Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

November 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը հասել է մի հանգրուանի, ուր այլեւս նոյնացած են իր եւ հայ ժողովուրդի նպատակն ու տեսլականը: Այդ նպատակն ու տեսլականը մարմնաւորուել են հայոց ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, հայկական մշակոյթի մէջ, հայի նկարագրի ու հոգեբանութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը արտացոլել է հայ ժողովուրդի դարաւոր տենչերն ու ձգտումները, այն աստիճան` որ այն թէ՛ քաղաքական պատմութիւն է, թէ՛ հոգեկան դարբնոց եւ թէ՛ բազում սխրագործութիւնների ու անձնազոհութիւնների բոցեղէն մի մատեան: Եւ այս բոլորը` յանուն  ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի ստեղծման, այսինքն հայոց պետականութեան հիմնադրման:

Դաշնակցութիւնը հոգի է, միտք ու գաղափար: Հայաստանը պէտք ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իր ուրոյն ու հարազատ դիմագիծը գտնելու համար: Հայաստանը պէտք ունի Դաշնակցութեան, եօթանասունամեայ աղաւաղուած բարքերի ճահճախուտից դուրս գալու համար: Հայ ժողովուրդը պէտք ունի Դաշնակցութեան, իր անցողակի ու միաժամանակ յաւերժական երթը պատմութեան միջից իմաստաւորելու համար: Պիտի խտացնել շարքերը գաղափարաշունչ նուիրեալներով: Պիտի լուսաւորել ժողովուրդը ազատութեան ու ժողովրդավարական գաղափարներով: Պիտի ծառայել ժողովուրդին, որպէսզի մի օր ժողովուրդը ինքնաբերաբար ծառայի գաղափարին:

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ 

Հայ ժողովուրդը իր ամբողջական եւ անվերապահ վստահութիւնը շնորհած է ՀՅ դաշնակցութեան մէկ եւ միակ պատճառի մը համար: Հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան մէջ տեսած է ու կը շարունակէ տեսնել իր ազատատենչ ձգտումներուն բնական ձեւաւորումը եւ հարազատ մարմնաւորումը:

Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, սկսելով Հայկ Նահապետի առաջին էջէն, ազատութեան ի խնդիր մղուած մարտնչումներու, պայքարներու, կռիւներու, ըմբոստութիւններու, ապստամբութիւններու եւ պատերազմներու շարան մըն է: «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանը խորապէս եւ անջնջելի կերպով դրոշմուած է հայ ժողովուրդին հոգիէն ներս:

ՀՅ դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ ազատագրական արիւնոտ ճանապարհին վրայ: Քալեց նոյն ճանապարհէն, զարկաւ, զարնուեցաւ, զոհուեցաւ, մղեց գոյամարտ, պարտուեցաւ, յաղթեց: Ստեղծուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստան: Հիմնուեցաւ պետականութիւն, ունեցանք ազգային դրօշակ:

Հայ ժողովուրդը տեսաւ ՀՅ դաշնակցութեան հրաշակերտ գործը: Այսօր ալ հայ ժողովուրդը կը հաստատէ, որ երբ ՀՅ դաշնակցութիւնը իր քաղաքական պահանջները կը ձեւաւորէ «Ազատ ու անկախ Հայաստան եւ ամբողջական հայրենիք ամբողջական հայութեամբ» պարզաբանուած բանաձեւումով, ան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ծնունդին եւ ջահակիրը հանդիսանալ հայութեան ազատատենչ եւ անմար ձգտումներուն:

Ունենալ ժողովուրդին վստահութիւնը` կ՛ենթադրէ վերցնել ծանր պատասխանատուութիւններ: Քանի կը տարածուի իր ժողովրդականութիւնը այնքան եւ աւելի ՀՅ դաշնակցութիւնը կը բազմապատկէ իր ճիգերը, կը ստանձնէ նորանոր ու ծանր զոհողութիւններ: Որովհետեւ ժողովուրդին վստահութիւնը կը կազմէ մշտահոս աղբիւրը ՀՅ դաշնակցութեան բարոյական ուժին, որ մղիչ ուժն է կուսակցութեան ամէն տեսակի իրագործումներուն:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Դաշնակցութիւնը, մեր այսօրուան քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ, անժխտելի կերպով ամէնէն գործունեայ, ամէնէն ընդարձակածաւալ ու միեւնոյն ատեն ամէնէն աւելի հասարակաց ըմբռնումին մէջ վէճի ու անհամաձայնութեան առարկայ դարձած կուսակցութիւնն է թէ՛ իր ձգտումներուն եւ թէ՛ իր գործելակերպին տեսակէտով:

Դաշնակցութիւնը, անտարակոյս, զինքը տոգորող ընդհանուր ոգիին իսկ բերմամբ, հայ կեանքին մէջ կենսաւէտ ուժ մըն է, զոր կարելի չէ վարկաբեկել կամ ջլատել ջանալ, առանց վնասելու ազգային դատին ու շահերուն:

Անտարակոյս, կարելի է քննադատել Դաշնակցութիւնը, երբ կարիք կայ` անկեղծութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ: Արի կուսակցութիւն մը չէր կրնար մերժել քննադատուելու կարելիութիւնը: Բայց զայն քանդելու աններելի ինքնասպանութիւնը թող չգործուի բնաւ:

… Կը փափաքիմ, որ Դաշնակցութիւնը ապրի ու բարգաւաճի, վասնզի համոզուած եմ, թէ կազմակերպութիւնները նշանակելի ու մեծ արժէք ունին իրենց քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ, պատմական եւ այլ կարգի չարիքներէ հալածական ժողովուրդներու գոյութեան տեսակէտէն:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Նախորդը

Դպրեվանքի Առօրեայէն

Յաջորդը

Լեւոն Գաթրճեանի Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.