Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ կորսնցուցինք Ժիրայր Դանիէլեան անունով հայորդի մը, որ հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուց իր ողջ կեանքին ընթացքին, ինք ալ եղաւ գոհար մը, որ արդարօրէն իր արժանի տեղը ունի այդ գանձարանին մէջ: Ան իրաւա՛մբ եղաւ Սփիւռքահայ Արժէք մը, իսկ իր գործը` անուղղակի արձագանգ մը Դանիէլ Վարուժանի մէկ արտայայտութեան, թէ` ազգն ու հայրենիքը հպարտ պիտի զգան, որ նման զաւակի մը ծնունդ տուած են:
Ժիրայրին մահը սգացին ո՛չ միայն իր ընտանեկան հարազատները, այլ նաեւ` ընկերները, գրչակից բարեկամներ, մեր մամուլը, կրթական ասպարէզը: Որքան որ կրցած եմ հետեւիլ իր մասին գրուածներուն, բոլորն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, մի՛շտ յարգանքով կանգ առին անոր մատուցած անպարագիծ ծառայութիւններուն առջեւ, նշեցին, որ ան եղած է գրադարանապետ, թերթերու հիմնադիր ու աշխատակից, դպրոցի տնօրէն, կաթողիկոսարանի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ, գիտաշխատող` մեր մատեաններն ու մամուլը պեղելու կալուածին մէջ. անոր մտերմութիւնը վայելողներ արձանագրեցին ջերմիկ յուշեր, որոնք գիծ առ գիծ ընթերցողին աչքերուն ու մտապատկերին դիմաց պարզեցին այս գլխագիր Աշխատասէրը, ընդհանրապէս լուսարձակներէ խուսափող եւ կեանքի անակնկալները իւրայատուկ ստոյիկութեամբ մը դիմակալող հանդարտաբարոյ Մարդը:
Ինչ որ գրուեցաւ, արդար է եւ զիրար լրացնող. անոնք, որոնք ճանչցած են Ժիրայրն ու գործ ունեցած են անոր հետ, անկասկած որ իրենց ստորագրութիւնը պիտի դնէին իւրաքանչիւր սիւնակի տակ: Այս սիւնակով կը ցանկամ քիչ մը աւելի ուժեղ լուսարձակ կեդրոնացնել Ժիրայրին աշխատանքի բազում դաշտերէն մէկուն` Հայկազեան քոլեճի (այժմ համալսարան) գրադարանի պատասխանատու վարիչի` գրադարանապետի իր վաստակին վրայ, փայլուն վաստակ մը, որուն արտացոլքերը եղան մեր մամլոյ ու կրթական ասպարէզներուն իր ծառայութիւնները:
***
Ուսումնական 1968 տարուան վերամուտի օրերն էին. բախտս բերած էր, որ բարձրագոյն ուսման համար դիմէի Հայկազեան քոլեճ, ընդունուած էի, եւ կարգ մը առկախ հարցերու լուծումը դիւրացելու համար հարազատներ յանձնարարած էին, որ այցելէի վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեանին, որ, ըսին, տիրական դէմք էր հաստատութան մէջ:
Ամրան վերջերուն էր, ուսումնական տարեշրջանը պիտի բացուէր մօտաւորապէս ամիս մը ետք: Ժամադրութեամբ մը հասայ Հայկազեան քոլեճ, որուն առաջին շէնքին մէջ էր հայերէն գիրքերու մատենադարանը: Վերապատուելին նստած էր գիրքերով եւ թերթերով բեռնաւորուած սեղանի մը ետին, սակայն այդ դիրքով իսկ կը թելադրէր, որ բարձրահասակ մարդ մըն էր եւ անխօս կ’ըսէր` «Չես կրնար չյարգել զիս»: Ցատկեմ մանրամասնութիւններու վրայէն, որովհետեւ վիթխարի վաստակով մարդու մը դիմաց նստիլս իսկ պատճառ պիտի ըլլար, որ քանի մը նախադասութիւն թոթովեմ, իրմէ լսեմ քանի մը թելադրանք, ստանամ բարի ժպիտ մը եւ շոյող մաղթանքներ:
Կարճ զոյցին պահուն, մէկ-երկու անգամ վերապատուելիին մօտեցաւ ակնոցաւոր երիտասարդ մը, գիրքեր ցոյց տուաւ, ցուցմունք հարցուց եւ վրաս քաղաքավարի ակնարկ մը նետելով` վերադարձաւ իր գործին:
Ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ, հազիւ երկու ամիս ետք քոլեճը կորսնցուց վերապատուելին, որ, ինչպէս սորվեցանք շուտով, եղած էր մատենադարանին հիմնադիրը, հայագիտական բաժանմունքի գլխաւոր սիւնը: Եւ որովհետեւ հայ ուսանողներս պէտք էր հետեւէինք հայոց պատմութեան ու գրականութեան առ նուազն երկուքական դասընթացքի, մատենադարանը շուտով դարձաւ մեր ժամադրավայրերէն մէկը` իբրեւ մրցակից ունենալով… փոքր ճաշարան-սրճարանը (որ այդ օրերուն կը գտնուէր երկրորդ` բարձր շէնքին գետնայարկին վրայ: «Մուկար» շէնքը տակաւին չէր ծնած):
Շուտով սորվեցանք, որ մատենադարանին վարիչն ու պատասխանատուն կը կոչուի Ժիրայր Դանիէլեան: Երբ առաջին անգամ գիրք վերցնելու համար մատենադարան մտայ, յիշեցի, որ ան էր վերապատուելիին հետ հանդիպումիս պահուն մատենադարանի խորքին աշխատողը: Թէեւ Ժիրայրը հասակակիցներէս հազիւ քանի մը տարի երէց էր, սակայն առաջին իսկ օրերուն զգացինք, որ ան ալ ունէր «զիս չէք կրնար չյարգել»-ի բուրմունք մը, կարծէք թէ ուղղակի ժառանգութիւն մը` իր վարպետէն:
Չեմ գիտեր, թէ վերապատուելիին գոյացուցած եւ ուռճացուցած մատենադարանը այդ օրերուն քանի՛ հատոր կը հաշուէր, սակայն ուսանողութեանս չորս տարիներուն, ապա նաեւ յետուսանողական կեանքիս շրջանին, մատենադարան այցելելու տարիներուս (ուսուցիչ էի եւ յաճախ մատենադարան կը դիմէի գիրքեր փոխ առնելու համար), ականատեսը եղած եմ, թէ Ժիրայրը ինչպիսի՛ վիթխարի գործ տեսաւ մատենադարանին բազմապատիկ հարստացման համար: Բնականաբար ունէր աշխատակիցներ եւ հայագիտական բաժանմունքին լիաբուռն գործակցութիւնը, սակայն մատենադարանին «տինամօ»-ն ինք էր: (Քանի մը տարի ետք «քաղաքացիական պատերազմ»-ը պարտադրեց, որ մատենադարան այցելութիւններս զգալապէս սահմանափակուին, սակայն Ժիրայրին տարած աշխատանքին ծաւալը կշռելու համար մարդ պէտք չունէր ամէն օր հետը ըլլալու):
Ժիրայրը անընդմէջ կապի մէջ էր հայրենի հրատարակիչներու եւ գրողներու հետ: Այդ տարիներուն Հայաստանի եւ սփիւռքի գրական այգիները բաւական արգասաբեր էին. Ժիրայրը գրադարանին մուտքին ճիշդ դիմացը, պատին վրայ զետեղած էր տախտակ մը, որուն կեռերէն «կը կախուէին» հայրենի եւ սփիւռքեան, առաւելաբար լիբանանահայ ժամանակակից գրողներու նոր լոյս տեսած գործերը, նաեւ` թերթեր: Մատենադարան մտնող հետաքրքիրին Ժիրայրը գլխու սովորական շարժումով մը ցոյց կու տար այդ տախտակը եւ յանձնարարութիւն մը կը նետէր, թէ ո՛ր գիրքը պէտք է կարդալ անմիջապէս, ո՞րը` աւելի ուշ:
Սերնդակիցներէս շատերու հետ ընթերցումի խենթ էինք. մեր դասախօսներուն թելադրած հատորներուն կողքին (կարճ ուսումնասիրութիւններ` paper պատրասելու համար), մեծ ախորժակ ունէինք այլ գիրքեր ալ վերցնելու, անոնք ըլլային մատենադարանի գանձարանէն թէ պատին զետեղուած նոր հրատարակութիւններէն: Կար օրէնք մը, ըստ որուն, ուսանող մը չէր կրնար միանուագ 5 (կամ 7) գիրքէ աւելի փոխ առնել: Չեմ կրնար մոռնալ, թէ Ժիրայրը ինչպիսի՜ հոգածութիւն կը ցուցաբերէր կարգ մը «խենթերուս» նկատմամբ, մեզ դասած էր մենաշնորհեալներ. «Վերցո՛ւր` որքան կրնաս շալկել», կ՛ըսէր մեղմ ժպիտով մը, վստահ ըլլալով, որ պիտի յարգէինք միւս օրէնքն ալ` ճշդուած պայմանաժամը պիտի յարգէինք ու գիրքերը պիտի վերադարձնէինք մատենադարան: Կը պատահէր, որ ոմանք ինքնաբուխ պարտականութիւնը ստանձնէին` ասոր-անոր տունը «մոռցուած» գիրքեր վերադարձնելու, իբրեւ վարձատրութիւն` արժանանալով Ժիրայրին բարի ժպիտին: Իւրաքանչիւր գիրք ԱՐԺԷՔ էր Ժիրայրին համար, իրմէ շատ բան սորվեցանք գիրքը գնահատելու իմաստով եւ կամաց-կամաց կազմեցինք մեր անձնական համեստ գրադարանները:
Ժիրայրը հսկայական աշխատանք տարաւ մատենադարանին մամուլի դարանները հարստացնելու համար: Անկախ անկէ, որ մատենադարանը կանոնաւորաբար կը ստանար օրաթերթեր, պարբերականներ եւ պատմագիտական հանդէսներ, Ժիրայրը յարատեւ կապի մէջ էր հայրենի եւ սփիւռքեան տարբեր հաստատութիւններու եւ մշակոյթի կեդրոններու հետ` ամբողջացնելու համար այս կամ այն թերթին ու պարբերականին շարքերը: «Քաղաքացիական պատերազմ»-ի տարիները բնականաբար ստեղծեցին որոշ դժուարութիւններ եւ բերին դանդաղումներ, սակայն անոր հետեւողականութիւնը մնաց աննահանջ: Մատենադարանին «Մուկար» շէնքի վերին տարածքը գրաւելէն ետք ալ Ժիրայրին «կայսրութիւնը» շարունակեց ծաւալ ստանալ: Անոր գրասենեակը մտնողը զինք պիտի գտնէր պաշարուած` գիրքերով ու թերթերու խուրցերով: Յոգնատանջ, պատառ-պատառ եղած հազուագիւտ գիրքեր ու թերթեր կ’արժանանային «բժիշկ» Ժիրայրին հոգածու խնամքին, դարմանումին:
Կրնամ բազմաթիւ մանրապատումներով յիշատակել Ժիրայրին աշխատանքին տարողութիւնը, սակայն այդ բոլորը պարզապէս մանրամասնութիւնները պիտի ըլլան հետեւեալին. գիրքը, գիրքի աշխարհը եղաւ ու մնաց անոր կեանքին ու վաստակին գլխաւոր առանցքը, յենարան դարձաւ միւս բոլոր կալուածներուն:
***
Ժիրայրը իւրայատուկ բախտաւոր մըն էր. բախտաւոր, որովհետեւ կեանքի ընկեր ընտրած էր Զուարթը, որ իրեն պէս գիրքերու աշխարհին մէջ կը շնչէր: Եթէ Ժիրայրը երկար ատեն բարձր պահեց Հայկազեանին «նահապետէն» իր յանձն առած դրօշը, Զուարթն ալ զուգահեռ վաստակ կերտեց օտար (անգլերէն) գիրքերու մատենադարանին մէջ: Թէ՛ ընտանեկան յարկին եւ թէ՛ կեանքի ասպարէզին մէջ (մատենադարաններուն մէջ իրենց աշխատանքի տարիները բարացուցական են) անոնք կատարեալ ներդաշնակութիւն մը կը կազմէին: Բախտաւորութեան մէկ այլ ծալքն ալ այն էր, որ ունեցաւ իրեն պէս բծախնդիր եւ նախանձախնդիր գործակիցներ:
Ուշադրութիւնս գրաւած է, հետեւաբար խորապէս տպաւորուած եմ, Ժիրայրին նկարագրային մէկ գիծով: Հանդարտաբարոյ մարդը անդորրութիւն կը բուրէր խօսակցութեամբ, շարժուձեւերով, խօսակիցներու հետ վերաբերմունքով: Վ. Թէքէեան իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ ունի «Ես երազիս տիրեցի» տողը. Ժիրայրին հետ իմ փորձառութիւնս ալ ինծի ըսել կու տայ, որ Ժիրայրը լաւապէս կը տիրէր իր զգացումներուն: Եթէ ուրախ էր, լիահագագ կը լսցնէր իր ուրախութիւնը, սակայն ո՛չ մէկ ատեն զինք զայրացկոտ կամ բարկաճայթ վիճակի մէջ տեսած եմ (արդեօք զինք նման վիճակի մէջ տեսնող եղա՞ծ է):
***
Հայկազեանի մատենադարանէն իր հեռանալէն եւ ուսուցչական ու դասախօսական ասպարէզներ մուտքէն ետք, Ժիրայրին հետ տեսակցելու առիթներս նուազեցան, մանաւանդ երբ օր մըն ալ Պէյրութէն տեղափոխուեցայ ծովերէն եւ ովկիանոսէն անդին: Տարիներ ետք Անթիլիասի կաթողիկոսարանին նախաձեռնութեամբ կազմուած մարմինի մը անդամակցութիւնս առիթ ստեղծեց, որ կապը հեռակայ կարգով վերահաստատուի, առաւելաբար… նամակներու փոխանակումով (նամակ, տեղեկութիւն-տեղեկագիր կը հասնէին ելեկտրոնային նամակով): Ո՛չ մէկ կասկած կը ձգէր, որ մի՛շտ նոյն հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատողն էր:
Քանի մը տարի առաջ, երբ քանի մը օրով Պէյրութ էի եւ կաթողիկոսարան այցի գացեր էի, բակին մէջ դիմացս ելաւ Ժիրայրը, որ օրուան իր աշխատանքը աւարտած` կը պատրաստուէր տուն վերադառնալու: Դէմքը վերածուեցաւ ուրախութիւնս արտացոլացնող հայելիի մը: Իր սովորական հանդարտութեամբ եւ մեղմ ժպիտը արդէն սպիտակած պեխին ներքեւը տարածած` պահ մը զրուցեցինք հինէն-նորէն, մեր մարմինի աշխատանքներէն, առողջութիւն եւ… հազար ու մէկ բան փորձեցինք սեղմել այդ քանի մը վայրկեաններուն մէջ: Եւ յանկարծ` «Ի՞նչ կ՛ընես… Ո՞ւր պիտի երթաս», հարցուց մտերմաբար: «Պուրճ Համուտ», եղաւ կարճ պատասխանս: «Ես ալ այդ կողմերը երթալիք եմ»-ով` առաջարկեց, որ ինքնաշարժը նստիմ: Անմերժելի առաջարկ մըն էր, որովհետեւ պահ մը աւելի երկար զրուցելու առիթ պիտի ունենայի: Խճողուած մայրուղին այլապէս երկարեց մեր ճամբորդութիւնը: Անսպասելի բաներ պատմեց, թէ` ընտանիքին մէջ դժբախտութիւն պատահած էր, թէ` մէկ աչքը սկսած էր դաւաճանական նշաններ ցոյց տալ. այդ բոլորը կը պատմէր ժիրայրեան հանդարտութեամբ մը, կարծէք թէ մէկ ուրիշին մասին էր խօսքը: Այդպէ՛ս էր Ժիրայրը. համեստ ու պարզ. ո՛չ իր իրագործումներուն մասին պիտի խօսեր «տե՛ս, թէ ինչե՜ր ըրած եմ-կ՛ընեմ»-ի ոճով (մինչդեռ իրաւունք ունէր հպարտանալու յիշեալ կալուածներուն մէջ իր հսկայական ներդրումներով), ո՛չ ալ երկարապատումներ պիտի հիւսէր անձնական ցաւի, կսկիծի եւ տրտմութիւն առթող կացութիւններու մասին: Ո՛չ մէկ ձեւով լուսարձակի հետամուտ էր, թէեւ իր գործն ու վաստակը իր վրայ կեդրոնացուցած էին բազմաթիւ լուսարձակներ:
***
… Օր մըն ալ տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտալի պայթումը, որ ողբերգութիւններ բաշխեց բազմահազարներու: Վերապրողները իրենք զիրեն բախտաւոր զգացին, եւ անոնցմէ մէկն էր Ժիրայրը, որ սակայն շատ սուղ վճարեց այդ աղէտին` վրայ տալով իր առողջ աչքը: Բարեկամներու միջոցով իմացեր էի, որ անմիջական դարմանումի փուլը որոշ յաջողութեամբ անցուցած էր. ուզեցի ջուրը աղբիւրէն խմել եւ հեռաձայնային կապ հաստատեցի իրեն հետ: Մխիթարանք-կարեկցանք հայցելու փոխարէն, տարիներ առաջ իմ ճանչցած` հանդարտ, լակոնական եւ ինքնավստահութիւն հաղորդող Ժիրայրն էր գիծին միւս ծայրը: Հաւաստեց, որ ծանրագոյնը անցուցած է, յոյս եւ վստահութիւն ունի, թէ մնացեալներն ալ պիտի յաղթահարէ, որքան որ կարելի է:
Յետոյ ձայնը ելաւ Պոսթընէն, ուր հասած էր դստեր ընտանիքին քով, թէքէեանական «մէկ հատիկ»-ին դարմանումը շարունակելու նպատակով: Այդ օրերուն էր, որ ընկեր մը հեռաձայնեց` ըսելով. «Անակնկալ մը ունիմ. տե՛ս, թէ որո՛ւն հետ նստած եմ եւ կը զրուցեմ»: Հետեւեցաւ Ժիրայրին իւրայատուկ ձայնը: Հակիրճ պատմեց… յոյսին մասին, ըսելով, որ փոքր քայլերով կը վերադառնայ գիրքի ու գիրի իր աշխարհը: Իսկ ամիսներ ետք նոյն ընկերս հեռաձայնեց, թէ Ժիրայրին առողջական վիճակը այլ բարդութիւններու դիմաց է: Աւելի ուշ… բայց վախճանին պատմութիւնը ծանօթ է արդէն:
Ժիրայրի իմացական կեանքին մեծագոյն բաժինը նուիրուեցաւ Գիրքին, այս հասկացութեան բազմաթիւ երեսներով: Եղաւ Գիրքի մարդ, եղաւ մատենադարան եւ գրական մշակոյթ հարստացողնող մը: Գործեց լուռ ու մունջ, անաղմուկ, ինչպէս վայել է իրաւ մտաւորականին: Անոր վաստակը անջնջելի է ու պիտի մնայ անմոռանալի: Կ՛արժէ, որ (սա մաղթանք մըն է պարզապէս) Ժիրայրին անունը մնայուն տեղ մը գտնէ Հայկազեանի մատենադարանին մէջ, որպէսզի գործնապէս ըսուի. «Վա՛րձքդ կատար, Ժիրա՛յր»:
Յունուար 2023