Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամացոյցը

December 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ կիրակի երեկոյ պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ` անշշուկ: Ուտել-խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած` գրեթէ ուժասպառ եղած էր:

Սենեակին լոյսը բացաւ: Նայեցաւ չորս կողմը: Կարծես կորսուած էր: Հոս իր սենեակը չէր: Ուրիշինն էր: Յանկարծ նշմարեց մահճակալին մօտ, ցած սեղանին վրայ տեղ գրաւած իր ժամացոյցը: Անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն իր հաւատարիմ զարթուցիչը եղած էր, ամէն առաւօտ նոյն ժամուն եւ նոյն վայրկեանին: Անխախտ եւ շիտակ: Հին, սակայն` վստահելի: Զայն խնամքով պահած էր: Գրեթէ ամէն երեկոյ զայն լարած միջոցին` անոր փոշիներն ալ առած: Իր բարի «աքաղաղն» էր, շատերուն այս ձեւով ներկայացուցած էր, որուն զանգին վրայ ինք ամէն առաւօտ ճշդուած ժամուն կ՛արթննար:

Տակաւին երկու օրեր առաջ, ճիշդ ուրբաթ երեկոյ որոշած էր սենեակէն հեռացնել, աչքէ հեռու տեղ մը պահել: Այդ ուրբաթ օրը իր աշխատանքի վերջին օրն էր: Իր կնոջ եւ զաւակներուն երկար ու յարատեւ պնդումներուն վրայ վերջապէս որոշած էր հանգստեան կոչուիլ: Դառնալ թոշակառու: Ուստի այլեւս պէտք պիտի չունենար այս գործիքին: Ամէն առաւօտ իր ուզած ժամուն պիտի արթննար: Սեփականութեան հրճուանք: Վերջապէս երազին պիտի յաղթէր: Ինք որ միշտ իրեն սահմանուած աշխարհին մէջ փնտռած էր թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը, ասկէ ետք այդ հեւքին պէտք պիտի չունենար: Վե՛րջ: Որոշած էր ասկէ ետք կեանքը ըմբոշխնել առատ ընթերցանութեամբ, պտոյտներով, քալելով, պարտէզը մաքրելով կամ վերանորոգելով:

Գիտէր, որ ամէնօրեայ պայքարին մէջ իր գործընկերներէն շա՜տ շատերու մօտ դժբախտաբար կեանքը կորսնցուցած էր իր

շքեղանքը: Իրը տարբեր պիտի ըլլար: Կը հաւատար:

Ու տակաւին նոյն այդ ամբողջ ուրբաթ օրը իր գրասենեակէն ներս տօնն էր: Խմել, ուտել եւ նորէն խմել ու անհատնում մաղթանքներ լսել: Վերջին` կանուխ տուն վերադառնալ: Նոյնիսկ հնդիկ «պոսը»` մեծաւորը զինք մինչեւ իր ինքնաշարժը հասցուցած էր, ապա ամուր մը ձեռքը սեղմած եւ ձախ ձեռքով ալ իր կռնակին քանի մը անգամներ զարնելէ ետք` խրատած. «Մի՛ ծերանար, որովհետեւ կեանքը հետաքրքրական երեւոյթ է: Նայէ՛, մըստըր Էյրամ (պարոն Արամ), աշխարհը զաւեշտ է ու անհեթեթ բաներով լեցուն: Ուստի մարդկային

այդ հոգիդ թող միշտ լուսամուտ մը ունենայ. մայ մեն, ինճոյ եուր լայֆ, բարեկա՛մս, կեանքդ վայելէ»:

Իր կարծիքով, հիմա պիտի ճանչնար հաճոյքը. պիտի վայելէր կեանքը, մինչեւ որ հասնէր իր կեանքին ճակատագրական վերջին օրը: Վերջապէս ինքն իրեն պիտի կարենար նայիլ ժամանակի միւս ափէն: Այս արդէն ինքնին դրական երեւոյթ էր:

Բայց յանկարծ յիշեց տակաւին քիչ առաջուան ընտանեկան սեղանին շուրջ ստեղծուած պահերը: Արդէն շաբաթ օրէն ի վեր իր տան մէջ հիւրերը անպակաս էին: Ասոնց վրայ աւելցուցէք իր զաւակները, թոռներով եւ հարսերով միասին եւ անոնց մաղթանքներուն մէջէն իրեն հասցէագրուած նոր ու անգիր «պարտականութիւնները»:

– Այսպէս լաւ եղաւ կարծես, պա՛պ, պզտիկ թոռդ ամէն առտու դո՛ւն դպրոց կը տանիս:

– Պա՛պ, թոռնուհիդ դաշնակի դասէն ետք մօտդ կ՛առնես, անոր դասերով կը պարապիս:

Եւ տակաւին` անհատնում «պապ»-եր եւ «իշտէ քեզի զբաղում» արդարացումներ, որոնք թէեւ ինք սիրով կրնար տանիլ, սակայն… Ա՜խ, դիւրին բան չէր մեծ հայր ըլլալը,  պատասխանատուութիւն` մեծ եւ ծանր:

Նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր չորս կողմը: Ճշմարտութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ երեխաները մեծցնողները իրենց ծնողները չեն, այլ` մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Ու վայրկեանները` երկար եւ վիրաւոր, սարսափեցան փակ դրան ետին: Կը զգար, որ իր սիրտը իր ափին մէջ էր: Կարծես մինակութիւնը ճնշած էր զինք: Շուտով դարձաւ դէպի հայելին: Երկար նստաւ իր պատկերին առջեւ, ու իր միտքը գնաց երանաւէտ բաներու: Նախ թեթեւ ժպիտ մը դէմքին ժանգը թափեց,  ապա նոյն այդ ժպիտը շուտով չորցաւ նոյն իր դէմքին վրայ: Անակնկալ եւ ինքնածին: Չես գիտեր` ինչպէ՛ս լայն ճակատը ալեկոծուեցաւ: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան լողալ: Նայուածքներուն ցանցը թուլցաւ: Կանաչ օրերը յիշեց: Ուրեմն հանգիստը կամ հանգստեան կոչուիլը իրեն համար չէր: Ո՞վ ըսաւ, որ ինք պարտականութիւններէն փախչող մըն էր: Հարցուցէ՛ք: Է՜հ աշխարհ: Սակայն®

Դէմքին վրայ ներքին տեսակ մը ահաբեկում մը գծագրուեցաւ: Իր միամիտ հոգին կարծես վախցաւ: Այսպէս թեթեւ տրտմութիւն մը խառնուեցաւ իր երջանկութեան: Յստակ էր, թէ գլխուն մէջ բան մը կար, որ անուն ու ձեւ չունէր, որ մութի մէջ պահեց իր հոգին:

Միւս կողմէ, սակայն, յիշեց նախկինը: Լուսացան մէկիկ-մէկիկ երանելի պահերը: Կը զգար, որ ազատ օրերու մուրացկան պիտի դառնար: Այո՛, ճիշդ էր, որ ինք ազատ էր, սակայն կեանքը իր ուզած ձեւովը այլեւս պիտի չապրէր:

Ինքն իր մէջ մտածելու ստիպուած ըլլալը հիմա զինք որբացուցած էր: Խեղճացած: Ճերմակ երազները փախչած էին: Ներկայացուած խորհուրդներն ու քաղաքավար «առաջարկները» չէր կրցած մերժել: Ինչպէ՞ս մերժէր: Չէ՞ որ իր հոգիի հատորներն էին այդ թոռները: Իր անձէն աւելի կը սիրէր զանոնք մէկ առ մէկ:

Այս պահուն ալ չէր հասկնար ինքզինք: Թէեւ դէմքին վրայ բազմած էին նոր խոհեր, սակայն միւս կողմէ ալ անօրինակ ուրախութիւն մը կը ցայտէր իր արեան մէջ: Ինք ինքնաբերաբար պիտի դառնար ամէնօրեայ նոր սովորութիւններու գերին: Բոլորը կրնային վկայել, որ պարոն Արամ մտածող միտք մըն էր: Յարգուած անձնաւորութիւն մը: Լաւ դիտող մը: Ունէր իր անձնական համոզումն ու տեսակէտը ու դատելու ճշգրիտ առաքելութիւն` անշահախնդիր մօտեցումով եւ ակնոցով: Արեւներ անցած ու մազերուն աստղեր կառչած այս մարդը հիմա կարծես զինք լեցնող զգացումին նոյնիսկ սահմաններն չէր կրնար որոշել:

Ծրագրած էր: Նոր օրերը ախորժելի շարունակութիւն պիտի խոստանային: Կեանքը իր տան պատերէն դուրս պիտի գար: Ամէն առտու կանուխէն իր թաղին վերէն մինչեւ վար պիտի քալէր ժպիտը դէմքին: Պիտի բարեւէր իրեն հանդիպող թաղի բոլոր դրացիներուն: Մէկ խօսքով, բնութեան զաւակը պիտի դառնար: Պիտի կատակէր ու աւելի պիտի սիրէր իր կեանքը:

Սակայն հանգիստ եւ անհոգ ապրելու համար պէտք էր իր շրջապատը մոռնար: Այս մէկը իսկապէս զարհուրելի էր: Անոր համար չուզեց ապրիլ մեղքի զգացումը:

Բայց յանկարծ կարծես իր մէջ նոր բան մը բուսաւ: Ներքին հաշտութիւն: Վերջապէս իջաւ իրական աշխարհ` ազատուած ուրուականներէն: Նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզը թեթեւօրէն եւ երկար շփեց: Այս էր կեանքին հեգնանքը: Մտքին մէջ հոսանքները դիմադրութեան փախչած էին: Աչքերուն մէջ ամրացան հաճելի տեսիլքներ, որոնք միայն իրեն համար ստեղծուած էին: Ինք պէտք չունէր աշխարհը համոզելու: Թոռները առաւել եւս վայելելու հաճոյքը հոսեցաւ մէջը: Ժպիտի նման նոր բան մը սահեցաւ դէմքին վրայէն:

Յանկարծ ժամացոյցը կրկնեց ժամանակը միօրինակ եւ տափակ: Կրկին լարեց զայն: Նոր օրուան նոր պարտականութեան յատուկ լարերով օժտեց: Յուզմունքէն խօսքերը շնչասպառ եղած էին, եւ փոխարէնը` հառաչանքի նման բան մը պոկուեցաւ կուրծքէն:

Վաղը նոր օր մըն էր, որ պիտի գար ու այս անգամ իր ժամանակը պիտի դարձնէր տարբեր եւ սակայն` ըմբռնելի ու նոյնքան ալ հաճելի: Յիշեց: Թոռներուն դէմքերը հոգիի խաղաղութիւնը բերին իրենց հետ: Հիմա իր սիրտն էր, որ ինքնազսպումի ճիգ կը պահանջէր:

Անկասկած, որ սենեակին մէջ չմեռնող բան մը կար: Ապրելու սէրը: Արդէն քունը լեցուած էր աչքերուն մէջ, իսկ դուրսը վստահաբար գիշերը սկսած էր մաշիլ:

[email protected]

Նախորդը

Խաղալիքի Խանութէն Ներս

Յաջորդը

Բանտէն Նախագահական Նստավայր. Ձախակողմեան Սենտիքայականը` Դարձեալ Պրազիլի Նախագահ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.