Ծ. Խ.- «Հորիզոն»-ի եւ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան «Սփիւռքը. անուն եւ երեւոյթ» իր ուսումնասիրութեամբ կ՛ուրուագծէ «Սփիւռք» հասկացողութեան ժամանակագրական հոլովոյթը, թէ ե՞րբ սկսած է սփիւռքը եւ ի՞նչ է սփիւռքը: Միաժամանակ յօդուածագիրը սփիւռք եզրաբանութեան վերլուծումը կը կատարէ` ի մի բերելով ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի վարիչ-խմբագիր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բաբգէն Փափազեանի եւ գրագէտներ Յակոբ Օշականի ու Վահէ Օշականի գաղափարները` սփիւռք հասկացողութեան մասին:
Բ. Երեւոյթը
Պիտի մօտենամ միայն երեք դէմքերու, սակայն անոնց բոլոր ըսածները պիտի չվերցնեմ ու չմեկնաբանեմ, այլ` իւրաքանչիւրէն հիմնական քանի մը միտք միայն, մնալով ամփոփ ըլլալու հարկադրանքին տակ: Դէմքերն են` Յակոբ Օշական, Բաբգէն Փափազեան եւ Վահէ Օշական:
1.- Յակոբ Օշական (4): Հատուած մը հայ ժողովուրդէն ապրեցաւ «Աստուծոյ դժոխքներուն ամէնէն անըմբռնելին»: Այո՛, այսպէս: Կրօնական բառեր: Եւս առաւել` վախճանաբանական: Արձանագրելու համար` ահաւորագոյն փորձառութիւն մը: Կրօնական փորձառութիւնը ահաւորագոյնէ՞ն, ահաւորագոյնո՞վ կը սկսի: Ուստի` որեւէ ցանկութիւն անասելին բարբառելու կամ բանի բերելու, այլընտրանք չունի՞ քան կրօնական լեզուին օգտագործումը… Հաւանաբար:
Յ. Օշական տեսած էր, որ, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի հոգին «հազարամեայ աղէտներով խոցահար» էր, սակայն դիմակալած էր «դարերու գրոհ»-ին: Անոր հոգիին «սիւները» չէին խորտակուած, անոր «խորհուրդ»-ը անկում չէր ունեցած, քանի որ ան բոլոր աղէտներուն դէմ երեւան բերած էր «իր անայց խորութիւններէն» «երբեմն նուաղ, երբեմն հերարձակ» դիմադրական ճիգ, «պաշտպանողական միջոցներ»: Իսկ դժոխքներուն դժոխքին հասնելո՞վ… Ինկած էր անիկա եւ տարտղնուած` «աշխարհի չորս ծագերուն»: Ինկած էր անիկա «գազանին ժանիքներուն»: Անիկա այլեւս բռնուած էր անոր ժանիքներուն մէջ եւ անոնց կը պատկանէր:
Ծանօթ է, որ «գազան»-ը յայտնութենական (apocalyptique) տիպարն է, այն, որ աշխարհի վախճանին պիտի երեւի: Մինչ Յովհաննէսի Յայտնութեան տեսիլքը (12-րդ գլուխ) անոր պարտութիւնը արձանագրած է անցեալ կատարեալով, այսինքն` արդէն իսկ պատահած, Յ. Օշական ինքզինքին չէր արտօնած գուշակել եղեռնեան գազանին պարտութիւնը: Կը խորհիմ, որ անկախ գիտակցումէն, թէ հայութեան «յաւիտենական թշնամին», անկէ «անհունապէս գերազանց» էր թէ՛ իբրեւ ուժ, թէ՛ իբրեւ թիւ, թէ՛ իբրեւ վայրագութիւն, թէ՛ իբրեւ գիշախանձ ախորժակ,
1) Կը տեսնէր հայ հոգիին «հիւթասպառումը», այլասերումը, օտարումը «սեպհական յոյզեր»-էն, ազգային ինքնահերքումը, եւ
2) Կը տեսնէր հայ ոգեկանութեան «ամնէզի»-ն. «Մենք հոգեկան amnésie մը կ’ապրինք այսօր»: Հայ ոգեկանութիւնը հաւաքաբար, «երբեմն բռնի, երբեմն ալ ինքնամատոյց, մոռցաւ բաներ, որոնք (…) միշտ աղէտահար, բայց միշտ ալ անվթար ցեղային գիտակցութիւնը բերեր էին մինչեւ դռները նոր ժամանակներու»:
«Նոր ժամանակնե՞ր»-ը:
Յ. Օշական գրած էր. «Սովորութիւն է տարագրութիւնը տեսնել կոտորածի ու կրակի շառայլին ու ջայլին ընդմէջէն: Անշուշտ չեն հերքուիր դանակն ու հրդեհը: Բայց մոռցուած է հոգեդաշտը անկէ անցնողներուն: Մեր սփիւռքը այնքան յագ է մեր նիւթական տագնապներով, որ ո՛չ գրողը, ո՛չ կրօնականը, ո՛չ ալ մեր ժողովուրդի գոյութեան ճարտարապետները ատեն գտած են զբաղելու մեր հոգիին վրայ կատարուած աւելի մեծ, սեւ կոտորածով (…): Ահա` սփիւռքին ամէնէն ծանր տագնապը: Այնքան մօտիկ ազատութեան, զայն շօշափելէ վերջ նոյնիսկ, մենք մեզ կը գտնենք` նետուած չորս հովերուն»: Նետուած ո՛չ թէ միայն տարագրողէն, այլեւ` «մեր հարցը լուծելու» միջազգային ուժերու խաղերէն, որոնք մեր բնաջնջումը փոխադրեցին մեր մէջ, «մեզմով, առանց բանակի ու առանց հրդեհի» իրագործելու համար զայն, «մեր հոգիին մէջ ներարկելով թոյները մեզ մեզմէ գանելի դարձնող»: Սփիւռքը թուանաւորեալն էր, որ ինքզինք կը բնաջնջէր իր հոգիին տիրապետող «սեւ»-ով: Տակաւին թունաւորեալը չէ՞… դեռ գրողները, կրօնականները եւ մեր ժողովուրդի «գոյութեան ճարտարապետներ»-ը չե՞ն տարուած «նիւթական տագնապներով»…
Ըստ Յ. Օշականի, սփիւռքը քաւարան է:
Քաւարանի աստուածաբանութիւնը կաթողիկէ վարդապետութիւն մըն է, ուստի` մէջբերում մը «Քրիստոնէական Կաթողիկէ եկեղեցի» հատորէն (Վատիկան, 1997): «Վերջնական մաքրութիւն կամ քաւարանը» վերնագրին տակ գրուած է. «Անոնք, որ կը վախճանին շնորհքին եւ Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ` առանց կատարեալ կերպով մաքրուած ըլլալու, անոնք թէպէտ ապահոված են իրենց յաւիտենական փրկութիւնը, սակայն իրենց մահէն ետք մաքրազտումի տառապանքը պիտի կրեն, որպէսզի ընդունին երկինքի ուրախութիւնը մտնելու անհրաժեշտ սրբութիւնը»:
«Քաւարան»-ը Յ. Օշականին եկած էր Տանթէէն: Սակայն իտալացի քերթողին աստուծաբանական եւ բարոյագիտական նախադրեալները զինք չէին հետաքրքրած, նոյնիսկ` քաւարանին «մաքրազտում»-ի (կը նախընտրեմ` «մաքրամաքրում»-ի) տեղ մը ըլլալ: Ինծի կը թուի, որ Յ. Օշական հայութեան մնացորդը տեսած էր պարզապէս դժոխքէ քաւարան անցման մէջ, եւ «քաւարան» բառին տակ ի մտի ունեցած` Ս. Գիրքէն հետեւեալը:
Քահանայապետը տարին մէկ անգամ քաւութեան պատարագ կը մատուցէր: Ղեւտացիներու գիրքի 16-րդ գլխուն մէջ պատուիրուած է, որ ան երկու նոխազ առնէ ու «Տիրոջ առջեւ կեցնէ»: Ապա նոխազներուն վրայ վիճակ ձգէ` «մէկ վիճակը` Տիրոջ համար, եւ միւս վիճակը` ազատ արձակուելիք նոխազին համար»: Յետոյ Տիրոջ համար նոխազը, վասն իր ժողովուրդի քաւութեան, իբրեւ մեղքի պատարագ մատուցէ, իսկ արձակուելիքը դարձեալ կեցնէ «Տիրոջ առջեւ», որպէսզի անով եւս քաւութիւն ընէ: Քահանայապետը, արձակելէ առաջ նոխազը, պէտք է երկու ձեռքերը դնէ նոխազին գլխուն վրայ, իր ժողովուրդին «բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր մեղքերն ու բոլոր յանցանքները» խոստովանի, նոխազը յանձնէ «յարմար մարդու մը» եւ զայն անապատ ղրկէ: «Յարմար մարդ»-ը զայն պիտի տանի ու արձակէ…
Թէ հայութեան պարագային ո՞վ կամ որո՞նք էին «քահանայապետ»-ը: Կ’ենթադրեմ` նկատի ունեցած էր միջազգային ուժերը, որոնց շահամոլ խաղերուն մէջ տեսած է մեր բնաջնջումը: Իսկ «յարմար մարդ»-ը` թուրքը:
Ղեւտացիներու գիրքին 16-րդ գլուխէն կարելի է հասկնալ, որ հայութեան մէկ մասը զոհ մատուցուած էր վասն մարդկութեան անօրէնութիւններուն, մեղքերուն եւ յանցանքներուն քաւութեան, իսկ միւս մասն ալ դարձեա՛լ վասն մարդկութեան քաւութեան, արձակուած էր «անապատ»…: Մնացորդը` արձակուած քաւութեան նոխազն էր: Անապատը` քաւարանը: Արձակուածին հետ պիտի մոռցուէին բոլոր անօրէնութիւնները, մեղքերն ու յանցանքները, եւ կարելի պիտի ըլլար կեանքը շարունակել…այլ ողջակիզելի եւ արձակելի զոհեր մատուցելու համար: Մնացորդ նոխազը, ուրեմն, նաեւ յանձնուածն էր մոռացութեան, ուրկէ նաեւ` մոռացումը: Արդէն մնացորդին ընտրութիւնը` իբրեւ նոխազ (թէ՛ ողջակիզման եւ թէ` արձակման)` զայն «անբան»-ի տեղ դնել էր: Երբ բանականը իբրեւ անբանական կ’ընտրուի եւ կը զոհուի, կը կորսնցնէ իր «բան»-ը: Եւ կու գամ` մնացորդի մոռացութեան: Արդ, մնացորդին ոգեկանութեան «ամնէզի»-ն իր վիճակէն էր` իբրեւ նոխազ քաւութեան:
Սփիւռքը մնացորդն է, որ անապատին մէջն է, մէջը` մոռացութեան երկրին:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ: Յ. Օշական պատրանքներով չէր օրօրած ինքզինք: Սակայն ունեցած էր երազ մը մնացորդին հայրենիքի մէջ վերաբնակման: Բայց փակելէ առաջ Յ. Օշականի բաժինը, սա ալ ըսեմ, որ ըստ իրեն, սփիւռքը կրկնումն է գերութեան մը, որ բաբելոնեանն է. «յուսակորոյս» գերութիւն մը: Սակայն մենք գիտենք, որ բաբելոնեան գերութիւնը իր անյուսութեան մէջ վերագտաւ յոյսը: Յ. Օշականն ալ գիտէր ասիկա: Արդ, կրկնօրինակ գերութիւնը իր կարգին պիտի կարենա՞յ վերագտնել յոյսը, այն, որ ցրուած ոսկորներուն մարմին եւ շունչ կու տայ, այն, որ զանոնք կը կազմակերպէ մինչեւ վերաբնակման օրը…: Այն յոյսը կը հաւատայ ստեղծագործաբար լինելութեան (ասիկա «Մեհեան»-ին կտակն է, եւ Յ. Օշական մեհենական մըն էր, որ Հայաստանեայց Գրականութիւնը տեսաւ որպէս հայութեան ժողովումին սրբազան վայրը):
2.- Բաբգէն Փափազեան: Այս գաղափարաբան հրապարակագրին սփիւռքի մասին յօդուածներէն հաւաքած եմ «սփիւռք. ինքնութիւն-այլութիւն» Ա. հատորին մէջ: Եւ ահա` ամփոփում մը:
Սփիւռքը, կամ այն, որ սովորութիւն է «աւանդական» կոչել, կազմուած է 1915-ի Ցեղասպանութեան ճողոպրածներէն, «եաթաղանի ուժով» սեփական Հայրենիքէն արտաքսուածներէն եւ անոնց զաւակներէն: Այս ցրուածութեան պատճառը տնտեսութեան մը աննպաստ վիճակը չէ, կամ անոր դժուարութիւններն ու անկումը չեն. նաեւ չեն քաղաքական լարուած պայմանները, անկայունութիւնը, (կ’աւելցնեմ` հալածանքը, ԳՔ), այլ` բնաջնջումը եւ տարագրումը, ըսած էր Փափազեան: Հայ սփիւռքը հայրենազրկուածներու, իրաւազրկուածներու սփիւռք մըն է: Անիկա «արդիւնք է քաղաքական աքթերու եւ միջազգային օրէնքներով անընդունելի ոճիրի մը` հայասպանութեան ոճիրին»: Ուստի կարելի չէ զայն նոյնացնել այն զանգուածներուն հետ, որոնք կամովին («ազատ կամքով») կը հեռանան իրենց հայրենիքէն եւ «աշխարհով մէկ կը ցրուին»:
Հայ սփիւռքը ունի տարբեր «հոգեկան ու հոգեբանական» վիճակ անոնցմէ, որոնք ինքնակամ հեռացած են կամ կը հեռանան իրենց հայրենիքէն:
Ի՞նչ է անոր «հոգեկան ու հոգեբանական» վիճակը:
Նախ` հոգեբանականը: «Սփիւռքը հազարաւորներու տառապանքն է»: Հասկնալ` բազմապատիկ բազմաց: Հասկնալ նաեւ, որ այս տառապանքը արդէն չկայ «մեծ թիւ մը օտարութեան հալոցին մէջ հալած ու կորսուած հայերու համար»: Տառապողները ունին տեղահանուածի եւ իրաւազրկուածի հոգեվիճակ. ոմանք կը ստանձնեն ձայնը «պահանջատէր ներկայանալու աշխարհին ու մարդկութեան առջեւ», այլք կը յանձնուին առօրէական ինքնախաբէութիւններու, եւ ուրիշներ` ամենատեսակ խուսափումներու, «սեփական հայրենիքին պահանջը» ծալելով եւ մէկդի դնելով:
Եւ «հոգեկան»-ը: Անիկա հայ սփիւռքին ներքին այն աշխարհն է, որ կապ ունի անոր «տիեզերական նպատակներ ըմբռնող (…) էութեան»: Անոր «ազգային էութիւն»-ին «հաստատութիւն»-ը, ինչպէս մեր հայրերը պիտի ըսէին, պապենական յափշտակեալ հողերն են: «Հայկական բարձրաւանդակ»-ը «իրապէս մայրն է հայութեան, կերտի՛չը անոր պատմութեան ու նկարագրին»: Երկրորդ` անոր լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը: Երրորդ` «հայօրէն կարենալ մտածելը, զգալն ու գործելը», եւ ըստ իրեն, այնպէս կարենալ մտածելուն, զգալուն եւ գործելուն առանցքային դերը վերապահուած է քաղաքականութեան, որովհետեւ «քաղաքականութիւնը անբաժանելի է քաղաքակրթութենէն, մշակոյթէն: Իւրայատուկ քաղաքական պայմաններն են, որ կը յառաջացնեն իւրայատուկ քաղաքակրթութիւն ու մշակոյթ»: Սա կը նշանակէ, որ ազգային էութիւնը քաղաքականութեամբ մըն է, որ կը կերտուի: Ո՛չ թէ միայն քաղաքանութեամբ, այլ` «իւրայատուկ» քաղաքականութեամբ: Գրած է ան. «Չենք կրնար խուսափիլ քաղաքականութենէն: Մեր երջանկութիւնը, մեր կեանքը, յաճախ մեր գոյութիւնն իսկ կախում ունին անոր ազդեցութենէն: Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, թէ ինք քաղաքականութեամբ չի զբաղիր, չ’ուզեր զբաղիլ. նման արտայայտութիւն մը ինքնին քաղաքական դիրքաւորում մըն է. կը նշանակէ, թէ ենթական լռելեայն համաձայն է գոյութիւն ունեցող քաղաքական ըմբռնումներուն (…), գոյութիւն ունեցող իրավիճակով»: Ուրեմն «ազգային էութիւն»-ը, ըստ իրեն, իսկութեամբ քաղաքական է: Անկասկած շատ բարդ երեւոյթ` «հոգեկան»-ին միեզրացում մըն է ասիկա, եւ ասիկա միայն Փափազեանի խնդիրը չէ: Բայց շարունակեմ իր պնդումին անդրադառնալ:
«Իւրայատուկ» քաղաքականութեան մը համար շատ կարեւոր է անոր փոխանցումը, անով դաստիարակումը նոր սերունդներուն: Անհրաժեշտ է պատրաստումը ոչ կամազուրկ հայ մարդուն: Սակայն այդ պատրաստութիւնը պէտք չէ ըլլայ ջամբում մը հեքիաթներու, այլ` քննական ասպարէզ մը: Մինչ հայերէն գիտցող սերունդներուն հետ պատրաստութեան աշխատանքը հարկ է տանիլ, միաժամանակ հայերէն չգիտցողները պէտք չէ «իրենց բախտին լքել», այլ` զանոնք «ներգրաւել», անոնց եւս քաղաքական մտածողութիւնը զարգացնել, խթանել եւ ուղղել հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ կապ ունեցող հարցերուն»:
Ո՞ւր կ’երթայ սփիւռքը:
Անիկա «չափազանց ցրուածութեան եւ չափազանց մեծ հեռաւորութեան իրողութիւնն է»: Անիկա «կրկնակ պատկանելիութեան» իրականութիւնն է: Սփիւռքահայը կրկնակ պատկանելիութիւն ունի. ազգային եւ քաղաքացիական: Անոնք պէտք է մերուին, եւ ոչ թէ ազգայինը օտարանայ քաղաքացիական պատկանելիութեան մէջ: Փափազեան մերժած է «հայապահպանում»-ի այն ըմբռնումը, որ կը ձգտի «միայն անցեալին կառչելու, անցեալով ապրելու, անցեալ կրկնելու»: Այսպիսի ձգտումին «ազգային նկարագրի ստեղծագործական ուժեղ թափը կը պակսի», եւ որուն հետեւանքը կ’ըլլայ «ազգային նկարագրի աղաւաղում մը»:
«Ենթակայական հաշուումներ»-ով ճիշդ չ’ըլլար ըսել, թէ ո՛ւր կ’երթայ սփիւռքը: Անհրաժեշտ է «իսկոյն գործել. գործել` կրկնապատկուած ուժերով, կրկնապատկուած ճիգ թափելով: Անհրաժեշտ է ցուցաբերել բացառիկ պայմաններու ատեն անհրաժեշտ բացառիկ մօտեցումը»: Այսուհանդերձ, ապագան կախում պիտի ունենայ Հայաստանի հետ (իր օրերուն` խորհրդայինն էր, ԳՔ) անոր յարաբերութեան բովանդակութենէն եւ զօրութենէն: Նաեւ սփիւռքին նկատմամբ` Հայաստանի գուրգուրանքէն եւ հովանաւորութենէն: Հայութեան «ընդհանրական հայրենասիրութիւն» մը կենսական է:
Եւ սփիւռքը պիտի դադրի, երբ Հայ դատի տեսլականը իրականանայ: Անկէ ետք` Սփիւռքի մէջ մնացողները պիտի ըլլան գաղութներ միայն:
(Շար. 2)
4.- Յ. Օշականի առիթով օգտագործեցի իր «Մոռցուած բաներ» (Պէյրութ, 1998, խմբ. Պ. Սնապեան) եւ «Վկայութիւն մը» (Հալէպ, 1946) գիրքերը:
(Ա. մասը` 1 նոյեմբերի թիւով)