Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ: 1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:
1949-ին աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան, ուր Այնճարի ու Պէյրութի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ: 1950-էն սկսեալ իր գրական եւ քննադատական գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու` պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
Երկու տարի, 1957-ին եւ 1959-ին, լոյս կ’ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքը:
1962 յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:
1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսեզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին կը շարունակէ «Բագին»-ի մէջ իրեն վստահուած աշխատանքները: Խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 42 տարի, մինչեւ 2003:
Միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:
Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966) «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-էն աւանդած է հայ գրականութիւն` Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:
2006-էն մինչեւ իր մահը ստանձնած էր «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը:
Պօղոս Սնապեանի տպագիր առաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը` «Տաղ տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքին պաշտօնաթերթ «Սիոն»-ի մէջ, իսկ լոյս ընծայած առաջին հատորը, վիպակ մը` «Ժամանակ չկայ», 1953-ին, Պէյրութ: Անկէ ետք լոյս ընծայած է վիպական, քննադատական ու հրապարակագրական բնոյթի աւելի քան 30 հատոր ու հրատարակելի ունի նոյն սեռի տասէ աւելի գործեր:
Խմբագրած ու հրատարակած է նաեւ տարբեր հեղինակներէ վերցուած 75 հատոր:
2003-ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Համազգային»-ի շքանշանին, իսկ 2010-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին:
Մահացած է 14 յունիս 2014-ին, Լիբանանի մէջ: