Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Աբրահամեանի Մահուան Եօթնօրէքին Անդրադարձ Կատարուեցաւ Անոր Մարդկային Իւրայատկութիւններուն

Սեպտեմբեր 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 20 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Էշրեֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Աւետում եկեղեցւոյ մէջ միութեան ատենապետ Յակոբ Աբրահամեանի մահուան եօթնօրէքին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` տեղւոյն ժողովրդապետ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ: Ներկայ էին հայ կաթողիկէ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:

Իր քարոզին մէջ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ մահուան գաղափարին` նշելով, որ թէեւ ամէն մարդու ճակատագիրն է մահը, սակայն կան տարբեր մահեր` հիւանդութեամբ, արկածով, նահատակութեամբ, զոհ երթալով եւ այլն: Ան դիտել տուաւ, որ կան մահացողներ, որոնք իրենց հարազատներուն ցաւ կը պատճառեն, իրենց հայրենիքին ու ազգին իսկական կորուստ կը հանդիսանան, կուսակցական կեանքին մէջ անոնց բացակայութիւնը զգալի կը դառնայ, իսկ կան ուրիշներ, որոնց մահով ոչինչ կը փոխուի, նաեւ կան մարդիկ, որոնց մահէն ետք կը ծագին շատ մը հարցեր կամ անպատասխան հարցադրումներ կը ձգեն իրենց ետին: Քահանայ հայրը ըսաւ, որ կան մեռած ապրողներ, նաեւ` ապրող մեռածներ: «Մեռած ապրողները անոնք են, որոնք միայն շունչ կ՛առնեն, բայց կեանքի մէջ ընդհանրապէս բանի չեն ծառայեր: Անոնց եւ մահազդի թուղթին միջեւ տարբերութիւն չկայ: Ապրող մեռածները անոնք են, որոնք նոյնիսկ իրենց մահէն ետք կը գործեն, հետք կը ձգեն, կ՛արձագանգեն, կենդանի տիպար կը մնան, ապագայի համար յոյս կը ներշնչեն», նշեց ան:

Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր քարոզին յաջորդ բաժինով խօսքը ուղղեց Յակոբ Աբրահամեանին` ըսելով. «Իսկ դո՞ւն, Յակո՛բ ջան, քու ժպտադէմ, հեզաբարոյ, իմաստախօս, հանդարտաբան, յեղափոխական գաղափարախօսութեամբդ, յստակատես եւ իրապաշտ տեսլականովդ, նոյնիսկ մահէդ ետք ինչո՞ւ մարգարէաշունչ մարտահրաւէրներու պատասխանատուութեան առջեւ կը դնես մեզ այսօր: Ինչո՞ւ հոս հաւաքած ես ազգիս բոլոր խաւերէն, համայնքներէն եւ կուսակցութիւններէն մարդիկ: Դուն անոնցմէ որո՛ւ եւ ո՛ր մէկուն կը պատկանիս: Ո՜հ, այո՛, վայրկեանի մը համար մոռցած էի` դուն հայր Սահակին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի իբրեւ հաւատարիմ` այս բոլորը կը ներփակես մէջդ, բարձր գոչելով եւ մեզի քաջ հասկցնելով, որ դուն ե՛ս, եւ մենք ըլլալու ենք մանաւանդ իսկական հաւատարիմ հայ քրիստոնեայ»: Ան քարոզը եզրափակեց` հաստատելով, որ Յակոբ Աբրահամեան հանդիսացաւ այն արծիւը, որ ո՛չ միայն ճախրեց բաց ու լայն թեւերով, այլ նաեւ զիրենք եւս բարձրացուց դէպի վսեմագոյնը:

Ս. պատարագէն ետք հոգեսուրճը տեղի ունեցաւ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ուր խօսք առին  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան նախագահ Ռոպեր Գայսերլեան եւ վարչութեան անդամ Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան:

Ռոպեր Գայսերլեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Յակոբ Աբրահամեան մնայուն նեցուկ ու քաջալերող էր իրեն, նման առիթներու կ՛ըսէր, որ բացման խօսքը ինք կատարէ` առանց մտահոգուելու, որովհետեւ Աբրահամեան պիտի շարունակէր աշխատանքը, մանաւանդ որ բոլորն ալ միասին նոյն նպատակին համար կը գործէին եւ կ՛ամբողջացնէին զիրար:  Ասկէ մեկնած` ան նշեց, որ Յակոբ Աբրահամեանին բացակայութիւնը մեծապէս պիտի զգացուի թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ միութենական կեանքի մէջ:

Այս առիթով Ռ. Գայսերլեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին, որ իր հովանիին ու գուրգուրանքին տակ առաւ այս միութիւնը, որպէսզի անիկա շարունակէ գործել եւ գոյատեւել, Ժումհուր վարժարանի տնօրէն հայր Շարպել Պաթուրի, որ եղբայրական մօտեցում կը ցուցաբերէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան նկատմամբ, երկար կեանք ու առողջութիւն մաղթեց հայր Պուասիին, որ անմիջական գործակիցը եղած է հայր Սահակ Քէշիշեանին, ինչպէս նաեւ` Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանին, որ մնայուն կերպով կը գործակցի միութեան վարչութեան հետ, կը հետեւի անոր աշխատանքներուն` խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով:

Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Յակոբ Աբրահամեանին նկարագիրը` զայն նկատելով բոլորին կողմէ սիրուած եւ փնտռուած մեծ եղբայր մը, որուն ժպիտը, բարեացակամ եւ սրտամօտ ըլլալը բոլորին մէջ յարգանքի ու սիրոյ զգացում կը սերմանէր իրեն նկատմամբ:

«Յակոբ Աբրահամեան` իբրեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջանաւարտ, հաւատարիմ` հայր Սահակ Քէշիշեանէն ստացած հայեցի կրօնական ու մարդկային դաստիարակութեան եւ ուսման, միշտ ալ երախտապարտ ու հաւատարիմ մնաց իր ճեմարանին:

«Վերջին տարիներուն մեծ զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ աշխատեցաւ շրջանաւարտից միութիւն հիմնելու եւ Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Ամերիկաներ ան կը պատրաստէր հայր Սահակ Քէշիշեանին տուն-թանգարան մը հիմնելու եւ ծննդեան հարիւրամեակը նշելու:

«Յակոբ միութեան կու տար մթնոլորտ, թափ եւ շունչ: Անոր իւրայատուկ աշխատելաոճը թէ՛ ժողովական եւ թէ՛ ընկերային մակարդակներուն վրայ իր գործնական արդիւնքը կու տար: Այսօր, փաստօրէն, միութիւնը պետութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած է Յակոբ Աբրահամեանին ջանքերով», ըսաւ ան:

Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան յայտնեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան վարչութեան կազմակերպած եօթնօրէքը Յակոբ Աբրահամեանին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակ ունի: Ան հաստատեց, որ միութեան անդամներն ու վարչութիւնը պիտի շարունակեն Յակոբ Աբրահամեանին գործը` ջանալով իրականացնել անոր իղձերն ու փափաքները, սակայն վստահաբար զգալի պիտի ըլլայ անոր բացակայութիւնը, անոր բարձրաձայն խնդուքին, հարցերը թեթեւցնելու ու մեղմացնելու անոր մնայուն ճիգերուն չգոյութիւնը: «Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի Յակոբ Աբրահամեանին նման անանձնական ու նուիրեալ տղոց կարիք ունինք: Ազգային, կուսակցական, միութենական, կրօնական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն ընթացքին օրէ օր աւելի կը զգանք բացակայութիւնը իրեն նման նուիրեալներու: Յակոբ Աբրահամեանին համեստ, ազնիւ եւ անշահախնդիր մօտեցումները օրինակելի եւ դաստիարակիչ են բոլորիս համար», ըսաւ  Լ. Սոմունճեան-Աֆարեան:

Ան հաստատեց, որ Յ. Աբրահամեան միութենական, ազգային եւ կուսակցական կեանքին մէջ ո՛չ միայն իր մասնակցութեամբ ազդեցիկ ներկայութիւն եղած է, այլ նաեւ բան մը աւելցուցած է իր գիտելիքով, փորձառութեամբ եւ մասնագիտութեամբ: Իր խօսքի աւարտին Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան վկայեց, որ Յակոբ Աբրահամեան բծախնդիր աշխատող եղած է միշտ, գործը հետապնդելու նկարագրային գիծով օժտուած էր, գործնապաշտ էր եւ անոր ընկերային գիծը անոր հետ անմիջականութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծէր:

Աւարտին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան վարչութեան կողմէ յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Յակոբ Աբրահամեանի ընտանիքին` Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ձեռամբ:

Կը Նուիրեն

Յակոբ Աբրահամեանի մահուան առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին ուսանողներու միութեան կատարուեցան հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Ալեքս եւ Վերժին Խորշիտեան      300.000 լ.ո.
Գրիգոր Զէքեան                                          100.000 լ.ո.
Աւետիս Գահքէճեան                           500.000 լ.ո.
Ժան Եթերեան                           300.000 լ.ո.
Աբրահամեան հաստատութիւն    2.000.000 լ.ո.
Նշան Տանաողլեան                                  300.000 լ.ո.
Տոքթ. Գրիգոր Տապաղեան       1.000.000 լ.ո.
Տոքթ. Նազարէթ Աբրահամեան      500.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Նորա Գարակէօզեան 200.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Արծիւ Տէր Խաչատուրեան 200.000 լ.ո.
Կապի Մաթթա Աքիքի եւ Ժոզէֆ Աքիքի    400.000 լ.ո.
Կոնճեան ընտանիք                                         100.000 լ.ո.
Եղիկ Մղտեսեան                                      200.000 լ.ո.
Յակոբ Շամասեան                               200.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Միհրան Պաղտասարեան 1.000.000 լ.ո.
Նազարէթ Ապունայեան                       1.000.000 լ.ո.
Էլի Տումանեան                                       200.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լիզա Պէրպէրեան 300.000 լ.ո.
Մելիքեան ընտանիք 200.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Աշոտ Մսրլեան 500.000 լ.ո.
Լեւոն Եթերեան               200.000 լ.ո.
Ժորժ Թաթարեան  100.000 լ.ո.
Շանթ Քիւթիւքճեան       100.000 լ.ո.
Կրէկուար Գալուստ       300.000 լ.ո.
Փիեռ Մալահ             200.000 լ.ո.
Աւօ Տարագճեան      100$
Յովիկ Հանանեան          100$
Սարգիս Ժամկոչեան     100$
Պերճ Ուզունեան           100$
Լեւոն Գետերեան    100$
Գրիգոր Մանանկիջեան 100$
Նազօ Թաշճեան                 100$
Արա Հալաճեան                 100$
Վահէ Նահապետեան                  100$
Լեւոն Եթերեան                10$
Grand Park Co. Owners    50$
Պետրոս Հրեշտակեան    200$
Պայթարեան եղբայրք     100$
Խաժակ Անտուն Պաղտատլեան 100$
Ռոպեր Գայսերլեան                    100$
Վաչէ Գալընճեան                         100$
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Ռիթա Ֆէրէշէթեան 50$
Տէր եւ տիկին Հրաչ Ասդարճեան               50$
Սոնա Թիմուրճեան                                   50$
Հրակ եւ Լարա Զէյթլեան                          50$
Թոնի եւ Թինա Կարոյեան եւ Ժոզէֆին Պէրպէրեան 100$
Աւետիս Աբրահամեան 150 եւրօ

Նախորդը

Ճափոնի Մէջ Բրինձի Դաշտերը Արուեստի Գործի Կը Վերածուին

Յաջորդը

Խօսք` Յիշատակի Եւ Երախտիքի (Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?