Երգերէն Հասնող Պատգամները
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ ձեր ձեռքին տակ ունիք ազգային-յեղափոխական երգարան մը, քանի մը վայրկեան տրամադրեցէք ու թղթատեցէք անոր էջերը: Կը բաւէ միայն արագ-արագ անցնիլ խորագիրներուն վրայէն, կարդալ քանի մը տող` տեսնելու համար, թէ դարաւոր կամ ժամանակակից երգեր ինչպիսի՛ պատգամներ, ժամանակ չճանչցո՛ղ պատգամներ ունին մեզի, մանաւանդ անոնց, որոնք այսօր լծուած են Արցախն ու Հայաստանը թուրք-ազերի թշնամիին նուիրելու «առաքելութեան», մեր ժողովուրդը կը մղեն...




















