Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թախծոտ Ամանոր Մը

Յունուար 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

… Նաեւ տրտմագին է այս տարուան Ամանորը:

Արցախը պաշարող եւ շնչահեղձ ընող Ամանորը նոյն վիճակին մատնած է բոլորս` առանց բացառութեան, այսինքն ողջ հայութիւնը` Արցախի սահմաններէն անդին, մինչեւ հայաշխարհի չորս ծագերը:

Միայն անմարդկային ու դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Արցախի 120 հազար «բանտարկուած» բնակչութեան մասին չէ խօսքը, այլ նաեւ` Ովկիանիայէն մինչեւ Լատին Ամերիկա շնչող հայորդիներուն, անցնելով անշուշտ Հին ու Նոր աշխարհներէն եւ բնականաբար «հիներու» (աւելի հինցած) եւ «նորերու» (նոյնքան հինցած) Հայաստանէն:

Եթէ Ձմեռ պապին արգիլուած է մուտք գործել Արցախ, նաեւ արգիլուած պէտք է ըլլայ անոր շռնդալից ներկայութիւնը ամէնուրեք` հայորդիի երդիքին տակ:

Այո՛, սրտաճմլիկ եւ աղիողորմ է կացութիւնը:

Մեր պարտականութիւնն է գիտակցիլ, թէ ո՛ւր հասած ենք: Ինչպէ՞ս դուրս պէտք է գալ այս յորձանուտէն: Ինչպէ՞ս պիտի պայքարինք ԿՈՐԾԱՆՈՒՄին դէմ: Բառը վտանգաւոր է, բայց չխուսափինք եւ չպահուըտինք անտեղի խոստումներու ետին: Ահազանգը շատո՜նց հնչած է, եւ Արցախի վերջնական շրջափակումն ու մեր անկարողութիւնը (բոլորին) պարզապէս նորագոյն փաստն է:

Հայ բանաստեղծը ակնթարթ մը իր անձնական վիճակէն արտացոլանք մը արտայայտելով` գրած էր. «Աստուծոյ ծաղրն է Աշխարհն ալ արդէն…»: Առանց երկմտանքի եւ քայլ պահելով Պետրոս Դուրեանի այս խօսքերուն հետ` կարելի է հաստատել, որ մենք` հայորդիներս ալ, ծաղրի վերածուած ենք աշխարհի աչքին:

Եթէ ներկայի ահաւոր կացութեան ստեղծման մէջ մեծագոյն դերը թշնամիինն է, յանցանքին անմասն չենք ՄԵՆՔ` հայորդիներս, բոլորս, առանց բացառութեան:

Կենսոլորտին հետ ոչ մէկ կապ ունեցող եւ դեռ երկու տարի առաջ քիմիական զէնքերով Արցախի բնութիւնը ապականած ազերիները, այս անգամ զէնքը մէկդի դրած, իբրեւ «բնապահպաններ»` որոշած են «մաքրագործել» Արցախը: Անոնք իբր թէ հնարամտութեամբ կրցած են համոզել ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնք կը մեղադրուին իբրեւ մեղսակից կամ կրաւորական դիտող:

Այսպէս, պարզ ու մեկին, առանց կրակոցի կամ ռմբակոծումի պաշարուած է Արցախը, ուր հետզհետէ կը բացայայտուի առաջնահերթ սննդանիւթերու, դեղերու եւ ապրուստի տարրական պէտքերու պակասը: Տագնապը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ ի մտի ունենանք, որ պաշարուածներու շարքին են աւելի քան երեսուն հազար մանուկներ, որոնք կ’երազէին Ձմեռ պապին դիմաւորել, սակայն յայտնապէս կարմիր զգեստով ու սպիտակ մօրուքով բարի ծերուկն ալ պիտի չկարենայ Արցախ մտնել, իսկ Ձմեռ պապը, իր եզակի ներկայութեամբ եւ տիպարով, տարիք չի ճանչնար, նորածինէն մինչեւ ալեհերը:

Ձմեռ պապէն միայն մէկ նուէր կարելի է պահանջել: Միեւնոյն նուէրը` ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ… բոլորին, բոլոր հայորդիներուն: Պէտք է շտապօրէն իր ծրարէն դուրս բերել ու բանալ այդ նուէրը եւ առանց այլեւայլի գործի լծուիլ:

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ… այսինք` հայրենիքն ու պետութիւնը գերադաս նկատել իշխանութէնէն, հաւաքականութիւնը` «ես»- էն, Հայրենի հողը` «իմ հող»-էն:

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ` թափանցիկ գործող եւ արդարամիտ ղեկավարութեան մը շուրջ, որուն պարտականութիւնն է ճիշդ ձեւով գործել եւ պայքարիլ:

Այո՛, թախծոտ է Ամանորը, ուրիշ հայ բանաստեղծ մը յիշեցուցած է, որ «Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել: Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել: Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚ Քարից շինել ձուկ‚ եւ թռչուն` կաւից», իսկ մէկ ուրիշը` «® Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

Պարոյր Սեւակ կ՛եզրակացնէ` «Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում»: Հայուն արիութիւնն ու ստեղծագործութիւնը Սեւակի օրով չեն ծնած, այլ Սեւակն ու ուրիշներ թարգմանները եղած են դարաւոր ճշմարտութեան: Դարեր, որոնց վրայ նորեր կրնան աւելնալ վստահաբար:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարի Մը Եւս Բոլորեցինք

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?