Գաղտնիք չէ արդէն, որ ոեւէ անհատի համար իր ծննդավայրը աշխարհի ամէնէն սիրելի վայրն է: Ծնունդ, յետոյ կենսուրախ մանկութիւն, ժիր պատանեկութիւն, ապա սպասուած` երիտասարդութիւն:
Այս բոլորէն կ՛անցնի մարդ անհատը` անընդհատ որոնելով իր գոն, իր գոյութեան իմաստը, իր ներկայութիւնը հաւաքականութեան մէջ եւ ի վերջոյ իր գտնելու իր կեանքի իմաստը:
Մինչեւ կեանքի «վարդահեղեղ» գարուններու աւարտը, ինչպէս ամէն բանի համար, մարդ արարածս նոյնպէս անփոյթ կ՛ըլլայ այն արժէքներուն հանդէպ, որոնցմէ աճած է իր եսը, գոյաւորուած է իր անձը, կերտուած է տարբերուելու «այցեքարտ»-ը եւ ի վերջոյ` իր «հոգեւոր» հսկայ շէնքի լուսաւոր պատուհանը:
Եւ իրաւացի պիտի ըլլամ, որ հազար տեսակի կորուստներէն, տագնապներէն, երբեմն ապուշ եղող ու յաճախ ալ անգնահատելի թուացող արժէքներուն մէջ ամէնէն ուրոյն տեղը, ամէնէն մնայուն հարթակը եւ ամէնէն գեղեցիկ «խաղավայր»-ը ծննդավայրն է:
Ծննդավայրը տօն է` ի՛նչ պատկերի մէջ ալ ըլլայ ան, ի՛նչ ձեւաչափի, ի՛նչ պրիսմակի եւ ինչ նուիրականութեան յարած ըլլայ ան:
Այս բոլորը գրեցի յիշելու համար, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս Պէյրութը կը շարունակէ մնալ բոլոր մակարդակներու իրական ծննդավայրը:
Բան մը, որմէ հեռանալն անկարելիութիւն կը համարէի, ու տեղ մը, որմէ հրաժարիլը այսօր իսկ կը համարեմ անկարելի:
Գուցէ ժամանակաւոր էր այդ հեռացումը, գուցէ եւ անայլայլօրէն պարտաւորեցնող էր այդ «պէյրութալքում»-ը, բայց եւ այնպէս անկէ ետք բացուող «անդաստաններ»-ը բնաւ ալ չունեցան (չէին ալ կրնար ունենալ) այդ քաղաքը հիմնապէս փոխարինելու «յաւակնութիւն»-ը:
Տարիները անցան, ճիշդ երէկ էր կարծես, երբ «Ելից» գրքին հետեւելով, աւելի արեւոտ օրեր որոնելու ըղձանքով, ընտանիքս առաջնորդելով ես հեռացայ Պէյրութէն: Արդէն տասը երկա՜ր տարիներու հեռաւորութիւն մը կայ այսօր, բայց ոչ մէկ ատեն այդ «Մեծն Պէյրութ»-ը հեռացաւ ինձմէ:
Մնաց մէջս, քայլերուս, մտքիս, երազներուս, առօրեայիս, հրայրքիս, «գրողութեանս» մէջ, եւ առաւելապէս ալ` լրագրողութեանս մէջ:
Եւ հիմա այսօրուան այս հանդիսաւոր պահուն, երբ Լիբանանն ու Պէյրութը կը նշեն անկախութեան տօնի 79-րդ տարեդարձը, հարկ համարեցի քանի մը խոհ, քանի մը մտածում կիսել ձեզի հետ: Գուցէ մէջս եղող կարօտի կրակը «խաղաղի», գուցէ հանդարտիմ, գուցէ «թափառական հոգիս» ետ դառնայ հեռաւոր ափերէն ու անգամ մը եւս, այս անգամ ուրիշ պրիսմակով նայի Պէյրութին:
Ստորեւ ներկայացուած խոհագրութիւնը առաւելաբար կիսուիլ մըն է, հանդիպում մըն է այն մտածումներուն հետ, որոնք միշտ ալ հետս են, եւ որոնք յաճախ մարմին կը ստանան, ամէն անգամ որ մտածեմ ծննդավայրիս մասին:
Լիբանանի Առեւանգուած
Անկախութիւնը
«Լիբանանի առեւանգուած անկախութիւնը». Հակառակ անոր որ շատ սիրելի Շահան Գանտահարեանի ստորագրած խմբագրականը տակաւին չեմ կարդացած, սակայն խորագիրն արդէն ամէն ինչ կ՛ըսէ … Այո՛, գողտրիկ Լիբանանը այսօր առեւանգուած է:
Գողցուած է Լիբանանը մեզմէ, իր սիրելիներէն խլուած է եւ այսօր այսպէս թեւաթափ ու տխուր «կը նշէ» իր անկախութեան 79-րդ տարեդարձը:
Երկիր, որ լուսատու ափ է, երկիր, որ գիրի եւ մտքի օրրան է, եւ երկիր, որ սիրոյ եւ հիւրընկալութեան օրինակ է, այսօր կ՛ապրի իր ամենամութ եւ ամենադաժան օրերը:
Դեռ կը հաւատան լիբանանցիները անոր փիւնիկեան առասպելին, անոր յարութեան եւ վերայառնումին, չեմ գիտեր, սակայն ես վստահօրէն կ՛ուզեմ հաւատալ…
Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ անոր ցորենը պիտի զատուի սեւ գարիէն, լոյսը` մութէն, ազատութիւնը` վախէն, կրթութիւնը` տգիտութեան խաւարէն եւ, ամենակարեւորը, կը հաւատամ, որ Լիբանանիս համակեցութեան փորձը չդառնայ փորձաքար, այլ դառնայ կայուն վէմ` ու բոլոր մարդիկը, բոլոր սեւ ու սպիտակ ուժերը, բոլոր չարակամները պարզապէս ապշին եւ զարմանան, թէ ինչպէ՛ս դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ այս շէնշող երկիրը:
Յատուկ սէրս` Պէյրութին, որ Մերձաւոր Արեւելքի հարսն է եւ լոյսի կտորը:
Յատուկ սէր` այն քաղաքին, որուն կանաչը, որուն տերեւները, եւ որուն ջուրն ու զեփիւռը արհեստական չեն:
Յատուկ խոնարհում` անոր բնակիչներուն եւ իմ բոլոր ընկերներուս, որոնք կը շարունակեն իրենց ու մեր պայքարը եւ հպարտօրէն վեր կը պահեն հայութեան ու հայկականութեան դրօշակը Լիբանանի բոլոր ծագերուն…
Յատուկ սէր` Պէյրութիս երգիչներուն, վայելուչներուն, բանաստեղծներուն, արհեստաւորներուն, իմ հարեւաններուս` մարոնի, շիի, ուղղափառ եւ սիւննի, յատուկ սէր մը իրենց…
Յատուկ սէր մը` պայքարողներուն բոլոր, որոնք սեւ հացը սպիտակի կը վերածեն:
Սէր` խնամակալներուն, բարեգործներուն, բժիշկներուն, մայրապետներուն, շէյխերուն ու հեռաւոր գիւղերու մաքուր ու սպիտակ խորաններու աղօթքի կեդրոնները վառ պահողներուն:
Յաւերժ յիշատակ` Մուսա Սատըրին, Քամալ Ժոմպլաթին, Աբօ Աշճեանին, Խաչիկ Պապիկեանին, Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Մովսէս Տէր Գալուստեանին, մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին, Գերսամ Ահարոնեանին, Ժիրայր Նայիրիին, Արթին Մատէեանին, Ֆուատ Շեհապին, սէյիտ Հասան Ֆատլալլային, Քամել Ասհատին, Սուլէյման Ֆրենժիյէ աւագին, Էլիաս Սարգիսին, Մուշեղ Իշխանին, Աբրահամ Ալիքեանին, Սապահին, Ուատիհ Ալ Սաֆիին եւ տակաւին հարիւր հարիւրներու, որոնց երազով ու բառով ապրեցանք ու դեռ ալ կ՛ապրինք…
Յատուկ սէր` Լիբանանի կապոյտին, անոր գմբէթներուն, մինարէներուն, «Հարիսա»-ին, Անթիլիասին եւ Պիքֆայային ու տակաւին շա՜տ շա՛տ տեղերու, որոնք իմ մէջս են, երակներուս եւ շունչիս մէջ…
Յատուկ սէր` Լիբանանին, որ միայն ծննդավայր մը չէ, այլ աւելին է, եւ յատուկ յարգանք` բոլոր անոնց, որոնք հպարտ են իրենց լիբանանցիութեամբ:
Այսօր յարգանքի օր է եւ յոյսի օր, որպէսզի ի վերջոյ բոլոր անոնք, որոնք առեւանգած են այդ երկիրը, հրաժարին այդ սեւ գործէն ու թոյլ տան, որ դարձեալ շէնշող երկիր դառնայ բոլորին համար լոյսի եւ յոյսի կտոր Լիբանանը: