտայայտութիւններէ ետք իբրեւ որոշում որդեգրուեցան ժողովին կողմէ: Վաւերացուած բանաձեւերը գլխաւորաբար կը վերաբերէին ՀՕՄ-ի կազմակերպչական, դաստիարակչական, հայրենիքի ու ՀՕՄ-ի բարգաւաճման եւ զարգացման, մասնաճիւղերու աշխուժացման նպաստող աշխատանքներուն:

ՀՕՄ-ի յառաջիկայ երկամեակի նախահաշիւի վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ փոխանդամներու ընտրութիւնը: Կարեւոր այս օրակարգի իրականացումէն ետք տեղի ունեցաւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի ընտրութիւնը: Ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, որմէ ետք նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին ընտրեց իր դիւանը: Այնուհետեւ, ժողովականները համախմբուեցան «Jaco» ճաշարանը, ուր ուրախ մթնոլորտի մը մէջ ճաշ-խրախճանք մը ունեցան, «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» ՀՕՄ-ի կարգախօսով վերանորոգեցին իրենց ուխտը` միշտ ծառայելու հայ ազգին ու հայրենիքին:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամ են` Շաղիկ Մարուխեան (ատենապետ), Սիլվա Եուզպաշեան (փոխատենապետ), Մարօ Քէշիշեան (ատենադպիր), Կարինէ Դադայեան (գանձապահ), խորհրդականներ` Զոյա Քոչարեան (Հրազդան), Սօսի Գասարեան (Երեւան),  Ալիսիա Բեջանեան (Երեւան), Արուս Միրզոյեան (Սիւնիք),  Ռուզան Նահապետեան (Սեւան),  Լուսինէ Մուքոյեան (Արթիկ) եւ Վեհանուշ Մարգարեան (Երեւան):

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 3, 2022
ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յուլիս 29, 2022
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In