Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Շատ յստակ կը յիշեմ, որ մօտաւորապէս քսան տարի առաջ կարդացեր էի վերի չակերտեալ խորագիրը կրող յօդուած մը Ռ. Հատտէճեանի գրիչէն, ուր ան իրեն յատուկ հոգեբանական ու փիլիսոփայական մերձեցումով լուսարձակ կը բանար ծերութեան երեւոյթին վրայ ու կը ջանար բացատրել, թէ ինչո՛ւ երիտասարդ տարրը առհասարակ չ՛ախորժիր ծերունիներու ընկերակցութենէն ու կ՛աշխատի զանոնք առօրեայի լուսանցքէն անդին հրել…
Այդ օրերուն Հատտէճեան շուրջ 75 տարեկան էր: Յարաբերաբար` աշխոյժ եւ առոյգ:
Այսօր մեր սիրելի ու թանկագին գրագէտը թեւակոխած է արդէն իր կեանքին 96-րդ տարին: Ալեփառ ծերունի մըն է, որուն շուքը եթէ մէկ կողմէ օրհնութիւն կը տարածէ իր ընտանիքին վերեւ, ապա միւս կողմէ ալ կ՛երջանկացնէ մեզ բոլորս` իր հազարաւոր ընթերցողները, Պոլիս թէ արտասահման:
Արդէն ամիսներէ ի վեր Հատտէճեան ա՛լ խմբագրատուն չ՛իջներ: Տարիքի պարտադրանքով ան իր կեանքին սա փուլը կ՛անցընէ իր բնակարանը, իր վիթխարի գրադարանին մտերմութեան մէջ` մերթ ընթերցումներ կատարելով, մերթ ալ խոկալով անցնող այն 60, 70, 80 տարիներուն վրայ, որոնք ի՛րը եղան, եւ որոնք անհաւատալիօրէն հարուստ էին անմոռանալի դէպքերով ու բախտորոշ իրադարձութիւններով: Ինք ժամանակակիցը եղաւ Կ. Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը բարձրացած իրերայաջորդ 6 պատրիարքներու…
Քանի մը օր առաջ Հատտէճեան երջանիկ պահ մը ապրեցաւ` իր բնակարանին մէջ ընդունելով այցելութիւնը պոլսահայ խումբ մը գրասէր տիկիններու: Բոլորն ալ` իրեն հարազատ անձեր, երբեմնի մօտիկ գործակիցներ: Անոնք եկած էին շնորհաւորելու զինք` «Մարմարա» օրաթերթի «Յուշատետր» սիւնակին հաստատման 41-րդ տարեդարձին առիթով: Ազնիւ ու փափկավարական քայլ մը, որ զի՛ս եւս հրճուեցուց, որովհետեւ «Յուշատետր»-ը ի՛մ ալ ամէնէն նախընտրելի սիւնակը եղած է հայատառ մամուլին մէջ, ահա արդէն գո՛նէ 37-38 տարիէ ի վեր: Իմ մտաւորական ու գրական կազմաւորումին առաջնային լծակներէն մէկը` անկասկած:
Հատտէճեանի այցելուները չէին մոռցած յիշատակելի լուսանկար մըն ալ հրամցնել մեզի` այդ օրուան մթնոլորտը ցոլացնելով:
Երկարօրէն նայեցայ այդ լուսանկարին: Իմ դիմաց, ահաւասիկ, կանգնած էր 96 տարեկան ալեւոր գրագէտ մը, որուն գրած ու հրատարակած գիրքերուն ծանրութեան տակ կրնայ կքիլ… ուղտն անգամ: Հմուտ եւ օրինակելի խմբագիր մը, որ 54 տարի շարունակ հայերէն շա՛տ որակաւոր օրաթերթ մը խմբագրեց ու հրատարակեց Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ: Ճարտար ու անկրկնելի բեմասաց մը, որ իր հիւթեղ բանախօսութիւններով փայլեցուց մա՛նաւանդ Պոլսոյ հայ բեմերը:
Ինք քսան տարի առաջ հարց կու տար, թէ` «Ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ մարդը»:
Մենք ամբողջ սրտով կը սիրենք զինք: Կը խոնարհինք իր լեռնակուտակ վաստակին առջեւ ու կը համբուրենք իր աջը, զոր բացառաբար սուրբ կը նկատենք նմանողութեամբը Հացեկացի մեծ գիւտարարին աջին, որովհետեւ այդ աջերը միայն ու միայն սպասարկած են հայոց այբուբենին…
(Հալէպ)
********
Նամակ Սիրելի Լեւոն Շառոյեանին
Սիրելի՛ Լեւոն,
Սիրելի՛ Լեւոն Շառոյեան,
Աննկարագրելի յուզումով ու երջանկութեամբ կարդացի այն սքանչելի գրութիւնդ, որ երէկ հրատարակուած էր մեր սիրելի «Մարմարա»-ի առաջին էջին վրայ: Խորագիրը, երկու բաժիններով, արդէն կը բաւէր փոթորիկ մը յառաջացնելու իմ ներաշխարհիս մէջ: «Ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ մարդը» «Հեռաւոր ողջոյն ալեհեր գրագէտ Ռ. Հատտէճեանին»: Ճամբայ ելած էիր մօտաւորապէս քսան տարի առաջ «Ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ մարդը» խորագրեալ իմ մէկ յօդուածէս ու կ՛ողջունէիր իմ այսօրուան տարիքը` ըսել ուզելով, որ «Մենք կը սիրենք ալեհեր Հատտէճեանը»:
Միշտ հիացած եմ քու յիշողութեան վրայ, այս անգամ ալ կը նորոգուի իմ այդ հիացումը: Ինչպէ՞ս չհիանամ: Ես վաղուց մոռցած եմ այդ յօդուածը, մինչդեռ դուն կը յիշես ու հիանալի ոստում մը կ՛ընես քսան տարի առաջուան օրերէն դէպի այս օրերը, կ՛ողջունես կեանքիս աւելի քան 95 տարիները եւ կերպով մը կը պատասխանես քսան տարի առաջ գրուած «Ո՞վ կը սիրէ ծերունին» հարցումին ու կ՛ըսես. «Մենք կը սիրենք»:
Գիտեմ, սիրելի՛ս: Գիտեմ, թէ կը սիրես զիս: Գիտեմ, թէ շատեր եւս կը սիրեն զիս հոս, հոն, այն ամէն տեղ, ուր իր մշակոյթին ու ինքնութեան հաւատարիմ հայորդի մը կ՛ապրի: Իսկ դուն առաջին գծի վրայ կու գաս: Գիտցիր, որ մինչեւ այսօր իմ խմբագրական սեղանիս վրայ նստած` անհամար անգամներ մտածած եմ քու անխարդախ բարեկամութեան ու միասնութեան վրայ, սիրած եմ քու գրական ոճը, նմանութիւններ տեսած եմ քու եւ իմ գրականութեան միջեւ, իսկ ամէնէն կարեւորը` զարմացած եմ, թէ ինչպէ՛ս կը յաջողիս այդքան լեցուն ուսումնասիրութիւններ գրի առնել: Տակաւին քանի մը օր առաջ է, որ կարդացինք քու հիւթեղ յօդուածները մայրենի մշակոյթի ուսուցիչներու տագնապին մասին, կարդացինք նաեւ սփիւռքահայ վարժարաններու, մանաւանդ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու պատմութեան մասին: Քիչ մը դժուար կը կարդամ, բայց դեռ կը կարդամ ու դեռ կը հիանամ: Ու դեռ կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս կը հաւաքես այսքան տեղեկութիւն: Մեր մասին ինչե՜ր ու ինչեր, որոնք մեզի իսկ անծանօթ են, կը հոսին քու գրիչէն: Այդ ի՜նչ հոյակապ գրադարան մը ունիս, որ հրաշք տեղեկութիւններ կը հրամցնես անգտանելի գիրքերէ:
Սիրելի՛ Լեւոն, յօդուածիդ մէջ յիշեր ես այն սիրելի բարեկամուհիներս, որոնք ինծի այցելութեան եկած էին իմ «Յուշատետր» սիւնակի 41-րդ տարեդարձին առիթով: Այո՛, 41 տարիէ ի վեր գրեթէ ամէն օր «Յուշատետր» մը գրեցի: Մօտաւորապէս տասը հազար յօդուած: Եւ իմ սիրելի ժողովուրդս սիրեց այս յուշատետրերը: Անոնց մէջէն սիրեց նաեւ զիս: Երջանիկ եմ եւ չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ իմ բախտիս, որ զիս դարձուցած է սիրուած ծերունի մը: Շնորհակալ եմ բախտիս, շնորհակալ եմ իմ տարեդարձի օրով զիս փնտռողներուն, շնորհակալ եմ մօտաւոր կամ հեռաւոր իմ բոլոր ընթերցողներուս, շնորհակալ եմ մանաւանդ քեզի: Գիտեմ, թէ միշտ ալ պիտի շարունակէք այնքան սիրել զիս, որքան ցարդ սիրեցիք: Գիտցէք, լա՛ւ գիտցէք, որ ես ալ ձեզ կը սիրեմ, որովհետեւ ձեր մէջ կը տեսնեմ ոչ միայն իրաւ բարեկամ մը, այլ նաեւ` մեր մեծասքանչին հաւատարիմ պահակները:
Ո՛ղջ եղէք:
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ