Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Իմ պաշտելի կազմակերպութիւնը հայոց բանակն է»:
ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հաւանաբար ճի՛շդ պիտի ըլլար արձանագրել խայտառակութիւն գոյականը, փոխան ինքնախաբէութեան, ցոյց տալու համար հայութեան կրած վիրաւորանքին  տարողութիւնը` ինչ կը վերաբերի հայոց բանակին ունեցած վերջին տարիներու խոր վէրքին, պարտութեան, անկազմակերպ վիճակին, հաւաքական խեղճութեան, մտքի խարխափումին, հոգիի դալկութեան, կամքի շիջումին, զինուորական ունակութեան նուազումին, արհեստավարժի տեղատուութեան, սթափ ու տեղին հարուածելու կարողութեան ոչ նախանձելի վիճակին եւ մասամբ նորին:

Այո՛, նշեալ տողերը ուղղուած են մեր բանակին, որուն 30-ամեայ գոյութիւնը միայն փառք ու պատիւ բերած պէտք էր ըլլար ամբողջ հայութեան:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ հայութիւնն ու ամբողջ աշխարհը ականատես չեղան հայոց բանակի սխրանքներուն, անմնացորդ նուիրումին թէ հրաշալի յաղթանակին:

Իրօք, արցախեան պատերազմի բռնկումի տարիներուն, ըլլայ ֆետայական ու ապա` մասնագիտական որակով սպառազինուած հայոց բանակը, շնորհիւ իր տոկուն կերտուածքին ու թշնամին հարուածելու անայլայլ կամքին` յաջողեցաւ ազատագրել ու հայութեան նուիրել Արցախ աշխարհը:

Հինաւուրց աշխարհը, որ հանդիսացաւ հայութեան ազատագրական պայքարի օրրանը, ժամանակակից կեանքի սրբութիւն սրբոցը: Պատմական հայրենի սուրբ հողը, որուն վրայ ծնունդ առաւ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը:

Յայտնապէս, առանց հայ մարդու ու զինուորի անձնազոհութեան, հաւատքով ամրակուռ հայ գեղջուկին ու գաղափարայնութեամբ յագեցած նորահաս սերունդին, դժուար պիտի ըլլար թշնամի հորդաներ ծունկի բերել ու զանոնք դուրս շպրտել հայոց լեռներէն:

Փաստօրէն, վերանկախացած հայոց պետականութեան առընթեր, հայութեան մեծագոյն իրագործումը կը հանդիսանար հայոց զինուժի ամրակայումը` երբեմնի հայ սպայի կոչումին, նուիրեալ ու քաջասիրտ զինուորի տիպարի խարսխումով:

Ազգ մը ամբողջ կը վերածնէր, այլապէս կը վերընձիւղուէր յաղթանակներու դրօշին ներքեւ, եւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան էջերուն կ՛արձանագրուէր ազգային արժէքներու հպարտութիւնը, որով հայու տեսակը պիտի գոյատեւէր եւ շարունակէր իր յաղթարշաւը:

Հայաստանի պետականութեան քայլ առ քայլ ամրապնդումով ու հայ բազուկի առաւել հզօրացումով` հայութիւնը կարողութիւնը պիտի ունենար շրջանցելու իրեն դէմ ցցուած քաղաքական, ընկերատնտեսական, բայց մանաւանդ` աշխարհաքաղաքական լկտի որոգայթներ ու յարուցուած դժուարութիւններ:

Այդուհանդերձ, թրքութիւնն ու հայատեաց օտար ուժեր հաշտ աչքով չէին դիտեր ու պիտի չդիտեն հայոց յաղթանակները: Անոնք ամէն ստոր ու թաքուն միջոցի դիմեցին ու ցարդ կը շարունակեն` հարուածելով հայոց միջնաբերդը` Արցախը, որպէսզի ուժգին հարուած հասցնեն եւ միանգամընդմիշտ լռութեան մատնեն հայու արդար ցասումն ու բազուկը:

Ու կը պատահէր անսպասելին, հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն դաւն ու ողբերգութիւնը: Փաստօրէն, 44-օրեայ (2020) պատերազմին, հայոց բանակը կը կրէր իր պարտութիւնը, ունենալով զոհերու եւ վիրաւորներու անհաշուելի կորուստներ:

Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթանակը կերտած հայոց բանակը ինչ-ինչ պատճառներով կը զիջէր թաթարածին թշնամիին, որուն դարձեալ առիթ կը տրուէր բռնագրաւելու հայրենի օճախը` Արցախ աշխարհին մեծ մասը:

Միւս կողմէ, պարտուած բանակի գլխուն կանգնած քաղաքական իշխանութիւն կոչեցեալ խունթան, թրքութեան կը յանձնէր ազատագրուած ու պաշտպանուած սուրբ հողերը, պարզապէս յագուրդ տալու իր դաւադիրի կազմաւորումին ու թուրքին հետ հաշտութիւն կնքելու թաքուն-բացայայտ ծրագիրին:

Նախքան 44-օրեայ պատերազմը, իւրաքանչիւր հայ կը սրտցաւէր, կը նեղուէր, երբ կը լսէր հայ զինուորի մը մահուան լուրը` սահմանին վրայ, արձակազէնի մը թիրախը դառնալով կամ թշնամիին անակնկալ յարձակումին պատճառով:

Իսկ վերջին պատերազմէն ետք, ի տես հինգ հազար զոհերու կորուստին, հայութիւնը պահ մը մատնուեցաւ հիասթափութեան, յուսալքումի եւ  յանձնուեցաւ մեղադրանքի թէ դատապարտումի յորձանուտին:

Այսպէս ըսած, ազգ-բանակ ունենալու երազանքը կարծես կը ցնդէր, խուճապի եւ խարխափումի մթնոլորտը կը տիրապետէր:

Կարծես չէին բաւեր քաղաքական իշխանութեան ապիկարի, թրքամէտի ու ապաշնորհի գործելակերպը, փաստօրէն, անոնց վրայ կ՛աւելնար հայոց բանակի բարոյալքումը, կորովի ու կամքի թուլացումը, թշնամիին դիմաց խեղճանալու վատ տրամադրութիւնը, ազգային արժանապատուութեան յօդս ցնդումը:

Յետպատերազմեան կեանքի օրինակները այնքան շատ են ու տեսակաւոր, ինչ կը վերաբերի վերեւ նշուած խաղքութիւններու, որ մարդ կը շշմի, կը տարակուսի, թէ ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ պատահածներուն, երբ հարցը կը վերաբերի հայոց բանակի նման վիճակի մատնուելուն:

28 յունուար, հայոց բանակի օր:

Հայ գրիչը, միտքն ու հաւատամքը, որքա՜ն մելան հոսեցուցած է այս սրբազան տօնին առիթով, որովհետեւ պաշտելի է եղած հայոց բանակը, այն միակ ու եզակի կառոյցը, որով ամբողջ հայութիւնը իր դարերու երազանքն է հիւսած` հասնելու սրբազան Արարատին:

Եթէ երբեք քրիստոնէութիւնն ու հայոց լեզուն են եղած հայ ազգի պաշտելի ու անփոխարինելի կռուանները, ապա, ասոնց առընթեր եւ նոյնքան պաշտելի հանդիսացած է հայոց բանակը` պարզ այն գիտակցութեամբ, որ հայու տեսակի պաշտպանութեան ամենաուժեղ կառոյցն է եղած ան, որուն բացակայութեան  ցեղասպանուած է ազգ մը ամբողջ` կորսնցնելով հայրենիք, դարաւոր մշակոյթ եւ ապրելու իրաւունք:

Ըստ երեւոյթին, ճակատագիրի սեւ նզովքը դեռ երկա՜ր պիտի ընկերակցի մեզի` հայ ժողովուրդին: Սա յոռետեսի մօտեցում չէ, որքան` առկայ կացութիւնը լրիւ գնահատելու վիճակ:

Երբ քաղաքակիրթ կոչուած մարդկութիւնը տիւ եւ գիշեր կը սպառազինուի, գէթ նուազագոյն վնասով դուրս գալու ստեղծուած ահաւոր պատերազմներէ, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու երկիր ու ժողովուրդ, գիտութիւն եւ յառաջդիմութիւն, ապա, ինչ խօսք ըսել հայոց բանակի գլխուն կանգնած սպայակոյտին, որ կոչուած է ապահովելու հայ ժողովուրդի, հայրենիքի ու տեսակի անվտանգութիւնը, շարունակականութիւնը:

Պահ մը զանց առնելով քաղաքական իշխանութեան ցուցաբերած կործանարար վերաբերումը, շատ անգամ կատարուած դաւաճանական արարքներն ու ամօթալի կողոպուտը` հայոց բանակին վերաբերող, հարկ է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը, որ արեւու լոյսին չափ պայծառ է ու անմասնատելի, որ, ինչպէ՛ս հասկնալ կամ ըմբռնել հայ սպայի թէ զինուորի ցուցաբերած այս հանգրուանի թուլութիւնը, վարկաբեկիչ ու դատապարտելի խեղճութիւնը, ինքնապաշտպանական բնազդի վերացումը եւ այլն:

Հայոց բանակին ուղղուած իրերայաջորդ հարուածները` զազրելի թշնամիին կողմէ, միթէ ազգային արժանապատուութիւնը չի՞ խոցեր, ծաղր ու ծանակի ենթարկելով հրաշքներ գործած կառոյց մը, որ կոչուած է տիրութիւն ընել եւ պաշտպանել հայրենիքն ու ժողովուրդը, ազգի պատիւը:

Չէ՞ որ ինքնուրոյն կառոյցի մասին է խօսքը, իր ռազմահայրենասիրական ու գաղափարախօսական արժանիքներով օժտեալ, որուն հաւատամքի օրրանը նոյնինքն Եռաբլուրի պանթէոն է, ուր կը հանգչին հայոց սրբազան խենթերը, որոնք իրենց ամենաթանկագինը նուիրաբերեցին հայ ժողովուրդի բագինին, վաստկելու համար իրաւունքը` Արարատի լանջին ապրելու եւ հայոց դարաւոր երազանքը իրագործելու:

Ի՛նչ կ՛արժէ հայրենի հողը, եթէ երբեք գոյութիւն չունենայ անոր տիրութիւն ընելու բազուկը, արդի հասկացութեամբ բանակը, որ երաշխիքն է ազգի մը փրկութեան եւ յառաջդիմութեան:

Ինչի՞ կը ծառայեն բարոյախօսական յորդորները` այս կամ այն շրջանակէ լսելի դարձած, երբ պետականութիւնը արմատաւորելու եւ  զարգացնելու կոչուած բազուկը զիջած է իր պարտաւորութիւնը եւ ենթակայ դարձած օրուան իշխանաւորներու սեւ ու խափանարար հրահանգին, ինքնախաբէութեան տուրք տալով եւ թշնամիին նենգ ու բնաջինջ ծրագիրները ուրանալով:

Ե՞րբ է պատահեր, որ հայոց բանակի սպայակոյտը այս աստիճանի թշուառ վիճակի պատմուճանը հանդերձէ, երբ հարիւրաւոր նահատակ տղոց դիակները անթաղ կը մնան, գերիներ կը հիւծին թշնամի բանտերու մէջ, օր ցերեկով հայ զինուորը սահմանին կ՛անարգուի թուրք հորդաներու կողմէ, ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլայ ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ:

Ո՛չ, հայո՛ց բանակ, երիցս ո՛չ, մենք հաւատացողը չենք այս վիճակիդ: Թշնամի ուժերու հարուածին տակ ընկճուած հայ բազուկին վայել չէ նման կացութիւն: Հայոց փառքն ու պատիւը հիւսած հայ զինուորի կերպարին համահունչ չեն նման տխեղծ ու տկլոր վերաբերումներ, որոնց շարունակութիւնը միայն աւերներ կրնայ գործել գալիք օրերուն:

Կարգ մը ժողովուրդներ եւ պետութիւններ սեփական զինուորի մը կօշիկը «աշխարհին հետ չեն փոխեր»` այն հիմնաւորումով, որ դէպի մահ սլացող զինուորին պատիւը, ազգային արժանապատուութեան համազօր է, եթէ ոչ աւելին:

Արդ, ո՛ւր ենք մենք այսօր, քաղաքական թէ գաղափարական հասունութեան ո՞ր աստիճանաչափը կը գրաւենք, ազգային պարունակը որքանո՞վ կը ջրդեղենք, որպէսզի սեփական ժողովուրդի թէ քաղաքակիրթ աշխարհին յարգանքին արժանի ըլլանք:

Պիտի կրկնենք ու միշտ ընդգծենք, որ հայոց բանակը մեր սրտին տրոփն է, մեր պատիւն ու պաշտպանը` փառքի թէ դառն օրերու, հզօր թէ տկար վիճակի մէջ:

Եռաբլուրի պանթէոնը վկայ, որ հայ բազուկի շնորհիւ հայութիւնը պիտի վերականգնի ու նետուի պայքարի դաշտ, բոցավառելու համար յուսալքուած ազգի մը ներաշխարհը եւ նորահաս սերունդի ողջ գիտակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Օզոնի Խաւին Վիճակը Կը Բարելաւուի

Յաջորդը

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In