Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլեան Ձեւաչափն Ու Ռուսիան

September 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 4-րդ հանդիպումը` միջնորդութեամբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի:

Նոյն օրը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ երկու երկիրներու փոխվարչապետներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները` միջնորդութեամբ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Օվերչուքի:

Այստեղ մենք մեզ կը գտնենք դիւանագիտական որոշակի զարտուղութեան մը առջեւ: Հայաստան-Ազրպէյճան  խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոպական խորհուրդի միջնորդութեամբ, իսկ,  սկզբունքով այդ ընդհանուր համաձայնագիրի մէկ մասը եղող,  երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Մոսկուայի մէջ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ:

Նշեալ զարտուղութիւնը բնականաբար երկար չէր կրնար գոյատեւել եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցը ի վերջոյ պէտք էր մաս կազմէր խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնագիրի շուրջ բանակցութեան: Պրիւքսելի մէջ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբին յաջորդ հանդիպումը գումարել Պրիւքսելի մէջ, նոյեմբերին: Նոյն ատեն համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու նախագիծի մշակման շուրջ: Նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին, իսկ ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբի ժողովին նման, տեղի  պիտի ունենայ նոյեմբերին:

Այսպիսով, դիւանագիտական այդ զարտուղութիւնը սրբագրուած պիտի ըլլայ, սակայն` ի վնաս Ռուսիոյ, որ պիտի մեկուսացուի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթէն ու զրկուի միջնորդութեան դափնիէն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ի զուր չէր, որ 31 օգոստոսին, նոյն օր նախատեսուած պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումէն առաջ շատ կոշտ կերպով հակազդեց` նշելով. «Մեր կարծիքով, ասիկա որեւէ կապ չունի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իրական ցանկութեան հետ: Ես պիտի ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի նման են միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որուն տակ ոչինչ կայ»:

Վերջին շրջանին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերակենդանացման գաղափարին իր զօրակցութիւնը շարունակ ընդգծող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել իր կարգին եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց` «աշխուժացնելու իրենց դիւանագիտական աշխատանքը եւ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի»: Ուաշինկթըն, ուքրանական հակամարտութեամբ պայմանաւորուած ներկայ ճակատումի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ Ռուսիոյ առաւելագոյն վնաս պատճառելու քաղաքականութենէն մեկնելով` բնականաբար կը զօրակցի որեւէ բանի, որ Ռուսիոյ վնաս կը պատճառէ:

Այն իրողութիւնը, որ պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յստակ պարտականութիւն կը տրուի մէկ ամսուան ընթացքին աշխատելու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը վրայ, մտածել կու տայ, որ անոնց պարտականութիւն տրուած է պատրաստել համաձայնագիրի նախագիծ մը ու զայն Պրիւքսելի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած եռակողմ 5-րդ հանդիպումին աւարտին կնքուելու համար ներկայացնել իրենց երկիրներու ղեկավարներուն: Մինչ այդ, ինչպէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց` «Կարեւոր է երկու կողմերու բնակչութիւնը պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան»:

Ստեղծուած է կացութիւն մը, ուր Միացեալ Նահանգներ կողմնակից են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, Եւրոպական խորհուրդը անտեսելով այդ ձեւաչափը` առերեւոյթ ինքնագլուխ կը գործէ, Ռուսիան ու Ազրպէյճանը բացայայտ կերպով դէմ են այդ ձեւաչափին, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները խօսքով կը զօրակցին այդ ձեւաչափին, սակայն գործնականին մէջ դէմ չեն հայ-ազրպէյճանական տագնապին այլ ձեւաչափերու ճամբով լուծման:

Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը Ռուսիոյ կը ներկայացնեն երկընտրանք մը` կա՛մ ընդունիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնումը եւ այդ ձեւաչափի վերականգնմամբ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութեան որոշ չափով նուազումն ու համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ հակակշռումը, կա՛մ ալ պրիւքսելեան ձեւաչափը իր ընթացքը կը շարունակէ` մեկուսացնելով կամ առնուազն միջնորդի դափնիէն զրկելով ու քաղաքական գետնի վրայ խոցելով Ռուսիան:

Մոսկուան, սակայն, իր զինանոցին մէջ ունի երրորդ ընտրանք մը` պրիւքսելեան հոլովոյթի տապալումը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր 2 սեպտեմբերին Լաւրով-Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, ըստ ռուսական կողմի հրապարակած հաղորդագրութեան, 2020 թուականին նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի եւ նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման եւ հեռանկարներու քննարկումը:

Ռուսիան ունի աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն «հակառուս» եղող պրիւքսելեան ձեւաչափը տապալելու կարողութիւնը եւ բանակցութիւններու ընթացքին, օրինակ, կրնայ Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման վրայ ծանրանալ:

Յամենայն դէպս յստակ է, որ եկող երեք ամիսներուն պէտք է մօտէն հետեւիլ պրիւքսելեան յառաջիկայ եռակողմ հանդիպումը նախորդող զարգացումներուն:

«Հայրենիք»

 

 

Նախորդը

Վանգուվըրահայեր Կ՛արժանան Էլիզապէթ Թագուհիի Յոբելեանական Շքանշանին

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 77-ի Լուծում

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.