Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 10, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութեան Հետեւանքները Տարածաշրջանին Մէջ Խորագիրով Խորհրդաժողով

4 նոյեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Կազմակերպիչ մարմինի անունով Հայկ Պաթթալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, այնուհետեւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան լուսարձակի տակ առաւ փանթրքութեան քաղաքականութեան ծալքերը եւ շեշտեց, որ շատեր մերթ ընդ մերթ կը հրապուրուին թրքական այնպիսի հեռուստաշարերով, որոնք օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր թուրք սուլթանները կը ներկայացնեն իբրեւ իմաստուններ` աւելցնելով, որ այսպիսիները չեն ըմբռներ, թէ այս կայսրութիւնը սկսաւ արեամբ, շարունակուեցաւ հարիւրհազարներու արեան հեղումով եւ մարդկութեան ոչ մէկ գիտական կամ իմացական նուաճում նուիրեց, աւելի՛ն` ան ոխակալ եւ թշնամական մօտեցումով վերաբերեցաւ արաբներուն եւ այլոց հետ: Գահվէճեան այնուհետեւ անդրադարձաւ արաբական աշխարհի օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրման` դիտել տալով, որ այս կայսրութեան վարած քաղաքականութիւնը կը շարունակուի ներկայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, վկան` Սուրիոյ դէմ պատերազմին Թուրքիոյ ի գործ դրած ոճիրներն էին, զինեալ ահաբեկիչներու օգտագործումն ու սուրիական տարածքներ գրաւելու եւ երկրի հարստութիւնները թալանելու քայլերն էին, որոնք սակայն կասեցուեցան սուրիական բանակի ուժեղ բազուկին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան շնորհիւ:

«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հետեւանքներն ու զանոնք դիմագրաւելու միջոցները» նիւթը ներկայացուց գրող, Դամասկոսի Քաղաքական գիտութիւններու պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ: Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը դարեր շարունակ ու մինչեւ մեր օրերը հիմնուած է ծաւալապաշտութեան վրայ եւ որքան ալ վերլուծած ըլլանք այդ քաղաքականութիւնը, հարկ է նորովի ընթերցել զայն եւ ըմբռնել, որ մերօրեայ Թուրքիան եւս կը ձգտի վերադառնալ նախքան Համաշխարհային առաջին պատերազմի իր կայսերապաշտութեան օրերուն: Ան ըսաւ, որ սուրիացիները առաւելագոյնը վնասուեցան թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն, հաւանաբար այն պատճառով, որ օրին անոնցմէ շատեր ճշգրտօրէն չընթերցեցին այդ դաւադիր քաղաքականութիւնը, ուստի հարկ է նոր մտածումներով, խոր վերլուծումով վերանայիլ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, անոր աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն, ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Դասախօսը դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բարդ է եւ վերարտադրութիւնն է օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան: Ըստ անոր, Թուրքիա երեք մտավախութիւն ունի: Առաջինը Միջին Արեւելքի հարցն է` Սեւրի դաշնագիրը, որուն իրագործումը առկախելու համար Թուրքիա մերթ խաղաղասէրի դիմակով, մերթ բռնի միջոցներով ծրագրեալ քաղաքականութիւն կը վարէ: Երկրորդը Լոզանի դաշնագիրն է, զոր կը ջանայ վերատեսութեան ենթարկել, միաժամանակ քայքայելով Աթաթուրքի «լայիք» Թուրքիոյ տրամաբանութիւնը, եւ աստիճանաբար ամրագրելու կրօնական հիմունքով կայսրութեան մը վերահաստատումը: Երրորդը սուրիական հարցն է. Սուրիան Թուրքիոյ համար արաբական աշխարհ մուտքի հիմնական դուռն է: Հետեւաբար, Թուրքիա ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ` մերթ քրտական հարցը արծարծելով իր ազգային անվտանգութիւնը խաթարուած տեսնելու պատրուակով, մերթ Սուրիոյ եւ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ ազգային գաղափարախօսութեան դէմ կրօնական, համայնքային հարցեր սրելով, մերթ արաբական աշխարհին սրտցաւ մօտենալու խաբկանքով պաղեստինեան հարցը օգտագործելով: Բանախօսը հարց տուաւ, թէ Թուրքիա ինչպէ՞ս կրնայ Պաղեստինի դատը պաշտպանող ըլլալ, երբ առաջինն է, որ ճանչցած է Իսրայէլի պետութիւնը: Աւարտին ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ թափանցումը սուրիական տարածքներ պէտք է դիտել արտաքին քաղաքական ուժերու ազդեցութեան ընդհանուր պրիսմակին մէջ` նշելով, որ Թուրքիա իր կարգին կը ջանայ արաբական երկիրներու դիմագիծի փոփոխութեան հասնիլ` ազգային պետութիւնները իսլամականի վերածելու, համայնքային հարցեր սրելու եւ ըստ այնմ իր ազդեցութիւնը բանեցնելու տարբեր միջոցներով: Եզրափակելով` բանախօսը պարզեց, որ տարածաշրջանին մէջ Ռուսիա-Սուրիա-Իրան եռեակին գործակցութիւնը պիտի նպաստէ թրքական ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալուն: Իսկ ներքին առումով հարկ է պատրաստել ազգային գիտակցութեամբ օժտուած քաղաքացին, պահպանել սուրիական ընկերութեան գունեղ խճանկարը` յարգելով ու պահպանելով կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Երկրորդ դասախօսն էր քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան, որ ներկայացուց Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ գործող կուսակցութիւնները, անոնց պատմականը, գաղափարախօսութիւնն եւ գործելաոճը: Ան բացատրեց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարքագիծը` շեշտելով, որ այս կուսակցութիւնը ժամանակի թաւալումին հետ փոխած է իր գաղափարախօսութիւնը եւ ժողովուրդին քուէն ստանալու համար մերթ ներկայացած է իբրեւ կրօնական ծայրայեղ կուսակցութիւն, մերթ` աշխարհական, ժողովրդավար: Ապա շեշտեց, որ կուսակցութիւնը հիմնուած է անձերու վրայ, այս պարագային անոր առաջին դէմքին` նախագահ Էրտողանին վրայ, ուստի, եթէ ան հեռանայ կամ չընտրուի, կուսակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը նկատելիօրէն կը թուլանայ: Այնուհետեւ Գասարճեան անդրադարձ կատարեց Թուրքիոյ ընտրող զանգուածի տրամաբանութեան եւ մրցակցութեան դաշտին մէջ կուսակցութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան: Ան քաղաքական դաշտին մէջ դրական զարգացում համարեց յատկապէս Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան յառաջացումն ու անոր քաղաքական գործունէութիւնը դիտել տալով, որ յատկապէս քրտական հարցին մէջ այս կուսակցութիւնը կը ջանայ հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ եւ ժողովրդավարական սկզբունքներով պաշտպանել ընդհանրապէս Թուրքիոյ քաղաքացիին, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին գծով կուսակցութիւններու մօտեցումին` Գասարճեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին նախ ընդդիմադիր, ապա նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութեան մօտեցումը Սուրիոյ հետ երկխօսութեան ու յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնիլն է, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու ծրարի օգտագործումով ու անոնց վերադարձի տեսակէտին արծարծումով` նկատի ունենալով Թուրքիոյ ներկայ տնտեսութեան վրայ ա՛յս ծրարին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ` Սուրիա ներխուժելու բացասական ազդեցութիւնը:

Աւարտին զոյգ դասախօսները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

Ապա Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Քահվէճեան` առ ի երախտագիտութիւն, խորհրդանշական յուշանուէրներով գնահատեց օրուան դասախօսները, իսկ խորհրդաժողովի եզրափակիչ պատգամով Բերիոյ հայոց թեմի Առաջնորդութեան նուիրակ Մակար եպս. Աշգարեան գնահատեց կազմակերպող կողմը, ինչպէս նաեւ դասախօսները, դիտել տալով, թէ նման կառուցողական քննարկումներ եւ զրոյցներ կը նպաստեն, որ տարածաշրջանի զարգացումները ճշգրտօրէն ըմբռնենք:

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հալէպահայ Նահատակներու Հոգիներուն

Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ  Մակար եպս. Աշգարեանի, 6 նոյեմբերին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արցախի 44-օրեայ պատերազմի Բ. տարելիցին, Շուշիի մէջ նահատակուած հալէպահայ հերոսներ` հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ հայրենիքի համար նահատակութեան գաղափարը, որուն պայծառ օրինակը տուին հալէպահայ երեք հերոսները` իրենց կեանքը նուիրաբերելով այն հողին համար, որ դարեր շարունակ նահատակներու արեամբ սրբագործուած է:

Սրբազան հայրը երանի տուաւ այն ազգերուն եւ ծնողներուն, որոնք կը ծնին այսպիսի հերոսներ, որոնց օրինակով եւ Քրիստոսի հետեւելով մենք կը հրաւիրուինք այսօր հաւատքով մօտենալու Աստուծոյ խօսքին եւ չվախնալու առօրեայ դժուարութիւններէն եւ ապագայէն, այլ հաւատքով եւ սիրով լեցուն, պատասխանատուութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ թրծուած հասնինք խաղաղութեան նաւահանգիստ:

Սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած իր անսահման սիրով եւ ողորմութեամբ լոյսի մէջ պահէ հոգիները Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ նահատակներուն եւ մեր բոլոր նահատակներուն, որոնք անձնուիրաբար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին եւ իրենց արեամբ սրբագործեցին մեր հայրենիքին հողը` մեզ հպարտութիւն առթելով:

Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան Ազգային գերեզմանատուն, ուր երեք նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին դիմաց սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ապա նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Սրբազան հայրը` իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն, շեշտեց, որ որքան ցաւ զգանք անոնց կորուստին համար, նոյնքան հպարտութիւն կը զգանք հայրենիքի ազատագրման համար նահատակ զաւակներ նուիրաբերած ըլլալով, որովհետեւ անոնք ողջ պիտի մնան մեր մէջ առ յաւէտ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատգամը դրոշմեն յառաջիկայ սերունդներուն մէջ:

Այնուհետեւ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Երիտասարդութեան անունով Վիգէն Չաղլասեան յարգանքի ու մեծարանքի խօսք ուղղեց նահատակներուն:

Ցուցադրուեցաւ հալէպահայ նահատակներուն մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ հալէպահայ երեք երիտասարդները իրենց կեանքը ծառայութեան եւ զոհողութեան գաղափարով արժեւորեցին եւ գնահատեցին: Անոնք գացին իբրեւ պարզ երիտասարդներ, սակայն իբրեւ ազգի մը սեփականութիւնը եղող փառաւոր հերոսներ վերադարձան:

«Աքսոր» Գիրքի Հայերէն Թարգամանութեան Շնորհահանդէս

Կազմակերպութ»ամբ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 10 հոկտեմբերին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆէրման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան շնորհահանդէսը: «Աքսոր» գիրքին թարգմանութիւնը կատարած էր «Գանձասար»-ի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան-Եարալեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նարօտ Պարսումեան, որ վեր առաւ հայ մշակոյթին դերը մեր ինքնութեան պահպանման մէջ: Գիրքէն պարբերաբար ընթերցումներ կատարեցին Թամար Քէօշկէրեան եւ Սոնա Չալօղլեան: Գիրքը ներկայացուց «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան: Ան դիտել տուաւ, որ Եղեռնէն վերապրած հայութեան մնացորդացը 1930-ական թուականներուն կրկին ապրած է ծննդավայրէն աքսորուելու տառապանքը, որ հետագային արտացոլացած է արեւմտահայերու յուշագրութիւններուն մէջ: Ֆէրման Թորոսլար մուտքեցի մըն է, որ հետագային գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, իսկ 2008-ին` վերադառնալով իր պատմական հայրենիքը այցելած է նախ իր ծննդավայրը` Քերհօ (ներկայիս թաշեօլ` Մութքի գաւառի բնակավայր), վերյիշած է իր ընտանիքին ապրած ողբերգութիւնը եւ «Աքսորը» խորագիրին տակ իր յուշագրութեամբ վաւերագրած այդ բոլորը: 2013-ին Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ֆէրման Թորոսլարի հեղինակած յուշագրութիւնը: Այս առիթով առցանց կապ հաստատուեցաւ նաեւ Մարի Մերտխանեան-Եարալեանի հետ, որ գիրքին ու հեղինակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ: Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի տեղապահ Մանուկ աբղ. Պարիխանեան:

Իրաք

Ժամերգութիւն Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

21 հոկտեմբերին Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն` ներկայութեան Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեանի, հիւպատոս Անդրանիկ Յարութիւնեանի, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր  Ռոստոմ Բաքոյեան եւ հաւատացեալներու: Հիւրերը դիմաւորեցին Զախոյի եկեղեցւոյ հովիւ Ադամ քհնյ. Մովսէսեան, Թաղական խորհուրդի անդամները եւ Քիւրտիստանի խոհրդարանի անդամ Վահիկ Սիրանեանը: Ժամերգութենէն ետք հիւրերը  այցելեցին նոր եկեղեցւոյ կառուցման վայրը, հետեւեցան աշխատանքներուն եւ բարձր գնահատեցին  եկեղեցւոյ շինութիւնը:

Ասորական Տեմոքրաթ Կուսակցութեան Քարտուղար Մունիր Նիսանիի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

3 նոյեմբերին Իրաքի թեմի հայոց առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ասորական Տէմոքրաթ կուսակցութեան քարտուղար Մունիր Նիսանիի: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան:

Քննարկուեցան  հայ եւ ասորի պատմական փոխյարաբերութիւնները եւ երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ եղած զանազան հարցեր:

Միացեալ Նահանգներ

 Ազգային Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան  Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, 29 հոկտեմբերին Կլենտէյլի «Պրէնտ Վիու Քոլէքշն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային յեղափոխական երգերու ընթրիք-երեկոյ` մասնակցութեամբ յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լալա Երեմեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր անմահ հերոսներուն, ապա` յիշելով հայութեան եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կոչ ուղղեց բոլորին հեռու մնալու վհատութենէ ու յուսահատութենէ եւ շարունակելու պայքարը` պահելու համար այն, ինչ որ հնարաւոր է, եւ առաջին հերթին` Արցախի ապահովութիւնն ու ազատութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Յովիկ Սալիպան մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս 44-օրեայ պատերազմին դաշնակցական կամաւորները իրենց յանձնուած դիրքերը մինչեւ վերջ պահելու կամք դրսեւորեցին եւ այդ ճամբուն վրայ զոհեցին իրենց կեանքը, ապա` զուգահեռներ գծելով այսօրուան պայմաններուն, եզրակացուց, որ այսօր եւս իւրաքանչիւրս մեր առջեւ ունինք մեր յստակ դիրքերը, զորս պէտք է պաշտպանենք ամենայն զոհողութեամբ եւ չնահանջենք, ուր  որ ալ ըլլան այդ դիրքերը` Հայաստանի սահմաններուն վրայ կամ սփիւռքեան մեր հայաշխարհին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Ժամացոյցի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?