Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ

Նոյեմբեր 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ

3.- Վահէ Օշական (5). «Սփիւռք»-ը անուն մը չէ լոկ, այլեւ ու մանաւանդ` օրէնք եւ տրամաբանութիւն: Վ. Օշական երկմաս յօդուած մը ունի, որուն ենթավերնագիրն իսկ կ’արձակէ գայթակղեցնող զօրաւոր հով մը. «Փորձ` սփիւռքի տեսութեան (հերետիկոս մտածումներ)»: Չարաճճիութիւն մը չէ ասիկա, այլ` հարազատագոյն գիտակցումը օրէնքի մը, տրամաբանութեան մը, որ` «անխնայ է ու անվիճելի»: Անով կը տեսնուի վախճանը գաղութներու եւ գաղթաշխարհի հասկացողութեան, վասնզի անիկա «մնայուն ու գրեթէ անգիտակից սփռում է, անդադրում շարժում է դէպի դուրս ու հեռու»: Այս օրէնքը «չի կրնար ընդունիլ կեդրոնի մը գաղափարը ու մնայուն դէպի դուրս տարածում մըն է»: Ուստի անիկա միացումի, միութեան եւ կեդրոնացումի շարժում մը չէ: Մինչդեռ գաղութներու եւ կամ գաղթաշխարհի հասկացողութիւնը կը սնանի միացումի, միութեան եւ կեդրոնացումի գաղափարներով: «Մէկ լեզու, մէկ կրօն, մէկ մշակոյթ, մէկ ազգ, մէկ դատ, մէկ եկեղեցի` յղացքներ են, որոնք կը թուին չպատշաճիլ սփիւռքի իրականութեան», անոնք փոխադրումներ են «նախասփիւռքեան սերունդներէ»: «Սփիւռքի իրականութիւն»-ը ժխտումն է «հայրութեան, պապի ու նախահօր» գաղափարին. մէկ լեզուի, մէկ մշակոյթի, մէկ ազգի, մէկ դատի, մէկ եկեղեցիի յղացքները կը պատմեն «հայրութեան, պապի, նախահօր» մասին, անոնց վրայ կը հիմնուին… Համբերել: Չյանձնուիլ գայթակղութեան: Որովհետեւ Վ. Օշական աւանդութեան մշակ մըն է: Պիտի դառնամ անոր:

Նախասփիւռքեան` հաստատօրէն, կ’ըսէ: Որո՞նք են անոնք: Իսկ ե՞րբ սկսած է սփիւռքը: Անիկա միայն պատմական իրողութի՞ւն մըն է: Մէկ ու միա՞կ իրողութիւն մը:

Անիկա պատմական է, անկասկած: Ըստ Վ. Օշականի, կայ նախասփիւռքը եւ կայ սփիւռքը: Նախասփիւռքին առնչաբար հարց տուած է. «Ուրկէ՞ սկսիլ, ո՞ր արմատէն, պատմութեան հիմերու ո՞ր խորութեան մակարդակէն ճամբայ ելլել դէպի ներկան: Սկսինք մեր գլխուն պայթած բոլոր չարիքներուն արմատէն, որ սելճուքներն եղան»: Գիտենք, որ հայութեան ցրւումի պատմութիւնը շատ աւելի անցեալին մէջ է (տե՛ս` Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան», Ա. հատոր, Գահիրէ, 1941): Սակայն Վ. Օշական 11-րդ դարէն առաջ եղած սփռումները չէ ընտրած իրեն մեկնակէտ, որովհետեւ զանոնք այնքան չարիք չէ համարած, որքան` Անիի անկումն ու անոր հետեւանքները: Նաեւ` որովհետեւ սելճուքները եւ անոնց ցեղակիցները մինչեւ օսմանեան թուրքերը հայը իր հայրենիքէն աննախընթաց տարտղնումի մղեցին եւ տարագրեցին: 11-րդ դարէն հայութեան տարտղնումը իր լրումին հասաւ Եղեռնով եւ պապենական հայրենիքէն անոր վերջնական տարագրութեամբ: Մինչեւ վերջնականը` նախասփիւռքն էր: Անկէ ետք` սփիւռքը, որուն «բունը (դեռ) հազիւ կ’երեւի հողէն վեր»:

Արդ, սփիւռքը պատմութեան դէպքերէ յառաջացած է ու աշխարհագրական վիճակ մըն է նաեւ: Վ. Օշական սփիւռքի աշխարհագրական վիճակը նուազ «շահեկան» գտած է, քան` «հոգեբանական»-ը: Սփիւռքը «մտքի վիճակ մըն է»: Ըսել կ’ուզէ, որ իրեն համար «աւելի շահեկան է» մտքի վիճակ սփիւռքը, ուստի սփիւռքահայն ալ «մտքի վիճակ մըն է»: Այս հաստատումէն ետք, անմիջապէս ըսած է. «Նախ մէջը կայ օտարութեան մը գաղափարը. սփիւռքահայը օտարն է»: Ապա բացատրած` «երբ մէկը չի պատկանիր այն երկրին, ուր կը բնակի, առաջին տուեալը, որ կը յայտնուի, կեդրոնէ մը դուրս ըլլալու, օտար մը ըլլալու գիտակցութիւնն է: Այն անձը  ուրիշն է, միւսներուն պէս չէ, տարբեր անձ մըն է: Օտարութիւնը երկու երես ունի: Եթէ դուրսը մարդ մը քեզի համար օտար է, դուն ալ իրեն համար օտար ես»: Հոսկէ ոստում մը կատարած է դէպի սեփական օտարութեան գիտակցութիւնը, այսինքն` դէպի այն մէկը, որ` «մեր ինքնութեան ծածկեալ դէմքն է» (Ժիւիլիա Գրիստեւա): «Օտարը առանձին անձ մըն է»: «Այս առանձնութենէն կը ծագի փնտռտուքը միւս հայուն, կամ` աւելի վաւերականին, աւելի հարազատին, որ անցեալին մէջ կը գտնուէր», կ’ըսէ: Փնտռտուքը անմիջապէս կը տանի անցելապաշտութեան, ու` «անոր բոլոր բարիքներուն եւ չարիքներուն»: Ինչո՞ւ կը տանի անցելապաշտութեան: Կեդրոնէն դուրս չմնալու համար: Բայց սփիւռք ըլլալը դրսութեան մէջ ըլլալ է, դրսութիւնը ըլլալ է անդադար: Անցելապաշտութիւնը կեդրոնի պատրանքին յանձնուիլ մըն է, անգիտացում մըն է ներկային ու իրականութեան: Ակնարկ մը պատմութեան վրայ` կը բաւէ յայտնաբերելու իրողութիւն մը, որ հայը զարգացած է, ինքզինք իրագործած է «դէպի դուրս գացող, դէպի աշխարհի չորս կողմերը տարտղնուող կեդրոններու մէջ»: Ասիկա կը թելադրէ, որ սփիւռքեան ինքնիրագործումը «կեդրոն»-ին նորովի հնարումն է բազմաթիւ կեդրոններու մէջ: Այս ակնարկը կը հրաւիրէ մեզ Վ. Օշականի աւանդութեան իմացման անդրադառնալու, քանի որ աւանդութիւնը «կեդրոն»-ի գաղափարին գլխաւոր կամ միակ կրողն է, կամ կրողն է «հայրութեան, պապի, նախահօր» գաղափարին:

«Աւանդականը,- կ’ըսէ ան,- անպայմանօրէն հին ու մաշած նկարագիր պէտք չէ հասկնանք: Շատ դրական իմաստ ալ կրնայ ունենալ: Սակայն մեր մէջ աւանդականը կռապաշտական երանգ մը ունի, որ անընդունելի է մեր օրերուն»: Անցելապաշտութիւնը, ուրեմն, աւանդութեան կռապաշտութիւնն է: Որեւէ կռապաշտութիւն յարաբերութիւն է «հին ու մաշած»-ին հետ, կարելի է ըսել` հինցածին ու մաշածին հետ: «Մեր օրեր»-ը կը մերժեն այս յարաբերութիւնը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ հինցածն ու մաշածը կը ծառայեն առկայ «սիսթեմ»-ին գաղափարաբանութեան կամ «միթոլոժի»-ին, ուստի միայն կը վերաբերեն հինցածն ու մաշածը: Կուռք-աւանդութիւնը «կը քաջալերէ մտքին ստրկացումը» քաղաքական, կրօնական, բարոյական սկզբունքներուն: Կայ նաեւ դրական աւանդութիւնը, որ «բիւրեղացում»-ն է «դարերու իմաստութեան եւ փորձառութեան»: Այն «բիւրեղացում»-ը անտեսմամբ ծածկուած է: Անիկա մանաւանդ լեզուին մէջ է, եւ` «կրօնական զգայարանք»-ին: Վ. Օշական լեզուին ու «կրօնական զգայարանք»-ին գումարած է «աւանդական արուեստ»-ը, ուր են «հայութեան ինքնութեան եւ անոր ճշմարտութեան գաղափարը, պատմութեան դասերը, մարդկային ոգիին պարզագոյն տարազները»: Այլեւ` ՀՅԴ-ն` որովհետեւ անոր մէջ գտած էր ապրումը «հայկական ինքնութեան», նաեւ` «հին հայու տիպարին մէկ կերպար»-ը, որ զինք կը յուզէր եւ կը հրահրէր իր երեւակայութիւնը: Բիւրեղացեալ աւանդութիւնը, սակայն, «արժէք ունի իբրեւ պատուանդան», երբ կը ծառայէ վրան դոփելու ոտքը եւ «սլանալու համար դէպի անծանօթը»` հասնելու համար «արժէքաւոր իրագործում»-ին: Այս միտքը այնքա՜ն կը յիշեցնէ Ն. Սարաֆեանի «անջրպետի մը գրաւումը»:

Սփիւռքը վախճանն է ամենատեսակ կռապաշտութեան: Անիկա երկիրն է, ուր ըլլալու համար կենսական է սեփական գոյութեան արդարացումը փնտռել, «խորհրդաւոր, գաղտնի, արգիլեալ» ճշմարտութիւնը խելայեղօրէն փնտռել եւ որսալ… Այս փնտռտուքը պիտի շարունակուի մինչեւ վախճան, որովհետեւ` «հայ ժողովուրդին Հայաստան վերջնական հաւաքուիլը հայուն հարցը չի լուծեր: Հայուն հարցը աւելին է, քան` հողային հարցը: Աշխարհային հարց է: Ան ինքզինք պիտի իրագործէ, գոյութեան իմաստը պիտի ստեղծէ իր զգացած կոչումին, առաքելութեան ստանձնումին մէջ»:

Վերջաբան

Հայ սփիւռքին «գոյաւորում»-ը «որակական մի նոր վիճակ» է, քան լոկ` տարագրութիւն, տարտղնում, գրած էր Դալլաքեան: Ի՞նչ էին այն «նոր վիճակ»-ին անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ընկալումը եւ հայեացքը: Յ. Օշականի, Բ. Փափազեանի եւ Վ. Օշականի միտքերէն ամփոփեալ պատկերներ ուրուագրեցի: Բայց քանի «Սփիւռք» յատուկ անուան առաջին երեւումը «Սիոն» պաշտօնաթերթին մէջ էր, արդարութիւն ընելու համար պարբերականին` կը պարզեմ անոր քանի մը միտքերը եւս` որպէս վերջաբան: Նաեւ` որպէսզի գիտնանք, թէ «որակական մի նոր վիճակ»-ին սկզբնաւորութիւնը ի՞նչ կը մտածէր…

«Հայ եկեղեցւոյ արդի վիճակը» խմբագրականը կ’ըսէր. «Աշխարհաւեր մեծ պատերազմին (այսինքն` Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ԳՔ) հետեւանքները ահռելի դասաւորումի մը ենթարկեցին հայութիւնը: Փոքր Ասիոյ մէջ բոլորովին ջախջախուեցաւ հայը իր քաղաքակրթիչ ազդակներով, եւ ժողովուրդին մնացորդը սփռուեցաւ աշխարհի ամէն կողմ` ծնունդ տալով նոր գաղութներու եւ ստուարացնելով հին գաղութները»: Իսկ «Ըմբռնել կացութիւնը» խմբագրականով, որուն հեղինակը հաւանաբար Թորգոմ պատր. Գուշակեանն է, 1933-ի դեկտեմբերին կ’ըսուէր, որ սփիւռքը «ձեւացած է» «անողոք եւ անարդար պայմաններու հարուածներէն զարնուելով փշրուած եւ դէս-դէն սփռուած կենդանի կտորներէ, որոնք տակաւին (բայց մինչեւ ե՞րբ արդեօք) ազգային լեզուի, կրօնի, մշակոյթի եւ իտէալի միութիւնը, նոյն անցեալէ մը եկած եւ դէպի ապագան դիմող համայնքի մը կամքով եւ գնացքով»: «Ահռելի դասաւորում մը»-ն է այս, «փշրուած եւ դէս ու դէն սփռուած» դաւաւորում մը, որ «քաղաքակրթութեան ազդեցութեան եւ ընկլուզիչ կամ ձուլիչ պայմաններու ճնշումին» տակն է, «այնպէս որ,  ժամանակի խնդիր մըն է պարզապէս հայ գաղութներուն կորուստը»: Բայց` «պէտք է կազմակերպել հայ գաղութները, որպէսզի հնար եղածին չափ եթէ ոչ խափանուի ձուլումի վտանգը, այլ գոնէ հեռացուի»: Եւ առաջարկած է` 1) «Համագաղութային մարմին»-ի մը կամ «մարմիններ»-ու ստեղծում, որպէսզի խորհին եւ կանոնադրեն «հայերը հա՛յ պահելու միջոցները», 2) Հայ դպրոցներու կանգնում (գէթ` «շէնք-շնորհք նախակրթութիւն տուող դպրոցներ(ու)»), 3) Հայ եկեղեցիներու շինութիւն եւ կազմակերպում` «տեղական պահանջներու համաձայն», որովհետեւ` «առանց Հայ եկեղեցւոյ` կարելի չէ հայութիւնը պահել որեւէ գաղթավայրի մէջ», 4) Հայ մամուլին կարեւորում, քանի` «մեծ ազդակ մըն է գաղթավայրերու մէջ հայ լեզուն եւ հայ զգացումները վառ պահելու համար»:

Այն թուականէն ասդին սփիւռքեան «յարաշարժ արշիպեղագոս»-ը (Վ. Օշական) կրցած է ունենալ «համագաղութային մարմիններ», բայց ոչ` ընդհանրական մէկ մարմին: Բազմաթիւ հայ դպրոցներ բացուած են եւ ետքն ալ` փակուած, եւ հայեցի կրթութիւնը թշուառացած է… Եկեղեցիները շատցած են, բայց` դատարկուած… (ասդանդ տօնական օրերու «խուռներամ»-ութիւնը հակառակին ապացոյցը չէ): Հայ մամուլը արտատպումներու «անդաստան» մըն է…

Եւ դեռ կան այլ կառոյցներ եւ բազում խնդիրներ, որոնք «համագաղութային մարմին»-ի մը կողմէ խորհուելէ, կանոնադրուելէ եւ լուծուելէ առաջ անհրաժեշտ է, որ խորհուին, կանոնադրուին եւ լուծուին «համագաղութային մարմիններ»-ու կողմէ, այսինքն` անոնցմէ, որ ունինք, ու եթէ ի վիճակի են…

Ահա բոլոր կառոյցները կը կոչուին անմիջապէս ուսանելու Վռամշապուհ Սահակ Մեսրոպեան ճանապարհագիտութենէն, եւ ի գործ արկանելու զայն. հովանաւորութիւն, հաւատք եւ գիտութիւն, տեսլական եւ ծրագիր, սերունդի (ընտրեալներու դաս) պատրաստութիւն, եւ յառաջընթաց գործունէութիւն:

5.- Վ. Օշականի առիթով օգտագործեցի հետեւեալ երկու յօդուածները` «Փորձ` սփիւռքի տեսութեան (հերետիկոս մտածումներ), Ա., (3 յուլիս 1987, «Ասպարէզ»). «Սփիւռքի արմատները», Ա., (1 մայիս 1987, «Ասպարէզ»): Դասախօսութիւնը` «Ինքնութեան եւ առաքելութեան տագնապներ» (1 հոկտեմբեր 2000, «Յառաջ»): Եւ Ի. Ճինպաշեանի հարցազրոյցը` «Սփիւռքը իր տագնապներով» (3 փետրուար 1992, «Հորիզոն»):

(Շար. 3 եւ վերջ)

(Ա. մասը՝ 1 նոյեմբեր 2022-ին)

(Բ. մասը` 9 նոյեմբեր 2022-ին)

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Նոյեմբեր 2022)

Յաջորդը

Հայերը Պէտք Է Սառնասրտօրէն Գնահատեն Ֆրանսայի Ծերակոյտին Դրական Բանաձեւը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?