Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսեն 2023 Տարուան Աստղերը

Յունուար 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խոյ (Մարտ 21-Ապրիլ 19)

Աստղերու դասաւորման մէջ Խոյը կը գրաւէ Ա. տունը: Հին եգիպտացիներու մօտ խոյը առաջնորդի, քաջութեան եւ իշխողի խորհրդանիշ եղած է: Խոյը իբրեւ վահան կը ներկայացուի: Ան ընկերասէր ըլլալով հանդերձ, նաեւ անձնասէր մըն է:

Նախընտրած գոյնն է կարմիրը, իսկ պտուղը` միշտ լեռնայինը, եւ ուտելիքներու մէջ` կանաչեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 1 եւ 9, իսկ բախտաւոր օրը` երեքշաբթի:

Աշխատասիրութեան կողքին, իմաստասէր ալ է:

Իրեն համար 2023 թուականը պիտի ըլլայ ծրագրումներու համար յաջողութեան լաւ տարի մը, լի` բազմատեսակ աշխատանքներով:

Ցուլ (Ապրիլ 20-Մայիս 20)

Աստղերու դասաւորման մէջ Ցուլը կր գրաւէ Բ. տունը: Իր նկարագրի գլխաւոր յատկանիշներէն են` քաջութիւնն ու անվախութիւնը, պատրաստակամութիւնը, գերիշխողն ու վստահելին, պատասխանատուն ու ինքնավստահութիւնը:

Նախընտրած գոյնն է մանիշակագոյնը, իսկ պտուղը` խնձորը, եւ ուտելիքներու մէջ` ցորենը: Բախտաւոր թիւեր են 4 եւ 6, իսկ բախտաւոր օրը` ուրբաթ:

Այս տարուան ամբողջ տեւողութեան արմատական որոշումներ յաճախ պիտի խանգարեն իր հեզասահ կեանքին ընթացքը: Կը թելադրուի ըլլալ շրջահայեայց: Տարուան վերջին յաջողութիւնը պիտի գինովցնէ զինք:

Երկուորեակներ (Մայիս 21-Յունիս 21)

Աստղերու դասաւորման մէջ Երկուորեակը կր գրաւէ Գ. տունը: Իր նկարագրի գլխաւոր յատկանիշներէն են մարդասիրութիւնն ու հաղորդակից ըլլալը: Խելացի է, իմաստուն եւ հետաքրքիր:

Նախընտրած գոյնն է դեղինը, իսկ պտուղը` կիտրոնը, եւ ուտելիքներու մէջ` հաւկիթը: Բախտաւոր թիւեր են 5 եւ 9, իսկ բախտաւոր օրը` չորեքշաբթի:

Տրամաբանող, սրամիտ եւ կամաւոր գործելու իր պատրաստակամութիւնը զինք միշտ դէպի յաջողութիւն պիտի առաջնորդէ տարուան բոլոր ամիսներուն: Երբեմն կարճ ճամբորդութիւններ պիտի ծարագրուին:

Խեցգետին (Յունիս 22-Յուլիս 22)

Աստղերու դասաւորման մէջ Խեցգետինը կը գրաւէ Դ. տունը: Այս աստղին տակ ծնածները կ՛ըլլան նաեւ զգայուն, մարդասէր, բարերար, սնուցանող եւ գթասիրտ:

Նախընտրած գոյնն է մոխրագոյնը, իսկ պտուղը` սեխը, եւ ուտելիքներու մէջ` կաթնեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 3 եւ 7, իսկ բախտաւոր օրը` երկուշաբթի:

2023-ի տարուան երկրորդ կիսուն արդէն ծրագիրներուն մեծ մասը յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Զգուշութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը թելադրուի:

Առիւծ  (Յուլիս 22-Օգոստոս 22)

Աստղերու դասաւորման մէջ Առիւծը կը գրաւէ Ե. տունը: Իր նկարագրի գլխաւոր յատկանիշներ են` առատաձեռնութիւնը, ստեղծագործ ոգին, սիրող եւ խանդավառ պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ` վեհանձնութիւնն ու տիրապետող գիծը:

Նախընտրած գոյնն է նարնջագոյնը, իսկ պտուղը` խաղողը, եւ ուտելիքներու մէջ` արմաւը: Բախտաւոր թիւեր են 8 եւ 9, իսկ բախտաւոր օրը` կիրակի:

Իբրեւ ղեկավար եւ գերիշխող, 2023 տարին պիտի ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը: Առիւծը իմաստասէր է եւ միեւնոյն ատեն, գաղափարապաշտ: Կը թելադրուի ըլլալ նաեւ տնտեսող:

Կոյս (Օգոստոս 23-Սեպտեմբեր 22)

Աստղերու դասաւորման մէջ Կոյսը կը գրաւէ Զ. տունը: Այս աստղի տակ ծնածները կ՛ըլլան խղճամիտ, կազմակերպող, ամօթխած, մաքրասէր, ուժական եւ ճշմարտախօս:

Նախընտրած գոյնն է մոխրագոյնը, իսկ պտուղը` նարինջը, եւ ուտելիքներու մէջ` կանաչեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 3 եւ 5, իսկ բախտաւոր օրը`  չորեքշաբթի:

Աշխատանքին շնորհիւ` բաւական նիւթականի տէր պիտի դառնան տարուան վերջին: Կը թելադրուի հոգ տանիլ առողջութեան` զանազան մարզանքներու ճամբով:

Կշիռք  (Սեպտեմբեր 23-Հոկտեմբեր 23)

Աստղերու դասաւորման մէջ Կշիռքը կը գրաւէ Է.  տունը: Իբրեւ նկարագիր` ունի

ընկերասիրութիւնն ու իրապաշտ կեանքը: Ան գաղափարապաշտ ալ է, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտ:

Նախընտրած գոյնն է կապոյտը, իսկ պտուղը` խնձորը, եւ ուտելիքներու մէջ` լուբիան: Բախտաւոր թիւեր են 6 եւ 9, իսկ բախտաւոր օրը` ուրբաթ:

Կշիռքի զգացական գիծերուն կողքին, բացայայտ ըլլալով իր դիւանագիտութիւնը 2023-ին անպայմանօրէն պիտի իրականանան իր բոլոր ծրագիրները, որոնք միաժամանակ իրեն պիտի  ապահովեն որոշ նիւթական:

Կարիճ ( Հոկտեմբեր 24-Նոյեմբեր 21)

Աստղերու դասաւորման մէջ Կարիճը կը գրաւէ Ը.  տունը: Ան կ՛ըլլայ գաղտնապահ, եւ միեւնոյն ատեն վտանգաւոր: Ու տակաւին կ՛աւելնան զգուշաւոր եւ անգութ ըլլալը:

Նախընտրած գոյնն է մութ կարմիրը, իսկ պտուղը` թթուն, եւ ուտելիքներու մէջ` շողգամը: Բախտաւոր թիւերն են 2 եւ 4, իսկ բախտաւոր օրը` երեքշաբթի:

Կարիճը, հետախոյզ մը ըլլալով հանդերձ դէպի աւելին տենչացող եւ հասնող անձ մըն է: Ամուսնական կեանքէն ներս խաղաղութիւնը պահպանողն է: Ասոր իբրեւ արդիւնք, 2023 տարուան ընթացքին նոր բարեկամութիւններ պիտի հաստատէ եւ նոր յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգէ:

Աղեղնաւոր  (Նոյեմբեր 22-Դեկտեմբեր 21)

Աստղերու դասաւորման մէջ Աղեղնաւորը կը գրաւէ Թ. տունը: Ան իր շրջապատէն կը զանազանուի իր ինքնավստահութեամբ, բարձր ուսման տենչանքով: Ասոր իբրեւ արդիւնք միշտ բախտաւոր կ՛ըլլայ:

Նախընտրած գոյնն է մանիշակագոյնը, իսկ պտուղը` ջրոտը, եւ ուտելիքներու մէջ` բանջարեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 5 եւ 7, իսկ բախտաւոր օրը` հինգշաբթի:

2023 տարուան ընթացքին իր ցուցաբերած անկեղծութիւնը զինք պիտի դարձնէ յաջողակ եւ նոյնիսկ ինքնաբաւ: Ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ` վայելքէն ու հաճոյքէն մեկնած:

Այծեղջիւր (Դեկտեմբեր 22- Յունուար 19)

Աստղերու դասաւորման մէջ Այծեղջիւրը կը գրաւէ Ժ. տունը: Ան կ՛ըլլայ ներշնչող, ձգտող եւ մեծ պատասխանատու: Ինքնավստահութեան կողքին աւանդապահ ալ է ու գործնական:

Նախընտրած գոյնն է սրճագոյնը, իսկ պտուղը` տանձը եւ ուտելիքներու մէջ` մսեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 2 եւ 8, իսկ բախտաւոր օրը` շաբաթ:

2023-ին նիւթական մեծ յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգէ` շնորհիւ իր գործնական կեցուածքին եւ յարատեւ աշխատանքին:

Ծովանուշ (Յունուար 20- Փետրուար 19)

Աստղերու դասաւորման մէջ Ծովանուշը կը գրաւէ ԺԱ. տունը: Ան իմաստուն է եւ մարդկային: Իր շուրջինները զինք կը նկատեն գթասիրտ ու իր ներկայութիւնը միշտ կը փնտռեն իբրեւ հաճելի երեւոյթ:

Նախընտրած գոյնն է երկնքի կապոյտը, իսկ պտուղը` տանձը, եւ ուտելիքներու մէջ` բանջարեղէնը: Բախտաւոր թիւեր են 1 եւ 3, իսկ բախտաւոր օրը`  չորեքշաբթի:

2023-ին իր ունեցած համբերութիւնն ու իմաստուն շարժումները մեծապէս պիտի նպաստաւորեն իր նիւթականը եւ զինք պիտի պահեն բարգաւաճ ու երջանիկ:

Ձուկ (Փետրուար 20- Մարտ 20)

Աստղերու դասաւորման մէջ Ձուկը կը գրաւէ ԺԲ. տունը: Ան կ՛ըլլայ` երազկոտ, առանձնութիւնը սիրող, ազնիւ, յարգալիր, զգայուն եւ զգուշաւոր:

Նախընտրած գոյնն է բաց կանաչը, իսկ պտուղը` սեխը, եւ ուտելիքներու մէջ` ջրոտը: Բախտաւոր թիւերն են 2 եւ 6, իսկ բախտաւոր օրը` ուրբաթ:

2023-ը պիտի ըլլայ իր բոլոր երազներուն իրականացման տարի մը` շնորհիւ իր զգուշաւոր եւ յարգալիր նկարագրին ու իմաստալից ու շինիչ երեւակայութեան:

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայր Մեր, Որ Երկինքէն Արցախը Կը Դիտես

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?