Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Յունուար 26, 2023
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Որքանո՞վ կախուածութիւն կը յառաջացնեն սայլոսայպինի սունկերը

Կը թուի, թէ սայլոսայպինի սունկերը մարդոց մօտ կախուածութիւն յառաջացնելու շատ տկար ներուժ ունին: Չեն պատահած զգալի դէպքեր, երբ մարդիկ սունկի վնասակար կախուածութիւն ունեցած են:

Սայլոսայպինի մասնիկները չեն ազդեր որեւէ ներածին ջղային հաղորդիչի (endogenous neurotransmitter) քանակի վրայ, ոչ ալ ուղեղի ջղային հաղորդիչներու առկայ պաշարները օգտագործելով` կ՛ազդեն ջղային ընկալիչներու աշխուժացման վրայ (ինչպէս` քոքայինը կամ MDMA-ը):

Փոխարէնը, սայլոսայպինի մասնիկները կարծես կ՛աւելցնեն անոնց ազդեցութիւնը` աշխուժացնելով սերոթոնինի 2A ընկալիչները,  միաժամանակ ձգելով ուղեղի առկայ սերոթոնինի պաշարը անձեռնմխելի: Ասիկա կը կանխէ ջղային հաղորդիչներու վերակարգաւորման կամ նուազեցման ներուժը եւ, հետեւաբար, կը բացառէ ֆիզիքական կախուածութեան հաւանականութիւնը:

Ջղային համակարգի վրայ սայլոսայպինի ազդեցութեան կարգուձեւը

Մարմինը մեծ հանդուրժողականութիւն (tolerance) ունի սայլոսայպինի սունկերու կրկնակի օգտագործման պարագային: Զայն օգտագործողը, որ միայն մէկ օր կ՛օգտագործէ սիլոսայպինը, կ՛ունենայ շատ աւելի պակաս ազդեցութիւն, եթէ օգտագործէ նոյն քանակութիւնը յաջորդ օրը:

Սիլոսայպինի սունկի վնասի նուազեցման խորհուրդ

Կախարդական սունկերը համեմատաբար պզտիկ վտանգներ ունին ֆիզիքական առողջութեան վրայ` համեմատած շատ մը այլ դեղատեսակներու, որովհետեւ անոնք կախուածութիւն չեն յառաջացներ եւ հազուադէպօրէն կ՛օգտագործուին կանոնաւոր կերպով: Այնուամենայնիւ, հոգեկան առողջութեան վրայ ազդող դեղեր օգտագործելը կրնայ յառաջացնել ճնշող եւ մեծապէս տհաճ փորձառութիւններ:

Սայլոսայպինի սունկերէն պաշտպանուելու լաւագոյն մեթոտը զանոնք ընդհանրապէս չօգտագործելն է, բայց եթէ մարդը կը պատրաստուի զանոնք օգտագործելու, կան անվտանգութեան որոշ ձեւեր, որոնց կրնայ հետեւիլ:

Վստահ ըլլալ, որ ձեր ունեցածը ձեր ուզած ճիշդ սունկն է

Սայլոսայպինի սունկերը երբեմն կրնան նմանիլ այլ սունկերու: Սայլոսայպին սունկերը այլ տեսակներու հետ խառնելը լաւագոյն պարագային կրնայ անվնաս ըլլալ, իսկ վատագոյն պարագային` ճակատագրական:

Թունաւոր սունկերու տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունին բնութեան մէջ, եւ պէտք է զգուշ ըլլալ, երբ կ՛ընտրէք օգտագործման համար նախատեսուած սունկը: Սա յատկապէս վտանգ կը ներկայացնէ, երբ անհատը վայրի սունկ կը հաւաքէ` առանց համապատասխան գիտելիքներու կամ առաջնորդութեան:

Կան նաեւ սայլոսայպինի սունկերու շատ տարբեր տեսակներ: Մաս մը իրենց ներուժով աւելի տկար են, իսկ ուրիշներ` աւելի ուժեղ:

Նախքան զայն օգտագործելը` պէտք է գիտնալ, թէ ինչպիսի՛ սունկ կայ ձեր տրամադրութեան տակ: Եթէ վստահ չէք, մի՛ առնէք զանոնք:

Չափաբաժին

Չափաբաժինը չափազանց կարեւոր է որեւէ տեսակի նիւթ օգտագործած ատեն, որովհետեւ դեղաչափը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ ճանապարհորդութեան ուժգնութեան եւ կամ առողջութեան հետ կապուած սունկի վտանգներուն վրայ:

Որովհետեւ սայլոսայպինի սունկերը շատ քիչ կարողականութիւն ունին ֆիզիքական առողջութեան սպառնալու, բնականէն աւելի մեծ չափաբաժին ընդունիլը չի կրնար որեւէ ֆիզիոլոկիական վնաս պատճառել, բայց յաճախ այդ մէկը շատ ուժգին, անհանգստացնող կամ անյարմար փորձառութիւն կը պատճառէ, որ կրնայ հոգեկան վնաս հասցնել:

Սայլոսայպինի սունկերու դեղաչափը կը տարբերի: Այդ մէկը կախում ունի անկէ, թէ սունկը թա՞րմ է, թէ՞ չոր: Որովհետեւ սունկերը կազմուած են մօտ 90% ջուրէ, չորցուած տեսակը յաճախ կ՛ունենայ 10 անգամ աւելի քիչ դեղաչափ, քան` թարմ տեսակը:

Օրինակ, եթէ թարմ սայլոսայպինի սունկերու միջին չափաբաժինը 20 կրամ է, ապա նոյն տեսակի չորցուած սունկերու դեղաչափը կ՛ըլլայ 2 կրամ:

Որեւէ սայլոսայպինի սունկ (թարմ կամ չոր) օգտագործելէ առաջ շատ կարեւոր է ճշգրիտ կշռել զանոնք` ապահովելու համար ճիշդ դեղաչափը: Ճշգրիտ կրամի եւ միլլիկրամի կշիռքները լայնօրէն հասանելի են եւ պէտք է օգտագործուին համոզուելու համար, որ դեղաչափը ճիշդ է:

Հոգեվիճակ եւ միջավայր

Բաւարար չէ ձեր տրամադրութեան տակ ճիշդ տեսակի սայլոսայպինի չափաբաժին ըլլալը: Անհատին հոգեվիճակն ու միջավայրը մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ անոր փորձառութեան վրայ:

Հոգեվիճակ

Այս մէկը կը վերաբերի ձեր մտածելակերպին: Ընդհանուր առմամբ, սունկին ազդեցութիւնը կը գոյանայ նախապէս ձեր զգացածը կրկնապատկելուն մէջ: Դրական մտածելակերպը կամ, առնուազն, «չէզոք» մտածելակերպը սայլոսայպինի յաջող փորձառութեան բանալին է: Եթէ զայն օգտագործողը շատ մտահոգ, վախցած կամ այլ տեսակի բացասական հոգեվիճակի մէջ է սունկը օգտագործելէ առաջ, ամենայն հաւանականութեամբ, այդ զգացումները կ՛անցնին հոգեբուժական այդ փորձառութեան մէջ եւ «վատ ճանապարհորդութիւն» կը յառաջացնեն: Ընդհակառակը, եթէ ան դրական տրամադրութիւն ունենայ, սայլոսայպինը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը բարձրացնէ այդ տրամադրութիւնը եւ աւելի շատ կ՛արտացոլացնէ այն, ինչ կը զգայ` յանգեցնելով անոր ուրախ, խորաթափանց փորձառութեան մը:

Միջավայր

Սայլոսայպինի ընդհանուր ազդեցութիւնները կրնան տատանիլ` տեսողական եւ զգայախաբական խեղաթիւրումներէ մինչեւ իսկ մարդու միտքի կամ անհատականութեան մէջ խորասոյզ խոկում: Կը թուի, թէ սայլոսայպինը «ճանապարհորդութեան» ընթացքին ուղեղը ընդունակ կը դարձնէ որեւէ զգայական փորձառութեան: Ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ դուք բարձրաձայն, մարդաշատ, անծանօթ կամ այլ ձեւի անյարմար միջավայրի մը մէջ կը գտնուիք, շատ հաւանական է, որ վատ ճանապարհորդութիւն ունենաք, նոյնիսկ եթէ սկսիք դրական մտածելակերպով:

Շատ կարեւոր է վստահ ըլլալ, որ ձեր միջավայրը ծանօթ է, յարմարաւէտ, եւ` ըլլալ այնպիսի մարդոց հետ, որոնց կը վստահիք, նախքան սայլոսայպինը օգտագործելը:

Վերակացու

Այլ խօսքով` ունենալ վստահելի, սթափ ու զգօն անձնաւորութիւն մը, երբ դիմելու ըլլաք այս փորձառութեան: Այս անձը, որուն կը տրուի «tripsitter» անունը, կրնայ ապահովել բոլորին ապահովութիւնը, դրական փորձառութիւնը եւ կրնայ յաղթահարել որեւէ հնարաւոր իրավիճակ, որ կրնայ յառաջանալ:

Կրնայ պատահիլ դէպքեր, երբ օգտագործողը վատ փորձառութիւն կ՛ունենայ եւ չի գիտնար, թէ ի՛նչը իրական է, եւ ի՛նչը ոչ: Վերահսկողը կրնայ վերադարձնել զինք իրականութեան եւ վստահեցնել, որ այն, ինչ որ անհատը կը մտածէ կամ կ՛ապրի, իրական չէ, եւ դեղի ազդեցութիւնը ի վերջոյ պիտի անհետանայ: Յուսադրող մեկնաբանութիւնները եւ շարժուձեւերը օգտակար են, ինչպէս նաեւ` վստահ ըլլալը, որ օգտագործողները մտահոգ կամ անհանգիստ չեն զգար:

Իտէալական վերակացու կ’ըլլայ ան, որ նաեւ դրական սայլոսայպինի փորձառութիւն ունեցած է: Սա կը նշանակէ, որ անոնք կը հասկնան ճանապարհորդութեան զգացողութիւնը եւ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է անոր արդիւնաւէտ տեսակը ունենալու համար: Սայլոսայպինը կրնայ օգտագործողները շատ զգայուն դարձնել իրենց եւ ուրիշներու տրամադրութիւններու նկատմամբ:

Վերջ տալ փորձառութեան

Խօսակցական վկայութիւնները եւ փորձառութիւն ունեցողներու տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան, որ սայլոսայպինի բարձր մակարդակը կրնայ կտրուկ ձեւով նուազիլ` օգտագործելով քաղցր սննդամթերք եւ ըմպելիքներ, ինչպիսիք են` քաղցրեղէնները, ածխաջուրերը կամ պտուղներու հիւթերը: Կը թուի, թէ շաքարը արեան մէջ կը քայքայէ սայլոսայպինը` արագցնելով օգտագործողին սթափութեան եւ իրականութեան աւելի արագ վերադառնալու գործընթացը:

Այս տեսութիւնը հաստատող շատ գիտական ապացոյցներ չկան, բայց եթէ անհատը վատ փորձառութիւն ունենայ, քաղցր ուտելիքներ կամ խմիչքներ օգտագործելը ոչ մէկ վնաս կը պատճառէ:

Սայլոսայպինի սունկի մասին առասպելներ եւ թիւրիմացութիւններ

Արդեօ՞ք սայլոսայպինի սունկերը ուղեղի վնաս կը պատճառեն:

1960-ական թուականներէն կար տարածուած տեսութիւն մը, որ կ՛ըսէր, թէ սայլոսայպինի սունկերը (եւ ընդհանրապէս թմրանիւթերը, յատկապէս անոնցմէ զգայախաբութիւն յառաջացնողները) ուղեղի մշտական վնաս կը պատճառեն միայն միանգամեայ օգտագործման պարագային:

Չկայ ոչ մէկ գիտական փաստարկում, որ կ՛ապացուցէ, թէ այդ մէկը ճիշդ է, եւ գիտութիւնը ցոյց չի տար, որ սայլոսայպինի սունկերու միանգամեայ կամ հազուադէպ օգտագործումը մեծապէս վնասակար ազդեցութիւն ունի ուղեղին վրայ: Իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ ենթադրած են, որ սայլոսայպինը կ՛օգնէ ուղեղի բջիջներ ստեղծելու եւ միացնելու:

 

 

Այնուամենայնիւ, կան քանի մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ կ՛ընէ սայլոսայպինի կանոնաւոր օգտագործումը ուղեղին: Այս առումով, լաւ կ՛ըլլայ, որ երկու փորձառութիւններու միջեւ դադարի շրջան մը ձգել (առնուազն` 3 ամիս) ապահովութեան համար, բայց նաեւ` առաւելագոյնի հասցնելու համար ճանապարհորդութիւններու դրական արդիւնքները եւ նուազագոյնի հասցնելու ֆիզիքական հանդուրժողականութեան ձեւաւորումը:

Արդեօ՞ք թռչող սունկը (Amanita muscaria) սիլոսայպինի սունկ է

Amanita Muscaria

Ո՛չ, Fly agaric սունկերը (կարմիրի վրայ ճերմակ բիծերով հեքիաթային սունկերը) կը պատկանին այլ ընտանիքի, եւ պէտք չէ շփոթել զանոնք սայլոսայպին պարունակող սունկերու հետ: Սիլոսայպինի փոխարէն` հոգեմէտ ազդեցութեան հետ կապուած հիմնական քիմիական նիւթերն են իպոթենիք թթուն եւ մուսիմոլը: Անոր կողմնակի ազդեցութիւններն են` աչքերու կծկումը, լորձունքի արտահոսքը, քրտնարտադրութիւնը, գլխապտոյտը, փսխումը եւ զառանցանքը` ի տարբերութիւն սայլոսայպինի սունկերու բաւականին մեղմ ֆիզիքական ազդեցութեան: Fly agaric սունկը` ըստ երեւոյթին, հանրաճանաչ հանգիստի դեղամիջոց չէ: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, երբ թարմ սայլոսայպինի սունկերու վաճառքը սկսաւ վերահսկուիլ, որոշ խանութներ սկսան վաճառել չորցուած fly agaric սունկը` որպէս այլընտրանք: Այնուամենայնիւ, վտանգ կայ, որ այս տեսակի արտադրանքները կրնան պարունակել շարք մը աւելցուած նիւթեր, յատկապէս երբ փոշիի տեսքով ըլլան անոնք: Fly agaric սունկը եւ այդ բնոյթի առեւտրային հասանելի արտադրանքները պէտք չէ դիտարկուին որպէս օրինական այլընտրանք սայլոսայպինի սունկերուն, որովհետեւ անոնց ազդեցութիւններն ու վտանգները շատ տարբեր են:

Աղբիւր` Drugscience

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

Նախորդը

Այլազան. Իշխանուհի Տայանայի Ադամանդեայ Խաչը

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 28, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 21, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 14, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In