Գեղեցիկ եւ քաղցր յիշատակներով չէ, որ կը բաժնուինք 2022 թուականէն կը մղուինք ըսելու նոյնիսկ, որ չենք ուզեր յիշել անցնող տասներկու ամիսները:
Արցախն ու Հայաստանը շարունակեցին մնալ վտանգուած դրութեան մէջ: Հայաստանի իշխանաւորին կողմէ դեկտեմբեր 9-ի տխրահռչակ եւ անձնատուական համաձայնագիրը, փաստօրէն, Արցախի եւ անոր ժողովուրդին գոյութեան խորքային խոցումին կողքին, վտանգեց Հայաստանը, խնդրոյ առարկայ դարձուց անոր սահմանները, որոնք զանազան պատրուակներով ցարդ ենթակայ են հողային գրաւման, անցքերու պարտադրման, հայաթափման գործողութիւններու եւ տեւական ռմբահարումներու: Յաճախակի դարձած են հերթական դրութեամբ նոր նահատակներու արձանագրութիւնը:
Հայաստանի պարտուած եւ յանձնուած իշխանաւորները յանուն «խաղաղութեան» կը շարունակեն «կապիտուլացիայի» քաղաքականութիւնը, բարի դրացի փնտռելով Թուրքիոյ մէջ, ժողովուրդին խոստանալով բարօրութիւն եւ տնտեսական զարգացում, աճպարարական կեցուածքներով եւ սուտ խոստումներով կը խաբեն զայն:
Կը մոռնան, որ յանձնած են Արցախը, փակուած է Լաչինի միջանցքը, շրջափակումի մէջ է Արցախի ժողովուրդը, Հայաստանի սահմանները բռնաբարուած են, թշնամին Հայաստանի մէջ է:
Կը մոռնան, որ նահատակներու արիւնով ազատագրուած Արցախը եւ Հայաստանի պաշտպանուած սահմանները հայկական պատմական տարածքներ են, եւ այլեւս կարելի չէ փշրանքներով ու փոշի ցանելով խաբել ժողովուրդը:
Իսկ ժողովո՞ւրդը:
Նոր տարի տօնող եւ հազարներով հրապարակները լեցնող ու տօնական զարդալոյսերով հմայուող ժողովո՞ւրդը…
Պատմութիւնը կը յստակացնէ ճիշդն ու արդարը:
Մինչ այդ պայքարը պիտի շարունակուի հայ ժողովուրդին վերադարձնելու իր իրաւունքները:
Թէժ պայքար, առանձին պայքար, յարատեւ պայքար:
Այլ ելք չունինք:
***
Օրերը վատ էին Լիբանանի մէջ:
2023 տարին կը թեւակոխենք, առանց մեծ սպասումներու:
2022-ը իր ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական եւ քաղաքական ոլորտներով լաւ օրեր չտուաւ լիբանանցի քաղաքացիին, որ սակայն պարտաւոր է յոյսը ապրեցնել իր մէջ:
Հակասութիւններով հարուստ է լիբանանեան մեր ընկերութիւնը: Օր մը պոռթկացող, օր մը կացութեան հետ հաշտուող, միշտ դժգոհ, սակայն պետական փտածութիւնը քաջալերող, համայնքայնութեան դէմ խօսող, սակայն համայնքի շահերը գերադաս նկատող, աղքատութեան մէջ ապրելու տառապանքը արտայայտող, սակայն գիշեր ու ցերեկ զբօսավայրերն ու ճաշարանները լեցնող քաղաքացիները կը կազմեն առհասարակ լիբանանեան հայրենիքի ժողովրդային այս խճանկարը:
Տագնապներով տառապող է նաեւ հայկական մեր համայնքը:
Կը տեսնենք, կը լսենք, կ՛ապրինք շուրջժամեայ դրութեամբ մեր հայրենակիցներու դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները: Բարեբախտաբար հայ համայնքի պատասխանատուները փղոսկրեայ պալատներու մէջ չեն ապրիր: Կրնան տարբեր մօտեցումներ եւ վերլուծումներ ունենալ հարցերուն նկատմամբ, սակայն մեզ միացնողը, կրօնական, քաղաքական, միութենական եւ հասարակական մարզերու պատասխանատուները միացնո՛ղը, մեր ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան, տոկունութեան պահպանման եւ դժուար այս փուլին առաւելագոյն նեցուկը ապահովելու վճռակամութիւնն է:
Անշո՛ւշտ կը խօսինք հայկական իրականութեան ծանօթ պատասխանատուներուն մասին, եւ ոչ թէ հեռատեսիլի եւ ընկերային ցանցերու ելոյթներով ինքնահռչակ «մտահոգ»-ներու մասին:
2023-ի սեմին, դարձեալ հաւատքով եւ խոր պատրաստակամութեամբ կ՛արձանագրենք, որ պիտի մնանք մեր ժողովուրդին կողքին:
Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ համահայկական շղթային պողպատեայ օղակը:
Ի գին ամէն զոհողութեան, պիտի պաշտպանենք մեր ժողովուրդին շահերը: Պիտի կանգնինք ամէն իրաւազրկուած կամ դժուարութեան մէջ եղող հայուն կողքին (թէկուզ երբեմն գիտակցաբար ուզենք խաբուիլ եւ կամ ենթարկուինք շահագործումի), հայ դպրոցին, հայ աշակերտին, հայ ուսանողին, մեր եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններու կողքին:
Հաւաքաբար, իրաւունքը չունինք յանձնուելու:
Մեր ուսերուն դրուած է մեր ժողովուրդը պաշտպանելու ծանր, բայց քաղցր լուծը:
Այլ ելք չունինք:
Ի վերջոյ ժողովուրդը կը մնայ ու կը յաղթէ:
Եւ Լիբանանի հայութեան կողքին է ամբողջ սփիւռքը:
Միասնաբար այս կռիւն ալ կը յաղթենք:


