Յօդուածներ

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դասընկեր` Յակոբ Աբրահամեանի Յիշատակին

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Տակաւին երէկ բարեւդ տուիր, Լուռ անցար, գացիր` ժպիտն երեսիդ: Թէ որ գիտնայի վերջին բարեւդ էր, Կ՛ողջագուրուէի երկար ու շատ սեղմ: Տիպար, ազգասէր, դասընկեր ես դուն: Գուժդ անսփոփ  բոլորս զարմացուց: Թէ որ գիտնայի վերջին անցնիլդ էր, Կը զրուցէինք միասին ժամեր, Կը յիշէինք մենք դպրոցի օրեր, Անմոռանալի ֆութպոլի խաղեր: Թէ որ գիտնային դասընկերներդ, Պիտի հեռանաս այսպէս լուռ մեզմէ, Ուսերու վրայ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ե՞րբ Պիտի Քաշենք Կարմիր Գիծը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Յանկարծ կը գտնուինք անհեթեթ սպասողականի մը մէջ եւ յանկարծ ենթակայ ենք թշնամիին կողմէ հաստատուած վերջնագրի մը պայմաններուն: Տեղի պիտի ունենայ էթնիկ մաքրագործման ամէնէն փողոցային, ամէնէն բացօթեայ եւ ամէնէն եղերազաւեշտական բեմադրութիւնը ամբողջ աշխարհի, եւ առաջին հերթին ՄԵ՛Ր, աչքերուն առջեւ: Կարեւոր չէ, թէ ո՛ւր կը գտնուիս այս պահուն` այս մոլորակի համատարած քաոսին մէջ, կամ ի՞նչ անձնագրով կը բնորոշուի ազգային պատկանելիութիւնդ...

Արարատ Աղասեան (Ժբ.) «Արուեստագիտութեան Հանդէս» Եւ Մասամբ Նորին

Արարատ Աղասեան (Ժբ.) «Արուեստագիտութեան Հանդէս» Եւ Մասամբ Նորին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Նստած՝ Ձախէն աջ՝ Ար. Աղասեան, տիկ. Ս. Ֆազլեան եւ Մուրատ Հասրաթեան. Ոտքի՝ Մովսէս ՀԵրկելեան Երեւան,1995, Սեպտեմբեր Սիրելի իմ ուսումնատենչ ընթերցող, Յոյսս կտրելէ ետք Երեւանի պետական համալսարանէն (ուրկէ շրջանաւարտ էի) եւ Երեւանի գեղարուեստաթատերական բարձագոյն հիմնարկէն (ուր ուսումս չէի կրցած շարունակել... քաղաքական պատճառաբանութիւններու հետեւանքով), ներկայացայ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Հախվերդեանին: Մինչ այդ ան զիս կը...

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան,  Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ընկերաքաղաքական անմիջական մանրուքներու մէջ ջուր ճողփացնող մեծերու եւ պզտիկներու քաղաքականութիւնը, իր տպաւորիչ վերադիրով` միջազգային, կը վարագուրէ գալիք վտանգները: Միջազգային բեմ բուռն թափով մուտք գործած Թուրքիան ի՞նչ կը հետապնդէ: Հայերը, Արցախը եւ հանրապետութիւնը կը գտնուին Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներու առաջնագիծին: Անօգնական, իրաւ դաշնակիցներ չունենալով` անոնք առաջին պատնէշն են ազգայնական-ծաւալապաշտական հետեւողական փորձ-նախայարձակումներու: Ուրիշներ, ներառեալ` այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները, չեն տեսներ, առայժմ...

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ Քրիստոնէութիւնը սիրոյ կրօն է: Քրիստոնեան իր կեանքը պարտաւոր է ապրիլ Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն, եւ մեծագոյն պատուէրը, ինչպէս Քրիստոս Ինք կ՛ըսէ, սէրն է (Յհ 13.34): Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ, թէ ի՛նչ է ճշմարիտ սէրը: Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի՛ սիրով պէտք է լեցուած ըլլայ ճշմարիտ քրիստոնեային հոգին. «Սէր ունեցողը...

Երբ Մարդիկ Կը Լքեն Իրենց Տուներն Ու Հայրենիքը

Երբ Մարդիկ Կը Լքեն Իրենց Տուներն Ու Հայրենիքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Ամբողջ աշխարհի (անշուշտ` նոյնպէս Հայաստանի եւ Արցախի) մէջ ամէն օր կը գտնուին մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով անվերադարձ կը լքեն իրենց բնակարանները, հայրենիքը: Ոմանք կամաւոր, ուրիշներ դաւադրաբար տարհանուելով, կ՛երթան, կը հեռանան` իրենց  հետ տանելով թանկագին յիշատակներ: Միջազգային կազմակերպութիւններ, երբեմն մութ հաշիւներով, կը փորձեն օգնել անոնց` համարկուելու նոր միջավայրին: Սակայն հիմնական օգնութիւնը այլ ձեւով պէտք է ըլլայ. ընել այնպէս, որ...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Գրախօսական. Պատմագիտական Լուրջ Ուսումնասիրութիւն Մը Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական Պայքարի Ոսկեայ Էջերէն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Առկայ հատորը` «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ»: «Սիփան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 296 էջ: Գիրքը ստանալու համար դիմել` [email protected] Հեղինակը սոյն հատորին` աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993) եւ հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է  հայ եւ միջազգային  գիտական-ակադեմական շրջանակներուն` իր հրատարակած հայերէն եւ օտարալեզու (գերմաներէն,...

Ակնարկ   «Սուրմալու»-ի Ողբերգութիւն. Հետեւութիւններ

Ակնարկ «Սուրմալու»-ի Ողբերգութիւն. Հետեւութիւններ

«Սուրմալու»-ի ողբերգութիւնը քանի մը ուղղութիւններով ուշացած հետեւութիւններու առիթ կու տայ: Նախ եւ առաջ դէպքին ահաւորութիւնը ցաւակցելու, սգոյ օր յայտարարելու, զոհերու եւ ընդհանրապէս տուժածներու ընտանիքներուն ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Նման ողբերգութիւններ անշուշտ պէտք չէ քաղաքականացնել եւ առաւելներ ձեռք բերելու առիթի ծառայեցնել: Ընդ որում` համակողմանիօրէն: Ո՛չ գովերգել պետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու աշխատանքին կատարելագործութիւնը, ո՛չ ալ մէկ ուղղութեամբ աշխատիլ բարդել ամբողջ պատասխանատուութիւնը:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Ամբողջ Հայութի՛ւնն Է Դիմադրութիւնը

Աղաւնոյի մէջ առաջին բնակարանի հրկիզում... (տեսանիւթին կապը. https://youtu.be/rZ6G2U_zPoc) Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կիրակի, 14 օգոստոսին ահաւոր ողբերգութիւն մը արձանագրուեցաւ Երեւանի մէջ. հրավառութեան նիւթերու մթերանոց մը պայթեցաւ, խլեց տասնեակէ մը աւելի զոհեր եւ վիրաւորներ, պատճառեց նիւթական հսկայական վնաս: Երեւանը, ամբողջ Հայաստանն ու հայաշխարհը ցնցում ապրեցան, իսկ Լիբանանի հայերը յիշեցին երկու տարի առաջ տեղի ունեցած նաւահանգիստի պայթումը (համեմատութեան համար չենք արձանագրեր ասիկա): Պայթումն ու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Սկաուտական Աւանդական Տողանցք Քեսապի Մէջ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային  վարչութեան, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագի սկաուտական աւանդական տողանցք տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ` մասնակցութեամբ` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն: Քեսապի Տարեկան Փառատօնը...

Ակնարկ.   Իրանեան Ազդակներ Եւ Թրքական Ագիլէսեան Կրունկներ

Ակնարկ. Իրանեան Ազդակներ Եւ Թրքական Ագիլէսեան Կրունկներ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ իր երկիրը յառաջընթաց գրանցած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Պաշտօնական Թեհրանը իր գրաւոր պատասխանը տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին: Նախադրեալները կը խօսին որոշ առկախ հարցերու մասին, որոնք, ըստ Թեհրանի յայտարարութեան, չեն ստուերեր ընդհանուր համաձայնութիւնը, որուն մօտ են կողմերը: Բնականաբար կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու պատասխանին: Միջնորդաւորուած այս բանակցութիւններուն մէջ կայ...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Ինքնաճանաչում Եւ Անդրադարձ («Մեկնութիւն Յովհաննու Աւետարանի» Հատորներուն Առիթով)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Ահաւասիկ գիրք մը, որ առանց երկմտութեան կարելի է կոչել մարդակերտումի կոչուած շարժուն կրթարան մը` ուղղուած մեր ժողովուրդին` առանց տարիքի եւ սեռի ու առանց կոչեալի կամ ընտրեալի խտրութեան: Գիրք մը, որ Աստուածաշունչը, իր խորքով,  պարզ ու յստակ կը բանայ մեր մարմնաւոր եւ հոգեւոր աչքերուն առջեւ` տեսնելու մենք մեզ, եւ առհասարակ` մարդը Աստուծոյ  դէմ յանդիման եւ Աստուած մարդուն կողքին կանգնած:...

Ձեզի Հետ Կ՛ապրիմ

Ձեզի Հետ Կ՛ապրիմ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութիւն Սիրելի՛ հայաստանաբնակ հայորդիներ, Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմին արհաւիրքը: Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը: Տեսած եմ հարազատներու եւ բարեկամներու մահը, ռումբերու եւ պայթումներու պատճառած քանդումները, անոնց հոգեկան եւ հոգեբանական հետքը` վախ ու ցաւ, բոլորիս ներաշխարհին վրայ: Մեր հայրենիքը կ՛ապրի շատ մը մարտահրաւէրներ, եւ անոնց վրայ եկաւ աւելնալու Սուրմալուի...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Վախին Փուշերը Կը Մաքրեն Հոգիդ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Վախի կցկտուր լոյսերը գրկած Կախարդանքի դաշտերուն մէջ հայրենական Մտիկ կ՛ընէինք այն ձայնը որ կ՛երգէր վայրի անտառներուն մէջ, Միաժամանակ կապոյտ արշալոյսի շուշանեան գիշերներ կը բանայինք: Յետոյ կորսուեցան վայրի անտառները անապատներու միջեւ ովկիանոսներու միջեւ. Եւ ողբն ու սուգը, անտիրութիւնը անապաստան կենդանիներու նման կծկուեցան մեր քով, վերածուելով սպիտակ բառերու տակ ծպտուած կսկծագին երկերու: Մտիկ կ՛ընէինք այն ձայնը որ  կը հասնէր կայծակնահար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարները Արցախի Մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ յուլիս 17-ին, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ: Աշխարհի տարբեր կողմերէն պատրաստակամութիւն յայտնուած է օժանդակելու այս ճամբարներուն: ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Վանքի մէջ կատարուած այս պատանեկան ճամբարները դարձած են աւանդութիւն: «ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները արդէն սիրուած են Վանքի մէջ: Նախորդ տարի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» (Հեղինակ` Թադեւոս Յակոբեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» (Հեղինակ` Թադեւոս Յակոբեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մոնրէալի «Հորիզոն» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ 2021-ին լոյս տեսաւ Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» գիրքը: Հատորին մեկենասն է Մոնրէալի հայ կեդրոնի տարեցներու միութիւնը, ի յիշատակ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Երկու խօսքին մէջ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը կ՛ըսէ, որ պատմաբան Թադեւոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել Արեւմտեան Հայաստանի հայկական 72 բնակավայրերու տեղագրութիւնը: Թադեւոս...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Համազասպը Պանծալի (Վերջին Օրերը Նոր Պայազիտի Մէջ)

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ         Անոնք, որոնք 1920 նոյեմբերին Երեւան գտնուած են, գիտեն, թէ այդ օրերուն հայ ժողովուրդը ի՛նչ ճգնաժամային օրեր կ՛անցընէր: Թուրքը, «Ճնշուած ազգերու պաշտպան» խառնածին պոլշեւիկներու հետ դաշնակցած, յարձակեցաւ մեր մանուկ հանրապետութեան վրայ: Այդ ծանր օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներէն սկսեալ մինչեւ գրասենեակի պարզ պաշտօնեաները` բոլորը ունէին միայն մէկ նպատակ` ամէն գնով փրկել ժողովուրդը թրքական վայրագութենէն: Եւ սակայն այդ օրերու տագնապալի...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

«Աղօթեցէք, Որ Փորձութեան Մէջ Չիյնաք» (Ղկ 22.40)

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Հասած էին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին պահերը, եւ Ան կ՛ուզէր զանոնք աղօթքով անցընել: Սակայն նախքան Իր աղօթելը, առաքեալներուն յաջողութեան գաղտնիք մը սորվեցուց` ըսելով. «Աղօթեցէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք» (Ղկ 22.40): Քրիստոս կրնար ուրիշ պատուէր մը տալ, սակայն Ան մեզի կ՛ուզէր սորվեցնել, թէ աղօթքը միակ բանալին է, որ կրնայ մեզ փորձութիւններէ հեռու պահել. աղօթքը այն ուժն է,...

Վեհանձնութի՞ւն, Թէ՞ Սպառնութիւն

Վեհանձնութի՞ւն, Թէ՞ Սպառնութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Օգոստոսին «Ազ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ կ’առանձնացնեմ երկուքը։ «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է, սակայն սկիզբը դէմ էին։ Այժմ՝ յառաջիկայ շաբաթներուն, անոնցմէ կը սպասենք Զանգեզուրի միջանցքի ճամբան», յայտարարեց Ալիեւ՝ հակասելով երկու օր առաջ՝ 10 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի «Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ունի այլընտրանքային ճամբայ Արաքս գետով`...

Սթափելու Ժամանակը

Ազգն Ու Պետութիւնը Գերադաս Են Թէ՛ Իշխանութենէն Եւ Թէ՛ Դիմադրութենէն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Բարոյալքման ու քաղաքական ճգնաժամի ներկայ մթնոլորտին մէջ, երբ Արցախէն նոր տարածքներ թշնամիին յանձնելու պայմանաւորուածութիւններ կը յայտնաբերուին,  շատեր հարց կու տան, թէ ո՞ւր է ընդդիմութիւնը: Աւելի՛ն, ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը: Երբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ բնականոն քննարկում կատարելու հնարաւորութիւն չունեցաւ ու դիմեց փողոցային պայքարի, ժողովուրդէն պահանջելով համախմբուիլ, կանխելու համար նոր նահանջներ, իշխանութենէն հեռացնել պարտուողական քաղաքականութիւն վարող վարչախումբը, այժմ արդէն ամբողջովին պատրանաթափ...

Page 321 of 1112 1 … 320 321 322 … 1,112

Արխիւներ