Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես ԼՕԽ-ի Կեդրոնէն Դրամ Չեմ Առներ»

Նոյեմբեր 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Կեանքի պայմաններու բերումով մեր  առօրեային մէջ կը հանդիպինք տեսակ-տեսակ արժանիքներու տէր մարդոց, ինչպէս` համեստին, հաւատարիմին, ծառայասէրին, ազգասէրին, համբերատարին, շահախնդիրին, անտարբերին, երախտագէտին, գոռոզին եւ այլն, որոնք անպայման իրենց դրական թէ ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան մեր կեանքին մէջ: Անոնցմէ շատերուն հետ կ՛ընկերանանք, բարեկամութիւններ կը մշակենք, ծրագիրներու շուրջ կը գործակցինք եւ չենք անդրադառնար, թէ անոնցմէ ոմանք դրական կեցուածքներով յատկանշական մթնոլորտ մը կը ստեղծեն ընկերութեան մէջ`  տալով  իրենց թանկագինը` ժամանակը, հոգին եւ լումայ: Անոնք այդպէս կը վերաբերին  զիրենք շրջապատող անձերուն պարգեւելու համար հոգեկան խաղաղութիւն եւ դրական տրամադրութիւն:

Նման բարի արժանիքներու տէր անհատներ անցնող ամիսներուն այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, եւ  իւրաքանչիւրը իր կեցուածքով աջակցեցաւ կեդրոնի ծրագիրներուն ու վերելքին:

Որքա՜ն տպաւորիչ էր այցելութիւնը Լիբանանէն արտագաղթած այն քաղաքացիին, որ ներկայացաւ տնօրէնութեան գրասենեակ, ինքզինք ծանօթացուց ու նիւթական ներդրում մը կատարեց կեդրոնին: Այդպիսով ան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր  տարիներ առաջ կեդրոնին  իր անտէր մօր ցուցաբերած հոգածութեան համար: «Ես ակնկալութիւններ չունիմ, կը բաւէ, որ այս կեդրոնը իմ բացակայութեանս տէր կանգնած ու խնամած է հիւանդ մայրս», ըսաւ ան. աւելցուց նաեւ.  «Լիբանան կատարելիք յաջորդ այցելութեանս կրկին կը հանդիպիմ կեդրոն: Ձեր ցուցաբերած յարգանքը կարելի չէ մոռնալ»:

Անոր նման երիտասարդ գործատէր մը իրեն դիմուած մէկ աշխատանքին հատուցումը չուզեց գանձել` ըսելով. «Այս աշխատանքին գումարը  ոչինչ է ժամանակին ձեր կողմէ հօրս տրամադրուած դեղերուն գումարին դիմաց: Ի՛նչ ալ ընեմ Պուլղուրճեան կեդրոնին, քիչ է: Ես ԼՕԽ-ի կեդրոնէն դրամ չեմ առներ»:

«Հարազատիս հոգւոյն նուիրատուութիւն կ՛ուզեմ կատարել: Տարիներ շարունակ այս կեդրոնի ընկերային գրասենեակն ու բժշկական բաժանմունքը խնամեցին զինք: Նուիրելիք գումարս  քիչ է, սակայն հոգեկան հանգստութիւն կը զգամ զայն նուիրելով ձեզի: Շատ շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար», ըսաւ  ուրիշ մը եւ իր համեստ լուման նուիրեց ընկերային գրասենեակին:

«Այս մէկը պզտիկ գումար մըն է: Խնդրեմ` ընդունեցէք զայն ընկերային գրասենեակի պարագաներու ծախսերուն յատկացնելու համար: Տարիներ շարունակ ծնողքիս ներկայացած է ընկերային գրասենեակ եւ` օժանդակութիւն ստացած: Ես երախտապարտ եմ ձեզի իրեն ցուցաբերած խնամքին համար», ըսաւ  երիտասարդուհի մը եւ ուղղուեցաւ հաշուապահական գրասենեակ` հոգու պարտք կատարելու:

«Շնորհակալ եմ ձեր մատուցած ծառայութեան եւ վերաբերումին համար: Այս գումարը ինձմէ նուէր` կեդրոնին: Ակնկալած վճարումէս շատ նուազ վճարեցի քննութիւններուս համար: Հաստատութիւնս ոչ մէկ գումար պիտի գանձէ այս գործին փոխարէն: Կը լսենք ու կը տեսնենք այս ճգնաժամին մէջ ի՜նչ հսկայական գործ կը տանիք, ձեր վարձքը կատար»,  «Նոր ժամանած եմ Լիբանան. արտասահմանէն ճամրուկներով դեղորայք բերած եմ կեդրոնի ընկերային գրասենեակի պարագաներուն յատկացնելու համար: Բացառիկ գործ կը կատարէք: Ձեր վարձքը կատա՛ր: Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ երախտապարտ ենք ձեզի»: Այսպիսի բազմաթիւ քաջալերական խօսքեր հնչեցին եւ  երախտագիտական կեցուածքեր ունեցան կեդրոնի այցելուները:

Վերոյիշեալներուն զուգահեռ: Ինչպէս չյիշատակել նաեւ  հայ մամիկի կամ պապիկի մը կատարած  բարի մաղթանքներն ու օրհնութիւնները` ի դիմաց իրեն կատարուած ծառայութիւններուն թէ սպասարկութիւններուն:

Ի՜նչ դաստիարակիչ կեցուածքներ եւ յատուկ երեւոյթներ, ի՜նչ ազնուական եւ երախտագէտ մարդիկ, որոնք չեն ուրացած իրենց հանդէպ կատարուած բարիքները ու, թէկուզ տարիներ անց, եկած են շնորհակալութիւն յայտնելու այն հաստատութեան, որմէ  տարիներու վրայ  թաւալող իրենց կեանքին ընթացքին, օր մը  բարիք ստացած են անկէ:  Այսպիսի անզուգական մարդիկ  մղիչ ուժ եւ խթան կը հանդիսանան ժողովուրդին ծառայող բարեսիրական հաստատութիւններուն համար: Բաւարար է, որ անոնք իրենց հոգիներուն մէջ կը կրեն երախտագէտ մարդու զգացումներ, կը հաւատան մարդասիրական գործին ու նուիրական կեցուածքով բարի օրինակ կը հանդիսանան այլոց: Անոնք ցուցանիշ են այն իրողութեան, որ այդ կառոյցները առանձին չեն, այլ անոնց ետին կանգնած են հաւատարիմներ եւ երախտագէտներ:

Լիբանանեան այս քաոսային օրերուն մէջ շատ բնական երեւոյթ է, որ ժողովուրդին կարիքներ ծաւալին, առողջապահական կեդրոններու շալակին աւելնայ մեծ պատասխանատուութիւն մը, սակայն այդ շալակին ծանրութիւնը կը թեթեւնայ` ի տես բարեսիրական գործին հաւատացող երախտագէտ ազգայիններու, որոնք յաւելեալ հմայք մը կ՛ընծայեն ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Պէյրութը Միայն Ծննդավայր Չէր Մեզի Համար. 22 Նոյեմբերը Լիբանանի Անկախութեան Օրն Է, Եւ Այս Գրութիւնը Այդ Առթիւ Է

Յաջորդը

Մոնտիալ 2022. Դիտարժան Հանդիպումներ, Յիշարժան Փաստեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?