132 տարի հայոց պատմութիւնը հարստացաւ իր հերոսական տիպարներով:
132 տարի սկսաւ յեղափոխութեամբ ու մինչեւ օրս անձնուիրաբար պայքարը կը շարունակուի` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ի տեսլականով:
Գործեց առանձին մնացած իր ժողովուրդին համար, զարթնեցուց հայը, զինեց` կռուելու վճռակամութեամբ, ազատագրեց ազգային միտքը, հնչեցուց հայուն ձայնը ամէն տեղ, ուր կարիք կայ, զոհաբերեց հերոսներ, աղաղակեց անարդարութեան դէմ, սպառնաց ի հարկին, պաշտպանեց Սեւրեան քարտէսներ, պահպանեց ու ղեկավարեց, անշեղ ճանապարհով կերտեց հայու հերոսական նկարագիրն ու պատմութիւնը:
Ահա ա՛յս է, որ ըրաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Հակառակ ներքին եւ արտաքին բոլոր սադրանքներուն, Դաշնակցութիւնը հատուածական վերաբերմունք չցուցաբերեց` ըլլա՛յ ներլիբանանեան քաղաքական կեանքին, ըլլա՛յ հայրենիքի անմնացորդ հայրենասիրութեան, ըլլա՛յ հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունացման, ըլլա՛յ լիբանանահայութեան անմիջական նեցուկի հանդիսացման մէջ:
Ահա ա՛յս կեցուածքն է, որ գնահատուեցաւ մեր հայրենակիցներուն կողմէ, փաստ` անոնց խուռներամ ներկայութիւնը, փաստ` 250-էն աւելի պատանիներու խոստման արարողութիւնը, որ հպարտութեամբ լեցուց մեր սրտերը, շողշողուն արշալոյս մը պլպլաց մեր ճակատներուն` ամօթալի դաւաճանական անձնատուութենէն ետք, գլուխները հպարտօրէն վեր բարձրացան եւ համարձակեցան սուրբ դրօշին նայելով` միասնաբար երդուելու®:
Աւելի մեծ վարձատրութիւն չկայ ազգային այս գաղափարական կուսակցութեան համար, քան` իր հաշուետուութեան օրը իր համակիրներուն երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը:
Կուսակցութիւն մը, որ պատնէշի վրայ մնաց 132 տարիներ շարունակ ու դաստիարակեց փիւնիկէն ծնունդ առած սերունդներ, իր ուսերուն առաւ անոնց ապագան պատրաստելու լուսաւորչական աշխատանքը, տկարութիւն չճանչցաւ, իր քարոզը գործը եղաւ, իր առաքելութիւնը իր իւրայատուկ տեղն ունեցաւ մեր պատմութեան մէջ եւ որքան հինցաւ, այնքան աւելցաւ իր հմայքը:
Այսօր ամենայն հպարտութեամբ կրնանք յայտարարել, որ ան դարձած է հայոց պատմութեան «Ամենայն Հայոց կուսակցութիւն»-ը:
Վարձքերնիդ կատա՛ր:



