Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու յաջորդող օրերուն այս հարցումը կը յոգնեցնէ ուղեղս, երբ իւրաքանչիւր քայլափոխիս, աղբի կեդրոններու կողքին, կը հանդիպիմ նետուած տօնածառերու, երեւոյթ մը, որ ընդհանրապէս տարածուած է աշխարհասփիւռ երկիրներու բարեկեցիկ թաղերուն մէջ:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը սկսին երեւնալ բնական տօնածառերը եւ անոնց լոյսերն ու զարդերը: Շուկաներու մէջ առատօրէն կը ցուցադրուին նուէրներ ու խաղալիքներ, խմիչք ու քաղցրաւենիք, կօշիկներ ու զգեստներ, գոհարեղէն ու ժամացոյցներ: Փարթամ պանդոկներն ու ճաշարանները, իրենց ուսերուն կրած աստղերուն համապատասխան, կը յայտարարեն տօնական երեկոներու հանդիսութիւններու եւ ճաշատեսակներու սակերը:
Այս բոլորը հաճելի, ընդունելի եւ բնական են անոնց, որոնց նիւթական կարելիութիւնները հասանելի են նման վայելքներու:
Դարուս մարդկութեան, պետութիւններու, գիտնականներու, բնապահպաններու, կանաչներու կազմակերպութիւններու, առաջնահերթ մտահոգութիւնն է երկրագունդի պահպանումը: Համագումարներ, ցուցանակներ, լոզունգներ, քուէարկութիւններ, հսկայական պիւտճէներ կը տրամադրուին Երկիր մոլորակը փրկելու եւ ապագայ սերունդներու կեանքի ընթացքը բնականոն պահելու համար:
Արհեստական տօնածառերու այլազանութիւնը նոյնքան հրապուրիչ է, երբեմն անոնց ճոխութիւնը գերազանց է բնական ծառի հմայքին, յատկապէս երբ հանրախանութներու բարձր առաստաղներուն կը հասնին` լոյսերու եւ զարդերու ներդաշնակութիւնը արուեստի ստեղծագործութեան մը վերածելով, եւ որոնց առջեւ նկարուողները հերթի կանգնած կ՛ըլլան:
Ծառերու սպանդն ու բնաջնջումը ունին երկու գլխաւոր դերակատարներ` արտադրողն ու սպառողը:
Բնական տօնածառը կը մշակուի յատուկ պարտէզներու մէջ, լոկ շահադիտական նպատակներովը` երկրագործական հսկայ տարածութիւններ եւ մարդկային ճիգեր օգտագործելով: Մինչ երկրագունդի տարածքին անծայրածիր տարածութիւններ ծառատնկումի կարիքը ունին, իւրաքանչիւր ծառ, որ կը տնկուի կլիմայի պահպանումին իր նպաստը ունի:
Ուղիղ յիսնամեակ մը առաջ, դպրոցական զինավարժութեան` «Ֆթուէ»-ի մեր դասարանի ամառնային բանակումը, Հալէպ քաղաքի մուտքին, լերկ տարածութեան վրայ ծառատունկի եղանակին համար փոսիկներ փորելու աշխատանքն էր, այսօր, կէս դար ետք, երբ Google Earth-ի վրայ կը դիտեմ այդ շրջանը, կը նկատեմ, որ այդ արհեստական անտառը կանաչ գօտիի մը վերածուած է:
Ծառը շնչաւոր էակ մըն է, որ կլիման կը մաքրէ, բոյսեր խնամողներու վերաբերմունքը մտածել կու տայ, որ Աստուծոյ ստեղծագործած կանաչը կը զգայ եւ կը փոխադարձէ մարդկային սէրը: Հանդիպած եմ պարտիզպանի մը, որ կը խօսէր իր պտղատու ծառերուն հետ:
Կաղանդի բնական ծառ գնողը այս պարագային գոհացում կու տայ քաղքենիութեան եւ ցուցամոլութեան իր զգացումներուն, բնութիւնը պահպանելու համամարդկային ահազանգը վերջին հոգն է այդ դասակարգին:
Բնականը սիրողներու այս զանգուածին մէջ մեծ համեմատութիւն կը կազմեն իրենց դէմքը անբնական գեղեցկութեան` գեղագիտական վիրահատութիւններու ենթարկած կիները, կամ իրենց ճաղատութիւնը ծածկող եւ մազեր ցանող այրերը, սոնքութիւնը կորսնցնելու համար ստամոքսը կապելու գործողութեան ենթարկուողները, ոմանք այս պատճառով կը վտանգէն նաեւ իրենց կեանքը:
Արհեստական ծառը գնելէն ետք, յաջորդ տարիներուն բնական ծառին տրամադրելի գումարը կրնայ սարքել չքաւոր ընտանիքի մը Ամանորի սեղանը կամ Կաղանդ պապուկին ձեռքով ուրախացնել ընտանեզուրկ մանուկներ` բնական ծառի գեղեցկութեամբ զարդարելով բարերարին էութիւնը:
Ժընեւ



