Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերուն Հետ Հաշտուելէ Առաջ Հայեր Պէտք Է Հաշտուին Իրարու Հետ

September 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Հայաստանի կառավարութիւնը կրնա՞յ բան մը ճիշդ ընել: Չկայ օր մը, որ անցնի առանց յաւելեալ վատ լուրերու` Հայաստանէն եւ Արցախէն: Մեր թշնամիները մեղադրելու փոխարէն` մենք պէտք է տեսնենք մեր սեփական թերութիւնները եւ դադրինք  մենք  մեզի աւելի վէրքեր հասցնելէ:

2020-ի արցախեան պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք, Հայաստանի մէջ տիրող ճգնաժամային ծանր պայմաններուն բերումով կը կարծուէր, որ հայ ղեկավարներ իմաստութիւնը կ՛ունենան համախմբելու ժողովուրդը եւ ուժեղացնելու բանակը` երկրին վրայ հետագայի յարձակումներ կանխելու համար:

Զարմանալիօրէն Հայաստան որդեգրած է ուղղութիւն մը, որ ազգը կը տանի յաւելեալ պառակտման եւ թուլացման: Հայ ղեկավարներ չափազանց ապաշնորհ գտնուեցան այսքան  ճգնաժամային  հարցեր ունեցող երկիրը կառավարելու համար: Փոխանակ փորձելու նուազագոյնի հասցնել Հայաստանի կորուստները` անոնք վճռած են աւելցնելու թշնամիներուն հասցուցած վնասը:

Չորս տարի շարունակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայերը բաժնեց «սեւեր»-ու եւ «սպիտակներ»-ու, արցախցիներու եւ հայաստանցիներու, նախկին առաջնորդները` ընդդէմ ներկաներու եւ Հայաստանը` ընդդէմ սփիւռքի, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ հայերը համախմբուելու մեծ կարիք ունին: Ան սպառնաց ներքաղաքական իր հակառակորդներուն` «պատերուն զարնել եւ փռել ասֆալթին»: Անցեալ տարի ան նոյնիսկ մուրճը ձեռքին գնաց նախընտրական արշաւի` խոստանալով ջարդուփշուր ընել իրեն ընդդիմացողներուն գլուխները:

Հայաստանը ղեկավարելու համար ոչ միայն Փաշինեանն է չափազանց ապաշնորհ, այլեւ` անոր խմբակին նախարարներն ու խորհրդականները: Ոչ հմուտ ղեկավարը չի կրնար հմուտ նշանակումներ ընել:

Իբրեւ օրինակ վերցնենք Փաշինեանի կողմէ Զարեհ Սինանեանի նշանակումը «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար»-ի պաշտօնին: Սինանեանի միակ որակաւորումը վարչապետին կոյր կողմնակիցը ըլլալն է: Հետեւաբար Սինանեան աշխատանքային իր երեք տարիներուն ընթացքին գրեթէ որեւէ արժանի  բան չըրաւ, բացի կառավարութեան սուղ պիւտճէն վատնելէ` իր եւ անձնակազմին, ամբողջ աշխարհի տարածքին յաճախակի շրջագայութիւններ կատարելու ուղղութեամբ:

Սինանեան  վերջերս  յայտարարեց, որ իր գրասենեակը «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով» պիտի գումարէ այս տարուան հոկտեմբերին: Կարելի է ակնկալել, որ ան ողջախոհութիւնը պիտի ունենար «Համաշխարհային  վեհաժողով»-ին հրաւիրելու Հայաստանի եւ սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հանրաճանաչ մարդիկ` անկախ անոնց քաղաքական պատկանելիութենէն:

Սինանեանին եւ վարչապետին միակ նպատակը, սակայն, տպաւորութիւն ստեղծել է, որ իրենք բանով մը զբաղած են, եւ ոչ թէ` ժողովուրդին համար օգտակար բան ընելով: Սինանեան կարճատեսօրէն որոշած է իր «տիրոջ» օրհնութեամբ «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ին հրաւիրել վարչակարգին կողմնակից հայերը` դուրս ձգելով անոնք, որոնք համարձակած են ընդդիմանալ ներկայ ղեկավարներուն: Հայաստանի իշխանութիւնը իրականութեան մէջ զբաղած է ոչ թէ սփիւռքը համախմբելով, այլ` զայն բաժնելով:

Բնականոն երկրի մը մէջ Սինանեանի նման աշխատողը արդէն շատոնց  արձակուած կ՛ըլլար իր աշխատանքէն` ապաշնորհութեան եւ կառավարութեան թանկարժէք միջոցները վատնած ըլլալուն համար: Սակայն այս վարչապետը աշխատանքէն չի հեռացներ իրմէ աւելի ապաշնորհ ստորադասը… Ցաւօք, Սինանեան նոյնիսկ չի գիտեր իր աշխատանքին բնոյթն ու նկարագիրը: Ան անմտօրէն  հրաւիրած է արաբները` ներգաղթելու համար Հայաստան, չհասկնալով, որ իր պատասխանատուութիւնը կապուած է միայն սփիւռքահայերու հետ, այլ ոչ թէ` արաբներու կամ այլ ազգութիւններու: հեռատեսիլային իր յաճախակի հարցազրոյցներուն մէջ  Սինանեան միշտ զբաղած է  հատուածական քաղաքականութեամբ` քննադատելով հայկական մեծ կազմակերպութիւնները եւ ժողովուրդին մէջ յառաջացնելով յաւելեալ պառակտումներ: Ան չի հասկնար, որ իր գործը ոչ թէ Փաշինեանի վարչակարգի քարոզիչ ըլլալն է, այլ` պետական պաշտօնեայ, որ աշխատավարձ կը ստանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կամուրջ հանդիսանալուն համար:

Եթէ Փաշինեանի եւ Սինանեանի  արդարացումը  այն է,  որ իրենց քաղաքական  ընդդիմախօսները կը հրաժարին  մասնակցելէ «Հայկական  համաշխարհային խորհրդաժողով»-ին, ապա ասիկա լաւ առիթ է զանոնք հրաւիրելու համար: Անոնք, որոնք մերժեն հրաւէրը, ներկայացած կ՛ըլլան բացասական լոյսի տակ, իսկ կառավարութիւնը մեծահոգի կ՛երեւի, այլ ոչ թէ` մանրամիտ: Վայել չէ Հայաստանի իշխանութեան` հաշիւ մաքրել ուզող «պաշըպոզուք»-ի պէս վարուիլ: Ցաւօք, ան հասունութիւնը չունի զերծ մնալու մանրախնդրութենէ: Հայաստան բոլո՛ր հայերուն տունն է, ոչ թէ միայն անոնց, որոնք համաձայն են վարչակարգին: Հզօր թշնամիներով շրջապատուած փոքր եւ թոյլ ժողովուրդը չի կրնար ինքնիրեն արտօնել` բաժնուիլ աւելի փոքր բեկորներու:

Աշխարհի բոլոր հայերուն ողջունելու փոխարէն, կառավարութիւնը, վերջին շաբաթներուն, արգիլած է հայրենիք մուտքը քանի մը յայտնի սփիւռքահայերու, որոնց միակ մեղքը, իբր թէ, «ժողովրդավարական» վարչակարգի հակառակորդներ ըլլալն է… Մինչ նոյն ատեն թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման անդամներուն արտօնուած է մուտք գործել Հայաստան եւ անարգել հայ նահատակներու յիշատակը, Երեւանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրի տարածքին մէջ:

Անցեալ քսան տարիներու ընթացքին Հայաստան կազմակերպած է սփիւռք-Հայաստան քանի մը համաժողով: Անոնցմէ ոչ մէկը օգուտ բերած է: Սինանեանի ծրագրած «խորհրդաժողովը» պիտի արժանանայ նոյն բախտին: Փաշինեան շատ անգամ խօսած է Հայաստանի կառավարութեան մէջ սփիւռքահայերուն բարձր պաշտօններ ստանձնելու արտօնութեան մասին: Ցաւօք, խօսքերէ զատ, ան ոչ մէկ քայլ առած է այդ ուղղութեամբ: Նմանապէս Սինանեան մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ մեծ աղմուկով յայտարարեց, որ իր գրասենեակը պիտի նշանակէ սփիւռքի յանձնակատարներ աշխարհի հայկական համայնքներու մէջ, իսկ մինչեւ հիմա ան ոչ մէկ նմանօրինակ յանձնակատար նշանակած է:

Երբ Փաշինեան 2018-ին եկաւ իշխանութեան,  խոստացաւ, որ երեք միլիոնէն նուազ հաշուող Հայաստանի բնակչութիւնը մինչեւ 2050 պիտի հասցուի հինգ միլիոնի: Ցաւօք, Հայաստանի բնակչութիւնը անոր պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին ոչ թէ չէ աճած, այլ նուազած է: Դէպի Հայաստան հայրենադարձութիւնը քաջալերերու մասին խօսելէ բացի` ուրիշ ոչինչ եղած է:

Շատոնց ժամանակն է, որ համայն հայութիւնը համախմբուի իր հայրենիքը պաշտպանելու համար սահմանին երկու կողմը գտնուող հզօր թշնամիներէն: Թուրքերու հետ հաշտուելէ առաջ հայեր նախ պէտք է լեզու գտնեն իրարու հետ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Խաշմանը` Արժանաւոր Կերպար Մը Եւս

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.