Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տպաւորութիւններ` «Կոմիտաս» Թատերախաղէն

Նոյեմբեր 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ե՜ս ալ գացի վերջապէս Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ սրահը` հետեւելու համար «Եոլճու թիաթրօ» խումբին անունով, երկար ամիսներէ ի վեր ներկայացուած եւ թատերական հեղինակաւոր կեդրոններու կողմէ բազում մրցանակներու արժանացած թատերախաղին, որ կը կրէր «Կոմիտաս» խորագիրը, եւ որ նուիրուած էր հայ երգարուեստի անմահանուն ռահվիրայ Կոմիտաս վարդապետին:

Կոմիտաս վարդապետին, որ ծնած էր 1869-ին, օսմանեան շրջանին, Կուտինայի  մէջ, եւ որ ամէնուր տարածած եւ պաշտամունքի արժանացուցած էր հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:

Կոմիտաս վարդապետին, որ 1915-ի սեւ օրերուն տարագրութեան ահաւոր խորշակէն փրկուած էր հրաշքով եւ իր կեանքի վերջին 18 տարիները անցուցած էր հոգեբուժարանի մէջ` դաժան հիւանդութեան ճիրաններուն անձնատուր:

Թատերախաղը թրքերէնով էր: Ներկաները, որոնք գրաւած էին սրահի բոլոր աթոռները, բացի քանի մը հայերէ, մեծամասնութեամբ` նոյնիսկ լաչակաւոր, թուրք երիտասարդներ էին:

Թատերախաղը վարպետօրէն եւ հաւատարմութեամբ գրի առնուած եւ բեմադրուած էր Ահմետ Սամի Էօզպուտաքի կողմէ, միակ դերասանի մը համար: Բնագիրը, որ կազմուած էր Կոմիտաս վարդապետի դժբախտութիւն բուրող յոռետես արտայայտութիւններու, մտածումներու, ընդվզեցուցիչ պատկերներու հիման վրայ, հարստացած էր նաեւ քաղաքական նրբախաղերով, անցեալին հետ առերեսուելու դրսեւորումներով եւ պատգամներու շինիչ անդրադարձումներով:

Մէկ դերակատարով եւ մէկ արարով թատերախաղը ունէր 85 վայրկեան տեւողութիւն:

Բեմայարդարումը, որ պարզ էր, կը ներկայացնէր ցած պատուանդանով հոգեբուժարանի մասնաբաժին մը:

Թատերախաղի հերոսն էր Ֆեհմի Գարաասլան, որ Կոմիտաս վարդապետի կերպարով առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին վայրկեանը իր յարափոփոխ շարժումներով, սրտերը կոտտացնող, հոգիները ազնուացնող ազդեցիկ արտայայտութիւններով, հաշուետուութիւն պահանջելու իր յանդուգն խօսքերով այնքան յաջողապէս կատարեց իր դերը, որ անոր դիմաց ամէնէն անգութ, ամէնէն այլամերժ, ամէնէն անզգամ ու մոլեռանդ մարդն իսկ ծունկի պիտի գար եւ խղճահարութեան դրօշակ պիտի պարզէր:

Միւս կողմէ, հանդիսատեսին դիմաց, վերէն դէպի վար երկարած կիսաթափանց սեւ վարագոյրի մը ետին, դերակատարի շատ յաջող խաղարկութեան զուգահեռ, հաւասարազօր յաջողութեամբ ներկայացման երանգ եւ փայլ կու տար, խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ, 40 երգիչ – երգչուհիներէ բաղկացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, որ մէջ ընդ մէջ միանալով դերակատարին, կիսովին կը բաժնէր թատերախաղին բեռը` հանդիսատեսին հրամցնելով Կոմիտաս վարդապետի կրօնաշունչ ստեղծագործութիւններէն նմուշներ, միաժամանակ հոգեկան վայելքի մթնոլորտ ստեղծելով:

Խաղին աւարտը շա՜տ ու շա՛տ յուզիչ էր: Դերասանը ծնրադրեց գետինը, անշարժացաւ` մահուան պատկեր մը ստեղծելով:

Այդ վայրկեանին էր ահաւասիկ, որ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին անդամները, խաչազարդուած եկեղեցական շապիկներ հագած, իրենց վարիչին հետ, ակնթարթի մէջ դուրս եկան վարագոյրէն, շրջապատեցին դերասանը եւ անոր գլխուն վերեւ երգեցին` «Տէ՛ր Ողորմեա» սրտառուչ եւ հոգեգրաւ աղօթքը` թողութիւն խնդրելով Աստուծմէ կատարուած բոլոր չարիքներուն համար:

Պահը ազդարարիչ էր եւ չափազանց յուզիչ:

Այս աղօթքէն ետք սրահի բոլոր ներկաները, առանց բացառութեան, մէկ հոգի եւ մէկ մարմին դարձած, ոտքի կանգնեցան եւ երկար ու երկար անվերջանալի ծափերով ողջունեցին դերակատարն ու «Լուսաւորիչ» երգչախումբին անդամները:

Որպէս վերջաբան` ես պիտի ուզեմ ըսել, որ իմ բառերս անզօր կը մնան բացատրելու համար հրաշքի համազօր այս թատերախաղին իմ մէջս արթնցուցած հոգեկան խռովքի, յուզումի, զայրոյթի, անձկութեան զուգահեռ, արթնցուցած սքանչացումի, հիացումի, գոհունակութեան եւ հպարտութեան ապրումները:

Յարգա՜նք ու պատի՛ւ` թատերախաղի հեղինակին, դերակատարին, նաեւ այս աշխատանքին` Կոմիտասի մասին իր զոյգ գիրքերով մասնակից, փոքրամասնութիւններու ջերմ պաշտպան Օսման Քէօքերի գլխաւորութեամբ բոլոր այն թուրք մտաւորականներուն, որոնք յաճախակի առիթներով կը յայտնաբերեն եւ բարձր գնահատանքի կ՛արժանացնեն հայ ժողովուրդի ստեղծագործական կեանքի եւ մշակոյթի բնագաւառէ ներս ունեցած փայլուն յատկանիշները:

Իսկ գալով «Լուսաւորիչ» երգչախումբին,

հազա՜ր սէր եւ հազա՛ր համբոյր ձեզի, մեր համայնքի պատուաբեր զաւակներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Մինչ Երկրագունդին Վրայ Աշխարհի Բնակչութեան Թիւը Կը Հասնի 8 Միլիառի…

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը»

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?