95 տարի առաջ` 11 օգոստոս 1927-ին, հայութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան համար ուրախ օր մը աշխարհին իր աչքերը բացաւ «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր, հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեան:
Իր գիտակցական կեանքի ողջ ընթացքին Պօղոս Սնապեան հանդիսացաւ անդադրում արտադրող գրողն ու խմբագիրը, սերունդներուն (աշակերտներ թէ ուսանողներ) հայեցի շունչ տուող եւ հայ գրականութեան նկատմամբ սէր սերմանող ու այդ սերմերէն ցանքեր ակնկալող ուսուցիչ-դասախօսը, գաղափարներուն ամուր կառչած, անզիջող եւ պահանջատէր հայն ու կուսակցականը, իր շրջապատին մէջ դրական ներդրում ունեցող անձնաւորութիւնը, որ հակառակ իմ մեծութեան, արժանի վաստակին, անփոխարինելի դերակատարութեան, մնաց միշտ համեստ, իր տուածով ու կատարածով չբաւարարուող, միշտ աւելիին ձգտող ու աւելի լաւին, ամբողջականին հասնելու տենչով լեցուն:
2006-էն մինչեւ իր մահը «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը պատիւն ու ուրախութիւնը ունեցաւ իր յարկին տակ վայելելու ներկայութիւնը վաստակաշատ ու մեծարժէք մտաւորական Պօղոս Սնապեանին, որուն խմբագրութեամբ լոյս տեսան ընթերցասէրներուն կողմէ անհամբեր սպասուած «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածները:
Լիբանանահայ, սփիւռքահայ եւ Հայաստանի իրականութեան մէջ Պօղոս Սնապեան բացաւ իր ուրոյն ուղին, կերտեց գրական ու գաղափարական իր ուրոյն աշխարհը, որմէ ճաճանչող լոյսին շողերը հասան ո՛չ միայն իր շրջապատին, այլ նաեւ` հայաշխարհի հեռաւոր ափեր, մինչեւ Հայաստան:
Պօղոս Սնապեան սովորական անձնաւորութիւն չէր, անոր մահով ստեղծուած դատարկութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը հաստատեցին այս մէկը: Ան մեր իրականութեան մէջ բացառիկ ու մեծ արժէք էր եւ պիտի շարունակէ մնալ` իր գրականութեան, աշխատութիւններուն եւ կերտած սերունդներուն ճամբով:
Իր ծննդեան 95-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Պ. Սնապեան տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին գրողին տուն-թանգարանին դիմաց տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացումը` այսպիսով անգամ մը եւս անմահացնելով անոր յիշատակը եւ ներկայութիւնը ամրապնդելով մեր իրականութեան ու կեանքին մէջ:
ԽՄԲ.
Մտածումներ`
Պօղոս Սնապեանէն
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ բախտը ունեցայ հանդիպելու մեծատաղանդ գրագէտ, մեծատաղանդ ուսուցիչ, մեծատաղանդ քննադատ Յակոբ Օշականի, որուն շունչին տակ իմ կեանքս ալ դարձաւ դէպի գրականութիւն:
***
Երբ մուսալեռցիները լեռ բարձրացան, փրկութեան հարց չկար հոն, այլ մեռնելու ձեւ մը որոշեալ էր անոնց կեցուածքին մէջ` հաստատելով, որ իրենք իրենց ուզածին պէս` կռուելով պիտի մեռնին, մեռցնելով պիտի մեռնին, եւ ոչ թէ այլոց ուզածին պէս: Հոս է առանցքը, գեղեցկութիւնը այս շարժումին: Քառասուն օր կռուելով, երեք ճակատամարտներու մէջ յաղթանակներով արձանագրեցին այս հերոսամարտի ոսկեայ էջերը:
***
Երբ Այնճար եկանք, բոլորովին անապատ մըն էր ասիկա, ուղտափուշերով ծածկուած անապատ մը, փուշերուն մէջ եկան նետեցին մեզի, մէկ-երկու օր ետք վրաններ բաժնեցին, կիզիչ արեւուն տակ ապրեցանք շուրջ 6 ամիս: Բայց առաջին օրէն սկսան ֆրանսացիներուն օժանդակութեամբ եւ ղեկավարութեամբ տուներ շինել` մէկ սենեակ ու լուացարան: Բայց եւ այնպէս հայրս կ՛ըսէր, որ ասիկա գաղթականութիւն չէ, այլ դրախտ է, որովհետեւ, ճիշդ է` հագնելիք չկայ, ուտելիք չկայ, դիւրակեցութեան պայմաններ չկային, սակայն նաեւ քեզ ճնշող թուրք չկայ, վզիդ եաթաղան դնող չկայ, ազատութիւն մը կար:
Առանձին երբ մնացինք ահաւոր, սարսափելի պայմաններու մէջ ապրեցանք` ձգուած մեր ճակատագիրին:
***
Թէ՛ Մուսա Լերան ճակատամարտին, եւ թէ Այնճարի գաղթականութեան պարագային պատահածները, պէտք է ըսել, տարերային շարժում չէին, այլ կազմակերպուած ուժ կար այս բոլորին ետին, իսկ այդ ուժը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ բջիջն էր: Մինչեւ հիմա ալ նոյնն է, այս գիւղը 1910-էն ի վեր կը ղեկավարուի ՀՅԴ-ի մարմիններուն կողմէ, ասիկա պէտք է ընդունինք բոլորս, ընդունած ենք արդէն: Եթէ այդ կուսակցութիւնը հոն չըլլար, մեր բարեկամներն անգամ կու գային եւ մեր միսը կ՛ուտէին: Հաւաքականութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար, իսկ եթէ այդ կուսակցութիւնը չըլլայ, այդ հաւաքականութիւնն ալ չ՛ըլլար: Այնճարի մէջ ալ եթէ այս կուսակցութիւնը չըլլայ, այս հաւաքականութիւնը չի գոյանար: Կուսակցութիւնը շատ անհրաժեշտ է յատկապէս սփիւռքի մէջ, ուր պետութեան մը դերը կը կատարէ:
***
Իրական գրողը ո՛չ կը շփանայ, եւ ոչ ալ կը յուսալքուի: Գրելու արարքը ներքին հրահանգի մը կը հպատակի եւ արտաքին երեւոյթներէն չ՛ազդուիր: Եւ յետոյ` ինծի կը թուի, թէ այն գրողը, որ հրատարակութեան տուած գործին արձագանգներով շատ կը զբաղի եւ անմիջապէս նոր տեսիլք մը նուաճելու ճիգին չի լծուիր, դժուար թէ կարենայ արժանի ըլլալ գրողի բարձր կոչումին: Կոչումով գրողին մնայուն վիճակը նորութեան ծարաւն է, տեւական երկունքը եւ ոչ թէ երջանիկ ինքնաբաւութիւնը:
***
Գրական ստեղծագործութիւնը նախ ապրում պիտի ունենայ, գաղափարներով թրծուած պիտի ըլլայ, փառաւոր լեզուով գրուած, շարժուն հոգեշարժ… Գրականութիւնը քիչ մը բարդ խնդիր է… Անիկա պէտք է կարենայ զիս իմ չէզոքութենէս դուրս բերել: Երբ որ կարդամ, քիչ ետք պէտք չէ մոռնամ կարդացածս…
***
Լեզուն գրականութեան մէջ պարզ գործիք մը չէ, գրականութեան մէջ լեզուն արարիչ է եւ արարած միաժամանակ: Մեծ գրողներուն մօտ յաճախադէպ է այս երեւոյթը: Օրինակներու հարկ չկայ: Կը բաւէ մտաբերել Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Օշականի, Ինտրայի, Չարենցի երկերը եւ ամէն ինչ պարզ կը դառնայ: Ասոնք եղածը չիւրացուցին միայն, այլեւ իրենց խառնուածներուն թարմութեամբ եւ ուժգնութեամբ նոր յաւելումներով օժտեցին եղածը:
***
Կը գրեմ հաւատքով, ամբողջ խանդաղատանքս դնելով էջերուն մէջ ու գրուածքը հրատարակութեան տալէ ետք` չեմ զբաղիր անոր ճակատագրով, այն հաստատ համոզումով, որ եթէ արժէք մը ունի` անպայման տեղ կը հասնի, եթէ չունի` զուր է վազել անոր ետեւէն:
***
Մենք, ուզենք-չուզենք, տարբեր նայուածք ենք, տարբեր ապրում ենք, տարբեր հեռանկար ենք, տարբեր շունչ ենք, տարբեր բոյր ենք… Այս բոլորը անհրաժեշտ են ամբողջ մարդկութեան, այսինքն` մենք յաւելումներ կը բերենք մարդկութեան, եւ ոչ թէ իրենց պէս մէկը ըլլանք: Օրինակ մեր գրականութիւնը, եթէ անիկա ուրիշներուն պիտի նմանի, ի՞նչ արժէք ունի ուրեմն. արժէք ունի այն ատեն, երբ ուրիշներուն չի նմանիր եւ արժէք է: Նոյնն է նաեւ ժողովուրդը, ուրիշներուն չնմանելով արժէք է, ատոր համար ալ արժէք է մարդկութեան մէջ:
***
Արտասահմանի մէջ ալ, Հայաստանի մէջ ալ մտահոգութիւն ունիմ մեր ժողովուրդին վերաբերող: Հաւաքականութենէն անջատուիլը վտանգ կը նկատեմ երկուստեք: Որքան Միջին Արեւելքէն հեռանայ մեր ժողովուրդը, այնքան արագ վտանգի կ՛ենթարկէ ինքզինք, իր հոգեբանութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, իր հայեացքը, իր գոյնը, ամէն ինչ, նաեւ` Հայաստանի մէջ:
Շատ մտահոգ եմ Հայաստանէն արտագաղթողներուն համար, որովհետեւ Հայաստանի մէջ բոլոր դժուարութիւնները հայրենիքը կը լուծէ, հայրենիքը այնպիսի ուժ է, որ բոլոր դժուարութիւնները կը լուծէ, բայց արտասահմանի մէջ լուծումը անխուսափելի է, բոլորովին կը լուծուինք հոն: Հայրենիքի մէջ դիմանալը, երկար կեանք ապրիլը, համբերութիւնը մեզի համար իսկապէս վճռական նշանակութիւն ունի:
***
Երբ դադրեցայ ուսուցչութենէն, միշտ ալ կարօտցայ աշակերտներս, ուսանողներս, որովհետեւ անոնց ծլարձակման ձեւը, աճման ընթացքը կեանքիս մէջ մեծ հաճոյք եւ գոհունակութիւն պատճառած են: Հպարտ եղած եմ անոնցմով: