Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղալիքի Խանութէն Ներս

December 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼ

– Էսդի՜ համեցէք, էսդի՜ համեցէք…

Բարի եկաք Պուրճ Համուտի խաղալիքի ու զարդերու խանութը, ուր ամէն օր ներկայ կ՛ըլլաք այլազան տեսակի թատերական պատկերներու:

Կաղանդի շրջանին հոն կը հանդիպիք «Շնորհաւոր Նոր տարի»-ին «Լմանապէս» պատասխանող մեծ զանգուածի մը, Վելընթայնզին կը տեսնէք իրենց սրտահատորներուն մե՜ծ խնամքով նուէր ընտրողներէն մինչեւ «Քու ճաշակիդ բան մը տուր, կարեւորը պարապ ձեռքով չերթամ» ըսողները, ամէնէն մեծ արջուկը փնտռողներէն մինչեւ իր կնոջ ու սիրածին նոյն նուէրը առնող տղամարդը: Իբրեւ ուսուցչուհիի` ինծի համար յատկապէս հետաքրքրական են երեխաները` խաղալիքներու աշխարհին մէջ: Անոնց ընտրութիւնները, ծնողներուն առաջարկները…

– Պոնժուր, լա՞ւ  էք:

– Լա՜ւ, հրամեցէք:

– Այսօր աղջկաս դպրոցական պայուսակ առնելու եկայ: Լաւ լսեցի՞ր, Թալիա, խաղալիք չկայ այսօր, միայն սաք:

Թալիան ուսերը թօթուելով ու աչքերը խոժոռելով.

– Պուպրի՛կ:

– Քեզի սկիզբէն ըսի, որ միայն սաք պիտի առնենք այսօր, չէ՞: Գալ անգամ կ՛առնենք խաղալիքը: Ո՞ր սաք-ը կ՛ուզես. այս շայնի եունիքորնը սիրեր էի ես:

– Պուպրի՛կ,- կը կրկնէ Թալիան` այս անգամ ոտքերը գետին զարնելով ու ձայնը բարձրացուցած:

– Ինծի մի՛ խենթացներ,- կ՛ըսէ մայրը շատ վճռական.- պիտի չառնե՛մ ըսի, եաանի ինչ ալ ընես, պիտի չառնե՛մ: Մի՛ ձգեր տետիին քոլ ընեմ:

– Պուպրի՛կ,- կը վճռէ հազիւ 5 տարեկան Թալիան ու կը նստի գետին:

Կը փորձեմ տանջահար մօր կողքին ըլլալ…

– Տիկի՛ն,- կ՛ըսեմ, եթէ այդպէս որոշած էք, բնաւ գէշ մի՛ զգաք. կը հասկնամ ձեր կեցուածքը:

Ազնուափայլ տիկինը  նայուածք մը կը նետէ վրաս ու դառնալով` կ՛ըսէ.

– Խալաս, միտքը դրաւ, հիմա չի լռեր, մինչեւ չառնեմ:

– Բայց քանի որ նախապէս որոշեր էք, լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեր որոշումին…- շարունակելու չեմ հասնիր…

– Եաւրի՜կս,- կ՛ըսէ,- մե՜ղք է, շատ կու լայ կոր:

Ու դառնալով աղջկան.

– Ե՛լ, Թալլուշս, հայտէ, զատէ, ո՞ր պուպրիկը կ՛ուզես:

Յաղթական նայուածքով եւ առանց գետնէն ելլելու Թալիան կը շարունակէ ուսերը թօթուել:

– Ե՜լ, խալաս, որոշեցի, սիրտէս կ՛ըսեմ կոր, չեմ նեղուած, զատէ ուզած պուպրիկդ,- կ՛ըսէ մայրը գրեթէ աղաչական:

Թալիան կը մնայ անդրդուելի:

– Ա՛ռ իշտէ, գոցուեցաւ հետը,- կ՛ըսէ մայրը` մեզի դառնալով: Էշը ծուռ նստաւ: Հիմա ա՛լ չես կրնար ո՛չ պայուսակը առնել տալ, ո՛չ ալ պուպրիկը. այս պայուսակէն ուրիշը ունի՞ք մը. վաղը հանդարտած կ՛ըլլայ զաար, կու գանք կ՛առնենք, իշալլահ մինչ այդ չի ծախուիր: Սօրի իզաաժին համար:

Ու մինչ մանկավարժութեան մէջ հանդիպած բոլոր մանկավարժական տեսութիւններս մէկ առ մէկ կ՛իյնան իրենց պատուանդաններէն…

– Բան մը ըսեմ մը, կ՛ըսէ պայուսակ գնելու եկած Թալիային մայրը,- Երկու հատ հայալլա պուպրիկ տուէք, թերեւս կը համոզուի…

 

 

Նախորդը

Գիտէի՞ր, Թէ. Կաղանդի Մասին

Յաջորդը

Ժամացոյցը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.