– Ընձուղտը Կամ Giraffa Camelopardalis-ը
– Արեան Բարձր Ճնշման Ծանօթ Դեղատեսակ Մը` Telisartan-Ը, Կրնայ Կանխել Ալցհայմըրի Հիւանդութիւնը Սեւամորթ Հիւանդներու Մօտ
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ընձուղտը Կամ
Giraffa Camelopardalis-ը
Ինչո՞ւ մարդիկ այդքան կը նային ընձուղտներուն. բացի ակնյայտ այն պատճառէն, որ անոնք բաւական բարձրահասակ են, որովհետեւ անոնք բնութեան ստեղծագործութեան հրաշալի օրինակներ են:
Ընձուղտները ցամաքային ամէնէն բարձրահասակ կենդանիներն են: Ընձուղտը կրնայ նայիլ երկրորդ յարկի պատուհանին` նոյնիսկ առանց ոտքի մատներուն վրայ կանգնելու: Ընձուղտի 1,8 մեթրանոց վիզը կը կշռէ մօտ 272 քիլոկրամ: Ընձուղտին ոտքերը նոյնպէս 1,8 մեթր երկարութիւն ունին: Ետեւի ոտքերը աւելի կարճ կը թուին, քան` անոր առջեւի ոտքերը, բայց անոնք մօտաւորապէս նոյնն են հասակով: Ընձուղտի սիրտը 0,6 մեթր երկարութիւն ունի եւ կը կշռէ մօտ 11 քիլոկրամ, իսկ անոր թոքերը կրնան պահել 12 կալոն (55 լիթր) օդ:
Ընձուղտները իրենց մէջքին փոքր կուզ մը ունին եւ ընձառիւծի նման խայտաբղէտ նախշ մը` իրենց վրայ: Անցեալին, երկար ժամանակ մարդիկ ընձուղտը կ՛անուանէին «ուղտ-ընձառիւծ» (camel-leopard), որովհետեւ կը կարծէին, որ ան ուղտի եւ ընձառիւծի խառնուրդ է: Ահա թէ ուրկէ կու գայ ընձուղտին camelopardalis անունը (նոյնն է պարագան հայերէնին` ընձ-ուղտ (Ք.)):
Թէեւ Current Biology գիտական ամսագրին մէջ հրապարակուած ընձուղտներու ծինական ուսումնասիրութիւնը եզրակացուց, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին ընձուղտներու չորս տարբեր տեսակներ, որոնք կը տարբերին իրարմէ, որքան` բեւեռային արջերը շագանակագոյն արջերէն, ներկայիս սակայն անոնցմէ մէկը ճանչցուած է ինը ենթատեսակներով: Իւրաքանչիւր ենթատեսակը ունի տարբեր նախշեր եւ կ՛ապրի Ափրիկէի տարբեր շրջաններուն մէջ: Ընձուղտի մորթին գոյները կը տատանին բաց շագանակագոյնէն մինչեւ գոց սեւ գոյնը: Տարբերութիւնները կը յայտնուին անոնց սպառած ուտելիքին եւ ապրած վայրին պատճառով: Իւրաքանչիւր ընձուղտի մորթի նշանները նոյնքան առանձնայատուկ են, որքան` մեր մատնահետքերը:
Քենիոյ մասայ ընձուղտները ունին կաղնիի տերեւներու նմանող նախշեր: Ուկանտայի կամ Ռոտշիլտի ընձուղտները ունին մեծ, շագանակագոյն բիծեր, որոնք բաժնուած են հաստ, պեժ գիծերով: Ցանցաւոր (reticulated) ընձուղտը, որ յայտնաբերուած է միայն հիւսիսային Քենիոյ մէջ, ունի գոց գոյն մորթ աչքի թուացող բարակ ճերմակ գիծերով բաժնուած:
Քանի՞ ոսկոր կայ ընձուղտի վիզին մէջ.
Ինչպէս մարդիկ, այնպէս ալ ընձուղտները ունին վիզի եօթը ողնոսկր: Այնուամենայնիւ, ընձուղտներու համար իւրաքանչիւր ողնոսկր կրնայ ունենալ աւելի քան 25,4 սանթիմեթր երկարութիւն:
Ե՛ւ արու, ե՛ւ էգ ընձուղտները ունին երկու յստակ, մազածածկ եղջիւրներ, որոնք կը կոչուին ossicones (այսինքն` ոսկրացած կոներ): Արու ընձուղտները կ՛օգտագործեն իրենց եղջիւրները կռուելու համար` իւրաքանչիւրը իր վիզը հակառակորդին դէմ դնելով: Երբ արուն կը դառնայ չափահաս, անոր գանկին վրայ կը սկսին գոյանալ կրածինի կուտակումներ, որոնք կը պաշտպանեն զայն այլ արուներու հետ կռուելու պարագային: Այս կուտակումները կրնան բաւական որոշ ըլլալ` տալով երեքէն հինգ ընձուղտի եղջիւրի տարօրինակ տեսք:
Ընձուղտները այնքան մեծ են, որ անոնք իսկապէս պէտք չունին պահուըտելու գիշատիչներէն: Թիւով շատ ըլլալուն մէջ ապահովութիւն կայ: Դժուար է մէկ ընձուղտ մը ընտրելով` որսալ, երբ անոնք ամուր խումբ մը կը կազմեն:
Բացի մարդոցմէ, անոնց կ՛որսան միայն առիւծներն ու կոկորդիլոսները: Եթէ ստիպուած ըլլան, ընձուղտները կը պաշտպանուին քարաթէի ոճով մահացու հարուածով մը: Անոնց արագութիւնը, շարժելու ձեւը եւ մարմինի կառուցուածքը նոյնպես կ՛օգնեն իրենց` խուսափելու գիշատիչներէն, եթէ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ: Ընձուղտները ունին քալելու յատուկ ձեւ կամ քալուածք, երբ մէկ կողմի ե՛ւ առջեւի, ե՛ւ ետեւի ոտքերը միասին առջեւ երթան, անոնց կը յաջորդեն միւս կողմի միւս երկու ոտքերը եւ անոնք ալ առջեւ կ՛երթան: Ընձուղտները կրնան շատ արագ վազել` մօտ 56 քմ/ժամ:
Թերեւս կարծէք, որ առիւծներէն օրական 16-20 ժամ զգուշ ըլլալը ընձուղտին համար ծանրաբեռնուածութիւն է, սակայն, զարմանալիօրէն, ընձուղտներուն պէտք է ընդամէնը 5-30 վայրկեան քուն` օրուան 24 ժամուան ընթացքին: Անոնք յաճախ կը հասնին այդ 30 վայրկեանին կարճ-կարճ մրափներով, որոնք կրնան տեւել իւրաքանչիւրը մէկ կամ երկու վայրկեան: Ընձուղտները կրնան հանգստանալ կանգնած, բայց երբեմն նաեւ կը քնանան` գլուխը յենած իրենց իրանին: Այնուամենայնիւ, այդ մէկը խոցելի դիրք մըն է ընձուղտին համար, ուստի սովորաբար երամակի անդամներէն մէկը պահակ կը մնայ:
Շատեր կը կարծեն, որ ընձուղտները ձայն չունին, բայց անոնք կ՛արձակեն տարբեր հնչիւններ, որոնց կարգին` բառաչը, մռնչիւնը, խռմփոցը, ֆշշոցը եւ քրթմնջոց: Անոնք պարզապէս շատ հազուադէպօրէն կ՛ընեն այդ մէկը: Ընձուղտները, երբ կը տագնապին, կը խռմփան: Սպառնալիքները, օրինակ` մօտակայ շրջանին մէջ առիւծներ գտնուելու պարագային, ընձուղտին խռմփալու պատճառ կրնան դառնալ: Ընձուղտները յաճախ կանուխ նախազգուշացման ազդանշանն են սաւանայի այլ վայրի բնութեան համար: Եթէ ընձուղտներու երամակը սկսի վազել, այլ կենդանիներ կը հետեւին անոնց: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ընձուղտները մարդու լսողութեան մակարդակէն ցած ձայն կը բարձրաձայնեն եւ, հաւանաբար, կ՛օգտագործեն այդ մէկը հեռահար հաղորդակցութեան համար:
Դիւրին է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ընձուղտը վայրի բնութեան ամենասիրելի կենդանիներէն մէկն է մարդոց համար: Անոնց նրբագեղ քայլքը, թարթիչները եւ հանդարտ արտայայտութիւնը իրենց նրբագեղութեան մթնոլորտ մը կը հաղորդեն:
Բնավայրն ու սննդակարգը
Կենդանաբանական պարտէզին մէջ կ՛առանձնանան ընձուղտները: Բայց պահ մը մտածեցէք ափրիկեան միջավայրին մէջ ընձուղտներու ներկայութեան մասին: Այնտեղ անոնց մորթին նախշերը քողարկուելու պատճառ կը դառնան` միախառնուելով ստուերներու եւ տերեւներուն հետ: Ընձուղտները լաւ յարմարած են բաց ու ծառերով լեցուն ափրիկեան դաշտավայրերուն մէջ ապրելու համար: Մինչ ափրիկեան միւս բուսակերները կը մրցին խոտ եւ փոքր բոյսեր ուտելու համար, ընձուղտներն ունին իրենց համար բարձր ճիւղերը` նուրբ ու հասուն տերեւները:
Նման մեծ արարածներու ներուժ ապահովելու համար շատ տերեւներ կը պահանջուին: Ընձուղտները կրնան օրական մինչեւ 34 քիլոկրամ սնունդ ուտել: Անոնք օրուան մեծ մասը կ՛անցընեն ուտելով, որովհետեւ իւրաքանչիւր խածի ընդամէնը քանի մը տերեւ կրնան փրցնել: Անոնց սիրած տերեւները աքասիայի ծառերէն են: Այս ծառերը ունին երկար փուշեր, որոնք թոյլ չեն տար վայրի կենդանիներու մեծ մասին ուտելու զանոնք: Բայց այդ փուշերը չեն կրնար արգլեք ըլլալ ընձուղտներուն: Անոնք պարզապէս կ՛օգտագործեն իրենց 46 սանթիմեթրնոց լեզուն եւ կորզող շրթունքները, որպէսզի հասնին փուշերուն բոլորտիքը գտնուող տերեւներուն: Կ՛ենթադրուի, որ անոնց լեզուին գոց գոյնը կը պաշտպանէ զիրենք տերեւներուն հասնելու ժամանակ արեւի այրուածքէ: Ընձուղտներն ունին նաեւ հաստ, կպչուն թուք, որ կրնայ ծածկել բոլոր այն փուշերը, զորս իրենք կրնան կլլել:
Ընձուղտները որոճացող անասուններ են եւ ունին չորս բաժանմունք ունեցող ստամոքս, որ կը մարսէ իրենց կերած տերեւները: Երբ ընձուղտները չեն ուտեր, անոնք կ՛որոճան: Երբ ընձուղտները առաջին անգամ կուլ կու տան նոր տերեւներ, տերեւներու գունդ մը կոկորդին միջոցով վերստին կը բարձրանայ դէպի բերան` զայն աւելի շատ մանրացնելու համար:
Աքասիայի տերեւները կը պարունակեն մեծ քանակով ջուր, ուստի ընձուղտները կրնան երկար ժամանակ մնալ առանց խմելու: Երբ անոնք ծարաւնան, ստիպուած կ՛ըլլան բաւական ծռելու` լիճէն կամ առուակէն խմելու համար: Երբ անոնք ծռին, գիշատիչին համար շատ աւելի դիւրին կը դառնայ զայն որսալը: Այսուհետեւ, ընձուղտները միասին կ՛երթան ջուր խմելու` հերթապահութեամբ հետեւելով գիշատիչներուն: Եթէ ջուրը դիւրութեամբ հասանելի ըլլայ, անոնք կրնան խմել օրական 38 լիթր ջուր:
Ընտանեկան կեանք
Երբ ընձուղտին ձագը ծնի, առաջին անգամ աշխարհ կու գայ անոր ոտքերը, որոնց կը յաջորդեն իրանը, վիզն ու գլուխը: Անոր ելքը նման է կարապի սուզման: Որովհետեւ պորտալարը ընդամէնը մօտ 1 մեթր հասակ ունի, ծննդաբերութեան ընթացքին ան կը փրթի. բան մը, որ պատճառ կը դառնայ նորածինին գետին իյնալուն: Իյնալն ու գետին զարնուիլը չեն վնասեր ձագին, բայց կը ստիպեն, որ ան երկար ու խորունկ շունչ մը առնէ: Ձագը կրնայ ոտքի կենալ եւ քալել մօտ մէկ ժամ ետք: Երբեմն մայրը օրուան մեծ մասը մինակ կը ձգէ ձագը: Վերջինս հնազանդ ու հանդարտ կը նստի մինչեւ մօր վերադառնալը:
Երբ ձագը մեծնայ, մայրը իր փոքրիկը կը ձգէ միւս «մանկարանին» մէջ: Մայրերէն մէկը կը մնայ որպէս վերակացու ու մատակարար, իսկ մնացեալները կ՛երթան ուտելու եւ այլոց հետ յարաբերելու: Մանկարանին մէջ ձագերը խաղերու միջոցով կը զարգացնեն ֆիզիքական եւ ընկերային հմտութիւններ: Նշանակուած «վերակացուին» աչալուրջ հսկողութեան ներքոյ ձագերը ամբողջ օրուան ընթացքին կ՛ուսումնասիրեն իրենց շրջապատը: Նորածին ընձուղտները կրնան տերեւներ ուտել չորս ամսականին, բայց կը շարունակեն ծծկեր ըլլալ մինչեւ վեցէն ինը ամսական:
Պահպանում
Ափրիկեան շատ մը երկիրներու մէջ ընձուղտներու բնակչութիւնը դանդաղօրէն կը նուազի ապրելավայրերու կորուստի եւ անասուններու կողմէ բերքերու գերարածումին պատճառով: Որպէս հետեւանք` ընձուղտներու ապագան կախուած կը մնայ բնակավայրի որակէն: Անցեալ դարուն անոնց թիւը նուազած է. խոցելի վիճակ ունի ընձուղտի մէկ ենթատեսակ մը` արեւմտեան Ափրիկէի կամ նիկերիական ընձուղտը` camelopardalis peralta-ն, ինչպէս նաեւ այլ տեսակ մը` ուկանտական կամ Ռոտշիլտի ընձուղտը` Գ. rothschildi, որ համարեա՛ վտանգուած է: Թէեւ ան պատմականօրէն ապրած է արեւմտեան Քենիոյ մէջ, Ուկանտայի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ, Ուկանտայի ընձուղտը գրեթէ ամբողջութեամբ անհետացած է իր նախկին տիրոյթի մեծ մասէն եւ այժմ կը գոյատեւէ միայն քանի մը փոքր, մեկուսացուած բնակիչներով` Քենիոյ եւ Ուկանտայի մէջ: Նիկերիական ընձուղտին կը հանդիպինք Նիկերիոյ միայն մէկ տարածքին մէջ, եւ ան կը համարուի ընձուղտներէն ամէնէն հազուագիւտը:
Ցանցաւոր ընձուղտներու բնակչութիւնը` G.c. reticulata-ն, տագնապալի 80 տոկոսով մը նուազած է ընդամէնը 10 տարուան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ` որսագողութեան պատճառով: Որսորդները ընձուղտները կը գնդակահարեն կամ կը թակարդեն անոնց միսին, մորթին, ոսկրածուծին եւ պոչի մազերուն համար: Քենիան որդեգրած է ընձուղտներու պահպանման ծրագիր մը` այնտեղ յայտնաբերուած երեք ենթատեսակներուն` ցանցաւոր, Ուկանտայի եւ Մասայի ընձուղտի տեսակներուն համար:
Աղբիւր` San Diego Wildlife Alliance
Արեան Բարձր Ճնշման Ծանօթ Դեղատեսակ Մը`
Telisartan-ը, Կրնայ Կանխել Ալցհայմըրի
Հիւանդութիւնը Սեւամորթ Հիւանդներու Մօտ
Նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ արեան բարձր ճնշման telmisartan դեղատեսակը կրնայ նոր յոյսեր տալ, որպէս ալցհայմըրի բուժման միջոց` սեւամորթ հիւանդներու մօտ: Այն նոյն օգուտը սակայն չէ յայտնուած սպիտակամորթներուն մօտ:
Գիտնականները կը յայտնեն, որ նոյն դեղատեսակին տարբեր ցեղային խումբերու մարդոց արձագանգումը իմանալը կրնայ առանցքային ըլլալ ալցհայմըրի հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ: Թէեւ այս հիւանդութեան զարգացումը սեւամորթներու մօտ աւելի հաւանական է, սակայն անոնք սակաւաթիւ եղած են դարմանատնային փորձարկումներուն մէջ:
«Հաշուի առնելով որոշ դեղամիջոցներու տարբեր ցեղերու կողմէ տարբեր ձեւի արձագանգները` հնարաւորութիւն կայ հիւանդներու խնամքի կտրուկ ձեւով բարելաւման», կ՛ըսէ հետազօտութեան հեղինակ, Քլիվլանտի դարմանատան կենոմային բժշկութեան ուսումնարանէն Ֆէյսիոնկ Չենկ: «Այս թեկնածու դեղերը լաւապէս ճանչնալը կրնայ նաեւ աւելի շատ տեղեկութիւններ բացայայտել հիւանդութեան մասին` մարմնի մէջ դեղատեսակին թիրախները յայտնաբերելով», ըսաւ ան հաղորդագրութեան մէջ:
Չենկ ըսաւ, որ ապագայ փորձարկումները պէտք է առաջնահերթութիւն դարձնեն փոքրամասնութիւններէ հիւանդներ ներառելը:
Այս հետազօտութեան ընթացքին հետազօտուած դեղատեսակը` telmisartan-ը, կը դեղագրուի արեան բարձր ճնշում ունեցող մարդոց համար: Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ ան 60 տարեկանէն վեր սեւամորթ հիւանդներու մօտ ալցհայմըրի վտանգը կը նուազեցնէ, սակայն` ո՛չ սպիտակամորթ հիւանդներուն մօտ:
Դեղը կը բուժէ արեան բարձր ճնշումը` արգելափակելով Angiotensin II հորմոնը, որ արեան անօթներու կծկում կը յառաջացնէ: Խումբը նաեւ ուսումնասիրած է lisinopril-ը` դեղատեսակ մը, որ տարբեր ձեւով կը բուժէ արեան բարձր ճնշումը, սակայն անիկա ակնկալուած նոյն այս օգուտները չէ տուած:
Հետազօտողները կ՛ըսեն, որ ասիկա ցոյց կու տայ, որ Angiotensin II-ի արգելափակումը կրնայ օգտակար ըլլալ սեւամորթ հիւանդներու մօտ ալցհայմըրի կանխարգիլման կամ բուժման համար:
Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին հետազօտողները ուսումնասիրած են աւելի քան 5 միլիոն հիւանդներու տուեալները` ալցհայմըրի հիւանդութեան Secquencing Project-ի շրջանակներուն մէջ, որ միջազգային ջանքեր կը գործադրէ հիւանդութեան ծինական հիմքերը, ինչպէս նաեւ դեղամիջոցներու արդիւնաւէտ թիրախները բացայայտելու համար:
Չենկի խումբը կ’աշխատի գտնելու համար նոր թիրախներ եւ դեղատեսակներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ ալցհայմըրի հիւանդութեան բուժման համար:
Միացեալ Նահանգների մէջ ալցհայմըրի հիւանդութեամբ կը տառապի աւելի քան 6 միլիոն մարդ: Թէեւ 60 տարեկանէն վեր սեւամորթներու մօտ երկու անգամ աւելի հաւանական է ալցհայմըրի զարգացման հաւանականութիւնը, քան` սպիտակամորթները, սակայն միայն մէկ դեղատեսակ հաստատուած է հիւանդութիւնը զարգանալու պարագային հնարաւոր պատճառները անմիջապէս ուղեղին մէջ բուժելու համար:
Աւելի հաւանական է, որ սեւամորթ հիւանդները ունենան ալցհայմըրի հետ կապուած այլ առողջական պայմաններ, ինչպիսիք են` արեան բարձր ճնշումը, շաքարախտը եւ երիկամներու երկարատեւ հիւանդութիւնները: Հետազօտողները կը փորձեն պարզել, թէ ինչպէս այս պայմանները կառավարելը կրնայ նաեւ նուազեցնել ալցհայմըրի վտանգը:
Աղբիւր` Drugs.com