Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք` Յիշատակի Եւ Երախտիքի (Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով)

September 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իբրեւ զաւակներդ` մենք մեզ ապահով ու երջանիկ կը զգայինք քու ու մեր զաւակներուն միջեւ ապրելով: Հիմա այլեւս այլ է պարագան: Հիմա ամէն օր պիտի շարունակենք զգալ բացակայութիւնդ եւ այս օրերուն` լիբանանեան, արցախեան եւ առհասարակ հայ կեանքին առջեւ ծարացած դժուարին օրերուն,միայն մտովի պիտի զրուցենք քեզի հետ` տարիքիդ ու երկար տարիներու ազգային մեր կեանքին մէջ մատուցած ծառայութիւններուդ շնորհիւ կուտակած փորձառութեանդ դռները թակելով:

Վախճանմանդ առիթով  համառօտ կենսագրականիդ պատրաստութիւնը առիթ մը եղաւ ծանր ու թեթեւ ընելու 93 տարիներու վաստակդ: Ծնունդդ ու մանկութիւնդ` Մուսա Լերան Քապուսիէ գիւղին մէջ: Ծնողքիդ եւ հայրենակիցներուդ հետ դէպի Այնճար տարագրութեան տխուր օրեր, որոնց ահագնութիւնը այսօր միայն կը պատկերացնենք ու կը զգանք Արցախի մեր հայրենակիցներուն` հայրենիքի մէջ իսկ տարագիր կացութեան ի տես: Ուսումնառութիւնդ` նախ Այնճարի նորաբաց ազգային վարժարանին ու ապա` սփիւռքի մէջ հետագային պատմութիւն կերտող դասընկերներուդ հետ մեկնում Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դպրեվանք` յակոբ օշականներու աշակերտելու երանութեամբ թաթաւուն: Այնուհետեւ կրկին Այնճար` միայնակ, ծնողքիդ առ Հայաստան ներգաղթին պատճառով: Երջանիկ ամուսնութիւն եւ 25 երկար տարիներու ուսուցչական ասպարէզ` Այնճար, Պէյրութ, Պաղտատ եւ Պասրա: Հուսկ ապա` քահանայ, որու 45-ամեայ ծառայութեանդ ընթացքին` ազգային երեսփոխան, Լիբանանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Կրօնական ժողովի ատենապետ, Դատաստանական խորհուրդի նախագահ: Այս բոլորին կողքին, դպրապետ, դպրոցական թէ միութենական երգչախումբերու խմբավար, «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարտուղար, համազգայնական եւ մեզի` զաւակներուդ համար այնքան գուրգուրոտ եւ օրինակելի հայր:

Երբ կարդացինք թոռնիկներուդ համար գրած յուշերդ, հոն «պահուըտած» դէպքերն ու դէմքերը մեր մտապատկերին վրայ ուրուագծեցին մանկութեան ու պատանութեան դժնի ու տխուր օրեր ապրած, սակայն այնուհետեւ ընտանեկան ու ազգային-եկեղեցական երախտարժան օրեր կերտած կայտառ, զուարթ ու բախտաւոր մարդու մը կերպարը: Թերեւս այդ էր պատճառը, որ անձնապէս, երբ երգչախումբի փորձի կիսուն ինծի հասաւ մահուանդ բոթը, իմ մէջ ուժ ու կորով գտայ խաղաղաշունչ կերպով իր աւարտին հասցնելու երգին ուսուցումը ու այնուհետեւ միայն հասնիլ վերջին օծմանդ եւ յուղարկաւորութեանդ:

Ապրեցար կեանքը այնպէս ինչպէս վայել է մարդուն, ուսուցչին ու հոգեւորականին. հեզ ու սիրալիր, լաւատես ու խաղաղաշունչ, ժուժկալ ու խստակրօն: Սիրեցիր ուսուցչական թէ քահանայական ասպարէզներդ, որոնք սփիւռքի մէջ զոյգ առաքելութիւններ իսկ են: Զանոնք կատարեցիր բծախնդրութեամբ, բարեխղճութեամբ, սիրով ու նուիրումով: Սիրուեցար ու սիրեցիր աշակերտներդ ու ծխայիններդ, որոնք քեզ ճանչցան իբրեւ անբասիր ու հաշտարար էութիւն: Իսկ մենք` զաւակներդ ու թոռներդ, բախտաւոր ու  հպարտ վկաներն ենք այս բոլորին:

Թոռներուդ մէկ մասը արդէն իսկ կարդաց, միւսներն ալ, երբ մեծնան, պիտի կարդան յուշերդ, որոնց էջերուն մէջ պիտի գտնեն իրենց համար պարուրուած օրհնութիւնդ: Իսկ կեանքիդ զանազան դրուագները ուսանելի եւ առաջնորդող պիտի ըլլան իրենց համար:

Արդ, խաղաղ հանգչի հոգիդ:

Զաւակներուդ ու թոռներուդ անունով`
ԶԱՔԱՐ

Նախորդը

Յակոբ Աբրահամեանի Մահուան Եօթնօրէքին Անդրադարձ Կատարուեցաւ Անոր Մարդկային Իւրայատկութիւններուն

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Մէջ Դասախօսութիւն` Քուպայի Եւ Մեքսիքոյի Հայերու Նուիրուած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.