Անիրաւութեան, զրկանքի եւ հալածանքի ծնունդ էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
132 տարիներ առաջ խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) եւ Սիմոն Զաւարեանի, վառեցին ջահ մը, որ մինչեւ օրս կը բոցավառի` փոխանցուելով սերունդէ սերունդ: Այս ջահին ու անոր վառ մնալուն համար գործողները պայքարեցան, տակաւին կը պայքարին ու պիտի շարունակեն պայքարիլ` ունենալով մէկ նպատակ` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան: Պատժեցին բոլոր անոնք, որոնք նուազագոյն վնաս հասցուցած են հայուն: Պատժեցին Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները եւ շարք մը թուրք պատասխանատուներ, նաեւ` հայ դաւաճաններ:
Բոլոր այդ գործողութիւններուն հեղինակները մարդ սպաննեցին, բայց մարդասպաններ չէին, ինչպէս ըսած է Սողոմոն Թեհլիրեան իր դատավարութեան ընթացքին:
Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ եւ կը շարունակէ պայքարիլ գրիչով, սուրով եւ աշխատանքով` հաւատարիմ մնալով իր զինանշանին: Եւ այսօր Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ սունկի նման կը բուսնին հակադաշնակցականներ, որոնք այս կամ այն պատճառով կը փորձեն քարկոծել Դաշնակցութիւնը` պատրուակելով կամ պահուըտելով այն միտքի ետին, թէ իրենք Դաշնակցութեան դէմ չեն, այլ` կարգ մը դաշնակցական պատասխանատուներու: Նման անհատներ լաւապէս պէտք է հասկնան, որ ո՛չ օտար դեսպանատուները, ոչ ալ օտար դրամանիշները կրնան կասեցնել Դաշնակցութեան կամ դաշնակցականներու սրբազան երթը: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք նման անձերու հակաքարոզչութեամբ կը տարուին, թող լաւապէս գիտակցին, որ վերջաւորութեան պիտի մնան մինակ, բայց դարձեալ ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ դաշնակցականները թոյլ կու տան, որ իյնան:
132 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը չունեցաւ գարնան եղանակ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին ունեցաւ բազում նահատակներ, որոնք մնացին իրենց երդումին հաւատարիմ` տալով իրենց ամէնէն թանկագինը եւ մոռնալով տուն, ընտանիք, զաւակ, հայր ու մայր… կեանք մը ամբողջ:
Դաշնակցական են բոլոր այն նահատակները, որոնք ինկած են ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, նոյնիսկ եթէ երդուեալ չեն:
Փա՛ռք ու պատիւ բոլոր ինկածներուն. կը խոստանանք շարունակել անոնց սուրբ գործը ու միշտ վառ պահել 132-ամեայ ջահը: