Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Պարոնը

Օգոստոս 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԾՈՎԻԿ ՄԽՃԵԱՆ

Նախապաշարումներու եւ ոգեղէն ըմբռնումներու տէր անձ մըն էր մեր Պարոնը: Ներքին թելադրանքներուն եւ զգացումներուն խորապէս հաւատացող մը:

Ըմբոստ նկարագրի տէր եւ գաղափարաբանութեան մէջ ծայրայեղ, որ իր գրիչով շատ մելան հոսեցուց այդ անդաստանէն ներս` դառնալով հայ գրականութեան մէջ ՀՅԴ քարոզիչ:

Երուսաղէմի աշակերտական օրերու իր «Անձին սատանայացում»-էն մինչեւ մահուան սնարին վերջին ժամերը մնաց այդպէս: Կեանքի վերջալոյսին, երբ ֆիզիքական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր, տագնապեցաւ ու հոգին մղկտաց միւս ցաւով եւս` հայրենի մամուլին մէջ շօշափուող` անկախ Հայաստանի մէջ Միկոյեանի արձանը կանգնելու հարցով…

Պարոնը որքա՛ն կը մարմնաւորէր մարդ անհատի, ուսուցիչի, արուեստագէտի փխրուն անձնաւորութիւնը, որքա՛ն կը կրէր զգայուն, սիրով ու գուրգուրանքով լեցուն տիպարի մարմնացումը, նոյնքա՛ն անողոք էր ու աններող` սուտի եւ բանագողութեան բնագաւառներուն մէջ, մտրակող քննադատ էր գրականութեան մէջ եւ խստապահանջ էր ու անզիջող:

Այսօր ո՛չ միայն սփիւռքի մէջ, այլ Հայաստանի մէջ առաւել եւս նկատելի է ողջամիտ, գաղափարապաշտ, հայաշունչ մտաւորականներու որակական անկումն ու թուային բացակայութիւնը: Կարծես՝ համաշխարհայնացման այս ալիքին մէջ մտաւորականը իր դրօշը վար առած է եւ կը ծառայէ մեծ հաշիւներու: Նիւթին կապած է իր ներաշխարհը, մինչդեռ մենք մօտիկ անցեալին, հայրենի սահմաններէն դուրս, յանձինս սփիւռքի արեւմտահայ մշակներուն, ժառանգեցինք հոյակապ եւ հսկայական հարստութիւն:

* * *

Հպարտ կը զգամ արձանագրելու եւ յայտարարելու, որ 25 տարի շարունակ, ամէնօրեայ դրութեամբ, կողմնակի իմ մասնակցութիւնը բերած եմ Պօղոս Սնապեանի գրական, խմբագրական, հրապարակախօսութեան, մշակի եւ այլ գործունէութեանց մէջ: Այդ տարիներու ընթացքին եղած եմ բախտաւոր` «Բագին»-ի խմբագրատունէն ներս ապրելու եւ շնչելու բագինեան մթնոլորտը, մօտէն տեսնելու եւ շփուելու յայտնիներու հետ: Շօշափելու մեծանուն գրողներու ձեռագիրներ` Շուշանեանէն, Օշականէն, Մնձուրիէն, Արամ Հայկազէն, Համաստեղէն, Ծառուկեանէն, Պօյաճեանէն, Սասունիէն ու բազմաթիւ ուրիշներէ: Իմ սեւ ու համեստ մասնակցութիւնս ունեցած եմ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ Յակոբ Օշականէն կոթողական հատորներու լոյս ընծայման աշխատանքին, որ իսկապէս բիբլիական գործ էր, որով Սնապեան յանձն առած էր ցիրուցան եղած հսկայ ժառանգութիւնը մէկտեղել, կարելի է ըսել` պեղել, իր սիրելի ուսուցչին քննադատական գրչին պատկանող զանազան ձեռագիրները, Պոլսոյ թէ սփիւռքեան բազմաթիւ թերթերուն մէջ ցրուած ու մոռցուած:

Դիւրին է լոյս տեսած հատոր մը կարդալ ու անցնիլ, բայց պահ մը կանգ առնենք ու մտածենք, որ բնաւ հեշտ չէ գտնել դար մը առաջ Պոլսոյ եւ զանազան այլ գաղութներու մէջ լոյս տեսած «Ազատամարտ», «Շանթ», «Մեհեան», «Ճակատամարտ», «Զուարթնոց», «Արեւ», «Յուսաբեր», «Կեանք եւ արուեստ», «Սեւան», «Նայիրի», «Ակօս», «Մշակ» եւ այլն… գրական եւ արուեստի արդէն գոյութիւն չունեցող եւ անհասանելի հանդէսները ճարել, մէկտեղել ու ամբողջացնելէ ետք խմբագրել ու հրապարակել հատորով, մատուցել ընթերցողին: Այն ալ` շատ նօսր թիւով ընթերցողի…

Սնապեանին ծանօթ մարդիկ կրնան չզարմանալ իր կատարած իսկապէս անգնահատելի այս աշխատանքին համար, որովհետեւ անոր էութեան եւ գոյութեան երաշխիքն ու մեկնակէտն էր խմբագրելը, գրելը, վերծանելը, ուսումնասիրելը, ստեղծագործելով` «բջիջ մը պայթեցնելը»: Դժուար թէ այս օրերուն մարդիկ ինքնաբուխ, առանց պայմանի եւ առանց ակնկալութեան յանձն առնեն նման նուիրական, բայց բաւական բարդ աշխատանք մը:

Ես մօտէն տեղեակ եմ, թէ Սնապեանը Շուշանեանի, Օշականի, իր ու այլոց հատորները լոյս ընծայելու համար որքա՜ն դռներ թակած ու յաճախ անպատասխան մնացած է եւ կամ սին խոստումներ ստանալով, պատրանքներ կապած է` հասնելով մինչեւ յուսահատութիւն եւ նոր դիմում: Նոյնիսկ եղած են անբարեկիրթ մարդիկ, որոնք Սնապեանի մղումը` այդ գործերը կենդանացնելու մէջ, անձնական շահ եւ մանրուքներ փնտռած են: Բայց ի՞նչ կարելի էր ըսել այդպիսի աղքատ մտայնութեան տէր մարդոց, որոնց կը թուի, թէ հայ գիրքէն հեղինակ մը կրնայ բարեկեցիկ կեանք մը ապահովել: Ո՞ր հայ հեղինակը, մա՛նաւանդ սփիւռքի մէջ, հրատարակած գիրքերը սպառելով` կրնայ շօշափելի գումար ունենալ: Ինծի ծանօթ հեղինակները` բոլորն ալ, եթէ արժանացած են գիրքի հրատարակութեան բախտին, բոլո՛րն ալ, առանց մեկենասի չէին կրնար իրենց ողջուցը սեփական ափերուն մէջ գրկել իրենց երկնած հատորները:

Սակայն Սնապեանը եղաւ ազդեցիկ եւ կրցաւ վստահութիւն նուաճել բարեկեցիկ մարդոց մօտ իր ու միւս յայտնիներուն գիրքերը մեկենասութեամբ հրատարակելու համար: Հանգուցեալ ընկեր Արա Տեմիրճեանը ամէն անգամ նոր լոյս տեսած եւ մակագրուած հատոր մը ստանալուն առիթով ուրախութեամբ կը սիրէր ըսել. «Պօղոսը ֆէսը ծռած է նորէն»… Ու այսպէս նամակ մը` Կարպուշեանին, ուրիշ մը` Պոսթանեանին, նամակ մը` Քալլողլեանին, նամակներ` Գըւըրեան եղբայրներուն եւ արդէն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն ետեւ-ետեւի լոյս կ՛ընծայուէին հատորներ: Անկե՛ղծ, անկեղծ կ՛ըսեմ, իր երջանկութեան մէջ չեմ զգացած որեւէ տարբերութիւն իր ստորագրութեամբ լոյս տեսած հատորին կամ` այլ հեղինակէ մը հրատարակութեան առթիւ… Եւ այդպէս, յաջորդաբար սնապեանական աներկբայութեամբ, բացի յիշուած հեղինակներէն, խմբագրած է Արամ Հայկազի, Մուշեղ Իշխանի, Նշան Պէշիկթաշլեանի, Եդուարդ Պօյաճեանի եւ այլոց հատորներ, որոնք յուշարձանի նման խրոխտ իրենց տեղերը կը գրաւեն մեր գրադարաններուն մէջ:

* * *

Արդէն ինը տարիներ անցած են, որ ֆիզիքապէս բացակայ է Պարոնը, սակայն շնորհիւ իր հարազատներուն, իր սիրելի գիւղին` Այնճարի Պիթիաս թաղամասին վրայ գտնուող Սնապեան տուն-թանգարանի որմնաքանդակի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնն է, որ կը զուգադիպի իր ծննդեան 95-ամեակին: Ափսո՜ս, որ անձնապէս ներկայ պիտի չըլլամ այս իւրայատուկ հանդիսութեան, սակայն հոգեկան թեթեւ բաւարարութիւն մը ունիմ, որ սոյն թուականի մայիսին, երբ Լիբանան կը գտնուէի ու երբ այցելած էի Այնճար` Պարոնենց, այդ օր էր, որ զուգադիպեցաւ որմնաքանդակի Այնճարի տուն ժամանումը, եւ ես այս անգամ, փոխանակ հրատարակուած հատոր մը գրկելու ձեռքերուս մէջ, Սնապեանի որմնաքանդակն էր, որ սիրելիներու հետ գրկած` մտցուցինք Պ. Սնապեան տուն-թանգարան…

11 օգոստոս 2022 

Նախորդը

Սնապեան Մտերմութեան Մէջ

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանի Ծննդեան 95-Ամեակ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?