ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հալէպահայերը եւ Հալէպ այցելողները կը յիշեն մօտիկ անցեալի «Կիլիկիա» գրատուն-հրատարակչատունը, որ Սուրիոյ թէժ պատերազմին, արտագաղթի պատճառով արդէն տասնամեակէ մը ի վեր փակուած է, 2012 թուականի նոյեմբերին:
«Կիլիկիա» գրատան հիմնադրութիւնը նախասիրութիւն մը գոհացնող, արկածախնդրութեան մը արդիւնքն էր: 1981-ի սեպտեմբեր ամսուն Հալէպի մէջ կը մահանար երկարամեայ վաստակ ունեցող շրջուն գրավաճառ Մկրտիչ Խօճան, հանրածանօթ` «Հայկական պատուական». ընկերոջ մը հետ մեր անձնական գրադարանները ճոխացնելու նպատակով, հանգուցեալին միակ ժառանգորդէն` կնոջմէն պահեստը գնեցինք: Այդ օրերուն համար վճարեցինք պատկառելի գումար մը, որով կարելի էր տան մը տէր դառնալ Նոր Գիւղի մէջ, ոմանք` ախորժակ ունեցողներ, անակնկալի եկան, անոնք կ՛երազէին աժանագոյն սակով տիրանալ այդ թողօնին:
Քաղաքի ծայրամասի Զէյթուն Խանի իր խրճիթի մթերանոցէն գիրքերը փոխադրեցինք հօրս փաստաբանական գրասենեակը, որուն սենեակներէն մին իբրեւ գրատուն ծառայեց մեզի:
Բազմաթիւ կրկնօրինակներ, մեծաքանակ պահանջուած գիրքեր` Աստուածաշունչ, բառարաններ, երազահաններ, ճաշագիրքեր մեր ակնկալութեան սահմանները հատելով` գրավաճառութեան պատմուճանը ակամայ հագցուցին մեզի:
Նոյն օրերուն ՀԵԸ-ի Գրական յանձնախումբին կազմակերպած Հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքի մեր մասնակցութեամբ, ճոխ տեսակներով եւ մատչելի սակերով, Հալէպի մէջ գործող այլ գրատուներու մրցակից հանդիսանալով, «Կիլիկիա» անուան տակ մուտք գործեցինք այս ասպարէզը:
Առեւտրական ասպարէզս` գործածուած հագուստի ներածումը, պարտադրուեցայ լուծարքի ենթարկել, սուրիական տնտեսական օրէնքներով` ներածման արգիլման պատճառով: 1988 թուականին գործընկերէս բաժնուելէ ետք, գրատունս հաստատեցի Սուլէյմանիէ մայր պողոտայի ձախին, հանրածանօթ «Ալ-Ուաթան», նախապէս «Նափոլէոն» դեղարանին դիմաց, հոն մնացի հինգ տարիներ, ապա տեղի փոքրութեան պատճառով 1993-ի աւարտին փոխադրուեցայ հանդիպակաց մայթին վրայ` շուրջ հարիւր մեթր հեռաւորութեամբ աւելի ընդարձակ տարածութեամբ վաճառատուն մը, պատշաճ ձեւով յարդարելէ ետք:
Այս երկու կեդրոններու բացման առիթով շատ մը ընկերներ եւ բարեկամներ կը զարմանային, որովհետեւ, մինչ իրարու ետեւէ քաղաքին մէջ հայ թէ օտար գրատուներ կը փակուէին, կը նախաձեռնէի բանուկ պողոտայի վրայ հայ գիրքի վաճառքի եւ հրատարակութեան ասպարէզը կիրարկելու, ոմանք նոյնիսկ կը զարմանային` հարց տալով, թէ այս օրերուն գիրք կարդացող մնա՞ց… «Աւելի լաւ է այստեղ ճաշի վերաբերեալ գործ մը ընես լաւ դրամ շահելու համար…»:
«Գրադարա՞ն կը բանաս» հարցումը ջիղերս թունդ կը հանէր, մարդիկ, որոնք չեն գիտեր զանազանել գրատան կամ գրախանութի եւ գրադարանի տարբերութիւնը, կու գային կարծիք յայտնելու իմացական աշխարհի վէմը հանդիսացող գիրք կոչուած սրբութեան մասին:
Այսպէս, շուրջ երեսուն տարիներ, Հալէպի մէջ հայ գիրքի հրատարակութեան եւ տարածման ասպարէզը ընտրելով, գոհունակութեամբ եւ յուզումով կը յիշեմ քալած ուղիս, որ հետագային ընտանեկան աշխատանքի մը բնոյթը ստացաւ, երբ ամուսնացայ եւ զաւակներս չափահաս դարձան:
Սուլէյմանիէ թաղամասի համանուն պողոտան` կը միացնէ մեծ մասամբ հայաբնակ Նոր Գիւղը քրիստոնէաբնակ Ազիզիէին` քաղաքի կեդրոնական շրջանի հարաւէն հիւսիս երկարող ճանապարհով, շատ մօտ ըլլալով նաեւ դէպի արեւմուտք տարածուող նորաշէն հայաբնակ Վիլլաներ թաղամասին, հասնելով Կար տը Պաղտատ, Սիրիան խեմբ եւ Սեպիլ մասամբ հայաբնակ այս շրջանները:
Այսպիսով, փոքրիկ Հայաստանի մը սրտին վրայ, ուր կը շնչէին արեւմտահայերէն խօսող շուրջ յիսուն հազար հայորդիներ, ունէինք հայաբոյր կեդրոն մը, որ իր գործունէութեան երեսուն տարիներու ընթացքին օրէ օր աւելի բարգաւաճեցաւ, յատկապէս` 1992-ին, երբ տեղեկատուական նախարարութենէն ձեռք բերի հրատարակչատան արտօնագիրը:
Այդ տարին ճակատագրական էր նաեւ հայաշխարհի տարեգրութեան մէջ, Արցախի ճակատին վրայ պատերազմը բռնկած էր, լրատուամիջոցները ժամը ժամին կը հաղորդէին հայկական կողմի յաղթանակները, բազմաթիւ գիւղերու եւ քաղաքներու անուններ կը լսուէին: Անմիջապէս ձեռնարկեցի «Հայաստանի եւ Արցախի վարչական քարտէս»-ի պատրաստութեան: Գեղատիպ այդ քարտէսին առաջին տպագրութիւնը հազար օրինակ էր, որ քանի մը օրերու ընթացքին ամբողջութեամբ սպառեցաւ:
Ամերիկայի Արեւելեան թեմի լուսահոգի առաջնորդ Մեսրոպ սրբազան, այդ օրերուն Հալէպ կ՛այցելէր, թելադրեց` այդ քարտէսին անգլերէն օրինակի պատրաստութեան ձեռնարկեմ: Շուրջ հազար եւ հինգ հարիւր անուններու լեզուական տարադարձութիւնը վստահեցայ հրատարակչատանս առաջին գիրքերու եւ քարտէսի հայերէն օրինակին տողաշարութիւնը կատարած Պէյրութի «Մորմոք» հաստատութեան, որուն տնօրէնը հանրայայտ գործիչ, լուսահոգի ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանն էր, երկու լեզուներուն հմուտ, բծախնդիր եւ պարկեշտ անձնաւորութիւն մը:
Գրատան յաճախորդներու կողքին, ունէի մնայուն այցելու բարեկամներ եւ ընկերներ, որոնք կը ջերմացնէին փոքրիկ գրասենեակս, ուր ընդհանրապէս գրական, կրթական, ազգային եւ միութենական նիւթեր կ՛արծարծուէին:
Հրատարակչատան ասպարէզի առաջին քայլս Պէյրութի «Ալթափրէս», նախապէս «Տպ. Մեսրոպ»-ի սեփականատէր լուսահոգի Մարտիրոս Վարդանեանի մօտ էր: Հօրս վաղեմի բարեկամին երախտապարտ կը մնամ իր գուրգուրանքին ու ցուցմունքներու համար: Իբրեւ բնիկ հալեպցի, իր փորձառութենէն մեկնած, օրինակ բերաւ գործելաձեւը Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանի երկրագործներուն, որոնք սերմնացուն կը նետեն հողին եւ կը սպասեն հասկերը հնձելու եղանակին:
Աւելի ուշ հաստատեցի այդ տեսութիւնը, երբ մանուկ հասակի մեր յաճախորդները իրենց ծնողներուն հետ մանկական գիրքեր կ՛առնէին, տարիներու ընթացքին չափահաս դառնալով, անոնք շարունակեցին այդ «մոլութիւնը»` իբրեւ անյագ ընթերցողներ:
Այդ ծնողներէն մայր մը, երբ պատանի տղան գիրքեր ընտրելու ճիգին մէջ մխրճուած էր, ցած ձայնով ուրախութեամբ յայտնեց, որ ան արդէն գրելու փորձերու սկսած է. տղան լսեց, այդ պահուն գունափոխուեցաւ եւ դժգոհութեան նշաններ ցոյց տուաւ մօրը արտայայտութեան համար: Անմիջապէս յայտնեցի, որ ուրախալի լուր մըն է, ընդհակառակը, ամչնալու փոխարէն` պէտք է հպարտ զգայ եւ յարատեւէ:
Հետաքրքրական եւ երբեմն ծիծաղաշարժ երեւոյթներէն էր, երբ ոմանք դպրոցէն պատուիրուած գիրքին անունը կը մոռնային. այցելու ծնողք մը հարցուց «Խենթ Րաֆֆիի» գիրքին մասին: Նման անուանափոխութիւններու յաճախ հանդիպած ենք, սակայն դեղագործի նման սորված` յաճախորդին մոռցած անունը յայտնաբերել, յաճախ նոյն օրուան պահանջուած գիրքէն հետեւցնելով:
Գլուխ գործոցը եւ անմոռանալին կը մնայ հայերէնէ հայերէն բառարանի մը պատմութիւնը: Գրատան մուտքին երկու հայորդիներ կը վիճէին. մէկը միւսին կ՛առաջարկէր, որ ինք հարցնէ, միւսն ալ կ՛ըսէր` ես կ՛ամչնամ, դո՛ւն հարցուր, մտքիս ծայրէն անցաւ, թէ արդեօք Մամուր Ֆաթիմիի հռչակաւոր «Համամարդկային սեռագիտակ»-ը, կամ նման հատո՞ր մը կը փափաքին ունենալ: Ի վերջոյ ես հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս կրնամ օգնել իրենց:
«Պարո՛ն,- ըսաւ մին,- դպրոցէն հայերէնէ հայերէն բառարան ուզած են, այդպիսի բան մը գոյութիւն ունի՞»:
Հարցումը բնական նկատողի մը նման բացատրեցի, որ բազմաթիւ են հայերէնէ հայերէն բառարանները, կարգ մը մասնագիտական բառարաններ ցոյց տալէ ետք, ներկայացուցի այն բառարանը, որ դպրոցէն պատուիրած են:
Նոյն այս բառարանին առիթով տիկին մը ներկայացաւ` դժգոհելով. «Դպրոցէն հայերէնէ հայերէն բառարան պահանջած են, կարծես մենք հայերէն չենք գիտեր»: Աղջիկս էր պատասխանողը, որ հանդարտօրէն բացատրեց, թէ նման բառարան մը կարեւոր է ուսանողին համար, տիկինը ինքզինք գոհունակ ձեւացուց, սակայն բառարանը գնելէ ետք, դրան մօտ հասած պահուն ընկերակիցին լսելի ձայնով ըսաւ. «Ասոնք օրիորդին հետ համաձայնած են»:
Արտասահմանի գրատուներուն հետ տարիներու ընթացքին գործակցութիւն մըն ալ զարգացաւ, յաճախ հալէպաբնակ ծնողներ կամ բարեկամներ իրենց հարազատին կողմէ ստացած պատուէրը ապահովելու կու գային: Հալէպահայ յատնի գործարար եւ յաջողած անձնաւորութիւն մը եկած էր ապահովելու իր աղջկան պատուէրը` դէպի Ամերիկա ճամբորդութեան առիթով իրեն հետ տանելու համար: Մինչեւ պատուէրին պատրաստուիլը ընդունեցի զինք գրասենեակիս մէջ, մտահոգ էր այսքան ծանրութիւն իրեն հետ տանելու մասին, ի վերջոյ իր դժգոհութեան աւելցուց հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ես կեանքիս մէջ մէկ հատ գիրք չեմ կարդացած…»:
Գրատան ընդարձակ տարածքին մէջ բաժին մըն ալ յատկացուցած էի գրենական պիտոյքներու, թղթավաճառութեան եւ դպրոցական պայուսակներու, հայերէն անսահման տեսակի գիրքերու կողքին կային նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տեսակաւոր բառարաններ, մանկական գիրքեր, վերջին տարիներուն արդէն մեր հրատարակութիւններուն վրայ աւելցան արաբերէն լեզուով տասը մանկական հատորներ:
Տարեկան երկու առիթներով` դպրոցական վերամուտին եւ Նոր տարուան նախօրեակին, մեր հաստատութեան գործի եռուն եղանակներն էին, այդ օրերուն մեր առօրեան միայն գրատան աշխատանքն էր առանց դադարի, հանգստանալու դոյզն ժամեր ունենալով:
Համացանցային հաղորդակցական միջոցներու տարածումէն առաջ, մինչեւ քսաներորդ դարու աւարտը, մարդիկ աշխարհասփիւռ իրենց հարազատներուն Նոր տարին եւ տօնական օրերը բացիկներով շնորհաւորելու սովորութիւն ունէին: Հայերէնով բացիկներու պատրաստութիւնը եղաւ մեր իրագործումներէն, որով հայորդիներ զիրար շնորհաւորեցին հայատառ քարտերով:
Այբուբենի շնչառութիւնը մարդկային մարմնի թթուածին ներշնչելու նմանութեամբ է, թոքերու երկու բաժիններով` սփիւռքեան եւ հայաստանեան հրատարակութիւններով: Խորհրդային շրջանին հայրենի հրատարակութիւններու ներածումը մենաշնորհն էր «գաղափարապաշտ» ներկայացուցիչներու, կարգ մը երկիրներու մէջ տեղացիներ էին: Այս պարագային բարեբախտութիւն էր, որ տեղացի ներածողները Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ մեծաքանակի դրութեամբ գիրք կը տրամադրէին մեզի:
Կար նաեւ այլ միջոց մը` փերեզակներն ու ուսանողները, որոնք կ՛աշխատէին Երեւանի գիծին վրայ: Այդ օրերուն «մոտա» էր տան գրադարանին մէջ ունենալ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի 13 հատորները ու մանկական «Ի՞նչ է, ո՞վ է» քառահատոր շարքը: Հանրագիտարանը մեզի հասաւ հատոր առ հատոր եւ շարքի ամբողջացումէն ետք «սերի» անունը ստացաւ:
Նոյն անունով կը կոչուէր նաեւ սովետական արծաթեայ դգալ, դանակ, պատառաքաղի շարքը: Պատուէրի մը առիթով «վաճառական»-ը սեղանիս վրայ դրաւ այդ հաւաքածոն, եւ երբ զարմացած հարց տուի, պատասխանեց` «Դուն սերի ուզեցիր»:
Գրպանի աղօթագիրքեր` Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը, ժողովուրդին ծանօթ շարականներու եւ այլ աղօթքներու գրքոյկներ, Կիպրիանոսն ու Նարեկը մեր գրացուցակին մաս կը կազմէին: Հոգեհանգիստներու առիթով հանգուցեալներու յիշատակին այդ գիրքերու բաժանումը սովորութիւն դարձաւ, կողքի ներսիդին ննջեցեալին նկարը եւ յիշատակին խօսք մը տպելու պարագային կը պատահէր, որ պատուէր տուող հարազատը ինք ընտրէ ծանօթ հեղինակէ մը բանաստեղծական կտոր մը, ոմանք գրողին փոխարէն` իրենց անունը կ՛ուզէին յիշել ոտանաւորին տակ: Դժուարութիւն կ՛ունենայի համոզելու, որ այդ մէկը անյարիր է հեղինակային իրաւունքին, պատահեցան դէպքեր, երբ մերժեցի տպել, ենթակաները հրաժարեցան իրենց պատուէրէն:
Տասներեք տարիներ անխափան` 2000-2012, սուրիահայութիւնը իր գրպանին մէջ ունեցած է «Կիլիկիա» օրատետրը, որուն կողքը կը խորհրդանշէր այդ տարուան զուգադիպող յոբելենական առիթ մը: Աղօթքներով սկսող այս հրատարակութեան հետ յիշատակուած էր հայկական եւ պետական տօները` իւրաքանչիւրը իր թուականի յատկացուած տողերուն տակ: Օրատետրի վերջաւորութեան հաւաքած էի սուրիահայ ազգային եւ միութենական կառոյցներու հեռաձայնի թիւերը, Հալէպէն մինչեւ հեռաւոր Ռասուլ Այն շուրջ երեք հարիւր հեռախօսի թիւեր, պետական կարեւոր հաստատութիւններու ու հեռաձայնի միջազգային բանալի թիւերը` հասնելով մինչեւ Հայ եկեղեցւոյ ծխատէր քահանաներու անձնական թիւերուն: Տարիներու ընթացքին մեծ ժողովրդականութիւն գտած այս հրատարակութիւնը միութիւններ եւ հաստատութիւններ կը պատուիրէին իրենց յատուկ կողքով` անդամներուն կամ յաճախորդներուն բաժնելու համար: Կարգ մը հայկական հաստատութիւններու քարտուղարներ կամ պատասխանատուներ հեռաձայնելով կամ անձամբ շնորհաւորած եւ շնորհակալութիւն յայտնած են իրենց աշխատանքը դիւրացնող այս հրատարակութեան համար: Հետաքրքրականը, սակայն, այս հրատարակութենէն յառաջացած գլխացաւն էր. օրական քանի մը հեռաձայն կը ստանայի, ենթական թիւի մը փնտռտուքի համար մեզի կը դիմէր` յաճախ զարմանքով արտայայտուելով, թէ ինչո՞ւ չենք գիտեր, պահ մը կարծես Արեւմուտքի yellow pages-ի հետ շփոթելով մեզի:
Հայ գիրքի տարածման լաւ առիթներ էին Սուրիոյ հայ կրթօճախներու ամավերջի աւարտական հանդէսները: Դպրոցներուն մեծամասնութիւնը գիրք նուիրելու սովորութիւնը ունէր, շուրջ մէկ ամիս մեզի համար հաճելի էր այդ պատուէրներուն հետեւիլը, դասարաններու եւ տարիքի համապատասխան մեր եւ այլ հրատարակութիւններու ցանկերը պատրաստելը:
Յիշարժան է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի երախտարժան տնօրէն Ալեքսան Աթթարեանի հետեւողական աշխատանքը. նախօրօք ժամադրուելով` ան հայերէնաւանդ ուսուցիչներու խումբով կու գար անձամբ ընտրելու իր աշակերտներուն նուէրները: Այս նպատակին յատկացուած մրցանակներու գործադրութեամբ, գործնական եւ արագ աշխատանք մը կատարելով` կը հետեւէր ուսուցիչներու ընտրութիւններուն, ան հմուտ հայագէտ եւ դասագիրքերու հեղինակ էր: Առիթով մը, երբ Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» առաջարկեցի, իր խիստ եւ հաստատ նկարագրի համապատասխան, անկեղծօրէն արտայայտուեցաւ` ըսելով. «Կը մոռնաս, թէ գործդ ո՛ր դպրոցի տնօրէնին հետ է»:
Աւելի ուշ տեղեկացայ, որ նոյն վարժարանի, բազմավաստակ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Ազնիւ Արապեանը սովորութիւն ունէր դասապահը սկսելէ առաջ, հանապազօրեայ աղօթքի նման, աշակերտները ոտքի կանգնած` արտասանեն Ա. Ահարոնեանի հետեւեալ խօսքը. «Գիտցի՛ր, հա՛յ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունես ասելու այս նամարդ աշխարհին: Հիւր ենք այստեղ ու դատ ու դատաստան ունինք, երկիր ունինք: «Երբ պիտի դառնանք»-ը դաւանանք պիտի դառնայ բոլոր հայերի համար: Մեր հայրենիքը կայ, առանց որի ո՛չ գաղութ կայ, ո՛չ մենք կանք: Ի՞նչ ասել է գաղութ` առանց հայրենիքի: Գաղութը տանջանք է մի բան կերտելու համար, շաղախ է հայրենիքի համար»:
Այսպէս է Հալէպը` հաճելի հակասութիւններու հայաբոյր քաղաքը:
Նոյնքան հետեւողական էին Կիլիկեան վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Ազնիւ Քիրիշեանը եւ Ազգային Հայկազեան վարժարանի տնօրէնուհիներ օրդ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանը, ապա` օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեանը:
Ազգային վարժարաններու պարագային, տնօրէնութիւններէն բացի, Բերիոյ թեմի Ուսումնական խորհուրդն ալ իր ներդրումը կը կատարէր գիրք նուիրելու աշխատանքին:
Հալէպէն բացի Քեսապի եւ Դամասկոսի վարժարաններն ալ գիրքասիրութեան մղող բարի սովորութիւնը ունէին:
Այս շարքին տխուր դէպք մը անմոռանալի կը մնայ: Միութեան մը պատասխանատուները կրթօճախի մը առաջնակարգ աշակերտներու համար իրենց ընտրած գիրքերը ամբողջութեամբ վերադարձուցին, յայտնելով որ պրն. տնօրէնը մերժած է «Կիլիկիա» գրատունէն բերուած նուէրները:
Վերջերս ամերիկահայ կրթական մշակ Զարմինէ Պօղոսեանը Դիմատետրի մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցած էր 2009-ին Հալէպ իր այցելութեան մասին. «Սուլէյմանիէի վրայ «Կիլիկիա» անունով Մաթիկին գրախանութը կար սքանչելի տեսակաւոր գիրքերով եւ դպրոցական պիտոյքներով, հոն կարելի էր ամբողջ օր մը անցընելու… չձանձրանալ»:
Հայ գիրքի եւ մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներ կամ իրենց բնօրրանը այցելողներ, անապատի ծարաւէն եկողի նման, կ՛իյնային հայ գիրքի մեր ովասիսին մէջ, սակի մասին հարց տալէ առաջ` «Ասոնք որքա՞ն կը կշռեն» հարցումը անակնկալօրէն կը կասեցնէր իրենց ախորժակը:
Պոլսոյ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երգչախումբը դէպի Սուրիա իր կատարած շրջապտոյտի յայտագրին մէջ ներառած էր «Կիլիկիա» հրատարակչատուն այցելութիւնը, աննախնթաց երեւոյթ մըն էր, որ դժբախտաբար մնաց եզակի:
Սակայն Պոլիսը` որպէս արեւմտահայերէնի ողնասիւն, նաեւ պապենական արմատներու բնօրրան մեր արտահրատարակչական մշակութային թիրախը եղաւ` համագործակցութեամբ Համազգային մշակութային միութեան. 2008-ին Սուրիա եւ Լիբանան հրաւիրեցինք պոլսահայ հանրայայտ ասմունքի վարպետ Սիվա Կոմիկեանը եւ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանը, որոնց հետ շրջեցանք վեց քաղաքներ: Նոյն տարին արդէն Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյց»-երու շարքէն ցարդ վերահրատարակուած էին վեց հատորներ, գինեձօն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ, հովանաւորութեամբ գրասէր առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ ներկայութեամբ այդ շարքին հովանաւոր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի, օրուան բանախօսն էր «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ, վաստակաշատ հրապարակագիր Ռոպէր Հատտէճեանը, խoսք առաւ նաեւ շարքի վերահրատարակութեան ցանկերը պատրաստող ու խմբագրող հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանը: Սուրիոյ դառն ճակատագիրի վնասներէն եղաւ նման մշակութային համահայկական ձեռնարկներու ընդհատումը:
Ի պատիւ սուրիահայութեան այսօրուան նօսրացած թիւին, ներկաներու աշխուժութեան ճիգը այդ բացը ծածկելու շնորհիւ, գաղութը ունի եռուն գործունէութիւն:
«Կիլիկիա» հրատարակչատան աշխատակազմը ընդհանրապէս իգական սեռէն երկու կամ երեք օրիորդներ էին, անցնող տարիներուն անոնց թիւը հասաւ շուրջ քսանի, ոմանք այսօր արդէն մայր են: Մայրութեան ճանապարհի առաջին քայլը Արեւելքի մէջ կը սկսի «աղջիկտես»-ով, որուն երբեմն ականատեսը կ՛ըլլայինք գրատան մէջ, ընդհանրապէս լռելեայն, այցելուին պահանջը եւ հետաքրքրութեան ոճը կը մատնէր, որ ան այլ նպատակով հասած էր մեր մօտ, պատահած է նաեւ, որ առանց խօսելու, բարեւ մը տալով հեռացած են:
Տարեցներու տարեկան այցելութիւնը կը սկսէր նոյեմբեր ամսուն հետեւեալ հարցումով` «Օրացոյցը եկա՞ւ»: Ամէնօրեայ այցելու բարեկամներէս մին կը զարմանար, Հալէպի մէջ զանազան հայրենակցական, մշակութային, մարզական միութիւններ, վարժարաններ, յարանուանութիւններ բազմահազար օրացոյցներ կը հրատարակեն, երբեմն հայ տուներէն ներս մէկ տասնեակի հասնող օրացոյց Նոր տարուան հետ մուտք կը գործէ, այսուհանդերձ ծերունիները կը նախընտրէին օրաթերթիկով պատի օրացոյցները:
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Շաւիղ» պարբերաթերթը հարցազրոյց մը կատարած էր նուաստիս հետ, որուն կցուած էր «Կիլիկիա» հրատարակչատան գիրքերու ցանկը: Այս երեւոյթը անհանգստացուցած էր ոմն խնամակալ մը, հաւանաբար այդ ցանկը ան շփոթած էր ճաշարանի մը կերակրատեսակներու ցուցակին հետ:
Քառասուն տարիներ առաջ երիտասարդական թափով սկսող այս հաստատութեան երթը ընդհատուեցաւ տասը տարի առաջ: Անցնող տասնամեակի բնականոն ընթացքով Սուրիոյ վերելքի նման, «Կիլիկիա»-ն ալ պիտի նուաճէր իր ծրագիրները, որոնք երազ մնացին:
«Կիլիկիա» հրատարակչատան վերջին գործունէութիւնը եղաւ Լիբանան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գիրքի տարեկան ցուցահանդէսին, ուր անցնող եօթը ութ տարիներուն խիզախ ներկայութիւն էր շուրջ երեք հարիւրի հասնող հրատարակութիւններով, որոնց մէջ մանկական գիրքերը առիւծի բաժինն էին եւ այցելող մանուկներուն հետաքրքրութեան առանցքը կը կազմէին:
Արկածախնդրութեամբ սկսած այս ասպարէզը ներկայիս վերականգնած եմ նոր արկածախնդրութեամբ մը` համացանցի վրայ: Արդէն կը գործէ www.ciliciabooks.com կայքը` թագաժահրի պատճառով սլացող ընթացքով տարածուած անցանց շուկան մուտք գործելով: Յուսալով որ Հայ գիրքը պիտի այցելէ եւ ինքզինք ներկայացնէ աշխարհասփիւռ հայորդիներուն:
Ժընեւ


