Այլ բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ին անիմանալի վազքին:
Այլ բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ին աննկուն յառաջխաղացքին:
Տրամաբանական բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ի «յառաջ ընթանանք»-ին:
Անկեղծ ըսուած, դժուար թէ կարելին ըլլայ բացատրել մանաւանդ սա օրերուն, մանաւանդ` սա Լիբանանի անձուկ իրավիճակին, սա Պէյրութի տղոց սկաուտ-գայլիկական առոյգ շարժումը, բանակումը, տողանցքը, ինչո՞ւ չէ, տողանցքները, նոր տարեշրջանի դիմաւորումը, դաշտերու բարեկարգումը ու այդ բոլորէն առաւել ու անդին` մինչեւ Դամասկոս պասքեթպոլի խումբի գործուղումը ու հոն ստեղծած խանդավառութիւնը:
Դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել, չեմ գիտեր` Շուէտի ո՛ր մէկ անկիւնը կորսուած Օրեպրու անուն քաղաքի մէջ հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ի մը նոր մասնաճիւղը:
Դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել, գոնէ ութսուն տարի հայկական ազգագրական քարտէսէն կարծես կորած Թիֆլիսի մէջ` կրկին կեանք առած ՀՄԸՄ-ի շարժումը, որուն շուքի ներքեւ այնքան սիրուն կը կայծկլտայ սա երեխաներու ազգային թէ մշակութային զարթօնքը:
Դժուար թէ կարելին ըլլայ մինչեւ հեռաւոր ֆրանսաները ՀՄԸՄ-ի կեդրոններու բացումը, երբ որքան հայ կեդրոններ, դպրոցներ, կամայ թէ ակամայ իրենց դռներու փակման սպառնալիքի տակ են:
Վերջապէս, դժուար ըլլայ բացատրել ինքնին իմ Երուսաղէմի, հակառակ մարդուժի լուրջ պապակին, դեռեւս սկաուտական-մարզական գործօն շարքերը:
Վերջապէս, դժուար թէ կարելի ըլլայ հայ իրականութեան այս տժգոյն օրերուն բացատրել սա ՀՄԸՄ-ին իրապէս տակաւին փայլուն էջը:
Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս բացատրեմ, բայց եւ այնպէս լաւապէս գիտեմ, որ տակաւին քրիստափորմիքայէլեաններու ու շաւարշքրիսեաններու մարտունակ ոգին հոն է:



