Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Հաստատումէն Ետք Ազրպէյճան Կատարած Է Առաւել Քան 112 Յանցագործութիւն Եւ Սպաննած Է 18 Անձեր

September 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակեց «2022 թ. օգոստոսին Ազրպէյճանի կողմից Արցախի ժողովրդի իրաւունքների խախտումների մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային յանձնառութիւն ունեցող կառոյցներու եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու:

Զեկոյցի առաջին բաժինին մէջ ներկայացուած են փաստեր եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն ետք Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ համակարգուած եւ շարունակաբար իրականացուող յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:

«Հրադադարի հաստատումից յետոյ Ազրպէյճանի կողմից կատարուել է մարդկային եւ նիւթական խոշոր վնասի հասցրած աւելի քան 112 յանցագործութիւն, որի հետեւանքով սպաննուել են 3 քաղաքացիական եւ 15 զինուորական անձ, սպանութեան փորձի ենթարկուել 126 անձեր (48 քաղաքացիական, 78 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում է ստացել կամ բռնութեան է ենթարկուել 65 անձ (14 քաղաքացիական, 51 զինուորական)», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ օգոստոս 2022-ին Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ:

Երկրորդ բաժինին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող (Լաչինի) միջանցքի կենսական նշանակութիւնը եւ անոր իրաւական դրութեան փոփոխութեան անթոյլատրելիութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջանցքով անցնող երթուղին եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած ժամկէտէն կանուխ փոխելու Ազրպէյճանի կողմին ներկայացուած անօրինական պահանջը: Անոր մէջ արձանագրուած է, որ իր անօրինական պահանջները յառաջ մղելու համար ազրպէյճանական կողմը շարունակաբար կը դիմէ ուժի կիրարկման կամ անոր սպառնալիքին, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է:

Երրորդ բաժինը կ՛անդրադառնայ ուժի կիրարկման սպառնալիքի տակ խաղաղ բնակավայրերու` Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու հայաթափման, անոր իբրեւ հետեւանք` մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, որոնք ուղղակիօրէն կը հակասեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 29 սեպտեմբեր 2020-ին կիրարկուած եւ նոյն տարուան 3 նոյեմբերին առաւել ընդլայնուած միջանկեալ միջոցին, որով կողմերուն կոչ ուղղուած է ձեռնպահ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ քաղաքացիական բնակչութեան տուեալ ուխտով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման:

Չորրորդ բաժինին մէջ ներկայացուած են ապացոյցներ, օգոստոսեան լարուածութեան զուգահեռ, Ազրպէյճանի պետական պաշտօնեաններու, հանրային գործիչներու կողմէ հայերուն դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան այլ դրսեւորումներու կտրուկ աճին վերաբերեալ: Այս բաժինին մէջ արձանագրուած է, որ Ազրպէյճան ակնյայտօրէն կ՛անտեսէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը, մասնաւորաբար` որոշման 2-րդ կէտով սահմանուած պահանջը, ըստ որուն, Ազրպէյճան պարտաւոր է «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` կանխելու համար ազգութեամբ հայերը թիրախ դարձնող ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու  խթանումը, ներառեալ` ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու եւ պետական հաստատութիւններու կողմէ»:

Զեկոյցին հինգերորդ բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան յանձնառութեան յստակացման անհրաժեշտութեան, որ արդիւնաւէտ գործիքակազմեր պիտի ապահովէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն պատշաճ հակազդելու եւ ամբողջական խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Զեկոյցը պատրաստուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, քաղաքացիական բնակավայրեր կատարած այցելութիւններուն, քաղաքացիներուն հետ ունեցած առանձնազրոյցներու, պետական լիազօր մարմիններէն ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ նպատակ ունի փաստագրել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու անոնց զանազան դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ:

Նախորդը

Հրաշալի Պատանիներ

Յաջորդը

Մեր Երազի Մայրամուտը Կամ Ազգի Մը Ամօթանքը (2 Սեպտեմբեր 1991)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.