Յօդուածներ

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի 85 Քուէներով  Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Այս Կռիւն Ալ Կը Յաղթենք

Գեղեցիկ եւ քաղցր յիշատակներով չէ, որ կը բաժնուինք 2022 թուականէն կը մղուինք ըսելու նոյնիսկ, որ չենք ուզեր յիշել անցնող տասներկու ամիսները: Արցախն ու Հայաստանը շարունակեցին մնալ վտանգուած դրութեան մէջ: Հայաստանի իշխանաւորին կողմէ դեկտեմբեր 9-ի տխրահռչակ եւ անձնատուական համաձայնագիրը, փաստօրէն, Արցախի եւ անոր ժողովուրդին գոյութեան խորքային խոցումին կողքին, վտանգեց Հայաստանը, խնդրոյ առարկայ դարձուց անոր սահմանները, որոնք զանազան պատրուակներով ցարդ ենթակայ են...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թախծոտ Ամանոր Մը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թախծոտ Ամանոր Մը

... Նաեւ տրտմագին է այս տարուան Ամանորը: Արցախը պաշարող եւ շնչահեղձ ընող Ամանորը նոյն վիճակին մատնած է բոլորս` առանց բացառութեան, այսինքն ողջ հայութիւնը` Արցախի սահմաններէն անդին, մինչեւ հայաշխարհի չորս ծագերը: Միայն անմարդկային ու դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Արցախի 120 հազար «բանտարկուած» բնակչութեան մասին չէ խօսքը, այլ նաեւ` Ովկիանիայէն մինչեւ Լատին Ամերիկա շնչող հայորդիներուն, անցնելով անշուշտ Հին ու Նոր աշխարհներէն եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարի Մը Եւս Բոլորեցինք

2022-ը Սուրիոյ մէջ  յատկանշուեցաւ տնտեսական թաւալգլոր անկումով ու կենցաղային ծանր պայմաններով: «Գանձասար» երբ պատերազմի պայմաններուն մէջ անգամ կը հրատարակուէր գունաւոր տպագրութեամբ, անցնող երկու տարիներուն սկսաւ հրատարակուիլ սեւ-ճերմակ տպագրութեամբ, որովհետեւ տպագրական ծախսերը տասնապատկուեցան, ու երկրին մէջ նոյնիսկ պետական շարք մը թերթերու տպագրութիւնը դադրեցաւ անգամ: Փորձեցինք մեր կարելին ընել, որ առցանց հրատարակութեան կողքին, թէկուզ` նուազ թիւով, պահենք թերթին տպագիր տարբերակը` նկատի ունենալով...

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

Հայր Մեր, Որ Երկինքէն Արցախը Կը Դիտես

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ  Հայր մեր, որ երկինքէն Արցախը կը դիտես, Սուրբ թող նկատուի անունդ բոլորին կողմէ: Արքայութիւնդ թող շողայ մեր արիւնլուայ աշխարհին վրայ: Առատութիւն թող տեղայ մեր դատարկ հողին վրայ: Վեհ կամքդ թող կատարուի երկրի վրայ, ինչպէս կ՛իրագործուի երկնքի մէջ: Ամէնօրեայ հաց ու ջուր տրամադրէ Արցախի ժողովուրդին, Եւ առողջութիւն ու սնունդ պարգեւէ անոնց, որոնք պէտք ունին: Ներէ իրենց սխալները, ինչպէս իրենք...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն 2023 Տարուան Աստղերը

Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խոյ (Մարտ 21-Ապրիլ 19) Աստղերու դասաւորման մէջ Խոյը կը գրաւէ Ա. տունը: Հին եգիպտացիներու մօտ խոյը առաջնորդի, քաջութեան եւ իշխողի խորհրդանիշ եղած է: Խոյը իբրեւ վահան կը ներկայացուի: Ան ընկերասէր ըլլալով հանդերձ, նաեւ անձնասէր մըն է: Նախընտրած գոյնն է կարմիրը, իսկ պտուղը` միշտ լեռնայինը, եւ ուտելիքներու մէջ` կանաչեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 1 եւ 9, իսկ բախտաւոր օրը`...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնները Ճեզիրէի Շրջան * 16-18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր ընտրութենէն ետք առաջնորդական իր անդրանիկ հովուական այցելութիւնը տուաւ Ճեզիրէ շրջանի ժողովուրդին: Արդարեւ, 16 դեկտեմբերին սրբազան հայրը ժամանեց Գամիշլի եւ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր կատարեց աղօրհնէք: Ճեզիրէի հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան արաբերէնով կարդաց նորընտիր առաջնորդին կենսագրութիւնը: Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ...

Մեր Կորուստները.  Կեանքէն Հեռացաւ Մատենագէտ, Հայագէտ, Մանկավարժ Եւ Խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան

Վարձքդ Կատա՛ր, Վաստակաշա՛տ Ժիրայր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ կորսնցուցինք Ժիրայր Դանիէլեան անունով հայորդի մը, որ հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուց իր ողջ կեանքին ընթացքին, ինք ալ եղաւ գոհար մը, որ արդարօրէն իր արժանի տեղը ունի այդ գանձարանին մէջ: Ան իրաւա՛մբ եղաւ Սփիւռքահայ Արժէք մը, իսկ իր գործը` անուղղակի արձագանգ մը Դանիէլ Վարուժանի մէկ արտայայտութեան, թէ` ազգն ու հայրենիքը հպարտ պիտի զգան, որ նման...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անհաղորդներու Դարաշրջան

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յունուարի առաջին օրն է. շատերու պէս, ես ալ հեռաձայնով կապի մէջ կը մտնեմ հարազատներու, ընկերներու եւ բարեկամներու հետ` առողջութեան, խաղաղութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ բաշխելու համար (նաեւ... ստանալու ակնկալութեամբ): Զրուցակիցներէս մէկ քանին կ՛ապրին Երեւան, Պէյրութ, այլ քաղաքներ, կամ քաղաքակից են ինծի: Բնականաբար Հայաստանի եւ Լիբանանի տաժանելի, վտանգալից վիճակները մեր զրոյցներուն գլխաւոր առանցքներէն են, նաեւ` այլ հարցեր. Ուքրանիա, ապրուստի տագնապներ-սղութիւն...

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` ՀՕՄ-ի Աշխատանքային Դաշտի Արտացոլացումը

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` ՀՕՄ-ի Աշխատանքային Դաշտի Արտացոլացումը

Ա. ԼԵՔԵԱՆ Հովանաւորութեամբ եւ հրատարակութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ աշխատութեամբ քարոզչական յանձնախումբին, անկարելին կարելի ընելով, այս տարի եւս մեր տրամադրութեան տակ է արդէն ԼՕԽ-ի հայադրոշմ օրացոյցը, որ շատ կարեւոր ներկայութիւն է իւրաքանչիւր հայու տան մէջ: Մեր տրամադրութեան տակ դրուած այս տարուան օրացոյցը մեզի կը ծանօթացնէ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջանային վարչութիւններու եւ մեկուսի մասնաճիւղերու, կը նշէ երկիրներուն անունները` իրենց հիմնադրութեան թուականներով, որպէսզի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութիւնը Արցախի Մէջ ՀՅԴ Հայ դատի Արցախի գրասենեակը դեկտեմբեր 6-ին կազմակերպեց «Մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը Արցախի մէջ» նիւթով առցանց քննարկում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի մշակութաբանութեան ամպիոնի դասախօս Հայկուհի Մուրատեանը: Հայկուհի Մուրատեանի խօսքով, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման` Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը կապուած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Ասլանդուզի Եւ Լենքորանի Ճակատամարտերը Եւ Գիւլիստանի Դաշնագիրը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ասլանդուզի Եւ Լենքորանի Ճակատամարտերը Եւ Գիւլիստանի Դաշնագիրը

Ռուս-Պարսկական Պատերազմներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ասլանդուզի ճակատամարտը Կովկասի կառավարչապետ եւ զինուորական հրամանատար զօրավար Նիկոլայ Ռտիշչեւ զօրավար Փիոթր Կոտլեարեւսկիի ամէն իրաւասութիւն տուած էր Ղարաբաղի խանութեան սահմաններէն ներս ինքնուրոյն գործելու պարսիկներուն եւ տեղացի թուրք իշխանաւորներուն դէմ: Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան համոզուած էր որ ռուսերուն դիրքերը սկսած են տկարանալ եւ պարսիկներուն հետ գործակցելով կարելի է չէզոքացնել ռուսական տիրապետութիւնը: Ան սկսաւ հալածել ռուսերուն կողմնակից թուրք...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հայոց Աշխարհի Եղնիկներու Տխրութիւնը Եւ Կաղանդ Պապուկին Զարմանքը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Բնութեան հրաշալիքներէն մէկը անասնական աշխարհն է: Ու այս եզակի եւ բազմատեսակ աշխարհին մէկ հարազատ ծնունդն է եղնիկը, որ, շնորհիւ իր աչքառու գեղեցկութեան, միշտ ալ գրաւած է մարդ արարածին ուշադրութիւնը: Եղնիկը կը պատկանի եղջերաւորներու խմբակին, որ, սակայն, ունի ինքնուրոյն կազմաւորում եւ գրաւչութիւն: Ան կը յատկանշուի իր բարութեամբ եւ, կարծես, կը խորհրդանշէ մարդկային ազնուութիւնն ու անմեղութիւնը: Եղնիկը ունի հրապուրիչ մորթի...

Մինակ Չես

Էջը Դարձնելէ Առաջ… (Խորհրդածութիւն` Նոր Տարուան Մասին)

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Այս օրերուն անցեալին մէջ ճամբորդութիւն մըն է, որ կը կատարենք, որովհետեւ մեր յուսալից աչքերը կը յառենք 2023-ին` անտեսելով դեկտեմբեր ամսուան գոյութիւնն ու ներկայութիւնը: Դժբախտ է դեկտեմբեր ամիսը, որովհետեւ միշտ կ՛անտեսուի եւ կ՛արհամարհուի: Անոր ընթացքին մարդիկ իրենք զիրենք արդէն իսկ Նոր տարին թեւակոխած կը զգան` խանդավառ մթնոլորտ,  Կաղանդի ծառեր, Ս. Նիկողայոս հայրապետին (Կաղանդ պապային) պատկերները, 2023-ը դիմաւորող բարեմաղթութիւններով...

Սուրբ Ծնունդը Եւ Ծնողական Հրաշքը

Սուրբ Ծնունդը Եւ Ծնողական Հրաշքը

ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Եթէ ինծի հարցնէք, թէ Ս. Ծննդեան պատմութեան մէջ ո՞ր մէկն է երկրորդ կարեւոր հրաշքը Յիսուս մանուկի կողքին, պիտի ըսեմ` իր սիրալիր եւ գուրգուրոտ ծնողները: Ընդհանրապէս, երբ մարդեղութեան խորհուրդի մասին կը խօսինք, այնքան կը տարուինք Յիսուս մանուկով, որ կ՛անտեսենք իր ծնողները` Սուրբ Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը եւ անոնց ունեցած վիթխարի ներկայութիւնը իրենց զաւկի կեանքին մէջ: Ըստ Աւետարաններու,...

Բանտէն Նախագահական Նստավայր. Ձախակողմեան Սենտիքայականը` Դարձեալ Պրազիլի Նախագահ

Բանտէն Նախագահական Նստավայր. Ձախակողմեան Սենտիքայականը` Դարձեալ Պրազիլի Նախագահ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2022 տարին Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյն երկրի` Պրազիլի համար եղաւ անակնկալներով լեցուն տարի մը: Մարդոց մեծամասնութեան մտքերուն մէջ դրոշմուած պիտի մնայ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին այդքան անփառունակ պարտութիւնը Խրուաթիոյ ազգային խումբին դիմաց` Քաթարի-2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանէն ալ առաջ, այսպիսով ջախջախելով ֆութպոլի պատմութեան մէջ առասպել մը: Բայց մարզական կեանքէն անկախ, Պրազիլի 2022 տարին պատմութեան մէջ յիշարժան պիտի մնայ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Ժամացոյցը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ կիրակի երեկոյ պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ` անշշուկ: Ուտել-խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած` գրեթէ ուժասպառ եղած էր: Սենեակին լոյսը բացաւ: Նայեցաւ չորս կողմը: Կարծես կորսուած էր: Հոս իր սենեակը չէր: Ուրիշինն էր: Յանկարծ նշմարեց մահճակալին մօտ, ցած սեղանին վրայ տեղ գրաւած իր ժամացոյցը: Անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն իր հաւատարիմ զարթուցիչը...

Խաղալիքի Խանութէն Ներս

Խաղալիքի Խանութէն Ներս

ԱԼ - Էսդի՜ համեցէք, էսդի՜ համեցէք... Բարի եկաք Պուրճ Համուտի խաղալիքի ու զարդերու խանութը, ուր ամէն օր ներկայ կ՛ըլլաք այլազան տեսակի թատերական պատկերներու: Կաղանդի շրջանին հոն կը հանդիպիք «Շնորհաւոր Նոր տարի»-ին «Լմանապէս» պատասխանող մեծ զանգուածի մը, Վելընթայնզին կը տեսնէք իրենց սրտահատորներուն մե՜ծ խնամքով նուէր ընտրողներէն մինչեւ «Քու ճաշակիդ բան մը տուր, կարեւորը պարապ ձեռքով չերթամ» ըսողները, ամէնէն մեծ արջուկը փնտռողներէն...

«Մեր Պայքարը Արդար Է, Եւ Վախճանը Կրնայ Ըլլալ Միայն Յաղթանակ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան*

«Մեր Պայքարը Արդար Է, Եւ Վախճանը Կրնայ Ըլլալ Միայն Յաղթանակ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան*

ՀՅԴ օրուան հանդիսութիւններուն մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը: Ժողովուրդի ծոցէն ծնած ՀՅ Դաշնակցութիւնը 132 տարիներու ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ` ազգային-ազատագրական պայքարի մղիչ ուժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ Հայ դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն: Եւ կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, անկեղծ, յանձնառու եւ գաղափարապէս պինդ կերպար, որուն...

«Որոշեցին Մնալ Եւ Աշխատիլ Իրենց Նախնիներու Հողին Վրայ»

«Որոշեցին Մնալ Եւ Աշխատիլ Իրենց Նախնիներու Հողին Վրայ»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հինէն եկող երեւոյթ է. մարդիկ աւելի բարեկեցիկ ապագայի մը ձգտումով կը լքեն իրենց ծննդավայրը, հայրենի տունը, երբեմն` հարազատները, եւ կը մեկնին այլ վայրեր, ուր օտար մթնոլորտի, միջավայրի մէջ  կ՛ունենան յաջողութիւններ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն ազգային ինքնութիւնը, լեզուն: Բարեբախտաբար միշտ կ՛ըլլան այնպիսիներ, որոնք կ՛որոշեն մնալ եւ աշխատիլ իրենց նախնիներու հողին վրայ, երբեմն` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: «Թրեւըլ» կայքին հրապարակած...

Դաշնակցական Ինքնուրոյն Դպրոցի Մը Ամէնէն Տիրական Դէմքը  (Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Աբրահամ Աշճեանի Ուղիով (Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Ամբողջացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաշատ անդամ, լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան համակարգի գլխաւոր ճարտարապետ եւ յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործունէութեան յատկանիշներով խորհրդանշուող Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման 40¬ամեակը: Դաշնակցութեան առաջնային դէմքերուն դէմ անցած համազարկի շարքին` Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումի արարքը միակն էր, որուն դիմաց ՀՅԴ Բիւրոն կ՛ամբաստանէր Թուրքիոյ պետութիւնը: Այս հասցէականութիւնը կ՛ընդգծէր Աբրահամ Աշճեանով յատկանշուող եւ թշնամիին հետ ազդեցիկ լեզուով ու ոճով յարաբերելու վճռակամութիւնը: Փաստօրէն,...

Page 291 of 1112 1 … 290 291 292 … 1,112

Արխիւներ