Յօդուածներ

Հրաշալի Պատանիներ

Հրաշալի Պատանիներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Միջազգային լրատու միջոցներ վերջերս անդրադարձան մարդոց կեանքերը փրկած 10- ամեայ, 16-ամեայ եւ օդանաւով թռիչքի համաշխարհային մրցանակ հաստատած 17-ամեայ երեք պատանիներու, որոնք դրական գործունէութեամբ օրինակ կը ծառայեն իրենց  տարեկիցներուն եւ յոյս կը ներշնչեն չափահասներուն: Ն. «Հետեւեցէ՛ք Ձեր Երազներուն». 17-ամեայ Մաք Ռատերֆորտ դարձաւ ամէնէն երիտասարդ օդաչուն, որ առանձին թռիչք կատարած է ամբողջ աշխարհի շուրջ, փոքր օդանաւով մը անցեալ շաբաթ իջնելով...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

«Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւն»-Ները Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան Դ. Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւնները` NGO

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անարդար պիտի ըլլար բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները` ՈԿԿ (NGO), Հայաստանի, կամ որեւէ երկրի մէջ օտարին գործակալներ նկատելը: Թիւով քիչ, սակայն կա՛ն զուտ հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք օտարներէն մնայուն կերպով նիւթական աջակցութիւն չեն ստանար, աւելի ճիշդը` օտարին պաշտօնեաները չեն, սակայն երբեմն իրենց հետապնդած նպատակը յաջողեցնելու համար օտարէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան, կամ` ոչ: Կան նաեւ գրանցուած ու չգրանցուած օտար պետութեան...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Զրոյց` Դրախտային Ծննդավայրիս Հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամէնօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի միասին անցուցած մեր օրերը: Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, ուր բոլոր յուշերդ եւ յուշերս հաճոյքով...

Ազգային Ազատագրական Պայքարի Տրամաբանութիւնն ու «Դիմադրութիւն» Շարժումը

Ազգային Ազատագրական Պայքարի Տրամաբանութիւնն ու «Դիմադրութիւն» Շարժումը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ամիսներէ ի վեր Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ծայր առած է «Դիմադրութիւն» շարժումը, որուն նպատակն է ընդդիմանալ ՀՀ իշխանութիւններուն վարած պարտուողական քաղաքականութեան, կասեցնել պարտութիւններու շղթան եւ շրջել հայութեան աղէտալի ընթացքը: «Դիմադրութիւն» շարժումը, ըստ էութեան,  բողոք է ու պայքար` ընդդէմ Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներու ոտնակոխման, Արցախի հայաթափման եւ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած փանթուրանական ծրագիրներուն: Ի վերջոյ, «Դիմադրութիւն» շարժումը թափ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Յունաստան Պօղոս Սնապեանի Վաստակը Կ՛ապրի Իր Տուն-Թանգարանով 22 օգոստոսին Յարութիւն եւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը, ուր Թամար ունեցաւ  մտերմիկ զրոյց մը թերթի խմբագրութեան հետ: Թամար Սնապեան դուստրն է սփիւռքահայ հանրածանօթ մտաւորական եւ գրող, Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթի երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի, միաժամանակ ան ՀՅԴ արխիւներու մասնագէտ, մտաւորական եւ հանրային գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի օգնականն է արխիւներու Պէյրութի գրասենեակին...

Ակնարկ.  Հաւատա՛նք Մեր Բազկի Ու Մտքի Ուժին

Ակնարկ. Հաւատա՛նք Մեր Բազկի Ու Մտքի Ուժին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեք հիմնական զգացումներ մշտական տիրապետութիւն հաստատած են հայութեան մէջ` զայրոյթ, անտարբերութիւն եւ... զգայազրկուածութիւն: Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող. զգայազրկութի՛ւնն ալ զգացումներու շարքին անցած է, ինչպէս որ բազմաթիւ տարօրինակութիւններ  եւ անտրամաբանական բաներ հիմա բնական դարձած են: Աղաւնոյ-Բերձոր գօտին ալ առօք-փառօք յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին: Հոն արդէն կը ծածանի ազերիական դրօշակը: Քանի մը բնակարան հրկիզուեցաւ, քանի մը յուշակոթող փրկուեցաւ, որպէսզի այրած սրտերը... մխիթարանք ունենան:...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մաքիաւելլիի Ճարտասանական Խաղի Հարթակի Վրայ` Պատերազմ-Պարտութիւն-Անձնատուութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Տիտղոսը չէ, որ պատիւ կը բերէ մարդուն, այլ մարդն է, որ կը պատուէ տիտղոսը»: ՆԻՔՈԼԱ ՄԱՔԻԱՒԵԼԼԻ Հանրապետութեան ՔՊ-ական իշխանութիւնները, դիրքապաշտութեամբ կը հետեւին, ի գին զիջումներու, խաղաղութեան հասնելու հակազգային արդիւնքին` խոստանալով տնտեսական աճ, բարեկեցութիւն, շրջապատին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում եւ® անձնատուութեամբ  խաղաղութիւն: 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ ամէն օր գրաւուող տարածքներու մասին դադրած են խօսելէ Հայաստանի մէջ. արօտավայր, բարձունք,...

Դաստիարակութիւն…

Դաստիարակութիւն…

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մենք մեծցանք, Մեծ եղեռնէն փրկուած մեր ծնողներուն տառապանքի ծանրութիւնը շալկած: Փոխանցեցինք մեր զաւակներուն, առանց որ բան մը պակսէր մեր «բեռ»-էն: Անոնք ալ մեծցան եւ իրենք ալ իրենց զաւակներուն փոխանցեցին: «Դրամագլուխ»-էն բան չպակսեցաւ, բայց նախկին փայլքը կորսնցուց, սկսաւ գունաթափիլ: Անցան տասնամեակներ, բնական մաշումը իր դերը կատարեց: Եղան մարդիկ, որոնք դատապարտեցին ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն` նոր սերունդին Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը, ըսին`...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանայ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբի Ստեղծման 30-Ամեակին Նուիրուած Համերգաշար Այս տարի կ՛ամբողջանայ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադրութեան 30-ամեակը: Այս օրերուն երգչախումբի անդամները Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ սկսած են նախահամերգային փորձերու: «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պատերազմէն ետք երգչախումբի տնօրէնութիւնը ընտրեց...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մելիքները Լոռիի, Բորչալուի Եւ Բոլնիսի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքները Լոռիի, Բորչալուի Եւ Բոլնիսի Մէջ

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեան` Կաթողիկոսութեան Գլխաւոր Թեկնածու ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մաղաւուզ Մարտակերտի շրջանին մէջ, Թարթառ գետի աջ ափին, Սուրբ Գէորգ եկեղեցիով. շրջակայքը` Թուխկասարի, Անապատ եւ Երեք Մանկունք վանքերը: Վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր, ընդառաջելով Արցախի մելիքները եւ անոնց հպատակները Վրաստանի թագաւորութեան սահմաններուն մէջ բնակեցնելու եւ անոնց հողեր ու արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ ռուսաց Փաւէլ Ա. կայսեր կամքին, մելիք Ջումշուդի յանձնեց Լոռին, մելիք Ֆրէյդունի` Բորչալուի...

Ակնարկ.  Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Ակնարկ. Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նախագահի նշանակումին առիթով տեղի տուած է Պաքուի սուր հակազդեցութեան: Պլինքըն գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ: Դեսպան Ռիքըրը կ՛աշխատի նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ  կը նպաստէ Հայաստանի...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբ գնահատելի յօդուածներ թէ գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ լոյսին եկած են օրաթերթերու, պարբերականներու թէ տարեգիրքերու մէջ, մէկտեղուին հատորի մը ծածկին տակ, կարծես, անոնց կը տրուի նոր շունչ, վերստին «ապրելու» պատեհ առիթ եւ կրկին կարդացուելու կարելիութիւն: Քանի մը ամիս առաջ, գիրքին հեղինակը` պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ կրթական մշակ Զաւէն Մսըրլեան, նուիրած էր այս նոր հատորը: Ինչպէս միշտ,...

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)

Խոհ, Խոհանոց, Խոհագիրք

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Խոհանոց բառը, որ շատ հին է, առաջին լսած օրէս իսկ շատ խորհրդաւոր թուացեր է ինծի` խոհ-անոց, ինչո՞ւ խոհանոց, ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ խոհ-ը ճաշ պատրաստելուն հետ: Եւ փոխանակ դիւրին միջոցին դիմէի, այսինքն փոխանակ բացատրական կամ արմատական բառարաններուն մէջ փնտռէի, ուղեղիս «զոռ» տուի եւ որոշեցի` որովհետեւ ճաշ եփելը արդուկ ընելուն պէս առանձինն կատարուելիք աշխատանք է, հետեւաբար մարդ, ըսել կ՛ուզեմ`...

Սպասում

Սեաւ Ծիրանը Ոսկեջուր Սկուտեղի Վրայ Բ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ակնարկի առաջին մասը կը վերաբերէր գլխաւորաբար օտար արտադրութեան քաղաքական-քարոզչական բնոյթ ունեցող ժապաւէններու: Բ.- Հայաստանեան-ընկերային Բ1.- Հինգ երազողներ եւ ձին Բեմադրիչներ` Արէն Մալաքեան եւ Վահագն Խաչատրեան, 2022,  80 վ.: Բներգը փոքր մարդոց իրականանալու առիթ չստացող երազներն են: Բացման տեսարանին մէջ ձիւնապատ մաքուր անրջական դաշտի մը վրայ (ի հարկէ խորհրդանշական) ձիաւոր մը կ՛արշաւէ: Ձին յանկարծ կ՛իյնայ ձիւնածածկ անտեսանելի փոսի մը...

Գետ-Գիտութեան. Երիկամներու Քարերը

Գետ-Գիտութեան. Երիկամներու Քարերը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Բանալի բառեր Միզածորան- ureter Կրածին- Calcium (Ca) Նատրիոմ- Sodium (Na) Ներադիտակ- scope Միացութիւն- compound Միզաթթու- Uric acid Շողանկար- X-ray Ընթացակարգ- Procedure Ի՞նչ են երիկամներու քարերը Երիկամներու քարերը կոշտ, խճաքարի նմանող տարրեր են, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ ձեր երիկամներէն ներս: Անոնք պատրաստուած կ՛ըլլան հանքանիւթերէ եւ աղերէ: Երիկամներու քարերը պզտիկ կ՛ըլլան, սովորաբար եգիպտացորենի միջուկի եւ աղի հատիկի չափերու միջեւ: Անոնք կրնան...

Ըկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Վերջին Նիստը, Համաշխարհային Մարտահրաւէրները Եւ Հայկական Հարցերը

Ըկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Վերջին Նիստը, Համաշխարհային Մարտահրաւէրները Եւ Հայկական Հարցերը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Յուլիս 7-8-ին, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի հերթական նիստը, որ ձեւով մը նախապատրաստական ժողով էր այս տարուան աւարտին տեղի ունենալիք կազմակերպութեան ընդհանուր համագումարին: Այս առիթով ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա ժողովականներուն ներկայացուց գործունէութեան բաւական ընդարձակ տեղեկագիր մը, որուն մէջ բաւական մանրամասն շարադրուած էին 2019-2022 ժամանակաշրջանին կազմակերպութեան աշխատանքային հիմնական ուղղութիւնները: Նիստին կը մասնակցէին ընկերվար...

Սթափելու Ժամանակը

Արժանավայել Խաղաղութեան Պայմանը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամառնային արձակուրդը, որուն բարձրակէտը օգոստոս ամիսն է, խաղաղ ու արձակուրդային չանցաւ: Արցախի մէջ նոր տարածքներ յանձնուեցան Ազրպէյճանին, ու քաղաքական պայքարի ասպարէզին մէջ նոր երեւոյթ մը յայտնուեցաւ: 2018-ի իշխանափոխութեան իսկական պատճառը, որ այժմ արդէն արեւի լոյսին պէս յստակ կը շողայ, Արցախէն հրաժարելու ձգտումն էր: Սակայն ապազգային, աւելին` ազգային դաւաճանութեան համազօր առաջադրանքով կարելի չէր իշխանափոխութեան պայքար մղել, նպատակը քողարկուեցաւ աւելի...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Հայաստանի Մէջ Ո՛չ Ողջերու, Ո՛չ Մեռածներու Նկատմամբ Կայ Յարգանք. Վահագն Տատրեանը Ըսուածին Վառ Օրինակն Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Սոյն յօդուածը կը գրեմ մեծագոյն ցաւով եւ հիասթափութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան ականաւոր  մասնագէտ Վահագն Տատրեան մահացաւ 2 օգոստոս 2019-ին, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, 93 տարեկան հասակին: Ծնած` Կոստանդնուպոլիս (Թուրքիա), ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողականութեան բացայայտման կարեւոր գործին: Տատրեան իր մանրազնին ուսումնասիրութիւնները կատարեց թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ հայերէն լեզուներով` ակադեմական...

Մինչեւ Ե՞րբ

Վերամուտի Նախօրեակին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Բնականաբար մեր ապրած անբնական պայմաններուն մէջ անբնական վերամուտ մը կը սպասէ մեզի: Տնտեսական ճնշող մթնոլորտ, երկրի անորոշ կացութիւն, հոգեբարոյական խառնաշփոթ զգացումներ, Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ տակնուվրայ վիճակ... այս բոլորին մէջ պիտի դիմաւորենք աննախընթաց վերամուտ մը: Հայ ուսուցիչը` զրկուած բոլոր իրաւունքներէն, հայ աշակերտը` հոգեբանական ծանր պայմաններու մէջ, հայ ծնողքը` հայ դպրոցին կառչած մնալու իր որոշումը սրտին ու մտքին մէջ,...

Երկիր.  Աղաւնոյին Եւ Բերձորին

Երկիր. Աղաւնոյին Եւ Բերձորին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Կարեվէր երկիր սիրելի երկիր մեր պապենական կորսուող երկիր գունաթափ երկիր փոքրացող երկիր ուր կամաւոր երկրի համար տագնապահար տղաներդ անփոյթ խժռեցիր իսկ հաստավիզ ոստիկաններդ միշտ ալ առանց տատամսումի ըմբոստացող որդիներդ փորձեցին ճզմել Անտէր երկիր օտար տէրերու հարկատու երկիր իր հերոսները ուրացող կամ հալածող ամորձատուած իր մարմինէն իր հողերէն հրաժարող անդէմ երկիր իրեն պարգեւուած անկախութեան փոքրիկ բախտը անտեսած մսխած շփոթած...

Page 318 of 1112 1 … 317 318 319 … 1,112

Արխիւներ