Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածածինը` Տիպար Մայրը Քրիստոնեայ Անհատին

Օգոստոս 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ԱԲՂ. ԷՕՐՏԷՔԵԱՆ

Հայ եկեղեցւոյ շարականագիրէն կը լսուին սրբազան բառերը զօրեղ. «Առաքեալներ, սուրբեր տեսան Սուրբ Կոյսին օդին մէջ թռչիլը, ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերուն հետ. եւ անոնք միաձայն [սրբասացութեամբ] կ՛ըսէին` կիներուն մէջ բարեբանուած ես, ով ամէնօրհնեալ» (Շարական):

Սուրբ Աստուածամօր վերափոխման խորհուրդին մէջ կը գտնուինք: Իւրաքանչիւր օր յատուկ առիթ մըն է մտածելու մեր ապրած կեանքին մասին: Եզակի պատգամ` երկնային արժէքներուն մասին, որ փոխանցուեցաւ մարդուն Աստուածամօր կեանքին, անոր նկարագրին ընդմէջէն: Ոչ սովորական պատգամ, այլ` հոգեկրթիչ ու հոգեփոխման պատուէրներով լեցուն, որ սուրբ եկեղեցիին ճամբով կը մատակարարուի Աստուծոյ ծարաւը ունեցող հոգիներուն: Իբրեւ այդպիսին, բոլորս համախմբուած Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, կու գանք մեր աղօթքներով, շարականներով, տաղերով գովաբանելու, փառաւորելու անմահին ծնունդ տուող մաքրամաքուր կոյսին:

Այս խորհուրդը Սուրբ Աստուածամօր կեանքին նայելու եւ անոր նկարագիրը որդեգրելու պատգամը կը փոխանցէ: Ան իր կեանքով կը յորդորէ ապրիլ խոնարհութեամբ` գիտնալով, որ այս լոյս առաքինութիւնը կը բարձրացնէ մարդը առ Աստուած: Ապրիլ` համեստութեամբ, գործել հնազանդութեամբ եւ ծաղկազարդել կեանքը աստուածային անհուն սիրով:

Կը թելադրէ Սուրբ Հոգիի առաքինութիւններով լեցուիլ: Առաքինութիւններ, որոնք կ՛առաջնորդեն մարդը հոգիի վերափոխման, ընթացքի փոփոխութեան` միշտ դիտելով «Անարատ տաճար»-ին, «Լոյսի խորան»-ին ապրած կեանքին:

Եկէք` ամփոփ կէտերու մէջ  տեսնենք այս խորհուրդին ընդմէջէն եկող լոյսը, յոյսն ու հաւատքը:

– Մարիամ Աստուածակիր էր, այլ խօսքով` Սուրբ Հոգիին տաճարն էր:

Սուրբ հայրեր Աստուծոյ տաճարը հետեւեալ ձեւով կը բացատրեն: Կան երեք տաճարներ, որոնք խորհրդանշական տաճարներ են.

Ա.- Մարդ տաճարը,
Բ.- Ժողովուրդ տաճարը, ուր մարդիկ քով-քովի հաւաքուելով` կ՛աղօթեն,
Գ.- Վերին տաճարը` Աստուծոյ արքայութիւնը:

Մենք Ս. Հոգիին տաճարը դառնալու հրաւիրուած ենք: Այս մասին յստակ կերպով Պօղոս առաքեալ իր Բ. կորնթացիներուն գրած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Մենք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարները»:  Սուրբ Հոգիին տաճար դառնալ` կը նշանակէ սպառազինուիլ Անոր առաքինութիւններով: Տաճար դառնալ` կը նշանակէ նոր արարածներ դառնալ Տիրոջ ներգործութեամբ: Աստուած ինք ըսաւ մարգարէներուն ճամբով. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ»: Սուրբ Հոգիին տաճար դառնալ` կը նշանակէ վանել այն, ինչ որ կը նսեմացնէ աստուածահաճոյ կեանքը, այն, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ անձին եւ շրջապատին վրայ, ու անոնց տեղ Քրիստոսի միջոցով, Աստուծոյ խօսքը եւ Սուրբ հոգիին առաքինութեանց հունտերը ծաղկեցնել, որոնք աղօթքին ներգործութեամբ կ՛աճին ու կը հրաւիրեն մարդը յաւիտենական երջանկութեան:

Սուրբ Աստուածամայրը Քրիստոսը ընդունելով` տաճարը դարձաւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին, այդ պատճառով ալ սրբազան շարականագիրներու կողմէ վկայուեցաւ իբրեւ «Անարատ տաճար»: Մարիամ Աստուածամայրը Քրիստոսը ընդունելով` նախ ինք Քրիստոսով զգեստաւորուեցաւ, եւ ապա ծնունդովը Քրիստոս մեզ զգեստաւորեց Քրիստոս պատմուճանով: Իր բարեխօսութիւններով մեզ կրկին անգամ վերընծայեց յաւիտենական կեանքին:

Մաքրենք մեր տաճարը, որովհետեւ Քրիստոս իր փառքով պիտի բազմի այս տաճարին մէջ: Սողոմոն Իմաստուն «փակուած պարտէզ եւ կնքուած աղբիւր» կը կոչէ Տիրամայրը: Աստուածամայրը փակուած պարտէզ կը կոչուի, որովհետեւ մեղքին դիմաց գոցեց իր սիրտը, իր հոգիի դրախտին դուռը փակեց Աստուծոյ խօսքովը եւ չարին մուտքը, ներգործումը արգիլեց իր կեանքին մէջ: Կնքուած աղբիւր կը կոչուի, որովհետեւ միայն կեանքի ջուրը բխեցուց իր սրտէն, այլ խօսքով` Քրիստոսը մատակարարեց մարդկութեան:

Այսօրուան խորհուրդը նոյն բանը կը թելադրէ մեզի` փակել սիրտը մեղքին դէմ եւ կնքել զայն Աստուծոյ խօսքով, որպէսզի Սուրբ Հոգիին տաճարը անաղարտ մնայ, մաքուր մնայ եւ միայն բարութիւնը հոսի անկէ:

– Աստուածածին` տիպար եւ ճշմարիտ քրիստոնեայ

Սուրբ Կոյս Մարիամ դաստիարակութեան իմաստով եղաւ եւ է անկրկնելի, օրինակելի տիպարը Իր համեստութեամբ, հեզութեամբ, հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ անսահման սիրով:

Սուրբ Աստուածանին տիպարը մեզ կը մղէ սրբութեամբ ապրելու: Ան իր կեանքով ցոյց տուած է հայրերուն եւ մայրերուն, որ ամէնէն ծանր լուծը իրենց ուսերուն վրայ դրուած է, դաստիարակութեան իմաստով: Աստուածամայրը իր կեանքով  կը հրաւիրէ հայրն ու մայրը` տան եկեղեցին դառնալու, հիմնելու, որովհետեւ այդ եկեղեցիին ճամբով մայրը եւ հայրը պիտի ըլլան առաջնորդները իրենց զաւակներուն` դէպի աստուածային երանութեան: Պիտի ըլլան աղօթք սորվեցնողները իրենց զաւակներուն, պիտի ըլլան Ս. Գիրքը կարդալու մեծագոյն ջատագովները իրենց օրինակով: Այլ խօսքով, քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբողները պիտի ըլլան: Սուրբ Աստուածածնին ճամբով Աստուած թէ՛ հայրերուն եւ թէ՛ մայրերուն անդրադարձի կը մղէ մտածելու, թէ ինչպիսի՛ բարձր պատասխանատուութեան կոչած է զիրենք Աստուած:

Պատասխանատուութիւն մը, որ իր մէջ կը կրէ սրբութիւն, մաքրութիւն եւ հետեւողականութիւն, այսօր մեր ընկերային կեանքին մէջ եւ ընդհանրապէս հարկաւոր են պատասխանատու մայրեր: Աստուածամայրը պատասխանատուութեան տիպարն է մեզմէ իւրաքանչիւրին: Նայինք անոր լոյս դէմքին եւ մենք նոյնպէս լուսաւորուինք իրմով եւ լուսաւորենք մեր շուրջինները:

Հայ մայրեր, թող թագուհիներու թագուհին ձեզի մխիթարանք ըլլայ, այս օրերուն` անոնց, որոնք իրենց մատղաշ զաւակները զոհ ընծայեցին յանուն հայրենիքի, յանուն անոր անկախութեան եւ բարգաւաճման: «Ո՛վ հայոց մայրեր, ով հայոց մայրեր, հայոց աշխարհի սուրբ մայրեր»: Թող Մայր Աստուածածինը բարեխօսէ ձեզմէ իւրաքանչիւրին զաւկին համար, որոնք նահատակուեցան յանուն հաւատքի, ազատութեան, որպէսզի մենք այսօր ունենանք մեր հայրենիքը մեր հողը եւ մեր ջուրը:

Քրիստոս նոյնպէս զոհուեցաւ յանուն մարդկութեան, թափեց իր անարատ եւ սուրբ արիւնը` որպէս մատղաշ գառնուկ: Քաջալերուեցէք, որովհետեւ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին:

 

 

Նախորդը

Ամառնային Թելադրանքներ

Յաջորդը

Լոյսի Շաւիղ Հայ Մայրեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?