Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարի Մը Եւս Բոլորեցինք

January 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2022-ը Սուրիոյ մէջ  յատկանշուեցաւ տնտեսական թաւալգլոր անկումով ու կենցաղային ծանր պայմաններով:

«Գանձասար» երբ պատերազմի պայմաններուն մէջ անգամ կը հրատարակուէր գունաւոր տպագրութեամբ, անցնող երկու տարիներուն սկսաւ հրատարակուիլ սեւ-ճերմակ տպագրութեամբ, որովհետեւ տպագրական ծախսերը տասնապատկուեցան, ու երկրին մէջ նոյնիսկ պետական շարք մը թերթերու տպագրութիւնը դադրեցաւ անգամ:

Փորձեցինք մեր կարելին ընել, որ առցանց հրատարակութեան կողքին, թէկուզ` նուազ թիւով, պահենք թերթին տպագիր տարբերակը` նկատի ունենալով անոր պահանջը:

Թէեւ երկրի ծանր պայմանները ազդեցին աշխատակիցներու աշխուժ թափին վրայ, օրապահիկի ապահովումը դարձաւ Սուրիոյ բնակչութեան հիմնական մտահոգութիւնը` նկատի ունենալով  անտրամաբանականօրէն մագլցող սղաճը եւ սահմանափակ  եկամուտները, սակայն ի պատիւ մեր մնայուն, նուիրեալ աշխատակիցներուն, երիտասարդ լրագրողներուն ու խմբագրակազմի ժրաջան անդամներուն, թերթին հրատարակութիւնը շարունակուեցաւ նոյն թափով` հակառակ վառելանիւթի տագնապին, ելեկտրականութեան երկարատեւ անջատումներուն եւ համացանցի տատամսկոտ ընթացքին:

Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման եռօրեայ սեմինարը, որ կազմակերպուեցաւ Քեսապի մէջ, նպաստեց երիտասարդ տարրին լրագրական եւ հրապարակագրական հետաքրքրութեան աճին ու գիտելիքներու հարստացման: Այդուամենայնիւ, անհրաժեշտ է մղել այս տարրը լրագրութեան ասպարէզի տարբեր ոլորտներ, որպէսզի, գիտելիքներուն կողքին, անոնք փորձառութիւն ձեռք բերեն, աստիճանաբար զարգացնեն իրենց գրիչը, արտայայտուելու յանդգնութիւնն ու առարկայականութիւնը:

Համոզուած ենք, որ մամլոյ դաշտը կը հետաքրքրէ երիտասարդութիւնը: Հետաքրքրութենէն անդին` թերթին աշխատակցութիւնը կը բարելաւէ անոնց լեզուն, կը զարգացնէ միտքն ու գրիչը, բայց մանաւանդ հայաշխարհին նայող անծայրածիր պատուհան մը կը բանայ անոնց դիմաց:

Ուստի շարունակական ծրագիրներով կարելի կը դառնայ որակաւոր եւ ընդունակ կորիզի մը պատրաստութիւնը «Գանձասար»-ին շուրջ:

Այս աշխատանքը կարեւոր է` յատկապէս նկատի ունենալով երկրէն հեռացող երիտասարդութեան համեմատութիւնը: Փորձառութիւն շահողը շրջան մը ետք կը մեկնի, ու կու գայ նորը: Եթէ չպատրաստուի նորը, յառաջիկայ տարիներուն կրնանք տագնապի առջեւ յայտնուիլ, եւ այս երեւոյթը կը վերաբերի ոչ միայն մամլոյ, այլեւ բոլոր մարզերուն:

Սուրիահայ համայնքի վերականգնումի մասին յաճախ կ՛արտայայտուինք: Վերականգնումը, սակայն, կը պահանջէ արձանագրուող թերութիւններու յանդուգն մատնանշումներ, սրբագրումի առաջարկներ ու լուծումներ: Վերականգնումը, միայն շէնքեր կառուցելով, իր նպատակին չի ծառայեր: Անհրաժեշտ է ազգային ու միութենական կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգացման նպաստող նոր մտածողութիւն, կաղապարուած միտքերէ, կրկնաբանութիւններէ ձերբազատում:

Այս բոլորը կրնան իրականանալ, երբ քննական ակնոցով կը դիտենք մեր առօրեան ու սրբագրելու առաջարկներ կը ներկայացնենք նաեւ մամլոյ ճամբով:

Ուստի թերթը դարձնենք այս քննարկումներուն ազատ բեմն ու Նոր տարին թեւակոխենք լայնօրէն բանալով դուռը երիտասարդ գրիչներու նոր խօսքին դիմաց:

«Գանձասար» այս տարի կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը: Թերթին հիմնադիրները այս յանդուգն քայլին դիմեցին ազգային ու համայնքային մեր կեանքը հարստացնելու մամլոյ շուրջ համախմբուող մտաւորականներով, միտք ու մտածողութիւն ձեւաւորելու մամլոյ ճամբով ու թերթը դարձնելու սուրիահայութեան ազգային, թեմական ու միութենական կեանքի հայելին:

Դժուար օրեր կը դիմագրաւենք Սուրիոյ մէջ, սակայն յանձնառու ենք պահելու 30 տարուան անխափան երթը «Գանձասար»-ին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ թերթը համայնքին բաբախող սիրտն է:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:

Նախորդը

Հայր Մեր, Որ Երկինքէն Արցախը Կը Դիտես

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թախծոտ Ամանոր Մը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.