Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութիւնը Արցախի Մէջ
ՀՅԴ Հայ դատի Արցախի գրասենեակը դեկտեմբեր 6-ին կազմակերպեց «Մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը Արցախի մէջ» նիւթով առցանց քննարկում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի մշակութաբանութեան ամպիոնի դասախօս Հայկուհի Մուրատեանը:
Հայկուհի Մուրատեանի խօսքով, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման` Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը կապուած չէ անկախութեան տարիներու հետ, այլ ձեւաւորուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կազմաւորման առաջին օրէն: «Արցախահայ մշակութային ժառանգութեան իւրացումը ազրպէյճանական քաղաքականութեան անբաժան մասը դարձած էր 1920-1930-ական թուականներէն, որուն կը նպաստէր Խորհրդային Միութեան աթէիստական գաղափարախօսութիւնը` բռնաիւրացնելով յատկապէս կրօնական շինութիւնները, ոչնչացնելով կամ օգտագործելով զանոնք տարբեր աշխարհիկ նպատակներու համար: Այդ քաղաքականութիւնը աւելի համակարգուած դարձաւ 1950-1960-ական թուականներուն: Ազրպէյճանը սկսաւ բռնաիւրացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, եւ այս պարագային բռնաիւրացում ըսելով` մենք նկատի ունինք ոչ միայն ֆիզիքական ոչնչացումը, այլ նաեւ ինքնութեան ոչնչացումը` զայն վերագրելով իրենց ինքնահնար նախնիներուն` աղուաններուն, ներկայացնելով իբրեւ իրենցը կամ ժառանգութեան վրայէն ջնջելով միայն հայկական ինքնութեան պատկանող տարրերը», նշեց ան:
Մշակութաբանը փաստեց, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման քաղաքականութիւնը կարելի եղաւ փաստագրել ազատագրական պայքարէն ետք, երբ ազատագրուած տարածքներու մէջ վաւերագրուեցան նոյնանման դէպքեր: Այդպիսի դէպքերէն են, օրինակ` Ծարի ազրպէյճանական դպրոցի պատերուն մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ փորագրուած քարերուն օգտագործումը, Գետամէջի վանքի քարերով կառուցուած տունը, գոմի վերածուած Չարեքտարի եկեղեցին:
«Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ սկսաւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, վերականգնման փուլը, որուն ընթացքին Արցախի իշխանութիւնները, թէեւ ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած առաջնահերթ հարցեր, միաժամանակ նաեւ սկսան վերականգնել մշակութային ժառանգութիւնը, աշխուժացնել մշակութային կեանքը, բացուեցան նոր թանգարաններ: Այս բոլորին վառ օրինակներն են` Տիգրանակերտի, Քաշաթաղի, Շուշիի թանգարանները», յայտնեց Հայկուհի Մուրատեան:
Բռնաիւրացման քաղաքականութիւնը յատկապէս երեւեցաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք: «44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք կրկին կը տեսնենք, որ մշակութային ժառանգութեան բռնաիւրացման ազրպէյճանական ձեռագիրը ո՛չ միայն չէ փոխուած, այլ նաեւ աւելի բուռն դարձած է: Ամէնէն ակնառու օրինակը հոկտեմբեր 8-ին երկու անգամ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումն էր, որուն նաեւ արձագանգեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Անոր յաջորդեց եկեղեցւոյ հետագայ աղաւաղումը, Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցւոյ ոչնչացումը: Ազրպէյճանը 30 տարուան ընթացքին ստեղծուած մշակութային ժառանգութիւնը կը համարէ ոչնչացման համար օրինական. ասոր ամէնէն վառ օրինակը Մեխակաւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ոչնչացումն է: Աւելի մեծ ուժգնութեամբ ոչնչացուեցան` ազատամարտի յուշահամալիրները, Ցեղասպանութեան նուիրուած կոթողները, քրիստոնէական կառոյցները: Այստեղ կարեւոր է փաստել Շուշիի պատմական գերեզմանոցի, Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղերու, Ասկերանի շրջանի Սղնախի գերեզմանոցներու ոչնչացումը: Ազրպէյճանը կը ձգտի օրինականացնել իր ներկայութիւնը այդ տարածքին մէջ եւ կ՛ոչնչացնէ հայերու բազմադարեայ ժառանգութիւնը», ըսաւ Հայկուհի Մուրատեան:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ այժմ կ՛ընթանայ կորսուած մշակութային ժառանգութեան հաւաքագրման, ցուցակագրման աշխատանք. «Մեր նպատակը միայն ցուցակագրելը չէ, այլ կ՛ուզենք ճշդել պաշտօնական տուեալները, որպէսզի այդ հիմնաւորուած, փաստագրուած տուեալները ներկայացնենք հակամարտութեան գօտիներու մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող միջազգային համապատասխան կառոյցներուն: Այդ ցանկերը կարեւոր են նաեւ բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան վերահսկման համար»:
Ան աւելցուց, որ վանտալիզմի առումով երկու դիմում ներկայացուեցաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որոնցմէ տակաւին պատասխան չկայ. «Այս հարցին մէջ պէտք է շատ ճիշդ աշխատիլ: Ազրպէյճանն ալ հակընդդէմ դիմումնագիրներ ունի` իբրեւ իրենց մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հետ կապուած, որուն եւս պէտք է պատասխան տալ: Անցեալին ալ նոյնանման դէպքեր կային: Օրինակ, 11 մայիս 1992-ին Ազրպէյճանը դիմեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Շուշիի ազրպէյճանական մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան հարցով, եւ 14 մայիսին արդէն այդ նամակը հասած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այնտեղ 9 նիւթական մշակութային յուշարձաններու ցանկ կար, որոնցմէ 5-ը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունէին: Այսպիսի դէպքեր եւս կրնան կրկնուիլ, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք»:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, Ազրպէյճան ամէնէն բարձր մակարդակով կը յայտարարէ, որ հայերը իրենց 68 մզկիթներէն 64-ը ոչնչացուցած են: Այս անհեթեթ է: Այդ տարածքներուն մէջ այդքան մզկիթ չէ եղած: 1968 թուականին ազրպէյճանական խորհրդային նախարարներու խորհուրդի թիւ 140 եւ 1988 թուականին ազրպէյճանական խորհրդային նախարարներու խորհուրդի թիւ 148 որոշումներուն մէջ, որոնք կը վերաբերէին ազրպէյճանական Խորհրդային մշակութային յուշարձաններու պետական ցուցակին, նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ 1968 թուականին նշուած էր 5 մզկիթ, որոնցմէ մէկը կը գտնուէր Աջափնեակ թաղամասին, միւս 4-ը` Շուշիի մէջ, իսկ 1988-ին Շուշիի մզկիթներու թիւը հասած է 9-ի: Միւս տարածքներուն մէջ ալ բոլոր մզկիթները իրար գումարելով` նոյնիսկ այդ թիւին մօտ չի ստացուիր: Օրինակ, Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ գոնէ մէկ կրօնական պաշտամունքային յուշարձանի չենք հանդիպած, նոյնը` Քաշաթաղի հիւսիսը», նշեց փոխնախարարը` շեշտելով այդ ստայօդ յայտարարութիւններուն փաստերով հակադարձելը:
Մշակութաբան Հայկուհի Մուրատեան նաեւ անդրադարձաւ ներկայիս Արցախի տարածքի մշակութային յուշարձաններու հարցին: Անոր խօսքով, բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան հարցերու բարձրաձայնման կողքին ոչ պակաս կարեւոր է նաեւ Արցախի ներկայիս տարածքին մէջ գտնուող յուշարձաններու գործունէութեան պահպանման հարցը: Բազմաթիւ յուշարձաններ կան սահմանային կարգավիճակ ստացած գիւղերու մէջ, որոնք գտնուելով ազրպէյճանական դիտակէտերէ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ` չեն կրնար իրենց մշակութային դերը ունենալ համայնքներու մէջ:
Անդրադառնալով կատարուելիք աշխատանքներուն` Հ. Մուրատեան առանձնացուց Արցախի մշակութային ժառանգութեան մասին հրապարակումներու թիւի բարձրացումը: «Ազրպէյճանը կեղծ գիտական թեզերով հիմնաւորուած բազմաթիւ լեզուներով որակեալ հրապարակումներ ունի, եւ շատ քիչ են Արցախի մշակութային ժառանգութեան մասին հրապարակումները: Պէտք է բոլոր կարելի միջոցներով հանրայնացնել այս հարցը, տարբեր գիտական հրատարակութիւններու, հանրամատչելի գիտական գրականութեան, հրատարակումներու միջոցով հասանելի դարձնել կարելի եղած շատ մեծ լսարանի, այս նիւթով քննարկումներ կազմակերպել, հասկնալ հարցերը եւ համախմբելով բոլոր ուժերը` կարելի եղածին չափ կանխարգիլել Ազրպէյճանի բռնաիւրացման քաղաքականութիւնը», կը կարծէ մշակութաբանը:
Ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, նիւթական եւ յատկապէս ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան առումով աշխատիլը ո՛չ միայն պետութեան, այլեւ ամբողջ հասարակութեան հարցն է: Այստեղ կրնան աշխուժ դերակատարութիւն ունենալ նաեւ սփիւռքահայ մեր կառոյցները:
ՀՅԴ Հայ դատի Արցախի գրասենեակը պիտի շարունակէ այս նիւթին մասին քննարկումները` Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու աւելի արդիւնաւէտ եւ թիրախային մօտեցումներ ի յայտ բերելու համար:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Այցելեց Ե՛ւ Մարտական Դիրքեր, Ե՛ւ Եռաբլուր
Դեկտեմբեր 31-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ուղեկցութեամբ` Հայաստանի առաջնորդ Մովսէս վրդ. Սարգսեանի, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Պարթեւ վրդ. Բարսեղեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծի մարտական դիրքեր:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն յայտնեցին, որ նորին սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւոր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ զօրավար-հազարապետ Առաքել Մարտիկեանի կողմէ:
Հայոց Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով հայրենեաց պաշտպաններուն` մեծապէս արժեւորեց հայ զինուորներուն եւ հրամանատարներուն նուիրեալ ու անձնուէր ծառայութիւնը հայրենիքին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը անփորձանք եւ ապահով ծառայութիւն մաղթեց բոլորին` նշելով, որ մեր զինուորականները մնայուն հայոց հայրապետին եւ հայ եկեղեցականներու աղօթքներուն մէջն են:
Յունուար 1-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եպիսկոպոսաց դասի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններու հետ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան եւ պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը ընծայած հայորդիներու յիշատակին:
Լոյս Տեսաւ «Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի Շրջանի Ամրոցներ» Գիրքը
«Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի յուշարձաններու պահպանութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Մկրտչեանի, Գագիկ Սարգսեանի (Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ), Արտակ Գնունիի (Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, հնագիտական գիտաշխատանոցի աշխատակից) Հայկ Աւետիսեանի (փրոֆեսէօր, գիտական խմբագիր) հեղինակած գիրքը նուիրուած է Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի ամրոցներուն, պրոնզ-երկաթի դարաշրջանէն մինչեւ ուշ միջնադարու կառոյցներուն: Աշխատանքին մէջ ներառուած է 36 ամրոցի մասին ամփոփ անդրադարձ, որուն մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցով ներկայացուած են` իւրաքանչիւր ամրոցի տեղակայման քարտէսը, օրթոֆօտոպլանը, հանոյթը եւ յատակագիծը: Այս մասին տեղեկացուցին «Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան» ծառայութենէն:
Հնագէտ Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերը արշաւախումբը ղեկավարութեամբ Գ. Սարգսեանի, կ՛ուսումնասիրէր Արցախի Հանրապետութեան ամրոցները եւ կը կոչուէր «Արցախի ազատագրուած տարածքներու նորայայտ ամրոցներու ուսումնասիրութեան ծրագիր», որ կ՛իրականացուէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի տրամադրած դրամաշնորհով: 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին պատերազմին պատճառով ընդհատուեցան ուսումնասիրութիւնները: Սակայն ուսումնասիրողները հասցուցած էին բաւարար քանակութեամբ ամրոցներ ուսումնասիրել Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի մէջ մասամբ ալ` Հադրութի շրջանի հարաւը, ուստի վերը նշուած համահեղինակներուն հետ որոշուեցաւ պրակներով հրատարակել ստացուած արդիւնքները:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է հայաստանեան ամրոցաշինութիւնը լաւագոյնս ներկայացնող գօտիներէն մէկը` մեկնելով անկէ, որ Սիւնիքն ու Արցախը գրեթէ միշտ պահած են իրենց տեղական իշխանութիւնը, նոյնիսկ եթէ բովանդակ Հայաստանը կրնար անկախութիւնը կորսնցուցած ըլլալ, իսկ Քաշաթաղն ալ պատմական Սիւնիքի մէկ մասն է:
Ըստ հեղինակին, աշխատութիւնը նոր շունչ պիտի հաղորդէ Հայաստանի ռազմական եւ մակերեւոյթի հնագիտութեամբ, Սիւնիքի եւ Արցախի պատմութեամբ զբաղողներուն համար, օգտակար կրնայ ըլլալ նաեւ ճարտարապետներուն. ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարկումը պիտի դիւրացնէ ամրոցներու վերակազմութեան հարցը:
Լեւոն Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ 2021 թուականին, յետպատերազմեան շրջանին, ունէինք չճշդուած եւ խախուտ սահմաններ: Գիտութեան կոմիտէին կողմէ շահելով դրամաշնորհը` ներառուեցան նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ամրոցները: Տարուան արդիւնքները ամփոփելով, պէտք է նշել, որ կարելի եղաւ շուրջ երեք տասնեակ ամրոցներ ուսումնասիրել: Այս կարեւոր ձեռքբերում է եւ ասոր մէջ իր աւանդը ունի «Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը, ինչպէս նաեւ` ՊՄՊ Սիւնիքի մարզային ծառայութիւնը:
Հաղորդենք, որ գիրքը տպագրուած է «Նռանէ» հրատարակչութեան կողմէ եւ կարելի է ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի «Թէքէեան» մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ:
«Դաս–Ա» Եւ «Իմ Սիմֆոնիկը» Ծրագիրները Պիտի Նպաստեն Դասական Երաժշտութեան Տարածման` Պատանիներու Եւ Երիտասարդներու Շրջանակներուն Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը 2022 թուականին իրականացուցին «Իմ սիմֆոնիկը» եւ «ԴասԱ» կրթական մշակութային ծրագիրները:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ օրերս նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի եւ ուսանողներու մասնակցութեամբ ամփոփուեցաւ «Իմ սիմֆոնիկը» ծրագիրը, որ կայացաւ Երեւանի 9 համալսարաններու աւելի քան 2200 ուսանողի միջեւ:
Ծրագրին նպատակն է` ուսանողները ներգրաւել դասական երաժշտութեան աշխարհ, ուսումնասիրել անոնց գիտելիքները դասական արուեստի մասին, բացայայտել անոնց ցանկութիւններն ու ակնկալիքները բարձր արուեստի հետ հաղորդակցուելու ընթացքին:
«Իմ սիմֆոնիկի» ծիրին մէջ համալսարաններու ուսանողները հանդիպեցան Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկութիւններ ստացան դասական երաժշտութեան առնչուող տարբեր նիւթերու մասին, ներկայ գտնուեցան նուագահանդէսներու: Ծրագիրը ունէր նաեւ հետազօտական բաղադրիչ. ուսանողներու շրջանակի մէջ տեղի ունեցան ընկերաբանական հարցումներ, որոնց արդիւնքները կ՛օգնեն նուագախմբին կատարելագործելու աշխատանքները ինչպէս բովանդակային, այնպէս ալ արդիւնաբերական տեսանկիւնէ:
Ծրագրի ամփոփիչ ձեռնարկին ներկայացուեցան հարցումներու արդիւնքները: 9 համալսարանի 727 ուսանողի հետ իրականացուած հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ ամէնէն արուեստասէր ուսանողները Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանին մէջ են. ամէնէն աւելի այս համալսարանի ուսանողները կ՛այցելեն դասական համերգներ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Վ. Բրիւսովի անուան պետական համալսարանը, երրորդը` Հայ-ռուսական համալսարանը:
Հետաքրքրական են համերգներու այցելութեան դրդապատճառները. բացայայտուեցաւ, որ ուսանողներուն 63 տոկոսը բարձր կը գնահատէ կենդանի երաժշտութեան մթնոլորտը: Հայ ո՞ր երաժիշտները ամէնէն աւելի կը ճանչնան ուսանողները. հարցուածներուն 62 տոկոսը կը ճանչնայ Արամ Խաչատրեանը, մօտաւորապէս 40 տոկոսը` Առնօ Բաբաջանեանը: Ստեղծագործութիւններէն ամէնէն շատ ճանաչելիութիւն ունի «Սուսերով պարը»` Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» պալէէն, այնուհետեւ` Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէն, Բաբաջանեանի` «էլեգիան»: Թէեւ երիտասարդութիւնը այսօր մեծ ներգրաւուածութիւն ունի ընկերային ցանցերու վրայ, սակայն հետաքրքրական է, որ ըստ հարցումներուն, ուսանողները Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին մասին առաջին անգամ տեղեկացած են պատկերասփիւռէն:
Սերգէյ Սմբատեան երիտասարդներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ «Իմ սիմֆոնիկը» ծրագիրը կայացաւ ուսանողներու շրջանակի մէջ, որովհետեւ վերջիններս հասարակութեան ամէնէն յառաջադէմ ու ամէնէն խստապահանջ հատուածն են: Անոնց հետ հաղորդակցելով նպատակադրած էինք բացայայտել 21-րդ դարու ակադեմական արուեստէն հանրութեան սպասելիքները, փափաքներն ու հետաքրքրութեան շրջանակը, ինչպէս նաեւ` դասական երաժշտութիւնը, հայ երգահաններու ժառանգութիւնը երիտասարդներու օգնութեամբ աւելի հասանելի դարձնելու լայն զանգուածներու:
2022 թուականին Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին կողմէ շարունակուեցաւ 2018 թուականին իրականացուող «ԴասԱ» կրթական ծրագիրը: Այստեղ թիրախային խումբը դպրոցներու աշակերտներն են: Ընթացիկ տարին «ԴասԱ»-ին մասնակցեցաւ մօտաւորապէս 14 հազար աշակերտ: Սենեկային նուագախումբի երաժիշտներն ու աշխատակիցները տարուան ընթացքին այցելեցին Երեւանի 30 եւ 5 մարզի 6 դպրոց` յատուկ մշակուած ծրագրով երաժշտական դասեր իրականացնելով կրթօճախներու մէջ:
«IWAY»-ի` «Երեւանի Կանանց Միջազգային Միաւորում»-ին Սուրբ Ծննդեան Բարեսիրական Տօնավաճառը Երեւանի Մէջ
Վերջերս Երեւանի «Պեսթ ուեսթըրն քոնկրես փլաս» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «IWAY»-ի` «Երեւանի կանանց միջազգային միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան Սուրբ Ծննդեան բարեգործական տօնավաճառը:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնավաճառին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի բարեգործական ծրագիրներ յաջողցնելու թէ՛ Հայաստանի մարզերու եւ թէ՛ սահմանամերձ գիւղական համայնքներու մէջ: Այս տարուան ծրագիրը կը ներառէ` Շիրակի մարզի Անիբեմզայի միջին դպրոցի վերանորոգում (կտուր, պատուհաններ եւ մարզասրահ), Գեղարքունիքի մարզի Դրախտիկ գիւղի դպրոցի դահլիճի վերանորոգում եւ Արարատի մարզի Հայանիստ գիւղի մանկապարտէզի խոհանոցային պարագաներու հայթայթում:
Աւանդոյթ դարձած է սոյն ձեռնարկը կազմակերպել դեկտեմբերի առաջին կիրակին: Այս տարուան ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին` 12 դիւանագիտական առաքելութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, արհեստաւորներ եւ զանազան փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութիւններ: Կազմակերպութեան կիներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ օգտագործուած արժէքաւոր ապրանքներու վաճառք` «Սպիտակ փիղ» վերնագրով: Նաեւ տեղի ունեցաւ կիներու պատրաստած համաշխարհային եւ հայկական խոհանոցի սննդատեսակներու վաճառք: Տօնավաճառի ամբողջ օրուան տեւողութեամբ հնչեցին տօնական եւ ազգային երգեր, նաեւ ելոյթ ունեցան մշակութային տարբեր խումբեր: Տօնավաճառի մնայուն այցելուն` Կաղանդ պապան ալ այցելեց ձեռնարկի վայր եւ ուրախութիւն ու ժպիտ սփռեց ներկաներու դէմքերուն:
Տօնավաճառին ամէնէն յայտնի եւ սպասուած պահը վիճակահանութեան տոմսերու խաղարկութիւնն էր, որուն յաջողութիւնը անմիջականօրէն կախեալ է նուէրներու քանակէն եւ բնոյթէն: Նուէրները հաւաքուած էին կազմակերպութեան կիներու ջանքերով:
Յատկանշական է, որ ամրան «Երեւանի կանանց միջազգային միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը հիւրընկալեց դանիացի մայր ու դուստր Հելլէ եւ Ամալի Ասմիլտները, որոնք երաժշտական ներկայացումով մը պատմեցին հայերու եւ յատկապէս սուրիահայերու դանիացի մօր` Քարէն Եփփէի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ներկայացումը կայացաւ նախաձեռնութեամբ «Երեւանի կանանց միջազգային միաւորում»-ին եւ իրականացաւ համագործակցութեամբ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ, 16 յունիս 2022-ին:
Նաեւ, կազմակերպութեամբ միաւորման կիներուն, 29 նոյեմբեր 2022-ին, Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիման, երգի եւ երաժշտութեան վարպետ, աւելի քան քսան տարիներ Հայ երգահաներու միութեան նախագահ Ռոպերթ Ամիրխանեանի հետ միասին ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ:
Տեղեկացնենք, որ «IWAY»-ը` «Երեւանի կանանց միջազգային միաւորում»-ը, շահոյթ չհետապնդող, ոչ կրօնական եւ ոչ քաղաքական հասարակական կազմակերպութիւն է, որ հիմնուած է 2012 թուականին: Տասը տարիներու պատմութեան ընթացքին «IWAY»-ը եղած է կենսունակ հասարակական կազմակերպութիւն, որուն անդամները, ինչպէս հայաստանաբնակ կամ հայրենադարձ, այդպէս ալ Հայաստան հաստատուած տարբեր ազգութիւններու, տաղանդներու եւ հետաքրքրութիւններու տէր կամաւոր կիներ են:
Իր գոյութեան տասը տարիներու ընթացքին, իր անդամները խթանելու հետ զուգահեռ, «IWAY»-ը հաւատարիմ մնացած է բարեգործական եւ զարգացման ծրագիրներ յաջողցնելու նպատակին: Այս ծրագիրներու առաջին շահառուները կիներն ու փոքրիկներն են:
Ցարդ կազմակերպութիւնը յաջողած է իրականացնել սահմանամերձ եւ գիւղական համայնքներու մէջ 29 ծրագիրներ եւ այդպիսով իր բարերարներու օգնութիւնը հասցնել Հայաստանի բոլոր մարզերը: