Լիբանանահայ գաղութի մտաւորական խաւի տերեւաթափը կը շարունակուի: Երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2022-ին լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը` հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ծնած է 1941 թուականին, Ճիւնիի մէջ, Լիբանան:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, Ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Ան քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ, եւ ապա` իբրեւ գրադարանապետ:
Ժիրայր Դանիէլեան կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ` սերունդներ կոփելով հայեցի կրթութեամբ եւ բարձրորակ ուսումով:
Գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատուրեան անոր մասին կ՛ըսէ. «Ժիրայր Դանիէլեան որոնողը, հմուտ բանասէրը, լրագրութեան պատմաբանն ու մատենագէտը, մանկավարժը, խմբագիրն ու հրատարակիչը», ինչպէս նաեւ` «Սփիւռքի հայ մամուլի ու գրական գործի լաւագոյն գիտակներից մէկը®»:
Ժիրայր Դանիէլեան մաս կազմած է «Երիտասարդ հայ»-ի եւ «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի խմբագրութիւններուն:
Իբրեւ պատասխանատու խմբագիր գլխաւորած է «Շիրակ» եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթերու խմբագրակազմերը:
Ստորագրած է յօդուածներ` «Զարթօնք», «Արարատ», «Ազդակ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ:
Վերջին տարիներուն ձեռնհասօրէն կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական հիմնարկը:
1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները. «Հայկազեան քոլեճի հայկական գրադարանի հայ մամուլի հաւաքածոյ» (համահեղինակ, Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981), «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Շահնուրեան ընթերցումներ» (համահեղինակ, Պէյրութ, 1983), «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1996), «Լիբանանահայ դպրոցը. թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007), «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» (Երեւան, 2011), «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» (Անթիլիաս, 2018), «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» «Լիբանանահայ գիրքը…» (Յաւելուած, Անթիլիաս, 2021):
Ան վերջին տարիներուն մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բնօրաններու յուշամատեաններու խմբագրութեան եւ վերահրատարակութեան աշխատանքին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ:
Ժիրայր Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն էր, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէր, նաեւ` բանասիրական բնագաւառի մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ յայտնաբերել, սխալներ մատնանշել, բաղդատականները հիմնաւորել փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն տալ առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանային մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը:
2011-ին, իր ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակներու առիթով Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանները:
21 յունիս 2017-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:
14 յուլիս 2017-ին Լիբանանի Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պատահած ահաւոր պայթումին պատճառով իր աչքերէն վիրաւորուած է: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կորսնցուցած է, միւս աչքն ալ` լրջօրէն վնասուած:
Ժիրայր Դանիէլեանի շիջումով սփիւռքի հայկական գաղութները առհասարակ եւ լիբանանահայ գաղութը` յատկապէս, կորսնցուցին հմուտ մատենագէտ, պատկառելի մտաւորական եւ հայոց ոսկեղենիկի ջահակիր հայորդի մը: