Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկնակ Ձգտումը` Անզօր

Օգոստոս 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Սովորաբար մարդ, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանի, երբ ինքնիրմէ դժգոհի, որ անմասն է աշխարհի տարբեր ծայրերուն ծաւալող իրադարձութիւններէն, կրնայ բնական թուիլ: Հայուն համար այս խնդիրը բոլորովին այլ է եւ «յոգնութիւն» կը պատճառէ: Ան երկրէ երկիր տարորոշուելէ` կը ձգտի անպայման մասնակիցն ըլլալ կարծեցեալ ճշմարտութեանց, երբ իրեն թելադրանքներ ուղղուին իրադարձութիւններու ընդմէջէն, դիրք մը, եթէ ոչ` խարիսխ մը հաստատել, ո՛ր երկրին մէջ ալ ըլլայ: Մասնակցիլ ընթացիկ քաղաքական «պատերազմային», ընկերային զարգացումներուն` յաճախ դրօշակիրի կեցուածքով ու համոզումներով: Գայթակղութի՞ւն, թէ՞ սեւեռուն հաշուենկատութիւն մը, որ, չես գիտեր, անձնական, որոշարկուած ազգային բնո՞յթ կը կրէ ու բացառապէս  անոր ընկալումէ՞ն կու գայ: Երկու դէպքերուն ալ տեղւոյն վրայ ապրելու ճիգեր փնտռելու խնդրայարուցումը ընդհանրացուած կ՛ուրուագծուի:

Այս մտածումները  ո՞ւրկէ կու գան. ու  կարծեմ  չեն  գտներ դոյզն սփոփող բաւարար պատասխան մը եւ այդպիսով կը մնան օդն ի կախ, անկատար, անիրագործելի հանգամանքով մը սքողուն եւ անյուսալի գայթակղութեան կը տանին անցեալի, յատկապէս քաղաքական, թէ ապաքաղաքական դիրքորոշում արտացոլեցնող բնոյթ ընդելուզող… Ըսել կ՛ուզեմ` չափազանց ինքնաբաւ-ոգեզրկող: Եւ եթէ խորամուխ ըլլանք մեր անցեալի սովորամոլութենէն նշմարելի  իրադարձութեանց մէջ, սկսեալ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներէն, կը տեսնենք, որ գաղափարապէս երկշերտ-երկպառակտ ընթացքով մը կ՛ընթանար համընդհանրական շարժում մը. մէկ կողմէ  հայկական կամաւորական գունդեր` Ռուսիոյ հովանիին ներքոյ, միւս կողմէ` Թուրքիոյ հպատակ (օսմանիէ) զինուորագրեալներ. հոս ոչ «տեղը», ոչ ալ «ատենն է» անոնց նկատմամբ խեցեվճիռ կայացնելու, անոնց ինքնաբաւ` գաղափարի նուիրեալ կամ «ենթարկեալ» մտադրութիւնները, սեւեռումները իբրեւ ժամանակի հրամայական մասնայատկելու…

Յոյժ անորոշ ժամանակներուն հայը իր  անզգօնութենէ չսթափած` անճրկած կը գիտակցէ՞ր արդեօք, որ ի վերջոյ «ազգամիջեան կռիւ մը» կ՛ընթանայ, եւ ի՞նչ նպատակներու կը ծառայէր: Հայկական բարենորոգումներու խնդի՞րը կ՛ուրուագծուէր, թէ՞ ոչ իր վիճակին անյուսալիութիւնը վերջնականօրէն պարզելու, այլ իր հետագայ կողմնորոշումը (ռուսահպատակ- թրքահպատակ) ճշդելու համար, եւ Մեծ եղեռնի կանխագուշակումը երեւակայա՞ծ էր…

Ընդհանրապէս հայը անձանձիր, երեւակայութենէն օտարուող ազգային գործունէութեան այլազան նպատակներ հետապնդած է: Ատեն առ ատեն ինքնավստահ յանդգնած երբեմն ոչ իմացական փորձառութեամբ, դժուարաւ վերագտած` իր շփոթած ըլլալու պատճառները, մանաւանդ աղէտալի հետեւանքները` զինք պատուհասած: Եւ յաճախ կը խորհի` վախնալով ժամանակաւոր յաղթանակներու եւ մնայուն պարտութիւններու տակ անյուսօրէն կքած: Հակազդելու նոյնիսկ պարզունակ ճիգեր կորսնցուցած` մեղադրելով շուրջիններուն մէջ դաւաճաններ, դաշնակիցներ համարուողներու մէջ ալ պայմանագրային խոստմնազանցներ փնտռելով. վիպապաշտական անբաւականութիւն մը, որ սերտաճած կը թաւալի մեր պատմութեան երկայնքով: Նախագուշակելու անկարողութի՞ւն, մարտավարական պատրա՞նք` վճռականապէս բացայայտ… ներկայիս ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքին: Նորէն երկբեւեռ կամ հակաբեւեռ, այս կամ այն երկրին քաղաքացին ըլլալն անշուշտ խնդրոյ առարկայ է, տեսակ մը պարտադրած «կողմնապահութիւն», բայց կը սխալի՞ն անոնք` ճակատագրուած հայերը. թերեւս չեղանք ջահակիրը, եւ այս է պատճառը մեր սպառած ուժերու առաւելս վատնումի… խոշոր պահեստարան մը հիմնած չըլլալով` չարժանացանք Ելքի դուռ մը բանալու` ազգահաւաքի այդքան երազած…

Մնացեալ ամէն ինչ ածանցեալ է հրահրուած նոր պատերազմներու, յեղափոխութիւններու քուրային անողջախոհ յանձնուելու սիրոյն` տապկուելու կարծես մեզմէ անկախ: Զգուշօրէն Սիզիփոսին պէս անընդմէջ զառիվեր կը մագլցինք ու զառիվերէն կը գահավիժինք: Գահավէժ ընթանալու ճամբան ալ յայտնապէս չենք գիտեր` գաղափարակա՞ն է, թէ՞ գաղափարէ զուրկ: Ինչ որ նոյն է, վասնզի ընդմէջ այդ երկուքին ազգայինը կը կորսուի, չգիտնալո՞վ, անտես առնելո՞վ, թէ յանցանքը որո՞ւ է:

Հաւաքական եռանդէն այդքան անյուսալիօրէն հեռացա՞ծ ենք, անհնազանդ անոր սթափեցուցիչ ազդեցութենէն, ճիգէն ու ցանկութենէն` զո՞ւրկ. յուսամ` կը սխալիմ, կը բաւարարուիմ այն  ինքնայուսատուութեամբ, որ աշխարհը մղձաւանջային հոսումէն կուրցած, խուլցած է, ու հայու աչքերէն ալ ցամքած արցունքներու յուսոյ լոյսեր կը ծորին…

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Երեւան, 30 յուլիս 2022

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Շահի

Յաջորդը

Մանրապատումներ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?