Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Նոյեմբեր 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր օրերուն, հայ ժողովուրդը երբ անարգ թշնամիին սուրը ոսկորին հասած եւ իր գոյութիւնն էր վտանգուած, աստուածային երկունքով մը ծնունդ տուաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, անոր միջոցաւ իր կեանքն ու պատիւը, իր ազատութեան Աստուածատուր իրաւունքը պաշտպանելու համար:

Հրաշալիօրէն գեղեցիկ, բայց բնազանցական էր Վահագնի ծնունդը:

Առնականօրէն գեղեցիկ, բայց նաե՛ւ մարդկային էր Դաշնակցութեան ծնունդը, որուն համար երկունքի մտած էին համահայկական ցաւն ու տառապանքը, արցունքն ու արիւնը:

Այս երկուքի համանմանութի՞ւնը, այս երկուքի դարերու ընդմէջէն իրար միացնող ոսկիէ օղա՞կը. ատիկա նախախնամական կարգադրութեամբ մը եւ աներկբայելիօրէն վահագնեան քաջութեան պաշտամունքն էր:

Պատմական ճշմարտութիւնը որ տեղի ունեցաւ մեր օրերուն, այն է, որ Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան հերոսները որպէս անգերազանցելի ասպետներ, իրենց կուրծքերը իբր ամրակուռ վահան ծառայեցուցին, պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, ապա` իրենց սուրբ արեամբ գրելու համար մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պայծառ էջերը:

Այդ հերոսներն էին, որ հետեւելով ակն ընդ ական, եւ ատամն ընդ ատաման ճշմարիտ նշանախօսքին, հայ ժողովուրդի արի-արանց զաւակները, ծառացուցին ջարդի ու թալանի տենչէն գազանացած անարգ թշնամիին դէմ եւ սպարտական քաջութեամբ մղելով Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի  դիւցազնամարտերը, վերջ տուին վեց հարիւր տարուան գերութեան, եւ ոսկիէ տառերով հայ ազգային պատմութեան մէջ արձանագրեցին նորագոյն անկախութեան օրը, 1918 մայիս 28:

Կը հաւատանք, ի խորոց սրտի կը հաւատանք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հինաւուրց հայ ժողովուրդի Վահագնեան քաջութեան, արութեան եւ գեղեցկութեան նորագոյն ճառագայթումն է:

Գ. ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ

Մեծ անցքին համար ինքնամփոփման րոպէներու կայքն է աս: Եւ այդ անցքը` փոխակերպման կայծակնային գիծն է դէպի հերոսութիւն, –  կայծակնային գիծ մը, որ սկիզբն է, արշալոյսն է արբեցուցիչ ու հսկայական գինովութիւններու, հոյակապ տառապանքներու, շանթագեղ մարտնչումներու, լուսարձակ մահերու: Կայծակնային շքեղ ու հերոսական գիծ մը, – եւ գիտակցութեան լոյսը, սիրոյ զոհաբերութիւնը, հաւատքի աստղը, կամքի ուժը, պայքարի կրակը, կեանքի իմացումը եւ մահուան արհամարհանքն են, որ գաղափարի արեւէն ընդանցուած, պիտի ստեղծեն այդ գիծը, – դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր, որ պիտի ստեղծէք զայն: Կ՛ուզէ՞ք գծել կայծակնային այդ գիծը` ե՛ւ յետոյ, զայն մխրճել պորոտագին` ոճրածարաւ բռնութիւններու մթամա՛ծ ու մահացուցիչ քաոսին խո՜րը, շառաչել, փայլատակել, դղրդացնել, լուսաւորե՜լ ու ամէնէն վերջը, ահագնաժամ ու քանդիչ գունտի մը պէս պայթիլ անարդարութեան աշտարակներուն վրայ: Կ՛ուզէ՞ք ջնջել սա սեւ ու թանձրամէգ ամպը, որ ահա, նորէն, մեծ-տանջարանի հնոցէն գոլորշիացած, կը բարձրանայ եւ կ՛երթայ կուրացնել Մասիսի բիբերը: Կ՛ուզէ՞ք հիւսել աստուածայնութեան մը թեւերովը, նոր օդերեւոյթի մը նորատեսիլ ծիածանը` սահմանէն անդին…»:

Բայց, ընկերնե՛ր, գիտակցութիւնը եւ սէրը եւ հաւատքը եւ կամքը եւ պայքարը եւ կեանքը եւ մահը` իրարմով լրացած եւ իրենց առաջնորդ Գաղափարէն ճառագայթուած` արարատեան գիշերին մէջ, հերոսութեան ծիածան մը` այդ պահուն իսկ եւ իրենք իսկ կը ստեղծէին: Ու ամէնքն ալ, որոնց դէմքը երկիւղամերժ արտայայտութեամբ մը կ՛ընդվզէր, հրաբխելու պատրաստ մոլեգնութեան լաւան զսպած իրենց մէջ, կը սարսռային երկաթի սարսուռներով.

– «Եւ իսկո՛յն, եւ իսկո՛յն, գաղափա՛ր»:

Եւ գաղափարը հրաւիրեց այն ատեն:

– «Ուրեմն, անցնի՛նք սահմանը»:

Նորընծայ արեւուն տրամագեղ ժպիտին տակ, սահմանը անցնողները, հազիւ թէ սահմանը գլած, հերոսական առաջին մարտը կը մռնչէին արդէն` Եղեռնին ժահրովը թունաւոր հալածիչներու դէմ: Եւ այդ պահուն ծիածանը մեծ տենչերուն, մեծ կիրքերուն եւ մեծ ուժերուն` զորս իրենց եօթնեակը կը յօրինէր, իրենց դէմքէն ու ճակատէն բխող արիւնի, անձրեւի մը մէջէն ա՛յլապէս խորին ու խռովիչ գեղեցկութեամբ մը կը ծիածանէր:

ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Սփիւռքը – Անուն Եւ Երեւոյթ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?